Հալէպահայ նշմարներ

Գրեց՝ Նանոր Միքայէլեան*


Երեւոյթներ որոնց կարելի է նաեւ հանդիպիլ այլ գաղութներու մէջ


– Բոլորս ալ քիչ թէ շատ կը սիրենք գեղարուեստական ձեռնարկներուն հանդիսատես ըլլալ, բայց եկուր տես որ կը սիրենք ուշացած երթալ ու անպայման մեր կրունկներուն ձայնը միացնել  բեմէն հնչող երգերուն կամ խօսքին: Կ՛ուշանանք, բայց անպայման  առջեւի շարքերուն վրայ կ՛ուզենք բազմիլ, առանց սպասելու, որ երգը կամ խօսքը իրենց աւարտին հասնին ու յետոյ միայն անաղմուկ ու աննկատ մեր տեղը գրաւենք։ Ո՜չ, ինչպէ՞ս կարելի է, այս առիթով յատուկ գնած մուշտակս ու մազի նոր գոյնս զու՞ր անցնին…


– Սիրելի երիտասարդներ, գեղեցիկ հայկական պսակէ մը ետք, երբ տաքուկ ընտանեկան բոյն մը կազմելու որոշում տուած եք, ճի՞շդ է Թուրքիա հասնիլ հայկական մեղրամիս անցնելու համար… Կը հասկնանք, որ համեմատաբար աժան ու մօտ է,  բայց օր մը ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տաք ձեր զաւակներուն։ ?Թիւրքերը մեզ սպաննեցին ժամանակին, մենք ալ հոն գացինք Ձեզի ցո՛յց կ՛ուտանք ըսելու՞?:


– Ճիշդ կը նկատէ՞ք մեզի պէս բարձրաճաշակ ժողովուրդի մը հաւաքուիլ ճաշարաններէն ներս նոր տարուայ գիշերը տօնելու ու յայտագրին կիսուն բեմ հրաուիրել պորտապարուհի մը, միթէ կարևոր բան մը պակա՞ս կը մնայ հայկական մթնոլորտը լիարժեք ապահովելու համար: Կարիք կա՞յ յիշեցնելու թէ Նոր Տարին ինչ կը խորհրդանշէ… ՈՒՐԵՄՆ Ի՞ՆՉ ՊԱՐՈՒՀԻ…


– Ապրիլի 24-ին բոլորս խիստ պարտաճանաչ մեր դպրոցները, խանութներն ու բոլոր անհատական աշխատավայրերը գոց կը պահենք, բայց մեծ ուրախութեամբ կը շտապենք ճաշարաններ գարեջուր խմելու եւ մեր ?արձակուրդը? վայելելու, ճաշէն ետք ալ՝ Մուսլումյէ երթալու համար… Խնդրեմ, բաց պահեցէք ձեր խանութները…


– Հայերէն լեզուն չքնաղ է, Չարենցը այնքան ճիշդ բնորոշած է՝ ?Մեր լեզուն ճկուն է և բարբարոս?։ Բայց լեզուն գիտութիւն է, լեզուն սորվիլ պէտք է: Չգիտնալը ամօթ չէ բնաւ, մինչդեռ չսորվիլը մեծ թերացում է։ Ահա քանի մը օրինակ, արդիւնք բառերու իմաստային անգիտութեան։ ?Լեղապատառ անձրեւ կիջնէ?, ?յանկարծամահ հւրեր ունեցանք?, ?տղաս հրաշալի ձայն ունի, եթէ լսէք՝ կը հիասթափուիք?, ?աչքիս կոպեկները կը ցաւին?, ?մենք վերջնական Պէյրութ պիտի փոխանցուինք?…


Սիրելի Հալէպահայեր, մեր ճամբան դեռ երկար է, իսկ երթը շարունակելու համար, ուղիղ քալել պէտք է։ Այնպէս մը ընենք, որ արժանի մնանք մեզի տրուած անուանումներուն՝ խելացի, արուեստասէր եւ ամէնակարեւորը՝ ազգասէր:


*Նանոր Միքայէլեանը Ազատ-Հայ կայքին մնայուն աշխատակից է: