• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Միւս սահմանը

December 24, 2009
A+ A-
Email Print

 
Գրեմ թէ՞ չգրեմ … երկար տատամսեցայ, սակայն ի վերջոյ գրիլը յաղթեց:


Աւելի պարզաբանելով` զիս մղողը ոչ թէ գրելն էր այլ մեզ շրջապատող այն հանգամանքները, որոնք կը պղտորեն առօրեան ու կը ստիպեն խաղաղ վիճակէն անդին անցնիլ..


Հայկական սփիւռքի համար այս տարուայ պատուհասն էր ?հարեւան? սահմանը բանալու համաձայնագիրը, տեղի ունեցած անբաղձալի արձանագրութիւնները: Այս մասին երկա՜ր էջեր մրոտեցան ու բազմաթիւ յօդուածներ լոյս տեսան.. սխալ չհասկնաք, ես ոչ արդարացում կ՛ուզեմ արձանագրել, ոչ իսկ այդ մասին անդրադառնալ: Ուշադրութեան առարկան` պարզապէս ?միւս սահման?ն է եւ բոլորիս քթին տակ օրէ օր զարգացող ?թուրիստական ու շաբինկ?ի գործընթացը:


Տեղւոյս հայ ընտանիքներու համար նորաձեւութեան շարքին մէջ արդէն  քանի՜ տարիներէ պատուական տեղ գրաւած էին թրքական ամառանոցները` որպէս արձակուրդ անցնելու նախասիրեալ վայրեր … մաքուր, գեղեցիկ, նիւթապէս մատչելի, տեսարժան վայրեր (արդէն ես ալ կը գովազդեմ ճանապարհորդային գրասենեակի, հազար ներողութիւն.. սուրճ ըմպելու ընթացքին խօսակցութեան տարբեր նիւթ չունեցող մեր հայ փափկասուն տիկիններուն նման), ներկայիս` երբ մեր ?միւս սահման?ի պայմանները բարեփոխութեան ենթարկուեցան, այդ նորաձեւութիւնը քայլ մըն ալ առաջ նետեց:


Նախ Արեւմտահայաստան այցելելու թուրիստական խումբեր կազմուեցան.. ինչ խօսք բոլորիս փափաքն է այցելել պատմական Հայաստան, բայց աստիճանաբար ուղղութիւնը դարձաւ դէպի ?շաբինկ?,  մեր սիրասուն օրիորդներու, տիկիններու ամենասիրելի նախասիրութեան… Այնթապ մեծ մօլ մը կայ եղեր, Ի՜նչ ապրանք, Ի՜նչ յարմար գիներ, հապա Ատանա.. Մերսին…


Եւ սկսան արշաւները:


Բոլորը կը փութան անցնիլ ?սահմանը?, անձնական մեքենաներով, վարձու մեքենաներով, յատուկ պասերով, ?ինչ կայ որ մէկ ժամուայ ճամբայ է եղածը?. բոլոր խաւերէն անխտիր կ՛երթան գունդագունդ, կը ծախսեն զիրար գերազանցելով, խելակորոյս մրցումով տարուած:


?Մեր դրացիները հարիւր հազար ծախսեր են.. ի՜նչ մորթէ պոթեր, ի՜նչ ժագէթներ, ի՜նչ պայուսակներ?, կը պատմէր կրթական մշակուհի մը, օրուայ հաւաքի նիւթը Այթապի մօլի գովքին վերածելով:


Գաղթական հայու տգնաջան աշխատանքով երբեմնի ղրուշները ներկայիս, փառք Աստուծոյ, վերածուած են հարստութեան եւ.. պէտք է տանք մեր տուրքը, ջարդուած ու անարգուած ըլլալու ?կեաւուրի? հոգեբանութեամբ սնանած հայու պարգեւը:


Այո՛, Մենք .. նախկին հայ գաղթականներու որդիները… ջարդէն մազապուրծ այս երկիրը ապաստանած, անօթի, մերկ անարգուած գաղթականներու արժանաւոր որդիները


Ու հարցականը կը ցցուի.


?Միթէ՞ ազգային արժանապատուութիւն չունինք?..


Եւ տակաւին կու գայ ամենաուժեղը.. Արեւմտեան ծնունդը, Նոր Տարին կը թակեն դռները, նորանոր շռայլ առաջարկներ կան, անմոռանալի, աննախընթաց գիշեր անցնել ?Արեւմտահայաստանի մէջ?, ճոխ սեղան, համեղ ուտելիքներ ու մանաւանդ արեւելեան պորտապար.. պատրաստակամ կը փութան արձանագրուիլ, խումբեր կազմել, իրար համոզել (գովազդելու տրամադրութիւն չունիմ երբեք):


Եթէ միւս կողմէն այդ սահմանը իբր դէպի բարւօք վիճակ ընթանալու խաբկանքով կը մտածեն բանալ, այս կողմէն արդէն բարւօք վիճակն է զիրենք հոն մղողը:


Սակայն հարկ է տեսնել միւս երեսը:


Տակաւին կան մարդիկ, որոնց երակներուն մէջ հայու արիւնը չէ սառած:


Վերջերս երթեւեկութեան ներքին սպասարկութեան Նոր-Գիւղի գիծի մեքենայի մը մէջ, կողքիս երկու երիտասարդներ նստած էին, թրքերէն լեզուով կը զրուցէին, ահաւասիկ վարորդը թրքերէն լեզուով դիմեց անոնց հարցնելով ՈւրՖա քաղաքի մասին.


– Թրքերէն լաւ կը խօսիս, հայ ե՞ս,-  հարցուց անոնցմէ մէկը:


– Հայրս ՈւրՖայէն է, մայրս Քիլիսէն,- պատասխանեց վարորդը:


– Դուն ինչո՞ւ հոս ես,- իբր անգիտակից հարցուց միւսը:


– Դուք պէտք է պատասխանէք այդ հարցումին, չէ՞ որ մեզի քշեցիք,- նրբօրէն նկատեց վարորդը քմծիծաղը բերնին ծայրը:


– Դուք հոս լաւ կեանք ունիք,- յարեց երիտասարդը արդէն ակնյայտ նախանձով:


– Այո՛, հոն ալ լաւ կ՛ապրէինք, դուք մեզ ջարդեցիք,- պատասխանեց վարորդը արդէն բացայայտօրէն:


– Երկու կողմերն ալ իրար սպաննեցին,- իր դասը լաւ սորված աշակերտի նման յայտարարեց երիտասարդը:


– Դուն երիտասարդ ես, պատմութիւնը չես գիտեր,- պնդեց վարորդը..


Կը ճնշէի ջիղերուս վրայ մասնակից չդառնալու խօսակցութեան, բարեբախտաբար մեքենան մօտեցած էր այն թաղամասին ուր պիտի երթայի, խնդրեցի վարորդէն կանգ առնել..


Մինչ մեքենավարը ի զուր պիտի շարունակէր փաստեր բերել, տանուլ տուած զոհին, ո՞ր դահիճը մտիկ կ՛ընէ.


Իսկ սահմանի այս կողմը թէ այն կողմը, հակաճառելով, գովաբանելով եւ մասամբ նորին.. սա ոտնահարուած հայու հոգեբանութիւնն է, ցուցամոլութեամբ տարուած, յաճախ անորակով, լաթերով եւ կաշիներով գոհացող ու միայն քիթին ծայրը տեսնող..


Միթէ՞ հայութեան իրաւունքները ժամանակաւորապէս պաշտպանող սակաւաթիւ հայերով գոհանալը բաւարար է: Ցեցը ինկած է մեր ազգային գիտակցութեան շտեմարանը ու անխնայօրէն կը գործէ աւերներ.. Ովքե՞ր համարձակութիւնը պիտի ունենան արծարծելու այս նիւթը:


Յոյսով սպասող


?Գանձասար?, Դեկտեմբեր 2009
www.periotem.com                                                                                

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostWill Armenia revoke its signature from the Protocols?
Older PostՈւխտագնացութիւն դէպի Կիլիկիա եւ շրջակայքը

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Նախարարն ընդունեց Արսինե Խանջյանին

item-thumbnail

Մեր եկեղեցին մարդոց գրաւելու կարողութիւն ունի՞. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll