Գրեց՝ Ուխտաւոր մը
Ատանայի կոտորածին 100 ամեակի առիթով
Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ
Եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ,
Չքնաղ երկիրն մեր Արմենիոյ
Երբ փայլէ իւր քաղցրիկ օրեր,
Երբ որ ծիծառն ի բոյն դառնայ,
Երբ որ ծառերն հագնին տերեւ,
Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա,
Աշխարհ որ ինձ ետուր արեւ։
Երբ տարիները անցնին, երբ ամբողջ դար մը անցնի, հայուն ցաւը չանհետանար, նոյնիսկ չսպիանար. անոր ցաւը կը բուժուի միայն, երբ արդարութիւն իրագործուի։
2009-ի ամրան, Ատանայի կոտորածին հարիւրամեակի առիթով, խումբ մը ուխտաւորներ մեկնեցան դէպի Կիլիկիա։ Ուխտագնացութիւնը կազմակերպողն էր Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, ուղեւորութեան պատասխանատուն՝ Պրն. Վարդան Սարմազեան։
Քեսապի սահմանը անցանք, առանց կարենալ բացատրելու ճանապարհին գնացքը եւ ապրումին ակունքը։ Մեծն Կիլիկիոյ հողերը, շքեղ տարածքները, որոնք ափսոս այժմ խլուած են հայուն ձեռքերէն։
Ուխտագնացութեան ճանապարհին, նախ անցանք Մուսա լերան գիւղերէն, կանգ առինք Վագըֆի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց, մեր աղօթքը կատարեցինք առ Աստուած, խնդրելով որ Ինք հովանաւորէ այս ուխտագնացութիւնը։ Նախքան Մուսա Լերան գեղեցիկ տարածքներէն մեկնիլը, անցանք բոլոր պատմական գիւղերէն եւ հանդիպեցանք Խտըրպէկ գիւղը, տեսնելու համար Սօսի հնամեայ ծառը։ Մեծ երաժիշտ Բարսեղ Կանաչեան, այս հսկայ ծառին ներքեւ յօրինած է ?Սօսի? երգը, որ զայն ունկնդրելով, խանդաղատանքով կը թրթռան մեր հոգիները։
Շարունակելով, կանգ առինք Աղէքսանտրէթ, լայն ու կապուտակ հորիզոնով քաղաքը։ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կրկին անգամ հաստատեցինք մեր ուխտը։ Ճանապարհին հանդիպեցանք Լեւոնի բերդը (օձաբերդ), որ Լեւոն Մեծագործ 13-րդ դարուն վերակառուցած ու ծաղկեցուցած էր։ Այդ դժուարամատչելի բերդը նուաճելով ուխտաւորները բարձրացան բերդը։
Շարունակելով մեր ուխտի ճանապարհը հասանք Ատանա։ Անկարելի է նկարագրել մեր ապրումը, հարիւր տարիներ կ՚անցնին այն ահաւոր օրերէն։ Կը շրջագայինք Ատանա քաղաքին մէջ, զգալով մեր նախնիներուն տառապանքը եւ անոնց աղաղակը։ Քաղաքին մէջ կը մտնենք կառոյց մը, որ թրքերէն տառերով ?մշակութային տուն? գրուած էր, իրականութեան մէջ ?Աբգարեան? վարժարանն էր, ուր հայ սերունդներ դաստիարակուած են ու հայ մանուկը հայ գիր ու գրականութիւն սորված է։ Կ՚որոնէինք Ատանայի մէջ եկեղեցի մը։ Մեր փափաքն էր Սուրբ կամարներուն ներքեւ մոմ մը վառել մեր նահատակներուն հոգիներուն համար։ Վերջապէս գտանք եկեղեցւոյ մը մնացորդ բաժինը։ Սակայն հազար ափսոս, զայն հանրային բաղնիքի վերածուած գտանք (Տես վերը ձախ կողմի նկարը)։ Բան մը, որ մարդկային միտքը անկարելի է ընդունի։ Ա՛լ չխօսինք ցաւին ու զայրոյթին մասին։ Եկեղեցւոյ դիմացը կանգնած է հայակերտ ժամացոյցը, որ ցայսօր ժամը ցոյց կու տայ, իսկ ե՞րբ ժամանակն արդարութեան։
2009-ը նաեւ հանդիսանալով Պօղոս Առաքեալի ծննդեան երկուհազար ամեակը, ուխտաւորները փափաքեցան գտնել Պօղոս Առաքեալի ծննդավայրը, Տարսոն քաղաքին մէջ։ ?Փնտռողը կը գտնէ?? ու մենք գտանք Առաքեալի բնակարանը՝ սրբատեղին, ուր սնած ու մեծցած էր։ Քարերը պատմութիւն կ՚աւանդեն, սակայն այդ պատմութիւնը ընկալողն է կարեւորը։
Ուխտաւորները փափաքեցան համակ Կիլիկիան տեսնել։ Մերսինէն անցնելով հասանք Կոռիկոս բերդը, որ ծովուն մէջ կառուցուած է։ Հոն տեսանք գրաբար լեզուով արձանագրութիւն, բերդի մէկ դարպասին վրայ, ուր Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակ, Զապէլ թագուհիին օրով արձանագրուած էր։ Մեծ ուրախութիւն է տեսնել Մեսրոպեան տառերը, որոնք նախնեաց աւանդը կը փոխանցեն։
Ճանապարհներով ուխտի ու լոյսի հասանք Սիս քաղաքը, հայոց երբեմնի կաթողիկոսութեան քաղաք?։ Պահ մը պէտք է կանգ առնել այս անուան դիմաց եւ թոյլ տալ, որ ան խօսի ու պատմէ։ Ահա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Սսոյ կաթողիկոսարանին առջեւ կանգնած ենք։ Ժամանակը անցեալ եղաւ, ուր հայ կեանքը կը տրոփէր։ Հայուն ներկան ապրող ու ապագան տեսնող կաթողիկոսարանը այժմ ո՞ւր է։ Անոր փառքը սակայն կենդանի է մեր հոգիներու մէջ։ Կաթողիկոսարանէն վեր բարձրացանք, որոնելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ Կիսափուլ գմբէթ մը եւ խորանէն մնացորդ մը։ ?Հայր մեր, որ յերկինս ես??,?Տէ՜ր Ողորմեա??, վառուած խունկին բոյրին հետ կը բարձրանայ ուխտաւորներուս երգեցողութիւնը։ Կատարուեցաւ նոյնպէս հոգեհանգստեան արարողութիւն, Կիլիկեան մեր բազմահազար անմեղ նահատակներու յիշատակին։ Աղաղակը լուռ է, բայց սիրտեր կը դղրդացնէ։ Ներկան ու անցեալը դէմ յանդիման են։ Սիս?անջնջելի անուն, կրկնուող անուն, կենդանի ներկայ։
Սսոյ անառիկ բերդը, ժամանակի խորքէն եկող ու ներկային մէջ տառապող այս հսկայ բերդը, ներշնչեց մեզ, առաւել եւս գիտակցելու մեր հայ ինքնութեան ու կոչումին։
Անարզաբա բերդը՝ հայ զօրքերուն բանակավայրը, լո՜ւռ կանգներ էր ու յիշողութեան էջերը կը թերթատէր։ Խրոխտ բարձունքի վրայ, կանգներ էին կիսափուլ սիւները, որոնք կը կանչէին իրենց տէրերը՝ քաջազուն որդիները։
Անցանք նաեւ Հաճընէն։ Սիրուն է Հաճընը, բայց՝ տխուր։ Եկեղեցին փլատակ է, լոկ խորանին քարերը մնացած են։ Դիմացի բարձունքին վրայ կանգնած է բերդը, միշտ հսկելով անտէր մնացած Հաճընին։ Անշուք սիրտերէ քե՛զ խունկ ու մոմ, քե՛զ աղօթք եւ յոյս։
Կեսարիա՜, հսկայ քաղաք։ Առկայծեց խինդը ու երազը դարձաւ իրական։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին նորոգութեան մէջ էր, իսկ հիմա բացումը կատարուեցաւ։ Խորանը ոսկեզօծ, նրբաճաշակ փորագրումով, հայու հոգւոյն գեղեցկութիւնը կ՚արտացոլէ, ամբողջ եկեղեցին որմնազարդ է, Աւետարանիչներուն պատկերները գմբէթին չորս կողմը գծագրուած են։ Շատ գեղեցիկ ու նախշազարդ կամարներուդ ներքեւ կ՚աղօթենք՝ թող ծաղկին մեր եկեղեցիները համակ։
Սեբաստիան մեզ լո՜ւռ կը սպասէր։ Եկեղեցին շղթայուած էր ու վերածուած զինուորական կեդրոնի։ Սեբաստիոյ մէջ հանդիպեցանք հայու մը, որ ակնոցավաճառ էր, պատմեց իրենց անցեալի ու ներկայի տառապանքները եւ այլ եկեղեցիներու քանդումը։
Մալաթիան իր նոր ցաւը կ՚ողբար։ Հանդիպեցանք Հրանդ Տինքի հարազատին, երբ հայերէն լսեց խայտաց։ Խօսեցաւ, սակայն սիրտը փակ պահեց։ Հրանդ տինքի տունը հսկողութեան տակ էր, այն տնակը, որ Հրանդ Տինքին հերոսի նկարագիր ջամբած էր։ Մալաթիոյ Ս. Յարութիւն եկեղեցին փակ էր, գմբէթը փլատակ, հայկական գիրերը ու Խաչերը, նոյնիսկ դուրսէն կը ցոլային։ Այցելեցինք նաեւ Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Հռոմկլա? ջուրերուն մէջ կանգնած սրբավայր, ամէն մէկ ժայռ մէկ պատմութիւն, ինչ ալ ըլլայ, իրականութիւնը կը ցոլայ։ Հսկայ մէկ պարիսպին վրայ դրուած հայկական հիասքանչ խաչերը կոտրած էին, խորհելով, որ զանոնք տեսնողը պիտի չգիտնայ թէ խաչքարեր են, սակայն հայու ճարտարապետութեան գաղտնիքը հոս է, որ խաչերուն ներքեւ ան ամուր եւ գեղեցիկ հիմք դրած է, նոյնիսկ հեռուէն նայողը, ակնթարթով կը ճանչնայ զայն։ Հռոմկլայի եկեղեցին բոլորովին քանդած են, նոյնիսկ հատու գործիքով քարերուն վրայ խաչի հետք չեն ձգած, սակայն Շնորհալիներու կերտումը աննկուն կը մնայ։
Ուխտագնացութեան աւարտին Այնթապէն անցանք, Ս. Աստուածածին եկեղեցին մզկիթի վերածուած է ու անոր մօտիկ եկեղեցին, որ նոր յայտնաբերուած է, վերածած են մշակութային տան։ Սակայն անոր մկրտարանը ու վրայի շքեղ փորագրութիւնը, կանգուն է տակաւին։ Փորագրուած խաչերն ալ անմահ դրոշմի նման եկեղեցւոյ մէջ էին։
Յուզումով առլցուն ուխտի ճանապարհով անցանք Կիլիկիոյ շքեղ քաղաքներէն։ Ամէն շրջանի, սրբավայրի մէջ, հայոց թագաւորութեան պայծառ էջերը վերակենդանացան, երբ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան ուխտաւորներուն, նաեւ Կիլիկիոյ բոլոր քաղաքներուն ու պատահած դէպքերուն նուիրուած երգեր ու հոգեթով շարականներ երգուեցան։
Քեզ կրկին պիտի տեսնենք հարազատ մեր հող, անմահ եւ վիթխարի անուն, ԻՄ ԿԻԼԻԿԻԱ։
Ազատ-Հայ կայքին տրամադրուած հեղինակ ուխտաւորին կողմէ:
Նկարներ՝
| ||||||||||
I was looking for information adout Adana and Giligia. And there you are… It was as if we traveled all together. Շնորհակալութիւն: Թագուհի