
Ապու Տապիի հայկաան միօրեայ վարժարանի 2009-2010 տարեշրջանի վերամուտ
Ապու Տապիի Հայկական Միօրեայ Վարժարանի 2009-2010 տարեշրջանի արձանագրութիւնները տեղի ունեցան Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2009-ին, Սբ. Յովսէփ (St. Joseph) կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից գործող վարժարանին մէջ:
Շաբաթ, 17 Հոկտեմբերին, Վարժարանի վերամուտի առիթով, գաղութի հոգեւոր հովիւ` Արժանապատիւ Տէր Արամ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան, այցելութիւն մը տուաւ աշակերտները օրհնելու համար:
Դպրոցի մուտքին Տէր Հայրը դիմաւորուեցաւ Թիւով 22 աշակերտներու կողմէ: Դպրոցի նոր տնօրէն՝ Պրն. Բագրատ Պալապանեան, Տէրունական Աղօթքով բացումը կատարեց Վարժարանին, որմէ ետք աշակերտները իրենց դաստիարակներուն ուղեկցութեամբ առաջնորդուեցան Սբ. Յովսէփ եկեղեցին:
Քահանայ Հայրը ուրախութեամբ ողջունեց ներկայութիւնը աշակերտներուն եւ ծնողներուն: Ան բարի գալստեան խօսքին մէջ, յաջողութիւն մաղթեց Տեսչութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան, գործունէութեան բեղուն եւ հեզասահ տարեշրջան մը ունենալու հեռանկարով: Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ վերամուտի առիթով Սբ. Հաղորդութիւն ստանալու անհրաժեշտութեան։ Աշակերտութեան հասկնալի լեզուով ու գործնական օրինակներով, բացատրեց ի՞նչ է սրբութիւնը եւ որո՞նք են այդ վիճակի հասնելու պայմանները: Ապա կատարուեցաւ հաւաքական խոստովանանք եւ ?Այսօր անճառ? շարականի երգեցողութեան ընկերակցութեամբ, աշակերտները երկիւղածութեամբ՝ իրենց երեսը խաչակնքելով, մօտեցան սբ. սեղանին եւ ստացան Սբ. Հաղորդութիւն, իրենց կեանքին մէջ նոր էջ մը բանալու խոստումով:
Արարողութեան աւարտին, դպրոցի շրջափակին մէջ աշակերտներուն հրամցուեցաւ նախաճաշ: Կարճ դադարէ մը ետք, առաւօտեան ժամը 11.15-ին՝ աշակերտները կազդուրուած իրենց խաղերէն, վերադարձան իրենց դասարանները, հետեւելու իրենց դասընթացքներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Միօրեայ Վարժարանի 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանի ուսուցչական կազմին անուանացանկը,
Տնօրէն, Պրն. Բագրատ Պալապանեան:
Բողբոջ դասարան, Տիկ. Անի Արսլանեան,
Կոկոն դասարան, Տիկ. Անի Արսլանեան,
Նախապատրաստական դասարան, Օրդ. Արինէ Շահմիրզաեան,
Երկրորդ դասարան, Տիկ. Սիրուն Գոճաքեան,
Երրորդ դասարան, Տիկ. Սեւան Փաթանեան,
Չորրորդ դասարան, Օրդ. Ժանին Գունճեան,
Հինգերորդ դասարան, Տիկ. Մարալ Պալապանեան
Ծիածան դասարան, Օրդ. Սեդա Միսքիճեան:
Մշակութային աշքատանքներու եւ ձեռնարկներու պատասխանատուներ՝ Օր. Մարալ Ալեքսանեան, Օր. Սվետլանա Պատալեան։
Ապու Տապիի Հայկական Միօրեայ վարժարանի տեսչութիւնը, լիայոյս է որ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը աճ կ?արձանագրէ: Դասընթացքները վերջ գտան կէսօրուն ժամը 12։15-ին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ուսուցչական կազմի հանդիպում, որու ընթացքին քննարկուեցաւ դասաւանդման հետ առնչութիւն ունեցաւ խնդիրներ:
Վերաբացում Ապու Տապիի Սբ. Սահակ-Մեսրոպ Կիրակնօրեայ Դպրոցի
Շաբաթ, 17 Հոկտեմբեր 2009-ի յետմիջօրէի ժամը 12.45-ին Ապու Տապիի Սբ. Սահակ-Մեսրոպ Կիրակնօրեայ դպրոցի 2009-2010 տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ դպրոցի պատասխանատու՝ Տիկ. Սիրուն Գոճաքեանի եւ օգնական ուսուցչուհի՝ Օր. Արինէ Շահմիրզաեանի ներկայութեամբ:
Արձանագրուած էին թիւով ութը աշակերտներ, մասնակցելու համար Կիրակնօրեայ Դպրոցի դասընթացքներուն։ Կը յուսանք, որ յառաջիկային անոնց թիւը աւելնայ: Աշակերտները Տէրունական Աղօթքով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգով բացումը կատարեցին 2009-2010 տարեշրջանի դասընթացքներուն։
Այնուհետեւ, անոնց պատմուեցաւ Քրիստոսի կատարած հրաշաքներէն ?Երիքովի Կոյրին? բժշկութիւնը: Անոնք սորվեցան, ?Պատուէ հայրդ ու մայրդ? ոսկեղէն համարը. երգեցին ?Սուրբ Աստուած? մեր ժամերգութեանց եւ պատարագի ընթացքին երգուող աղօթքը: Ապա բաժնուեցան երկու խումբի: Փոքրերու դասարանի աշակերտներուն բացատրուեցաւ աղօթքին իմաստը, նաեւ ինչո՞ւ պէտք է փառք տանք Աստուծոյ բոլոր այն բարիքներուն համար, զորս կը վայլենք այս աշխարհին մէջ: Իսկ մեծ աշակերտներուն առաջին դասը եղաւ տիեզերքի ստեղծագորութեան պատմութիւնը. այք խօսքով, Աստուած ինչպէ՞ս ստեղծեց աշխարհը:
Տէրունական Աղօթքով վերջ գտաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի առաջին օրը, կէսօրուան ժամը 1.30-ին:
ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 30, Ուրբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2009