• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայութեան երկաթեայ վարագոյրը

May 13, 2011
A+ A-
Email Print

Harout Ekmanian writes about the “Iron Curtain” between the Turks and Armenians and the need for supporting the Turkish public in its drive to overcome the taboo related to the Armenian Genocide.


Յարութ Էքմանեան


Վեց տարեկան էի երբ առաջին անգամ լսեցի ?երկաթեայ վարագոյր? եզրը հեռատեսիլէն: Երկար ատեն չհասկցայ այդ բառերը, ու այդ տարիքիս ինծի համար այդքան ալ կարեւոր բան մը չըլլալուն համար մարդու չհարցուցի թէ ինչ կը նշանակէր:


Տարիներ ետք, երբ սկսայ զանազան գիրքեր կարդալ, կրկին հանդիպեցայ այդ բառին, բայց այլեւս հասկցայ եւ ներքին ցնծութիւն մը զգացի, որ պատմական դէպքերու ականատես եղած եմ՝ թէկուզ մանուկ հասակիս: Վերջապէս ապագային թոռնիկիս պատմելիք մը ունէի, թերեւս քիչ մըն ալ զարդարելով եւ ասպետացնելով, թէ սովետի բլուզման օրերը տեսած մարդ եմ ես:


Ամէնայնդէպս, վերջին շրջանին այդ նոյն եզրը, երկաթեայ վարագոյրը, տխրութիւն պատճառեց ինծի, երբ որ նկատեցի թէ երկբեւեր աշխարհի երկաթեայ վարագոյրին քանդումէն աւելի քան քսան տարի անց, Հայութիւնը տակաւին կ'ապրի իրեն յատուկ երկաթեայ վարագոյրի մը շուքին տակ: Վարագոյր մը, որուն արմատները կ'երկարին մինչեւ 1915:


Այդ վարագոյրին մէկ կողմը կան Թուրքեր, միւս կողմը Հայեր՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Վարագոյրին երկու կողմերն ալ գերիրապաշտ (սիւռէալիստ) պատկերներ կը տիրեն: Թուրքեր, որոնք աւելի քան 80 տարի ամէն առաւոտ ?երանի անոր որ թուրք եմ կ'ըսէ? կրկնելով մեծցած են հանրապետութեան մը մէջ, ուր հայը ?ապերախտ, դաւաճան եւ թշնամի? էր: Հայեր, որ ցեղասպանութենէն մազապուրծ աւագ սերունդին ողբը կուշտ-ու-կուր սնած, ազգին հազար տարուայ վիշտը աչքերնուն մէջ՝ կ'երազեն հի՜ն երկիրը, ուր պարարտ հողեր եւ դրախտանման քաղաքներ, դատարկ ու լքուած, մեծ կարօտով կը սպասեն իրենց ազատագրութեան…


Երկաթեայ վարագոյրը, որուն երկու կողմերը կան փոխադարձ ատելութիւն, սկիզբը պատուած էր նորաստեղծ Թուրքիոյ հանրապետութեան ազգայնամօլ քաղաքականութեան միջոցաւ: Սակայն անոր ամրացումն ու հզօրացումը եղաւ օտարութեան մէջ հասակ առած վրէժխնդիր հայ սերունդներու բնական հակադարձութեամբ: Ճակատագրի հեքնանքով, անցած հարիւր տարուայ ընթացքին այս երկաթեայ վարագոյրը դարձաւ երկու ժողովուրդներուն միասնական ջանքերով կառուցած միակ բանը:


Սակայն ինչպէս Սովետի երկաթեայ վարագոյրը տապալեցաւ, Հայութեան երկաթեայ վարագոյրն ալ սկսած է ճեղքեր տալ: Թուրքիոյ մէջ 2005 թուականէն ի վեր Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներ տեղի ունենալու սկսած են արդէն: Տարուէ տարի աւելի մեծնալով անցեալ տարի արդէն վերածուած էր հրապարակային մեծ ոգեկոչումի մը, որ այս տարի կրկնուեցաւ Թուրքիոյ հինգ ամենամեծ քաղաքաներուն մէջ: Թուրքիոյ հասարակութեան տարբեր խաւերէն զգալի տոկոս մը սկսած է հարցի տակ առնել 1915-ի դէպքերուն մասին պետութեան պաշտոնական ժխտողական վարկածը: Ամէն տարի աւելի մեծ թիւով թուրք մտաւորականներ սկսած են առերեսուիլ իրենց պատմութեան հետ: Այսօր կայ պոլսահայ երիտասարդութիւն, որ ժամանակի պահանջքները լաւ գիտակցելով շատ խիզախ պայքար մը կը մղէ յանուն Թուրքիոյ մէջ իր համայնքի իրաւունքներուն: Թուրքիոյ մէջ մարդիկ սկսած են աւելի ազատ ձեւով զրուցելու Հայութեան հանդէպ կատարուած ոճիրներուն մասին եւ անոնցմէ շատեր կատարուածը կը նկարագրեն որպէս ցեղասպանութիւն, բառ մը, որ երկար ատեն թապու էր Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ:


Վարագոյրին միւս կողմը գտնուող Հայերը մեծ մասամբ տակաւին կասկածով կը մոտենան Թուրքիոյ մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն: Որոշ չափով ալ հասկնալի է նման պարագաներու վստահութեան երաշխիքներ որոնելու փորձերը: Թերեւս այս պարագային ամէնա լաւ երաշխիքը այդ վարագոյրը ճեղքել փորձող թուրքերուն ոչ թէ միայն Հայութեան նկատմամբ, այլ բոլոր համամարդկային դատերուն նկատմամբ զգօնութեան եւ գիտակցութեան մակարդակն է: Թերեւս ալ չկան այդպէս չափուած-ձեւուած պատրաստ լուծումներ այս հարցին, այլ նախապաշարումներէ հեռու ընթացքն է որ կրնայ բիւրեղացնել այս կարծիքներն ու համոզումները:


Այս ամէնուն մէջ, ամէնա կարեւորը լսելն է, ապա խօսիլը: Այդ մէկը իրականացնելու համար այլեւս պէտք է այդ վարագոյրը վերցնել: Շատ լաւ տեսած ենք, թէ երբ մարդոց անհատական շահերուն կը համընկնի՝ այդ վարագոյրը շրջանցելը որքան հեշտ կը դառնայ: Բայց այդ նոյն մարդիկը վարագոյրը ?կարմիր գիծ? կը յայտարարեն ու տարբեր կարծիք ունեցողին դաւաճան կը հրչակեն, երբ կրկին իրենց անհատական շահերը այդպէս կը թելադրէ: Դժբախտաբար, ըներային կեանքի մէջ տարածուած սովորութիւն է, որ յանուն արդարութեան պայքարող անիրաւուած հաւաքականութիւններուն մէջ իշխանիկները իրենց ներքին քննադատներուն եւ այլախոհներուն նկատմամբ կը կիրարեն այդ նոյն միջոցները, որոնց իրենք ենթարկուած էին հակառակորդ հաւաքականութեան կամ խմբաւորումին կողմէ: Իրականութեան մէջ, նման պարագաներու ճշմարտութիւնը ոչ ոքի մենաշնորհն է:


Երկաթեայ վարագոյրը միւս կողմէն վերացնել ուզողներ կան: Թերեւս այս լաւագոյն առիթն է մեր պահանջքները անոնց բացատրելու: Ովկիանոսներէն անդին նստած քաղաքական դէմքերը շատ հեռու են, ամէն իմաստով, մեր զգացումներով եւ մեր մտքերով խօսելու կարողութենէն: Տարածաշրջանին մէջ ծայր առած վերջին զարգացումները լաւ կը բացատրեն, թէ առողջ պետութիւնները համարատու են իրենց հասարակութիւններուն, եւ ոչ արտաքին ճնշումներուն կամ միջամտութիւններուն: Անոնց գոյութեան նպատակը իրենց ժողովուրդներուն իղձերն ու փափաքները իրականացնելն է: Ի վերջոյ, Թուրք հասարակութիւնը պէտք է հասնի հոգեբանական զարգացման այդ մակարդակին որ կարենայ հաշուի նստիլ իր պետութեանը հետ, որ հիմնադրուած է Հայկական ցեղասպանութեան վրայ: Թերեւս մեր ալ ամէնա իրապաշտ ապաւենը նոր իրավիճակներուն հետ կարելի եղածին չափ կանուխ համակերպիլն ու Թուրք հասարակութեան Հայկական հարցի լուծման մէջ իր հիմնական դերակատարութեան ստանձնումը դիւրացնելն է:


Բայց այս բոլորէն առաջ, մենք, իւրաքանչիւրս պէտք է լուծումին մէջ ներգրաուուինք, եւ ոչ թէ հարցին:


Մայիս 7, 2011
Հալէպ, Սուրիա


Source: Kantsasar weekly of Aleppo Prelacy, 07 May 2011
http://www.kantsasar.com/

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostKomitas Vardapet, forgotten folk hero
Older PostՀեռուստատեսության եւ Ռադիոյի Ակադեմիա

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Հակասթրես + Ցոլակ Հակոբյանի հետ

item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

item-thumbnail

New book about the Armenian Velvet Revolution by political analyst Stepan Grigoryan

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll