• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Տեսակցութիւն Տիկին Մարօ Գըվրեան – Նիկողոսեանին հետ

February 6, 2010
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Տեսակցութիւն Տիկին Մարօ Գըվրեան – Նիկողոսեանին հետ</FONT>

Մարօ Նիկողոսեան ընտանիքի անդամներուն հետ


Summary: Nutritionist Maro Keverian – Nigoghossian lives with her married daughter in the UAE. She is specialist in the study of nutrition and alternative medicine. She is the author of two books and has enough material to publish a third. She writes in plain Armenian with a convincing style. 


Azad-Hye had the following interview with her (click here to read a shorter version of the interview in English)


Ազատ-Հայ կայքին յատուկ


Ձեր գիրքին ետեւի կողքին վրայ նկարագրած էիք այն պատճառները, որ մղած էին ձեզ սննդականոններու ուսումնասիրութեան։ Ի՞նչ կարելի է աւելցնել այս առիթով։


1948ին, ստամոքսի կեղի գործողութենէն 3 օր ետք հայրս կը մահանար։ Այն ատեն պարմանուհի էի, սակայն կարդալ շատ կը սիրէի։ Հօրս ստամոքսին խոցի պատճառը հասկնալու համար կը ջանայի նիւթեր որոնել եւ թերթերէն բժշկական յօդուածներ կտրել։ ?Բժիշկ? ամսաթերթին ժիր ընթերցողն էի։


Այս ձեւով տարիներ կ՚անցնէին, սակայն բժշկական յօդուածներուն կամ ուսումնասիրութիւններուն մէջ հիւանդութիւններու շարժառիթներէն ա՛լ աւելի ախտանշաններու մասին կը գրուէր։


1982-ին կը ծանօթանայի բնական բժշկութեան, որ անկիւնադարձ եղաւ ինծի համար։ Ասիկա բոլորովին նորութիւն էր։ Այս գիրքերուն մէջ լայնօրէն տեղեկութիւններ կը տրուէին մարմնի եւ մտքի միջեւ աշխատանքային կապակցութեան մասին, հիւանդութիւններու զանազան պատճառներու եւ անոնց կանխարգիլման մասին։ Հիւանդութեան արմատը գտնել ա՛լ աւելի կարեւոր էր, քան անոր խափանումը։


Այն ատեն այս տեսակ գիրքերը հազուագիւտ էին, հիմա ողողած են աշխարհը։ Մարդիկ եռանդով եւ հետաքրքրութեամբ կը կարդան, կը սորվին եւ կը կիրարկեն թելադրութիւնները։ Կարծէք, մօտ ապագային ամէն մարդ ինքն իր բժիշկը պիտի դառնայ։


Այլեւս ստամոքսի կեղէն մարդ պիտի չմահանայ այնքան ատեն որ հիւանդը սննդառական օրէնքներուն կը հետեւի։


Մարդկութիւնը ընդհանրապէս արթնցած է այս ուղղութեամբ, գիտէ արդէն բաղդատել բնականն ու անբնականը, լման ուտելիքները եւ ոչ-լմանը։


Բնական բժշկութիւնը (Holistic health, Alternative medicine) կը յառաջդիմէ։ Նոյնիսկ գիտական բժիշկներ եւ մասնագէտներ եւ գիտնականներ անդուլ կ՚ուսումնասիրեն զանազան ուտելիքներ եւ անոնց ձգած ազդեցութիւնները մարմինին վրայ։


Ինչպիսի՞ գնահատական կարելի է տալ Միջին Արեւելքի մեր հայ հասարակութեան սննդական կանորններու նկատմամբ ունեցած գիտակցութեան եւ ճանաչողութեան մասին:


Քսանհինգ տարիներ առաջ շատ քիչ տեղեկութիւններ կային սնունդի եւ գլխաւոր հիւանդութեանց միջեւ եղող կապակցութեան մասին (քաղցկեղ, շաքարախտ, սրտանօթային հիւանդութիւն, գիրութիւն / obesity)։


Սննդառական յեղափոխութեան պայթումէն ետք, ուտելիքներու փոփոխութեան պատգամները հասան նաեւ Միջին Արեւելք։ Հոս եւս, ուրիշներու հետ մենք եւս սկսանք խուսափիլ աղէն, շաքարէն, անուշեղէններէն, ճերմակ ալիւրէն, խմորեղէններէն։


Տարբեր մշակոյթներու մէջ ինչպէս որ սննդառական սովորութիւններ կը գտնուին, նոյնպէս մեր մէջ սննդառական կաղապարներ կը գտնուին, զորս դժուար է լքել՝ մոլութեան մը նման …


Ներկայիս, իրենց առողջութեան հետամուտ, գիտակից հայ ընտանիքներ բազմապատկուած են. ասոնք բնական բժշկութեան եւ առողջարար ուտելիքներու մասին կը կարդան, կը սորվին, եւ կը հետեւին անոնց թելադրանքներուն, ողջմտօրէն կը սնանին եւ իրենցմէ դուրս կը վանեն արեան գերճնշումը, շաքարախտը, սրտի հիւանդութիւնը, զգայնութիւնները եւայլն…։


Մեզմէ շատեր տակաւին իրենց քիմքի համին կը հետեւին ուտելով հարուստ ուտելիքներ, անուշեղէններ, աղի եւ տապկուած ուտելիքներ։ Կրնայ ըլլալ որ ասոնք անմիջապէս չազդեն առողջութեան, սակայն այժմէապէս կ՚ազդեն զգացումներուն եւ աշխատանքին։


Եթէ կերուխումը այս ձեւով շարունակուի 40 ? 50 տարեկանէն ետք ֆիզիքական անհաճոյ դժուարութիւններ երեւան կ՛ելլեն եւ անակնկալ հիւանդութիւններ կը ծագին: Անհրաժեշտ է գիտնալ թէ կեանքի իւրաքանչիւր շրջան իր ուտելիքները ունի: Երեխաներ մեծնալու համար զօրաւոր սնունդի կը կարօտին: Քսան տարեկանէն ետք երբ երեխաներու պէս ուտենք, դժուարութիւններու կը հանդիպինք ու երբ ալ աւելի մեծնանք (40 ? 50) մեր օրկաններու աշխատանքը թեթեւցած ըլլալով ուտելու պահանջքը կը նուազի: Ու երբ շարունակենք երիտասարդի պէս ուտել՝ կը գիրնանք, մանաւանդ եթէ բացակայի մարզանքն ու ֆիզիքական աշխատանքը:


Մարմինը յաճախ պատգամներ կ՛ ուղարկէ որպէսզի անդրադառնանք եւ փոխենք մեր սնանելու ոճը: Հարկ է անթնամիտ ըլլալ ուտելիքներու որակին, անոնց ամբողջականութեան, օրինական թէ քիմիական նիւթերով բուսած բանջարեղէններուն, պտուղներուն եւ կամ իրենց եղանակին աճած ուտելիքներուն: Գիտնալ զանազանել ձէթերու որակը:


Եթէ մեր ճաշերը սննդանիւթերով եւ հանքային նիւթերով հաւասարակշռուած չըլլան, խելայեղօրէն ուտելիք կը պահանջենք։ Այսպէս կը յառաջանայ  գիրութիւնը։


Սննդառութեան նիւթը կարեւոր է։ Կարելի չէ յետաձգել։ Լրջօրէն հետաքրքրուինք, կարդանք, սորվինք եւ կամաց-կամաց փոփոխութիւններ ներմուծենք մեր սննդառութեան մէջ։


Մեր աւանդական ճաշատեսակները որքա՞ն տոկոսով կը համեմատին ներկայ սննդական տուեալներուն հետ։ Ի՞նչ բան պէտք է փոխել այդ առումով։


Մինչեւ արդի ժամանակները, աշխարհի բոլոր մշակոյթներն ու քաղաքակրթութիւնները կը սնանէին աւանդական ուտելիքներով, հիմք ունենալով լման հացահատիկները (բրինձ, գարի, վարսակ, ցորեն)։ Այս ուտելիքները զիրենք կը պաշտպանէին սրտի հիւանդութիւններէն, քաղցկեղէն, մտային հիւանդութիւններէն, սերնդագործական կորուստէն, օրկաններու այլասեռումէն, եւայլն։


Մենք եւս իբրեւ մշակոյթ ունինք մեր կշռութաւոր ճաշերը, մեր չափազանցութիւնները եւ նաեւ զեղծումները (abuse)։ Ունինք նաեւ գերդաստանական սովորութիւն դարձած ճաշեր եւ եփելու ոճեր, որոնք ժամանակի ընթացքին գիրութիւն կը պատճառեն, կը հիւանդացնեն։


Գլխաւոր չափազանցութիւններէն են.- իւղը, շաքարը, ձաւարը, ճերմակ բրինձը, ճերմակ ալիւրը եւ խմորեղէնները։ Ասոնք զգալիօրէն հարկ է թեթեւցնել։


Յետոյ կու գան կովու, ոչխարի, գառնուկի միսերը եւ հաւեղէնները։ Ասոնք առաջուայ միսերը չեն, որովհետեւ antibiotic-ներով կը սրսկուին եւ անբնական կը կերակրուին։ Ձուկը յանձնարարելի է բայց պէտք չէ տապկել։


Կենդանական միսերը շաբաթը 1-2 անգամի իջեցնել, եւ քիչ ուտել (100 կր.), զանոնք հաւասարակշռել 1-2 վրկ. խաշուած բանջարեղէններով։ Փուռը եփած կամ շոգիով եփած ձուկին հետ բանջարեղէններ եւ քիչ մը աղցան ուտել։ Կաթը, կաթնեղէնները, պանիրը, կարագը եթէ կարելի չըլլայ դադրեցնել, խստիւ թեթեւցնել կամ ասոնց փոխարէն soya-ի կաթ պատրաստել եւ soya-ի պանիրը ուտել։


Երբ կ՚որոշենք մսեղէն չուտել, կարող ենք առաջնակարգ protein ստանալ միացնելով.


1- Եփած լման բրինձ եւ կանաչ ոլոռնով ճաշ մը։
2- Եփած լման բրինձ եւ չոր լուբիայով ճաշ մը։


Այս ճաշերուն քով, աւելցնել 1-2 վայրկեան խաշուած բանջարեղէններով աղցան մը եւ նաեւ բանջարեղէնով եփած ճաշ մը։ Բանջարեղէնները յոյժ կարեւոր են առողջութեան համար։ Նեարդով եւ հանքային նիւթերով հարուստ են։ Արիւնը, ոսկորները եւ ատամները կը զօրացնեն։ Բարձր են երկաթով, calcium-ով եւ տարբեր սննդանիւթերով։


Այս պարզ փոփոխութիւնները խորապէս կ՚ազդեն առողջութեան բարւոքման։


Հոս պէտք է յիշեցնել ալքոլի պարագան, ծխախոտին, շաքարով լի օշարակներուն սպառումը, քոլաները, crackers-ները, chips-երը, որոնք չափազանցուած են աղով։ Առողջութեան հետամուտ անձը պէտք է ձերբազատուի ասոնցմէ։ Մեր զաւակները մեր ապագան են։ Զանոնք կերակրենք բնական ուտելիքներով եւ բնական խմիչքներով (juices)։ Ընտանիքի անդամները երբ բնական ուտելիքով կերակրուին, անոնց ֆիզիքական վիճակը կը բարելաւուի, կեդրոնացումը կը զօրանայ, մտածումները կը յստականան ու կը դառնան լաւատես (մսեղէնները եւ խմորեղէնները կը մթագնեն միտքերը)։


Հայկական մեր իրականութեան մէջ գործող մարմինները կամ յանձնախումբերը կրնա՞ն բան մը փոխել տիրող հասկացողութիւններու մէջ։ Ի՞նչ միջոցներ կրնան անոնք օգտագործել անոնք այդ նպատակին համար:


Որպէսզի կարենանք մեր հասարակութեան արագ փոխանցել առողջարար սննդառութեան պատգամները, պէտք է սկսիլ դպրոցներէն։ Օրինակ՝ մանկապարտէզի ուսուցչուհիները կրնան սերտել այս նիւթը եւ ձեւով մը փոխանցել փոքրերուն կամ ընդհանուր աշակերտութեան։


Երկրորդ, կարելի կարեւոր քայլ առնել կրօնաւորներու միջոցաւ, որոնք մեծ դեր կրնան խաղալ հոս, մանաւանդ քահանայ հայրերը, որոնք ընտանիքի հայրեր են, իրենց համար աւելի յարմար է լրջօրէն հետամուտ ըլլալ այս նիւթին։ Իրազեկ ըլլալով Աստուածաշունչին, վստահաբար անոնք հանդիպած են Աստուծոյ յորդորներուն եւ պատգամներուն մարդոց սննդառութեան մասին, ուր կը թելադրուի յաճախ՝ չշեղիլ Աստուծոյ մատնացուցած ուտելիքներէն, ?ան որ կը շեղի կը հիւանդանայ?,? ըսուած է։


Երրորդ – ինչպէս որ վերը ըսինք, ուսուցիչներու եւ ուսուցչուհիներու վրայ ալ կ՚իյնայ այս պարտականութիւնը, որոնք իբրեւ ?ֆէտայի? պէտք է մարզուին եւ զօրանան այս նիւթով, հրահրելով եւ քաջալերելով ուսանողները՝ անոնց դասաւանդելով, բացատրելով անբնական ուտելիքներու վնասներու, եւ բնականներու օգուտի մասին։


Չորրորդ՝ թերթերու սիւնակներու մէջ տեղ տան բնական բուժումներու մասին գրուած յօդուածներու։


Հինգերորդ՝ գիրքեր կամ գրքոյկներ հրատարակել։ Երեխաներու համար comics-ի նման գունագեղ թերթիկներ պատրաստել, ուրկէ կը սորվին օգտակար ուտելիքներու մասին։


Վեցերորդ՝ կարող եւ ուսեալ անձնաւորութիւններով յանձնախումբերու ստեղծումը լաւ գաղափար է։ Իրենց առաջադրանքը պէտք է ըլլայ լիովին ուսումնասիրել այս կարեւոր նիւթը ու ապա ծրագրել ու գործադրել այս բոլոր վերոյիշեալները։


Օտար մասնագէտներ բազմաթիւ են, բոլոր ազգերու մէջ, բայց մենք չունինք կարող դասախօսներ, որոնք մասնագիտացած ըլլան բնական բժշկութեան մէջ։ Արդեօք դեռ կանո՞ւխ է։ Այս ստիպողական օրերուն մէջ, ի՞նչ պէտք է ընել։ Չքնանանք, արագ շարժինք, որովհետեւ հակառակ հոսանքը զօրաւոր է։


Սննդականոններու հետեւիլը միմիայն տիկիններուն յատուկ պարագայ մը չէ: Ի՞նչ կարելի է ըսել տղամարդոց այս ուղղութեամբ:


Այս հարցումը կարեւոր է: Տիկիններուն պարտականութիւնը եղած է ճաշեր պատրաստել: Տղամարդը երբ գայ՝ պատրաստ ճաշը կ՚ուտէ: Այսպէս է աւանդական օրէնքը։ Կինը կ՚եփէ՝ մարդը կ՚ուտէ։ Տղամարդիկ վարժ են այս սովորութեան։


Հիմա որ ամէն ինչ արագ կը փոխուի, սննդառութան հետ կեանքի ոճն ալ կը փոխուի։ Հիմա կինն ալ կ՚աշխատի տղամարդու պէս։


Առաջ, օրինակի համար, մեզի կը յանձնարարուէր առատ կաթ խմել, միս, հաւկիթ ուտել։


Ներկայիս չեն յանձնարարեր, քանի որ գիտնականներ կը փաստեն որ կենդանական միսերը, կաթնեղէնները, շաքարը, իւղը երբ չափազանցուին կը վնասեն։


Այս ուտելիքները,- կ՚ըսեն,- տարիներու ընթացքին կը կուտակուին օրկաններուն մէջ եւ յետագային կրնայ յառաջացնել արեան գերճնշում, շաքարախտ, սրտի հիւանդութիւն, arthrisis եւ allergy։


Ուրեմն ի՞նչ ուտել, մարդիկ հարց կու տան։


Ներկայիս, գրատուներու մէջ բիւրաւոր օտար լեզուներով բնական ուտելիքներու ճաշագիրքեր կը ծախուին, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ կշռութաւոր ճաշերու պատրաստութիւններ։ Հեռուստատեսիլէն եւս կը ցուցադրեն։


Տիկիններու համար այս բոլորը խնդիր չէ, արագ կ՚ըմբռնեն, որովհետեւ իրենց բնագաւառն է։ Տղամարդը սակայն կնոջմէ կամ մօրմէ կախեալ է։


Երբ կինը աշխատող է, դժուար է իրեն համար սերտել, հետեւիլ բնական բժշկութեան եւ բնական սննդառութեան թելադրանքներուն։ Աւելի արագ եւ դիւրին է հեռաձայնով ճաշարանէ խորոված, տապկուած գետնախնձոր եւ օշարակ ապսպրել։


Եթէ ամուսինը մասնաւոր անհանգստութեան մը պատճառով որոշած է բնական պարզ ճաշեր ուտել, ահա, վէճերը եւ ջղագրգռութիւնները կը սկսին, պարագայ մը որ կրնայ պատահիլ հազարաւոր զոյգերու կամ ընտանիքներու մէջ։ Այս խնդրով ամուսնալուծումներ եւս կը պատահին այլուր։


Ուրեմն ըստ իս, իւրաքանչիւրս մենք մեզ փրկելու համար այս ձեւով եփել պէտք է սորվինք։ Տարբեր ելք չեմ տեսներ։ Ամէն մարդ ինքն իր ճակատագիրը կրնայ փոխել, եթէ կշռութաւոր ճաշեր կարենայ պատրաստել, որ շատ դիւրին է։ Գիրքերը կ՚օգնեն։


Բախտաւոր եւ օրհնեալ են այն տղամարդիկը, որոնց կիները իրենց ամուսիններուն կեանքերը կ՚երկարեն առողջարար ճաշեր կերցնելով։ Այս ամուսինները երանելի են։


Սնունդի վերաբերեալ տասնեակ մը ձեր յօդուածներէն արդէն տեղադրուած են Ազատ-Հայ կայքին մէջ (Առողջակահութիւն եւ Սննդառութիւն բաժնին մէջ)։ Ի՞նչ կրնաք փոխանցել ընթերցողին այս առիթով։


Երիտիասարդ օրերուս վատառողջութենէ տառապած եմ – քրոնիք հարբուխ, migraine, allergy-ներ, եւ մանաւանդ տիսքը, որ տասնեակ տարիներ խանգարած եւ ընկճած է զիս։


1982-ին երբ ձեռքս անցան կարգ մը գիրքեր (Natural Health, Natural Medicine, Balanced Diet), սկսայ մեծ եռանդով կարդալ ու կիրարկել թելադրութիւնները ու մէկ երկու տարիէն անհետացան բոլոր ախտանշանները։


Ահաւասիկ 27 տարիներ անցած են այդ օրերէն տակաւին մինչեւ հիմա չեմ գանգատած։ Երբեմն մանր անհանգստութիւններ կը պատահին, բայց առաջքը անմիջապէս կ՚առնեմ։


Քանի մը հայկական թերթերու յօդուածներ ուղարկած եմ 10-12 տարիներ, անդադար, որպէսզի ուրիշներ ալ ինծի պէս օգտուին, մանաւանդ մեր մայրերը, որոնց համար քանի մը գիրքեր հրատարակած եմ, մին՝ ?Առողջ Ապրելու Արուեստը?, իսկ միւսը աւելի հետաքրքրական եւ նորութիւններով լեցուն առողջապահական նիթեր են, ?Նախընտրելի է կանխել քան դարմանել? գիրքը։ ?Ազատ-Հայ?ի միջոցաւ, ան որ կը փափաքի կրնայ ստանալ։


Գրադարանս մեծցած է ու տակաւին մեծնալու վրայ է: Այս նիւթին շուրջ նորութիւններ կը կարդամ միշտ: Չորս հինգ տարիէ ի վեր թոռնիկներ կը մեծցնեմ եւ ընտանիքիս համար կը փորձեմ կշռութաւոր ճաշեր պատրաստել: Երբ ?Ազատ-Հայ?-ի սիւնակներուն մէջ ինծի տեղ տրուեցաւ, մեծ ուրախութեամբ սկսայ հիւանդութիւններու կանխարգելման մասին գրութիւններ պատրաստել: Ընդհանրապէս նիւթերուս համար մի քանի բժիշկներու եւ մասնագէտներու գիրքերը կ՛օգտագործեմ եւ շատ անգամ բազմաթիւ գիրքեր կը պրպտեմ, նիւթին համեմատ։ Կը ջանամ նիւթս պարզ ու հասկնալի ընել։ Եթէ տկարութիւններ գտնուին, այդ պարագային պէտք է համբերել մինչեւ որ բնական բժշկութիւն ուսանած փորձառու դասախօս հայ մը կամ հայուհի մը տեղս գրաւէ։


Ուրեմն, յարգելի ընթերցողներս ու համեստափայլ ընթերցողուհիներս, փափաքս է որ անհոգութեան պատճառով ձեր ճակատագրին զոհերը չդառնաք, այլ կամքի ոյժը գործադրութեան դնելով, կարդացէք եւ գիտցէք եւ ողջմտութեամբ կիրարկեցէք։ Այսպիսով միայն կրնաք անհանգստացնող ախտերէն եւ հիւանդութիւններէն ձերբազատուիլ, հետեւաբար առողջ եւ երջանիկ կեանք մը կը ստեղծել ձեզի եւ ձեր շուրջիններուն համար։


Նկար՝ Մարօ Նիկողոսեան շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներուն հետ:

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostAn unacknowledged genocide
Older PostԴուք տակաւին կ՛ուզէք աւելի՞ սեղմել օղակը

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Երևանի սրտում տեղակայված գողտրիկ այգին

item-thumbnail

Sirusho gets an award at DIAFA in Dubai

item-thumbnail

Մեկնարկեց «Արի Տուն – 2018» ուսումնաճանաչողական ծրագրի 2-րդ փուլը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll