Բարեւ Հալէպ

Բարեւ Հալէպ

Kinetson?


Գրախօսեց՝ Պերճուհի Աւետեան*


?


Յետադարձ ակնարկով շրջենք ժամանակը ու քառասուն տարիներու? վրայէն ոստում կատարելով փոխադրուինք 1967-1968 տարեշրջանը եւ մուտք գործենք Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգ. ճեմարանի միջնակարգի 8րդ դասարանէն ներս։


?


Սա ակնարկ չէ պարզապէս , այլ կարօտով լիացած սեւեռում, մագաղաթային սուրբ արժէք ունեցող գանձարան մը պեղելու փորձ։? Մատղաշ աշակերտներ էինք մենք այդ օրերու 8րդ կարգի դասարանցիներս, իսկ հայերէնի մեր ուսուցիչը աշխոյժ, կատակախօս երիտասարդ մը, մեր ուսուցիչներէն ամենաերիտասարդը։


?


?Ադա Մարտին, ադա Մարկոս, ադա քաշեցէք..? այս տողերը մեր այդ օրերու հայերէնի դասանիւթէն քաղուած` եղան հայերէնի դասապահերու ընթացքին միաձայն սփռուող նշանաւոր յանգերգը, մինչ երիտասարդ ուսուցչի աչքերը սեւ ակնոցին ետեւէն ծիծաղ ու խանդ կը շողարձակէին?? Պրն. Պետիկեան կատակախօս էր այո, բայց պահանջեալ հարկին լուրջ նոյնիսկ խիստ ու բծախնդիր, այդ տարուայ հայերէն լեզուի մեր արգասիքն ալ արդիւնաբեր էր, շնորհիւ ուսուցչի ազգայաշունչ հետեւողութեան, երիտասարդական նորարար շունչին??? Ապա երկար անջատում????????????????????????????????????????????????????????????????????????????


?


Անցեալ տարի էր երբ Պրն. Պետիկեան պանդուխտ հայու ցուպը ձեռքին կ'այցելէր իր ծննդավայրը Հալէպ, կը հանդիպէինք տակաւին Հալէպ բնակող մեր դասարանի մնացորդացը, մեր ուսուցչին ?Գրադարան? գրքի գինեձօնին առթիւ միախմբուելով ։ Ուսուցիչը սպիտակահեր դարձած էր, խոհուն, գերզգայուն, պահելով հանդերց երբեմնի իր կատակասէր ոգին, անկասկած որ աշակերտներն ալ հասունցած էին, դարձած հայրեր, մայրեր, ազգային պատկան մարմիններու անդամներ .. քառասուն տարիները արհամարհելի? ժամակակամիջոց չէր, իսկ մեր հանդիպումը ժամանակաւոր էր, բաժանումը անխուսափելի, ան շատ կարճ շրջան մը վայելեց Հալէպահայ իր շրջանակին ջերմ հիւրընկալութիւնը ու վերադարձաւ իր կեայք հաստասած քաղաքը տաքուկ յիշատակներով բեռնաւորուած։ Շուտով լոյս կը տեսնէր Պր. Պետիկեանի նոր հատորը ?Բարեւ Հալէպ?ը։?? ?


?


Հալէպ քաղաք, սփիւռքեան մայր գաղութ, իր հողին վրայ ապրած, ստեղծագործած ու աշխարհացրիւ դարձած մտաւորականներու յուշերու շտեմարան։


?


Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հոն հասած մանուկները, հասակ կը նետէին ու իրենց գրիչը թաթխելով այդ օրերու դառն յուշերուն մէջ սփիւռքահայութեան սեփականութիւնը կը դարձնէին իրենց ստեղծագործութիւնները։ Ծառուկեանի գրչէն ծորող ?Մանկութիւն չունեցող մարդիկը?, ?Երազային Հալէպ?ը... կը? պարփակէին որբանոցային յուշերու տխուր պատառիկներ, Մուշեղ Իշխանի ?Հացի եւ լոյսի համար?ը կը ներկայացնէր ջարդով ու աքսորով տառապած սերունդին յոյզերը,..


?


Աւագ այս սերունդը գրաւելով իր առաջատար դիրքը, պիտի դնէր իր դրոշմը, իր յատկանշական մատնահետքերը գաղութի գրական պատմութեան մէջ, բայց ժամանակը հոն կանգ չէր առներ, այս սերունդին պիտի յաջորդէին նորերը եւ աւանդը պիտի փոխանձուէր, անոնք եւս պիտի ծաղկեցնէին Հալէպ բուրող յիշատակարանը։


?


Պետիկեանի ?Բարեւ Հալէպ?ը, կու գար իր տեղը գրաւել յիշեալ աւագանիի գործերու կողքին։ Յիշատակներով զեղուն, յուշերու ցայտաղբիւր մը, ուրկէ կը բխին մանկութեան, պատանեկութեան, երիտասարդ տարիքի հետ կապուած դէմքեր, դէպքեր ? Պետիկեանի համար Հալէպը յիշատակութեան արժանի կը դառնար ոչ իր պատմական, կամ աշխարհագրական դիրքորոշումով, ոչ տնտեսական, քաղաքական առումով, այլ իր մթլորորտով, արմատներէն խլուած արեւմտահայութեան տրոփող առօրեայով, զանազան գաւառներէ բռնութեամբ տեղահանուած խլիակներու միատեղումով, որոնք այդ քաղաքին մէջ տեւական բնակութիւն հաստատելով` տակաւին տախտակէ գամբերու մէջ ծուարած, կը նախաձեռնէին կառուցել եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, կը սերմանէին գիտութեան ու մշակոյթի հունտեր, իրենց երակներուն մէջ զգալու համար ապրելու, ստեղծագործելու աւիշը։


?


Պետիկեան շնչած ու ապրած է այս մթնոլորտին մէջ, անկէ քաղելով իր նախնական կրթութիւնը, որուն գումարելով կեանքի փորձառութիւնը, մարդը կոփող տառապանքները, կը ներկայանայ մեզի իր հասուն արգասիքով։ Անոր լոյս ընծայած 4 հատորները բազմանալով անկասկած պիտի շարունակեն պարտադրել? տատանուող սփիւռքին? անտեսել ոտքերուն տակ սեփական հող չունենալու իրականութիւնը? ու մնալ կայուն,հաստատուն փոքր թաղարներու մէջ զետեղուած, գաղութներու պատշգամներուն պատուհանները զարդարող գեղեցիկ, բնական եւ գոյատեւող բոյսեր նման, որոնք անտարակոյս արմատներ ունին։ ?


?


Խօսելով Պետիկեանի գործերուն մասին ընդհանուր գծերով, պէտք է շեշտել, որ անոնց մէջ ընդարձակ տեղ գտած են յուշերը, իր անմիջական առօրեայի նկարագրութիւնը ու յատկապէս զանոնք իմաստաւորող տպաւորութիւնները, վերլուծումները, իմաստալից եզրափակումները։ Ան դէպքերը կը հիւսէ հաճելի ու տպաւորիչ մթնոլորտով, պատկերաւոր արտայայտութեամբ։ Երգիծանքը նաեւ իր արդար տեղը գտած է անոր պատմումներուն մէջ,? յաճախ կատակով ծրարուած ու ներկայացուած դէպքը երգիծաբանի անոր սուր գրիչով կը մեխուի հասնելով թիրախին եւ իր անջնջելի հետքը կը դրոշմէ։ Իսկ գրողի? բանաստեղծական սեռի մշակման անդրադառնալով` Պետիկեանի չափածոն ռոմանթիկ բնոյթ ունի, տաղաչափութեան աւանդական օրէնքները կը յարգուին հոն երբեմն անոր սիրոյն զոհողութիւններ ալ կը կատարուին, իմ անձնական կարծիքն է, թէ անոր արձակը գերակայող է իր անմիջականութեամբ ու տպաւորիչ սահունութեամբ։


?


Հոս կ'ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել1963 թուականին Ճեմարանի Ծիլեր աշակերտական պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած Ճեմարանին նուիրուած բանաստեղծութեան վերջաբանը, 12րդ կարգի աշակերտ Պետիկեանի կողմէ գրուած։


?


?????????????? Ու յարգանքի զգացումով,


?????????????? Ակնածանքի խորունկ սիրով,


?????????????? Ընենք քեզի ծունկ մը աղօթք,


?? ????????????Սորված քեզմէ,


?????????????? Դուն`


?????????????? Զարեհակերտ մեր ճեմարան։


?


Անկասկած որ գրական հակումները աշակերտական գրասեղաններուն ետեւ կը յայտնուին, աստիճանաբար կոփուելով..???????????????????????????????????????


?


Պետիկեանի լեզուն գունագեղ ու պատկերաւոր է, ան կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի պատնէշին վրայ մեր մայրենի ոսկեղինիկը պահպանող առաջատար կամաւորը։


?


Սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կ'ապրի իր առօրեան` ընդհանրապէս ու ամէն ինչէ առաջ որպէս մարդ արարած, աշխատանքի անմիջական շրջանակի մէջ օտարներու հետ շփումը անխուսափելի, ինչ խօսք անհրաժեշտ է, իսկ ընտանիքի ու հարազատներու տրամադրուած ժամերուն ընթացքին յաճախ շրջապատի պայմաններուն անսալով հայ լեզուն կը նահանջէ, կը գերիշխէ օտար, տեղական լեզուի գործածութիւնը, իսկ բարբառները ցաւալիօրէն? կ'անհետանան։ Խօսակցական? հայերէնին մէջ անզգալաբար կը ներխուժեն օտար բառեր, նշմարելի է մասնաւորապէս տեղական հնչումային երանգը, դժբախտաբար երբեմն օտարամուտ դարձուածքներ տեղ կը գտնեն նաեւ գրական լեզուին մէջ, իսկ Պետիկեանի լեզուն այս աղճատումներէ զերծ կը մնայ, ան իր հեզասահ լեզուով, հայրենասիրական ոգիի ցոլացումով սփիւռքի մէջ բնակութիւն հաստատած հայն է ու մարդը միատեղ։


?


Պետիկեան կը պատկանի նուիրեալ մտաւորականներու այն սակաւաթիւ խմբակին, որոնք կը ճգնին փոխանցել իրենց շրջապատին հայ գիրը, մշակոյթը, բոցավարող մոմի նման լոյս ընծայելով ու աստիճանաբար հալելով, այս լուսաւորութեան? ի գին անխնայօրէն մատուցելով իրենց էութիւնը։ ?


?


?Բարեւ Հալէպ?ը` Գէորգ Պետիկեանի հեղինակութեամբ, Համազգայինի Սուրիոյ շրջանային վարչութեան հրատակութեամբ, 208 էջերու վրայ տարածուած , մերթ ցնծութեամբ, մերթ յուզմունքի, տաքուկ յիշատակներու, դէպքերու, խայտաբղէտ հաւաքածոյ մըն է ։


?


Գիրքը լոյս տեսաւ 2008 թուականի Մարտ ամսուայ աւարտին, բայց կը կրէ 2007 տարեթիւը։ Հատորին մեկենասներն են Տիկ. Շաքէ Մանկասարեան եւ Պրն. Մարք Կրոկան ամոլը։? Պէտք է ըսել, որ ուրախալի երեւոյթ է երբ հայ կինը իր օտար ամուսինը կը մղէ խրախուսել, սիրել հայ մշակոյթը։ Շաքէն ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանի մէջ եղած է մեր դասարանցին ?ու գաղթական սփիւքահայի պատկերով, գիրքը կը հեղինակուի Ամերիկայի մէջ, կը փոխանցուի Հալէպ տպագրութեան, հրատարակման, իսկ անոր մեկենասութեան նախաձեռնութիւը կը կատարուի Տուպայէն։Այս հատորը կը պարունակէ 21 արձակ կտորներ եւ 4 բանաստեղծութիւններ։???? ??????


?


?Բարեւ Հալէպ? ը ամփոփ ծաղկաքաղ ընելով կը նկատենք հետեւեալը,


?


Գիրքը կը բացուի ?Բարեւ Հալէպ? պատմուածքով, ուր կը տողանցեն զգացումներ, մտերմիկ պահեր։ Հեղինակը չորս տասնամեակներ բոլորելէ ետք կը վերադառնայ ծննդավայր, ուր հինն ու նորը կը գրկախառնուին, անոնց ընդմէջէն կը հոսի կարօտը, գոհունակութիւնը.. ափսոս կու գայ անխուսափելի վերադարձը ու աւարտին ան իր ծննդավայրին դիմելով հրաժեշտի սեմին կ'արձանագրէ հետեւեալ մտածումը։ ?


?


?Այսպէս երբ կրկին անգամ գիշերները կը սկսին արագօրէն մաշիլ միայն քանի մը բառեր կրնամ արտասանել` հասցէագրուած ծննդավայրիս..


Ցտեսութիւն Հալէպ


Մինչեւ նոր հանդիպում?


?


?Վերամուտը? ?յաջորդ պատմուածքն է, ուր կը գտնենք հեղինակի մանկութեան ժամանակաշրջանի, Հալէպ քաղաքի մէջ բնակութիւն հաստատող? ընտանիքներու կենցաղի հարազատ պատկերները, դպրոցական վերամուտը։ Պետիկեան կը քանդակէ այդ օրերուն հարազատ ապրելակերպը, արաբական բակերու մէջ կծուած այս ընտանիքներէն իւրաքանչիւրը թռչունի հիւսած բոյնի պատկերով իր ձագուկները ամփոփած է սենեակի մը մէջ, մինչ խոհանոցի, բաղնիքի ու բնական պէտքերու յատուկ ծառայութեան բաժինի միացեալ գործածութիւնը, սովորական երեւոյթ է համերաշխ ապրող բազմադրացիներուն համար։ ?


?


?Բազմադրացութեամբ, նոյն բակին մէջ, տարիներով եօթը դրացիներու ներկայութեան մեր կեանքը, որոշ եւ լռելեան համաձայնուած, անգիր շատ մը օրէնքներ դասաւորած էր?։


?


?Վերադարձը?` կապուած է այս գրքի առաջին պատմուածքին հետ ու կը թուի անկէ մաս մը ըլլալ, հեղինակը կը նկարագրէ ծննդավայր այցելելու առթիւ կատարած տենդագին պատրաստութիւնը, անհամբերութիւնը, մտապատկերին մէջ կարօտով դրոշմուած դէմքերուն հանդիպելու մարմաջը։ ?


?


?Անհատնում յուշերով լեցուն դէպի այդ հնածին քաղաքը մեկնումս, ամէն օր սկսած էր կեանքի կոչել սառած ու մոռցուած դէմքեր ու դէպքեր եւ որոնք լեզու առնելով, թարմ կարօտով մը կ'օծէին հոգիս?։


?


?Բաժանումը? առաջին պատմուածքէն ալ առաջ կ'անցնի, հոն կը գտնենք տասնամեակներ առաջ նշուած մեկնումի պահը, բաժանումի սեմին կանգնած մատղաշ երիտասարդի մը զգացումները, խորին տխրութիւնը, կայացած որոշումի իրականանալուն հանդիման ապրուած տենդագին յոյզերը։


?


?Դժուար, սակայն վերջապէս համոզուեցաւ ճակատագրին պարտադրած նոր որոշումին։ Իր ծննդավայրէն, իր հօրենական տունէն պիտի բաժնուէր?։


?


Ինչ խօսք, որ յիշատակներու ծննդավայր Հալէպի մէջ տիրող մթնոլորտի, ազգային ու ընկերային միջավայրի նկարագրութիւնը շատ հաղորդական ու տպաւորիչ է։ Այս տողերը կարդացող իւրաքանչիւր Հալէպցի արդէն կը վերանայ ու Պետիկեանի հետ սաւառնելով, կը միանայ անոր անցեալին, յիշատակներուն:


?


?Մեծ սէրս?, ?Անոր?, ?Անմեղ գողերը?, ?Երազս? բանաստեղծութիւնները, որոնք տեղ գտած են գրքին մէջ ունին զգացական բնոյթ, կը թուի թէ երգերու բառեր ըլլալու այնքան յարմարութիւն ունին, յատկապէս երազս? բանաստեղծութիւնը քնքոյշ յուզականութեամբ մը կը խռովէ հեղինակի հոգին։


?


Մինչ յուշերը կը շարունակեն օրօրել ու պարուրել ընթերցողը, Հալէպի հետ կապուած յիշատակներու փունջը կը փոխանցուի տարբեր աշխարհ, հեղինակը կ'անցնի Ամերիկա ու աստիճանաբար կը հիւսէ իր առօրեան։


?


?Վանա անուշիկ թոռնուհիս? ?պատմուածքին մէջ մեծ հօր անխառն զգացումներն են։ Ջերմ մաղթանքները սրտաբուխ ու անկեղծ են։ Ընտանիքը առաջին թոռնիկով բախտաւորուած է, գրողի ու հայ մարդու համար, որ մարմնով ու հոգւով կապուած է ու մեծապէս կը յարգէ ընտանեկան սրբութիւնը անմոռանալի ու յիշատակութեան արժանի դէպք է այս մէկը։


?


?Նախ աղօթք մը մրթմրթացի, սրտիս խորէն եկող, շատ ու շատ խորէն ու բղձկալով, որուն յաջորդեցին ճերմակ գաղափարներս ու մտքի դաշտին վրայ անկանոն շարուած բարի մաղթանքներս, որոնք անհամբեր էին ու իրենց կարգին կը սպասէին?։


?


?Մեր Դաւիթը ու ձեր ՌաՖՖին? ?պատմուածքը եղբայրական հարազատութիւն բուրող գրութիւն է, սիրելիի անակնկալ կորուստը իր շանթահարիչ ազդեցութիւնը? կ'ունենայ գրողին ներաշխարհը խռովելով, ան կը խորհրդածէ մահուան սարսափելի իրականութեան առջեւ, հարազատէն բաժանումի ահաւորութիւնը շեշտելով։


?


?Այո', մահը կար եւ հասկնալի էր, բայց ամէնէն սարսափելին ու անհանդուրժելին` եղբօրս յաւիտենական բացակայութիւնն էր, որուն չէի կրնար համոզուիլ?։


?


?Կրակը? ?յիշատակներու այս շարքի կողքին խորհրդածական պահ է կրակին առջեւ, անոր ճարճատող ապա մարող բոցերը դիտելով։


?


?Իրականութիւնը?` Ամերիկահայ ծնողներու առօրեայ մտահոգութիւնն է, զիրենք յաջորդող սերունդին հայ մնալու հարցականը։ Ընտանեկան հաւաքներ ու հայապահպանման համար գործադրուած միջոցներ, թափուած ճիգեր ... ու աւարտին, այս բոլոր զոհողութիւններով հանդերձ տիրող անկայունութիւնը, հետեւաբար գաղտագողի այս խորհրդածութիւնը։


?


?Անոր համար, երբեմն նոյնիսկ եղեռն ու սպանդ տեսած ծնողքիս, գաղտնօրէն ու լուռ` սկսած եմ նախանձիլ?։


?


?Անուշս ծախում եմ?? Երգիծական երանգով պատմուած դէպք մըն է, որ լուսարձակի տակ կը դնէ Ամերիկայէն տոլար կորզող, մարդոց բարի զգացումները շահագործող կարգ մը անյագ հայրենաբնակ անձերու վարքը, հոս երգիծանքը սակայն ցաւով ու հայրենասիրական հարազատ զգացումներով շղարշուած է: Անուշը կով մըն է, որուն ծախուիլը կանխելու համար հեղինակը կը ստանձնէ բարերարութիւն, որ դժբախտաբար կը չարաշահուի։


?


?Նշանտուք, կօշիկ, եւայլն? ?Զուարճալի դէպքի մը ընդմէջէն Ամերիկեան միջավայրի, մտածելակերպի գողտրիկ պատկերն է։


?


?Հայը եւ մտաւորականը? Խոկումներ են, որոնք տեղ գտած են այս ?գրութեան մէջ պարզաբանելով ու բնորոշելով հայ մտաւորականի իսկական դէմքը։


?


?Մտաւորականը, իր ստեղծագործ մտքի անդուլ եւ անդադար հետեւողականութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել եւ արդարացնել իր ներկայութիւնը, եթէ իրեն առիթ տրուի։?


?


?Գրել?ը, իր վերնագրի իմաստը հիմնաւորող, գրելու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցող կտոր մըն է, ուր գրելու անծանօթ մղումը կը բացատրուի ուշագրաւ մատուցմամբ։ Այս կտորին ընդմէջէն Պետիկեան կը հաստատէ իր գործերուն մէջ յուշերու տիրապետման իրականութիւնը հետեւեալ տողերով,


?


?Նման ծանօթ եւ անծանօթ գաղափարներով հարստացած, ներքին զգացում մը յանկարծ սողալով կը պատէ զիս ու կը ստիպէ, որ մտածումներուս գերի դարձած գրիչս, որուն մելանը հին ու նոր յուշերու գոյներով խառնուած է, վազէ դէպի տողերս, անհանգիստ աճապարանք մը ձգելով իր ետին?։


?


?Տեսակցութիւն մը?, Հոս հեղինակը իր անձին հետ հաշուի նստած կ'արծարծէ կարեւոր հարցեր, որոնց մասին ուրիշներ չեն կամենար արտայայտուիլ?.


?


?Ինծի կը թուէր, որ ես ալ վարակուած էի միւսներէն։ Այնպէս կ'երեւէր, թէ ես ալ կարծիք չունէի։ Ես ալ գոհ էի եղածէն, հրամցուածէն ու միւսներուն նման կը խուսափէի ''նաւս շարժել''?։


?


?Բարեկամս Պրն. Պարգեւ?, ?Հայ եմ ու Տէր Հօր թոռնիկ...?, ?Առաջին պատարագս?, ?Անմեղ կատակը?, ?Տէր ողորմեան ըրի՞ն?


?


Սուր երգիծանքով յագեցած` հետաքրքրական, դէպքեր ու դէմքեր, Ամերիկաբնակ զանազան խաւերու առօրեան ցոլացնող` ծիծաղաշարժ դրուագներ, որոնց ընթերցումը Ամերիկեան մտածելակերպը ու հեղինակին առօրեան կը մէկտեղեն, շեշտելով անոր ազգային պատկանելիութեան հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութիւնը։


?


?Գրիգոր Նարեկացի?ն ներբող է Սուրբին ու մեծ բանաստեղծին մասին, անոր հսկայական արժէքը բացայայտող ու գովերգող։


?


?Սրտի խօսք` Ազգ. Հայկազեան Վարժարանիս?, ուր հեղինակը երախտագիտութեամբ, յոյզերով, երկիւղածութեամբ կանգ կ'առնէ առաջին մտքի օրրան` Հայկազեան նախակրթարանի յիշատակին առջեւ գովերգելով ։


?


?Ինքն էր որ մեզի տուաւ մեր մշակոյթը ձեռք ձգելու բոլոր գաղտնի բանալիները։?


?


Գիրքը կը փակուի ?Բացականերէն մէկը? դամբանականով, վաստակաշատ ուսուցչուհի Էօժէնի Պետրոսեանի մահուան առթիւ գրուած։


?


Պարտք է յիշել, որ սոյն հատորը Պետիկեան նուիրած է իր մեծ եղբօր ԴաւիթՌաՖՖի Պետիկեանի յիշատակին, կողքի ձեւայղացքը կը պատկանի Գուրգէն Գասապեանի` Հալէպ քաղաքը խորհրդանշող նշանաւոր բերդի լուսանկարով։


?


Շնորհակալութիւն այս գրքի հրատարակման օժանդակող անձերուն։


?


Բիւր շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւններ ձեր նոր գործի լոյս աշխարհ գալու առթիւ, սիրելի Պրն.Պետիկեան, անգամ մը եւս սփիւռքեան գորշ մթնոլորտը ջերմացուցիք ?Բարեւ Հալէպ? ձեր ողջոյնով։


??


Շնորհակալութիւն մասնաւորապէս Լոս Անճելոսի շրջանայինի վարչութեան, որ հովանաւորեց գինեձօնի այս գեղեցիկ ձեռնարկը ու առիթը ընծայեց ինծի ներկայացնելու իմ սիրելի ուսուցչիս նոր հատորը։


?


Խորին շնորհակալութիւն ներկաներուն իրենց համբերատար ունկնդրութեան համար։


?


*Ուղղուած Համազգային Մշակութային Միութեան անդամներուն եւ գրասէր շրջանակին:


?


Գրութիւնը տրամադրուած է ?Ազատ Հայ?-ին Պերճուհի Աւետեանին կողմէ:


?


Սեպտեմբեր 2008


?


Read also in our news section: Kevork Bedigian's new book launched with guest speaker Berjouhi Avedian from Aleppo

  1. Dear Shake and Mark, I congratulate you for sponsoring the publication of “Parev Haleb” (Hello Aleppo). Your gesture, which is expressed in the form of financial support has a great moral value not only for your teacher (who is the author of the book) but also for the Armenian literature and for all those who care for it. We ask God to grant physical and spiritual strength to conscious people like you. I have come to learn that you have undertaken also to sponsor articles in Azad-Hye in more than one language. You are setting a good example. Getsek! Nshan Basmajian  

    Սիրելի Շաքէ եւ Մարք, կը շնորհաւորեմ ձեզ ?Բարեւ Հալէպ? գիրքի տպագրութեան համար ձեր կատարած մեկենասութեան: Նիւթական օժանդակութեամբ արտայայտուած ձեր ժեստը բարոյական մեծ նշանակութիւն ունի ե՛ւ ձեր ուսուցչին ե՛ւ պատմութեան, բայց մանաւանդ հայ գրականութեան ու անոր գուրգուրացողներուն համար: Թող Աստուած ուժ ու կորով տայ ձեզ նման գիտակից անձերու: Իմացայ նաեւ ձեր պատրաստակամութեան մասին երաշխաւորելու յոդուածներ ?Ազատ-Հայ?-ին մէջ: Օրինակելի արարք: Կեցցէ՛ք: Նշան Պասմաճեան

  2. Շատ սիրելի Օր. Պերճուհի,

    Մեծ ուրախութեամբ կարդացի բաւական հարուստ յոդուածդ: Կեցցե՛ս… Նուիրեալներ պէտք ունի հայ ազգը ապրելու համար… բայց դժբախտաբար, շատ քիչ են այդ նուիրեալները… Դուն այդ նուիրեալներու շարքէն ես… վարձքդ կատար… թող երկար ապրին այդ գրիչները, որոնք նուիրումով կը լեցնեն մեր պատմութեան, այս պարագային ՀԱՅ գրականութեան էջերը: Արա Սայէղ – Հալէպ 

     

Comments are closed.