Վերջերս մէկը մեզ յուշեց, թէ Ազատ–Հայ կայքին մէջ տեղ տուած ենք քննադատական ?անհաճոյ? խօսքերու: Այլ մէկը զգուշացուց, թէ չկարծենք Ազատ–Հայ անունը կրելով վաստկած կ՛ըլլանք ազատօրէն արտայայտուելու իրաւունք: Երրորդ մը մատնանշեց, թէ պէտք չէ ազատութիւնը սանձարձակութեան հետ շփօթել:
Պիտի փորձենք հասկնալ թէ ի՜նչ կը նշանակեն վերոյիշեալ միտքերը:
Նախ եւ առաջ մենք կը գործենք Միջին Արեւելեան միջավայրի մէջ եւ արդէն պետականօրէն սահմանուած շրջագիծ մը կայ, զոր ներքին գրաքննութեամբ ստիպուած ենք յարգել, որպէսզի մեր կայքը յանկարծ չխափանուի:
Ապա կայ մեր ընկերային կեանքի պարտաւորութիւններէն բխած պարագայ մը, ըստ որուն արդէն չենք կրնար (կամ փափաքիլ) բացայայտ ակնարկութիւն կատարել մեր եւ ուրիշներուն կողմէ ճանչցուած անձերու (կամ երեւոյթներու) մասին, որովհետեւ կրնանք ի վերջոյ զրկուիլ այդ անձերուն մտերմութենէն կամ բարեհաճութենէն:
Կան նաեւ զանազան կուսակցական, աւանդական, կրօնական, քաղաքավարական եւ այլ կաշկանդումներ:
Կան համաքաղաքացիական, համագիւղական, հայրենակցական, յարանուանական եւ խնամիական կապեր:
Կան նաեւ դիւանագիտական հաշուարկումներ եւ տնտեսական նկատառումներ:
Երբեմն կան մարդկային, մարդասիրական եւ բարեսիրական մտահոգութիւններ:
Չմոռնանք նաեւ պատահական բարի–դրացիական եւ արհեստակցական առընչութիւնները:
Կան նաեւ ընտանեկան փափկանկատութիւններ:
Ուրեմն այս բոլորէն ետք դուք տակաւին կ՛ուզէք աւելի՞ սեղմել օղակը:
Ազատ – Հայ