• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հալէպի հայահոծ թաղամասի անբաժան մասնիկը՝ Ճանոն

June 10, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Հալէպի հայահոծ թաղամասի անբաժան մասնիկը՝ Ճանոն</FONT>









The current team of Jano shop


Azad-Hye


Caroline Msrieh-Seropian tells the story of the most known food retail shop in the Armenian neighbourhood in Aleppo. Jano (original name Hagop) and his brother Ghazar established the shop in 1946. The legacy of Jano is continuing through his son Harout who joined the team in 1982. Jano has been instrumental in spreading Armenian songs through publishing songbooks at a time when Turkish songs were popular in the then partly Turkish speaking Armenian neighbouhood.


Գարօլին Մսրիէ-Սերոբեան


Փոքր տարիքէս կ՛ուղղուէի Ճանոյին խանութը ուտեստեղէն գնելու կամ հեռա‎ձայնը գործածելու համար։ Այդ ժամանակէն ի վեր շօշափած եմ այնտեղ գործողներու համեստ վարուելակերպը մեծին ու մանաւանդ փոքրին հետ։ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի աշակերտական տարիներուս ինծի համար հետաքրքրական էր դիտել վաճառողները՝ խճողման գագաթնակէտ հանդիսացող պահերուն, երբ աշակերտները, ճեմարանէն Ճանոյին մայթը թափելով, օրական հերթականութեամբ եւ իրենց անկազմակերպուածութեամբ, բացականչութիւններով ու հրմշտուկներով, կը մասնակցէին ձեւաւորուած պահանջարկներու ահռելի մրցումին՝ ականատես ըլլալու, թէ ո՞վ պիտի յաջողէր դրամը ամէնէն առաջ փոխանցելով իր ապսպրած ուտեստեղէնը յափշտակել։ Հաճելի է դիտել այս պատկերը եւ ինչու չէ ապրիլ զայն, որովհետեւ Ճանոն նոր էութիւն մը չէ, այլ յիշատակի արժանի Հալէպահայութեան մէկ ժառանգը։ Այս օր ո՞վ չի գիտեր Նոր Գիւղի խմիչքներ, հաւ եւ այլ ճաշատեսակներ ու ակրատներ (սէնտուիչ) վաճառող Ճանոն, սակայն, քանինե՞ր կը յիշեն անոր հիմնադրութեան օրերը սկսեալ 1946-էն։


Պատմութիւնը կը սկսի


Ճանոն՝ Յակոբ Ղազարեան, ծնած է Հալէպ 1926ին։ Ան երկրորդ զաւակն էր վեց անդամներէ բաղկացած Ուր‎‎‎‎‎‎‎‎‎ֆացի‎ համեստ ընտանիքի մը, ուր մայրական տնտեսական միտքերն ու կարողութիւնները առիթ ընծայեցին բոլոր զաւակներուն մօտ աշխատանքային մտահորիզոններ բանալու։ Անոնցմէ երեքը մանչ էին ու միասին պիտի ձեռնարկէին կօշկակարութեան արհեստին։ Նիւթական անբաւարար կացութիւնն ալ պիտի ստիպէր այդ պայծառամիտ տղոց դպրոցը կանուխ հասակէն թողնելով կատարելապէս նետուիլ գործի դաշտ։


Յակոբը տասներեք տարեկանին Ք.Ե.Ա.Ճեմարանին դիմաց, ներկայ դեղարանին փոխարէն գոյութիւն ունեցող կաւէ խանութը վարձելով հարսանեկան խրախճանքներու լոյսեր կարգաւորելու գործին լծուեցաւ։ Ասոր կողքին, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ճեմարանի շեմին նստելով խաղող կը վաճարէր։ Երկուքէ երեք տարիներ այդ կաւէ խանութին մէջ աշխատելէ յետոյ, կ՛անցնի ներկայ խանութին տեղը որպէս վարձկալ 1946ին։ Այդ թուականէն ի վեր խանութը դարձաւ թեթեւ  ճաշատեսակներու եւ խմիչքի վաճառման կեդրոն։


Յակոբ … ՃԱՆՕ՞


Այս հարցին պատասխանելով, Ղազարը՝ Յակոբին կրտսեր եղբայրը, որ տասնհինգ տարեկանէն ի վեր եղբօրը հետ կ՛աշխատէր բացատրեց։ Ուրֆացիները Յակոբին ՅակոբՃԱՆ կը կանչէին։ Այսպէս, հետզհետէ Յակոբճանը կրճատուելով վերածուեցաւ Ճանոյի։ Հայրս միշտ կը գանգատէր ըսելով։ Տղա Յակոբ, միայն գիտնամ, ո՞վ քեզ կոչեց այս նոր անունով։
 
Առաջին քայլերը


Ճանոն գործել սկսաւ այն տարիներուն, երբ մարդիկ խանութներ չէին վարձեր, ոչ իսկ վարժ էին տունէն դուրս ճաշելու կամ թէ պատրաստ ճաշատեսակներ գնելու։ Կօշկակարութեամբ, հարսանեկան խրախճանքներու լոյսերու կարգաւորումով զբաղելէ ետք, Յակոբն ու Ղազարը կը սկսին պաղպաղակ ծախել երբ բարերար մը անոնց սառնարան մը կը տրամադրէ։ Ղազարի յիշողութեան համաձայն, զինուորական ծառայութենէն իր վերադար‎‎‎‎ձին՝ 1951ին, Յակոբը ներկայ խանութը առած եւ անոր տարածքին կցած էր երէց եղբօր՝ Սարգիսին իրեն թողած խանութը։ Այսպէս, ինք ու Յակոբը, աւելի ընդարձակ աշխատավայր մը ունենալով իրենց վաճառքի տեսականին կը բազմացնեն։ Քառորդ Սուրիական ոսկիի ապուխտ (պասթրմա) ու հաւու միսով ակրատներ կը ծախեն։ 1963ին երկուքէ երեք հաւ ներարող փուռ մը կը յաջողին գնել հանդիսանալով որպէս Հալէպի առաջին հաւ վաճառողները։ Երեկոյեան ժամերուն, հայ տղամարդիկ խանութ կը ժամանէին ոգելից ըմպելիին հետ հաւու միս ընթրելու։ Այս ընթացքը շարունակուեցաւ մինջեւ 1969-1970 թուականները, երբ ոգելից ըմպելիներ խմելու վայրերը սահմանափակուեցան։


Ճնշուած հաւ եփելու առաջին փոր‎ձը
‎‎‎
Ինչպէս վկայեց Խաչիկ Աբրիկեանը, Ճանոյի պատրաստած ճնշուած հաւերը յաջող նորարարութիւն մըն էր։ Օր մը, երբ ընկերներով հաւաքուած էին խանութին մէջ, իրմէ խնդրեցին որ իր ճաշակին բան մը պատրաստէ ու հրամցնէ։ Անիկա տուն մեկնեցաւ ու իրենց վերադարձաւ շատ համեղ հաւով մը, որ բոլորին քիմքին հաճելի թուեցաւ։ Այդ օր զինք կը քաջալերեն նոյն փորձը շարունակելու եւ զարգացնելու։ Այդպէս ալ պատահեցաւ։









From left to right: Hagop (Jano), Sarkis, Ghazar and their sister

Ճանօն Առաջինն էր


Ճանոն միշտ կը փորձէր նախաձեռնողը ու նորութիւն բերողը ինք ըլլար, հակառակ որ նորութիւնները, ինչպէս այսօր, անցեալին եւս խոտոր աչքով կը դիտուէին։ Իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին կատարած խոհանոցային գիւտերը մինջեւ օրս կը գործածուին իր խանութէն ներս։ 1965-1968 թուականներուն, ան Հալէպի առաջին խանութպանն էր, որ հաւ եփելու կառավարական փաստաթուղթ ստացաւ։ Անկէ առաջ, 1953 թուականին, ինք առաջինն էր, որ մտածեց յաճախորդներուն տրամադրութեան տակ դնել հանրային ծառայութեան հեռաձայն՝ նոր եկամուտ մը ունենալու նպատակով, այնպիսի ժամանակի մը, երբ մարդոց համար հեռաձայնային խօսակցութիւնը այնքան ալ տարածուած չէր։


Աւելի ուշագրաւ օրինակ մը՝ ՍԱՅԵԱԹ ՆՈՎԱ երգարաններու տպագրումը։ Մէկ կողմէ հայ երգը տարածելու ու միւս կողմէ նիւթական շահ ձեռք ձգելու միտումով Յակոբը ծրագրեց սոյն աշխատանքին։ Երգերու, բառերուն ու երաժշտական դասաւորման (նօթաներու) մանրամասնութիւններուն համար ան կապեր հաստատեց Հալէպ ժամանած Խորհրդային Հայաստանի Անսամպլին ու Երեւան Ռատիօ կայանին հետ։ Այդ երգարանները աւելի տարածելու ու վաճառելու միտումով, իւրաքանչիւր հայ սափրիչի յանձնեց հինգական օրինակ, խոստանալով որոշ շահաբաժին մը երգարաններու ծախուելուն պարագային։ Այլ խօսքով, Յակոբը գործնական մասնակցութիւն բերած է Միջին Արեւելքի մէջ հայերէն երգարաններ արտադրելու նախափորձերուն, մանաւանդ որ աննկարագրելի սէր ունէր Սայեաթ Նովայի հանդէպ։ Ըստ վկայութիւններու, ան որեւէ ատեն թրքերէն երգ չէ երգած, հակառակ որ իր ժամանակաշրջանին համատարած թրքերէնով հասկցուելու ու նոյնիսկ խրախճանքներու թրքերէն երգելու սովորութիւն կար: Երգարաններու կողքին ան նաեւ ձեռնարկեց խանութէն ներս հայերէն երգեր հնչեցնելու ու ձայնապնակներ վաճարելու աշխատանքին։


Հմուտ վաճառողներ


Յակոբն ու Ղազարը ամէն հնարք ի գործ կը դնէին իրար ալ աւելի լաւ հասկնալով գործը լաւագոյնին առաջնորդելու։ Յաճախորդներու ներկայութեամբ, անոնք իրենց կարծիքները եւ նոյնիսկ բանավէճերը կը փոխանակէին Զէյթունցիներու բառբառով, որ սորված էինք շրջանի Զէյթունցիներէն։ Իրենց լեզուի ճկունութեամբ կը փորձէին եւ յաճախ կը յաջողէին համոզել յաճախորդը այս կամ այն ապրանքը գնելու։ Ղազարը կը պատմէ‎ ?Այն պարագային, որ ձայնապնակ մը ընկալում չգտներ յաճախորդներու մեծամասնութեան կողմէ, զայն բարձրաձայն կը հնչեցնէինք, մանաւանդ մնայուն յաճախորդի փափաքին վրայ։ Այսպիսի հնարքները ի գործ կը դնէինք, սակայն ոչ մեր երէց եղբօր՝ Սարգիսի ներկայութեամբ, որուն շուքը մեր վրայ ծանր էր ու մեր յարգանքը իր անձին հանդէպ՝ անսահման։ Եղբօրս մահէն ետք, գործը աստիճանաբար ու բնական հեզասահութեամբ փոխանցուեցաւ իր որդւոյն՝ Յարութին։ Յակոբը ալ չկար։ Ժամանակը սկսած էր փոխուիլ ինչպէս նաեւ գործելու եղանակն ու ժամերը։ Այսպէս, Ճանոյին խանութի հիմնադրութենէն սկսեալ ամբողջ երեսուն վեց տարիներ գործելէ ետք խանութը պէտք էր ձգէի?։


Գործի ժառանգում
‎
1986ին, Ճանոյի վաղաժամ մահուան բերումով գործի պատասխանատուութիւնը կատարելապէս պիտի փոխանցուէր իր որդւոյն՝ Յարութին, որ 1982 թուականին Նախնտրած էր ճեմարանական ուսումէն հրաժարելով հօրը աշխատանքին մասնակցիլ։ Եւ այսպէս ան գործը կ՛իւրացնէ մէկ կողմէ օգտուելով հօրը խոհանոցային փորձառութենէն, տնօրինման ցուցմունքներէն ու խրատներէն ու միւս կողմէ հօրեղբօրը՝ Ղազարին առուծախի եւ մարդոց հայեացքով մը ճանչնալու կարողութենէն։


Յարութը կը պատմէ ?Դժբախտաբար, աշխատանքի լծուելէս չորս տարիներ ետք, Հայրս անվերադարձ պիտի մեկնէր անդի աշխարհ։ Այն ատեն միայն անդրադարձայ, որ այս խանութին արդիւնաբերութիւնը հիմնուած էր խոհանոցի վարպետին կողմէ։ Ճանոն գործի անկրկնելի տնօրէնն էր։ Տասնամեակներ գործած Ճանոյի խանութը մեծ պարտաւորութեամբ մը կը ծանրացնէ ուսերս, որմով եւ հպարտ եմ եւ մտածկոտ։ Անպայմանօրէն մէկը պիտի գայ մտածելու այս ձեռնարկը փոխելու կամ վերացնելու մասին, բայց անձնական փափաքս է շարունակելի տեսնել զայն քոնէ Յակոբճանի թոռնիկին՝ Յակոբիս կողմէ, մեծ հօր շունչով բայց անպայման նոր ծրագրաւորումներով գունաւորուած։ Ես, որպէս Ճանոյի ժառանգորդ ու Նոր Գիւղի հայահոծ շրջանին մէջ գործող, կը փափաքիմ հալէպահայութեան մտքերուն մէջ Ճանոն պահել որպէս լաւ յիշատակ։


Յուշեր եւ վկայութիւններ 


Ամուսինս՝ Յակոբճանը առատաձեռն, հիւրընկալ ու բարձր ինքնազարգացման տէր ազգասէր անձ մըն էր։ Ան հաւատարիմ ամուսին էր ու բացառիկ հայր։ Անոր վաղաժամ մահը մեծ կորուստ էր։ Պարտականութիւնս ծանր էր, սակայն ցանուած հունտերու արդիւնաբերութիւնը թեթեւցուց զայն։
Տիգրանուհի Ֆերմանեան-Ղազարեան


Գրել Ճանոյին մասին, կը նշանակէ գրել Հալէպ քաղաքի ?Նոր Գիւղ? արուարձանի մասին։ Եթէ չեմ սխալիր, Ճանոն եւ Նոր Գիւղը մօտաւորապէս  նոյն տարիքն ունին։ Ինքը գնաց հողին, բայց այսօր կը շարունակուի իր գործը եւ իր գաղափարը կ՛ապրի իր ընկերներուն մէջ։
Սարգիս Ղազարեան


Այսօրուայ պէս կը յիշեմ հօրս խանութին հետ առնչուած անմոռանալի մանկութեանս օրերը։ Հինգ տարեկան հասակիս սկսայ խանութ երթալ բան մը ընելու մանկական հոգեբանութեամբ։ Արաբական բակի մը մէջ կը բնակէինք, որմէ բաժին մը տրամադրուած էր հաւերը մաքրելու, մսեղէնները համեմելու ու պահածոները պատրաստելու գործընթացին։ Պէտք է նշել, որ հայրս այնքան բծախնդիր էր, որ բոլոր գործաւորներուն աշխատանքը անպայման աչքէ անցնելու կողքին հաւերը մաքրելու վերջին հանգրուանը ինք անձամբ կը կատարէր։ Հօրս ամէն օր կը յիշեմ։ Իր կեցուածքը,  տիպար վերաբերմունքը, ուղղամտութիւնը, արդար դատողութիւնը, բծախնդրութիւնը, փոխանցած խրատներն ու խօսքերը մանկական յուշեր չեն այլ յարատեւ ապրում։
Թամար Ղազարեան ? Ժամկոչեան


Ճանոյին քովէն ուտեստեղէն գնելը մեր կիրակնօրեայ պտոյտի մէկ հաճելի օրակարգն էր։ Այսօր այդ փաթեթները ‎ձեւափոխուած են, սակայն Ճանոն կը մնայ հին յուշերը նոր օրերուն մէջ բուրող մէկ հայահոծ հաւաքավայր։
Մայտա Հինտոյեան


Ճանոյի ու Ղազարի բծախնդրութիւնը, մաքրութիւնն ու համեղ ճաշերը գրաւած էին ոչ միայն Նոր Գիւղի բնակիչները, այլ նաեւ հեռակայ շրջաններու բնակիչները։ Ճանօն այնքան ուշադիր անձ մըն էր, որ օտարներուն (այլ կրօնի տէր մարդոց) խանութէն ներս ոգելից ըմպելիներ չէր սպասարկեր։ Անոնք նաեւ ազգանուէր երիտասարդներ էին։
Մանիէլ Թիւֆէնք‎ճեան
 
Յիսուն տարիներու ազնիւ դրացիական կեանք մը վայելած եմ Ճանոյին հետ։ Ան սակաւախօս, խոհեմ, շատ զգոյշ եւ ստեղծագործ անձ մըն էր։ Ոչ մէկ օր զինք ձեռնածալ տեսած եմ։ Երբեմն, Ք.Ե.Ա.Ճեմարանի աշակերտներու արձակման պահուն Ճանոյին խանութը կը շտապէի օգնութեան ձեռք երկարելու։ Զինք կը տխրէցնէին աշակերտներու գաղտնօրէն ուտեստեղէն առնելու փորձերը, բան մը որ զինք կը վիրաւորէր որպէս պարկեշտ հայ եւ ապրուստ հոգացող գործատէր։
Խաչիկ Աբրիկեան


Յիսունական թուականներուն, Հալէպի մէջ, կը սկսի լոյս ընծայուիլ ?ՍԱՅԵԱԹ ՆՈՎԱ? անուն երգարան մը, ?ՃԱՆՕ? վաճառատան սեփականատէր՝ Յակոբ Ղազարեանի կողմէ։ Ճանոն իր Ղազար եղբօր հետ միասին կը սկսին հրատարակել երգարաններ, որոնք կ՛ունենան 17 հրատարակութիւններ, հազարաւոր օրինակներով եւ սպառումը կ՛ըլլայ անմիջական։ Այս ձեռնարկներու շնորհիւ, թրքերէն երգը կ՛անհետանայ հայ երիտասարդի շուրթերէն, տեղը տալով հայ երգին։
Արմէն Յարութիւնեան
 






























Jano shop with the new shape



Hagop (Jano) and Ghazar



Hagop (Jano)



Hagop (Jano)



Harout with friend(s)



Harout with a friend


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՇա՞տ մարդ կար
Older PostԿիպրահայութիւնը վճռեց

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

item-thumbnail

Մեկնարկեց «Արի Տուն – 2018» ուսումնաճանաչողական ծրագրի 2-րդ փուլը

item-thumbnail

Սփիւռքի հայ կառոյցներէն «արտագաղթ»

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll