• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Տեսակցութիւն Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեանին հետ

September 26, 2009
A+ A-
Email Print
Տեսակցութիւն Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեանին հետ

Der Aram


Հանդիպում Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեանին հետ:


Ազատ-Հայ (Յատուկ թղթակցութիւն եւ նկարներ)


Որպէս 1998-ին ի վեր գաղութին մէջ գործող հոգեւոր հովիւ, վստահաբար լաւապէս ուսումնասիրած էք գաղութին պատմութիւնը եւ անոր զարգացման հանգրուանները: Պիտի փափաքէինք որ համառօտ կերպով նկարագրէիք այդ հանգրուանները:


Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմը կազմուած է Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի, Քաթարի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ հայ եկեղեցւոյ զաւակներէն:  Կ?ըսուի թէ 16-րդ դարու սկիզբէն հայերը գործի բերումով, բնակած են Ծոցի երկիրներուն մէջ, հայ վաճառականներ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տեղի ունեցած առեւտուրի հիմնական կազմակերպիչներն էին:


Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեծաթիւ գաղթը սկսած է 1975-էն ետք, գաղթը կը շարունակուի մինչեւ օրս, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն, Եւրոպական երկիրներէն, Ամերիկայէն եւ Քանատայէն:


Ուրիշ ազգերու նման, հայեր եւս աշխատանքի բերումով տեղափոխուած են եւ բնակութիւն հաստատած ԱՄԷ մէջ: Անցեալին այնքան դիւրին չէ եղած աշխատիլ եւ ապրիլ տաք եւ խոնաւ անապատին մէջ, սակայն երկրին տնտեսական կայուն վիճակը եւ ազատ մթնոլորտը եւ միջազգային ներդրումները ապահոված են գործի ապահովութիւն, հետեւաբար աւելի հանգիստ կենցաղային պայամաններ:


Հայերու հոսքը դէպի Էմիրութիւններ աւելցած է տարուէ տարի: Վիճակագրական տուեալներ չկան ճշգրիտ ձեւով հաստատելու համար, թէ ինչքան է ԱՄԷ մէջ ապրող հայերու ընդհանուր թիւը: Մօտաւոր հաշուարկներով կը գնահատուի 5000-6000:


Վարչական եւ կրօնական առումով ե՞րբ սկսաւ կազմաւորուիլ Էմիրութիւններու հայ գաղութը եւ ինչպիսի՞ պայմաններ կը տիրէին այդ օրերուն:


1977-ին Տուպայի Ս. Երրորդութիւն Անքլիկան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է Հայ ծէսով առաջին պատարագը, ապա Քուէյթէն եւ Անթիլիասէն պարբերաբար հրաւիրուած են հոգեւոր հովիւներ:


1979-ի Արաբական Ծոցը դարձաւ Կաթողիկոսական փոխանորդութիւն, ենթակայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նիւթապէս եւ բարոյապէս համարատու անոր:


1980-ին կազմուեցան Տուպայ-Շարժայի եւ Ապու Տապիի առաջին Ազգային Վարչութիւնները, հիմը դրին Շարժայի եւ Ապու Տապիի միօրեայ վարժարաններուն, հայրենիքէն դուրս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայ աշակերտը չզրկելու հայկական կրթութենէն, վարձու դպրոցներուն մէջ:


Յիշեցնենք որ Էմիրութիւններու հայ աշակերտները իրենց ամենօրեայ կրթութեան համար կը յաճախեն օտար դպրոցներ: Անվճար ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հոգատար օժանդակութեամբ, թէեւ ոչ յարմարաւէտ պայմաններու տակ, սկիզբ առաւ հայ վարժարանը՝ հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօն եւ երգ սորվեցնելու համար:


1980-ականներէն յետոյ հետզհետէ Էմիրութեանց հայութեան կազմակերպուածութիւնը, թուական աճը, աշխոյժ ազգային կեանքը պատճառ եղան որ 1992-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու շրջանը յայտարարէ Թեմ. մինչ Քուէյթը կազմակերպուած գաղութ էր բայց դեռ Թեմի չէր վերածուած:


1993-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ համայնքը ունեցաւ իր մնայուն առաջին հոգեւոր հովիւը հոգշ. Տ. Բաբգէն Վրդ. Չարեան: Զոյգ գաղութները ունին Կիրակնօրեայ վարժարան որոնց մէջ կը դասաւանդուին կրօն:


Sharjah ChurchԳաղութի մէջ բնակող ազգայինները շարունակ, նիւթական եւ թէ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեցին եւ յարմար պայամաններ ստեղծեցին օտար եկեղեցիներու եւ դպրոցներու սրահներուն մէջ կանգուն պահելու համայնքին կեանքը` յանուն Հայ նոր սերունդի կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան:


Թեմական կեանքը ե՞րբ ստացաւ իր այսօրուան պատկերը: Պիտի փափաքէինք որ մանրամասնութիւններ փոխանցէիք այդ կառոյցին մասին, քանի որ շատեր, նոյնիսկ ազգային կեանքին մօտէն հետեւող անհատներ, քաջածանօթ չեն այդ մանրամասնութիւններուն:


Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը 1994-ին վերածուեցաւ Թեմի: Մինչեւ շրջանը Թեմի վերածուիլը Վարչական կազմերը կը նշանակուէին Կաթողիկոսական Փոխանորդին կողմէն: Այսօր Ազգային կեանքը կը ղեկավարուի Թեմական կառոյցով որուն կը նախագահէ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազան հայրը: Թեմական Մարմինը գաղութի գերագոյն եւ օրէնսդիր ժողովն է, եւ կը բաղկանայ 21 անդամներէ (3 հոգեւորական եւ 18 աշխարհական) վերջերս աւելցաւ նաեւ Գաթարի Վարչութեան ատենապետը լիազօր ձայնի իրաւունքով ժողովին մասնակցելու:


Թեմական ժողովի երեսփոխան կ?ընտրուին Շարժա-Տուպայ 5, Ապու Տապի 4, Քուէյթ 9 երեսփոխաններ պաշտօնավարութեան շրջանը 4 տարի է:


Արժէ յիշել որ ԱՄԷ-ի մէջ քուէարկութեան կը մասնակցին 18 տարեկան եւ անկէ վեր տարիք ունեցող համայնքի բոլոր հայ անդամները առանց դաւանանքի խտրութեան (Հայ Կաթոլիկ, Աւետարանական) ինչ որ յատուկ է միայն այս Թեմին եւ եզակի երեւոյթ ընդհանրապէս սփիւռքի ազգային եկեղեցական կեանքին մէջ:   


Գաղութի գործադիր մարմինը Ազգային Վարչութիւնն է որ կ`ընտրուի Թեմական Մարմնին կողմէ երկամեայ շրջանի համար, որուն կը նախագահէ Քահանայ Հայրը:


Եկեղեցին ունի հոգեւոր մնայուն հովիւ որ կը ծառայէ ԱՄԷ-ի Հայ Համայնքին եւ կ`այցելէ պարբերաբար Գաթար եւ Պահրէյն: Ազգային Վարչութիւնը իր կարգին եկեղեցւոյ պայծառութեան համար կը նշանակէ Թաղական Խորհուրդ եւ դպրոցին Հոգաբարձութիւն եւ ըստ կարիք կը յառաջցնէ յանձնախումբեր: Բոլոր յանձնախումբերը կը նշանակուին եւ համարատու են Ազգային Վարչութեան:


Ե՞րբ Շարժան օժտուեցաւ եկեղեցիով:


1997 Շարժայի մէջ սկսաւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շէնքի շինութեան աշխատանքները: Հիւսիսային Էմիրութեանց Հայ բնակչութեան ի պատիւ, գաղութի բարերար հովանաւորներու եւ եկեղեցւոյ  Շինութեան Յանձնախումբի եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազանին միասնական եւ տքնաջան աշխատանքներով, 1998-ին կատարուեցաւ օծումը Շարժայի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ` Ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, ապա բացումը կատարուեցաւ Համալիրին, դպրոցին եւ հանդիսասրահին:


1998-էն ի վեր Համայնքը ունեցաւ իր մնայուն հոգեւոր հովիւը Արժ. Տէր Արամ քհնյ. Տէյիրմէնճեան:


1980-էն 2008 Արաբական Ծոցի Առաջնորդի եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդութեան պաշտօն վարած են հետեւեալ հոգեւորականները:


Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոեան (1980-1998)
Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան (1998-2000)
Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապաքեան (2000-2002)
Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան (2002-էն ի վեր) 


Sharjah ChurchՈրո՞նք եղած են Ազգային Վարչութեան կարեւորագոյն պարտականութիւնները եւ ի՞նչ միջոցներով հնարաւոր եղած է հետապնդել մշակուած ծրագիրները:


Իրերայաջորդ Ազգային Վարչութեանց գործունէութիւնը իր յանձնախումբերով եղած է կազմակերպել յուշահանդէսներ, ազգային-կրօնական հանդիսութիւններ յաւուր պատշաճի մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներ, հասնող սերունդին տալ հայեցի դաստիարակութիւն, երիտասարդութեան առիթ տալ կազմակերպուելու եւ մասնակից դարձնել զանոնք գաղութի կրօնական, մշակութային եւ ընկերային կեանքին: Սակայն ցաւօք ի սիրտ ընդառաջողներուն եւ գործօն մասնակցութիւն ցուցաբերողներուն թիւը քիչ է:


Այսօր ազգային ղեկավարութիւնը կը ծառայէ գաղութին եւ կը կազմակերպէ կրօնական-ազգային տօնակատարութիւններ, հանդէսներ, խրախճանքի երեկոներ, ձեռային աշխատանքի վաճառք: Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէն դասախօսներու, արուեստագէտներու եւ գեղարուեստական խումբեր հրաւիրելով ելոյթներ կը կազկերպէ:


ԱՄԷ-ի տարածքին կը գործէ նաեւ Հայկական Մշակութային Ընկերակցութիւնը կազմուած փունջ մը համախոհ ազգայիններէ որոնց հիմնական նպատակն է  մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպել հայ եւ այլազգի շրջանակներու համար:


Հայ գաղութը ի՞նչ պատկեր կը պարզէ ներկայիս եւ ի՞նչ յատկանիշներ ունի: 


Նորահաստատ այս գաղութը շուրջ 30 ամեայ կազմակերպչական կեանքով եւ ազգային գործունէութեամբ մնայուն յստակ պատկեր կը պարզէ արդէն: Հայերուն 90 առ հարիւրը պաշտօնեայ է, կան բարձր դիրքի հասած վարիչ պաշտօնեաներ եւ տնօրէններ, գործատէրեր, անձնական առեւտուրով զբաղողներ որոնք հայութեան 10 առ հարիւր կը կազմեն: Հայ պաշտօնեաներուն մէջ համեմատաբար մեծ թիւ կը կազմեն երկրաչափներ, Ճարտարագէտներ, տնտեսագէտներ:


Գաղութի արտահոսքը համեմատած ներհոսքն աւելի քիչ է, եկողները եւ բնակութիւն հաստատողները միշտ աւելի շատ եղած են քան մեկնողները:


Հայաստանի դեսպանութեան գոյութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունեցած է գաղութին համար:


ԱՄԷ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատունը կը գործէ 2000 թուականէն սկսեալ վարձու շէնքի մէջ ապա 2007-էն սկսեալ իր սեփական կառոյցին մէջ:


Ապու Տապիի դեսպանութիւնը բարոյական թիկունք եւ բարձր հեղինակութիւն է հայ գաղութին համար: Համայնք եւ Դեսպանութիւն յարաբերութիւնները զարգացած են փոխադարձ յարգանքի հիմքերով եւ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ: 


Հայ մշակոյթն ու արուեստը ներկայացնելու, Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մշակութային կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ կարեւոր դեր կը կատարէ Ծոցի տարածաշրջանի Հ.Հ. Դեսպանութիւնը կազմակերպելով մշակութային ելոյթներ, հայրենի հանրածանօթ արուեստագէտներու կատարողութեամբ:


Ազգային Վարչութիւնները Դեսպանատան հետ համագործակցաբար ձեռնարկներու յաջողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քարոզչական աշխատանքով:


Ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի գաղութը:


Այսօր Շարժա-Տուպայի համայնքը ունի ամենօրեայ դպրոց հիմնելու խնդիր, որուն համար յատուկ յանձնախումբ կեանքի կոչուած է նախնական սերտողութիւն կատարելու համար:


2006 թուականին երկրի գահաժառանգին յատուկ հրամանագրով Ապու Տապիի հայ համայնքին նուիրուեցաւ հողամաս մը եկեղեցի կառուցելու համար: Այսպիսով գաղութի դէմ յանդիման կը գտուի երկրորդ կառոյցի մը շինութիւնը իրագործելու մարտահրաւէրին դիմաց:


Նկար՝ Արժանապատիւ Տէր Արամ քահանայ Տէյիրմենճեան հիւրի մը հետ, եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ապրիլեան զոհերուն նուիրուած խաչքարին առջեւ:


Der Aram with a guest


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer Post10 Major concerns regarding Armenia – Turkey Protocols
Older PostGunaysu: Neither yes, nor no

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016

LATEST

item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021
item-thumbnail

Tigranes the Great: a book by Serge Momjian

August 2, 2021
item-thumbnail

A multilingual digital Armenian Diaspora platform (DiasporArm)

May 2, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

New Armenian business search website

item-thumbnail

Նախարար Մնացականեանին ելոյթը BBC կայանէն. Հրաչ Քալսահակեան (Տեսանյութ)

item-thumbnail

Նախարարը մասնակցեց «Սիրիահայերի և տեղացիների դիմակայունության բարձրացում» ծրագրի պաշտոնական բացմանը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2022 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll