• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Բողոքի հաւաք Քուէյթի մէջ

October 30, 2009
A+ A-
Email Print
Բողոքի հաւաք Քուէյթի մէջ

Attendants on the Protocols meeting in KuwaitՀայաստան ? Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին ժողովրդային բողոքի հաւաք Քուէյթի մէջ


9 Հոկտեմբեր 2009ին, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան ? Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին ?Ժողովրդային Բողոքի Հաւաք?, հովանաւորութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի եւ կազմակերպութեամբ Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի:


Հաւաքի բացումը կատարեց Յանձնախումբիս անդամ՝ Օր. Դալար Գալէմքեարեան։ Ան իր բացման խօսքին մէջ անդրադառնալով ամօթալի արձանագրութիւններուն, դատապարտեց անոր ստորագրումը։


Հաւաքի ընթացքին, առաջին խօսք առնողն էր, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական Խորհուրդի անդամ եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ՝ Պրն. Պօղոս Մարտիրոսեան։ Ան իր ելոյթի ընթացքին բաւական ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին. Պատմական ակնարկներով ներկայացուց այդ յարաբերութեանց զարգացման հանգրուանները։ Պրն. Մարտիրոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ըսելով.- ?Խորքին մէջ արձանագրութիւնները կը ներառեն ո՛չ թէ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած քանի մը նախապայման, այլ՝ բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնց կարգին է պատմաբաններու յանձնաժողովի կազմութիւնը, որով կը չէզոքանան Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու յաղթահարման խնդիրները. հոն կայ Կարսի պայմանագրի հաստատումը, եւ ոչ միայն Կարսի, այլ Լոզանի դաշնագրի ստուերին տակ ըլլալը?։ Ապա իր ընդվզումն ու բողոքը արտայայտեց իր Ո՛Չ-ով։








Talar Kalemkerian

Talar Kalemkerian


Սոյն հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ՝ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական Խորհուրդի անդամ՝ Պրն. Յարութ Պէտերեան, որ ներկայացուց իր տպաւորութիւնները Հ.Հ. նախագահի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ընթացքին Պէյրութի մէջ կայացացած հանդիպումի մասին։ Ան զեկոյցի ընթացքին ընթերցեց իր արտասանած խօսքը՝ ուղղուած Հ.Հ. նախագահին եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, տալով անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ։


Յիշենք նաեւ, որ հաւաքի ընթացքին ցուցադրուեցան ամփոփ տեսանիւթեր՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Հրանդ Մարգարեանի՝ թղթակիցներու հետ ունեցած հանդիպումէն, Լիբանանահայութեան բողոքի ցոյցերէն, Հ.Հ. նախագահի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԵԱՆ՝ Պէյրութի մէջ կայացացած հանդիպումէն, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի նիստերու ընթացքին ելոյթ ունեցող պատգամաւորներուն քննադատական ելոյթներէն։








Archbishop Goriun Babian

Archbishop Goriun Babian

Հաւաքի աւարտին խօսք առաւ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց՝ ?Ի տես Հայաստանի Կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած զիջումի վտանգաւոր քաղաքականութեան, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ոտնահարման, Արեւմտեան Հայաստանի մեր հողային պահանջատիրութենէն հրաժարելու իրողութեան, մենք մեր բողոքը կը ներկայացնենք ու պիտի շարունակենք բարձրաձայն աղաղակել Ո՛Չ- Ո՛Չ- Ո՛Չ?։ Ապա շեշտեց՝ ?Մեր խոր համոզումն է, որ հայ ժողովուրդին պարտադրուող այս փաստաթուղթի ընդունումն ու գործադրութիւնը իր աղէտալի հետեւանքները պիտի ունենայ հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ մեր իրաւունքներու ձեռք բերման համար թէ՛ օրինական եւ թէ՛ գործնական գետնի վրայ, եթէ շուտով չկասեցուի այն?։


Խօսքի աւարտին, կարեւորութեամբ ներկաներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ պարագան։ ?Մեր բողոքը բարձրաղաղակ յայտարարելէ ետք, զգուշ պէտք է ըլլանք, որպէսզի Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան միջեւ մեր ունեցած միասնակամութիւնը չխախտի։ Թուրքին ուզածն ալ այդ է արդէն. Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան միչեւ ճեղք յառաջացնել եւ այդ ձեւով տկարացնել մեր արդար դատի պահանջատիրութեան յաղթական երթը?։


Հաւաքը աւարտած էր, բայց մեր պայքարը դեռ պիտի շարունակուի ապագային։


ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 30, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2009
 










Boghos Mardirossian Harout Bederian

Boghos Mardirossian


Harout Bederian


 


 





 


 


 


 


 


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԴպրոցական վերամուտ Ապու Տապիի մէջ
Older PostԱզատ-Հայ տեղեկատուական կայքը պարգեւատրուեց հայ մամուլի օրուայ առթիւ

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

«Իմ երազանքապնակը բազմազան ու գունեղ էր, սակայն չէի մտածում, որ երգիչ կդառնամ». Ուսկե Շաբաբյան

July 10, 2020
item-thumbnail

Գինեկոլոգիա. Ինտիմ պլաստիկան և ցուցումները

July 2, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

How many times to celebrate Christmas?

item-thumbnail

Ներգաղթի նոր պայմաններ

item-thumbnail

Artyom Syunetsi talks about fashion trends in Armenia

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll