Հիւրանոցի մէջ ողջերթ

Summary: Hrach Kalsahakian writes about the necessity of conducting Armenian activities and events in the Armenian Center in Sharjah instead of spending much needed sums in Dubai luxury hotels as happened with the farewell reception of Archbishop Goriun Babian on 10 January 2011.


Հրաչ Քալսահակեան


Ութ տարիներ գաղութին ծառայելէ ետք Արք. Կորիւն Պապեանը պիտի վերադառնայ Անթիլիաս՝ լծուելու գիտամտաւոր աշխատանքի: Ողջերթի ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Տուպայի շքեղ հիւրանոցներէն մէկուն մէջ՝ 10 Յունուար 2011ին: Մասնակցութեան սակը՝ 200 տիրհամ:


Մեր կարծիքով ազգային ? եկեղեցական կեանքին հետ սերտօրէն առնչուած նման միջոցառումներ տեղի պէտք է ունենան հայ կեդրոնին մէջ հետեւեալ պատճառներով՝


– Ծախսը շատ աւելի նուազ կ՛ըլլայ:


– Մասնակցութեան սակը մատչելի կ՛ըլլայ (կամ նոյնիսկ ձրի), հետեւաբար աւելի մեծ թիւով անձեր ներկայ կ՛ըլլան:


– Ձեռնարկը կը կրէ զգալի հայկական դրոշմ:


– Դաստիարակչական առումով լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեր զաւակներուն:


– Հայ կեդրոնին եւ եկեղեցւոյ արժէքը բարձր կը մնայ:


Տուպայի հիւրանոցները շքեղ են անշուշտ, բայց մենք կրնանք այդտեղ ծախսուած գումարներով մեր կեդրոնն ալ շքեղ դարձնել: Հասկնալի է թէ կարգ մը ձեռնարկներ կարելի չէ մեր կեդրոնին մէջ իրականացնել:


Յիշենք որ 12 տարիներ առաջ երբ օտարներ հարց կու տային թէ ինչո՞ւ ձեր ձեռնարկները հիւրանոցներու մէջ տեղի կ՛ունենան, մեր բնական (եւ տրամաբանական) պատասխանը կ՛ըլլար ?որովհետեւ մենք սրահ եւ կեդրոն չունինք?:


Եկէք չմոռնանք հայ կեդրոնին իմաստը: