Կիպրահայութիւնը վճռեց

<FONT face=Sylfaen>Կիպրահայութիւնը վճռեց</FONT>

Yervan KouyoumdjianYeran Kouyoumdjian, the editor of the electronic publication Azad Khosk (“Free Speech”, Nicosia, Cyprus) reports about the electrified atmosphere inside the Armenian community of Cyprus prior to the 22 May 2011 elections. Members of the same family, friends, relatives have appeared in opposite positions. Facebook and SMS messages included a lot of insult. Nevertheless, the community members excercised their voting rights freely and the result was in favor of Mr. Vartkes Mahdessian (67% of votes) for another 5 year term, while Dr. Antranig Ashdjian received 33% of the votes. Kouyoumdjian calls the voters to return back to their normal life and not to forget that the real struggle is in preserving our Armenian identity and fighting for our rights.  


Երան Գույումճեան    


Երեսփոխանական ընտրութիւնները  նախորդող ամիսներուն՝  կիպրահայ համայնքը ամբողջ լծուած էր ընտրապայքարի տենդագին աշխատանքի:  Ստեղծուեր էր այնպիսի թէժ ու մոլեգին պայքար մը, որ իր յորձանուտին մէջ կ'առնէր գաղութի բոլոր անդամները…:  Մտերիմ բարեկամներ, սերտ գործակիցներ, ընտանիքի հարազատ անդամներ շուտով կը յայտնուէին հակադիր ճակատներու վրայ…:  Ծայր կ'առնէին բուռն վէճեր, թեր ու դէմ կարծիքներու կրքոտ բախումներ:  Զանազան ու զարմանազան զրոյցներ, բանբասանքներ, բացայայտումներ կը շրջէին տունէ-տուն, խանութէ-խանութ, կայքէջի պաստառներու վրայ եւ մամուլի էջերուն մէջ…:  Գործ ու հանգիստ թողած, ոմանք ամիսներ շարունակ, կարծէք կ'ապրէին ու կը շնչէին մէկ ու միակ մտասեւեռումով՝  ամէն կերպ յաջողցնել իրենց թեկնածուին յաղթանակը, խտրութիւն չդնելով միջոցներուն մէջ եւ յաճախ կոխկռտելով բարոյական ամէն սկզբունք ու հասկացութիւն, բարեկամական կապ ու մտերմութիւն…:  Արդիւնքը կ'ըլլար այն, որ՝  նորանոր պառակտումներ ու բաժանումներ կը ստեղծուէին փոքրաթիւ գաղութին մէջ, ջլատելով անոր դիւրաբեկ միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը:


Վստահաբար, կշռադատ բանականութիւնը իր տեղը զիջած էր բնազդական, կոյր կիրքերու դրսեւորումին….:  ?Հայուն չափը չափազանցն է, զարմանալի հաւասարակշռութիւն, որ ծայրայեղութեան մէջ է?,- պիտի նկատէր մեծ գրող Դերենիկ Դեմիրճեան՝  իր յայտնի ?Հայը? գրութեան մէջ:  Այդ չափազանցութեան ու ծայրայեղութեան մոլուցքով տարուած,  ոմանք մոռացութեան կու տային կարծէք Պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի  5-ամեայ պաշտօնավարութեան դրական կէտերն ու ձեռքբերումները, մինչ խոշորացոյցով կը ներկայացնէին ընդդիմադիր թեկնածուին առաւելութիւնները:  Եւ` փոխադարձաբար, Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի հասցէին եւս կը հնչէին ծայրայեղ արտայայտութիւններ: Անվայել ցեխարձակումներ շրջան կ'ընէին յատկապէս facebook-ի ելեկտրոնային էջերուն եւ բջիջային հեռախօսներու պաստառներուն վրայ…:   Արդե՞օք միայն հայ իրականութեան մէջ է, որ ընտրապայքարի ելած թեկնածուն եւ անոր կողմնակիցները կը միտին բարենիշ ապահովել՝  սեւցնելով ընդդիմադիր թեկնածուն եւ ցեխարձակումներ կատարելով…:  Չեմ գիտեր:  Սակայն, որոշապէս սա անվայել երեւոյթ է, ամբողջովին անյարիր բազմադարեան մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն ստեղծած ժողովուրդի մը զաւակներուն:


Վերջապէս հասաւ Կիրակի, 22 Մայիսը՝  քուէարկութեան օրը, երբ կիպրահայ քուէարկողներ փութացին դէպի սահմանուած ընտրավայրերը, դէպի քուէատուփ, քուէարկելու համար իրենց նախընտրած թեկնածուին:  Պիտի յատկապէս նշել որ քուէարկութիւնը ամբողջովին գաղտնի է եւ հետեւաբար ազատ:  Ոչ մէկ ?սարսափատիրութիւն?, որուն մասին կը խօսուէր վերջերս կարգ մը թերթերու էջերուն մէջ, կրնայ խոչընդոտ հանդիսանալ որ քուէարկողը՝  փակ վարագոյրի ետին,  քուէարկէ համաձայն իր խղճին եւ դատողութեան:  Դեմոկրատական կարգ ու սարքի մէջ ապրող անհատի՝  բացարձակ եւ անկողոպտելի իրաւունքն է այս:  Երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին, վերջ գտաւ քուէներու հաշուարկը, եւ յաղթական յայտարարուեցաւ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան, ստանալով 1105 ձայն կամ քուէներու  67.67 տոկոսը, մինչ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան ստացաւ 528 ձայն կամ՝  32.33 տոկոս:  Սա որոշապէս ջախջախիչ յաղթանակ էր, որ տարաւ Պրն. Վարդգէս Մահտեսեան՝  միւս թեկնածուին վրայ, որ առաջին օրէն իսկ կը յոխորտար թէ ինք պիտի ըլլար յաղթականը, եւ թէ`  կը վայելէր համայնքի մեծամասնութեան զօրակցութիւնն ու վստահութիւնը:  Քուէներու պատկերը պերճախօս վկայութիւնն է հակառակին:  


Զարմանալու ոչինչ կայ, քանզի Վարդգէս Մահտեսեան՝  իր հնգամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին, արդար ու անխտրական գործելակերպով, խղճմտօրէն կատարեց Պետական Ներկայացուցիչի իր պարտականութիւնները եւ գործքով ապացուցեց իր Վստահելիութիւնը:  Սրտագին կը շնորհաւորենք զինք այս առիթով, իրեն մաղթելով որ իր հնգամեայ փորձով առաւել եւս իմաստնացած՝  շարունակէ Պետական Ներկայացուցիչի իր պարտաւորութիւնները, գաղութին շահերը միշտ վեր դասելով ամէն տեսակի հաշիւներէ եւ իր շուրջ համախմբելով բոլոր ուժերը անխտիր:


Այժմ ընտրապայքարը հասած է իր աւարտին:  Պիտի նոր էջ բանալ համայնքի կեանքէն ներս:  Պիտի մոռնալ հին քէներն ու ոխերը, մէկդի դնել անձնական ու հատուածական նեղ ու սնամէջ հաշիւները…:  Մասնաւորաբար  պիտի չմոռնալ երբե՛ք ու երբե՛ք, որ մեր ճակատագրական բուն Պայքարը՝  հայ մնալու համար է, Հայ Դատի Պահանջատիրութիւն հետապնդելու համար է, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հզօրացման համար է…:  Պայքար մը՝  այս, որուն ելքը անպայմանօրէն կը վճռորոշեն ժողովուրդի մը ոգին, ազգայինը պաշտպանելու անոր դիմադրողականութիւնը, իրարհանդուրժողութեան եւ բռունցքուած միասնականութեան կամքը:  Պայքար մը՝  որ կը պահանջէ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ամենօրեայ ջանք ու նուիրում, ճիգ ու կորով, տքնաջան աշխատանք,  քաղաքական կամք ու տեսլական…:  Ոչ մէկ պետական,  քաղաքական թէ այլ իշխանաւոր, որքան ալ արժանաւոր ըլլայ ան, չի կրնար ազգային փրկութեան եւ իրա՛ւ յառաջդիմութեան բանալի ըլլալ, եթէ Մենք՝ ամէն մէկս եւ հաւաքաբար, վճռակամ չըլլանք Սրբազան այդ Պայքարը յառաջ տանելու, բարձր գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ: 


Ընտրապայքարներէն գերիվեր ու անդին, ահա ա՛յս Պայքարն է, անտարակոյս, որ պիտի վճռորոշէ մեր ապագան, որպէս համայնք ու հաւաքականութիւն, ժողովուրդ ու երկիր:


Source: http://www.azadkhosk.com/
Issue number 2, May 2011