Թեմական հարց – պատասխանի մրցում

Թեմական հարց – պատասխանի մրցում

Temagan team of Kuwait and Arabian Gulf countriesՎերջերս Շարժայի Մշակութային Յանձնախումբը հարց-պատասխանի մրցում մը պատրաստած էր գաղութի պատանիներուն համար: Մեզի տակաւին յայտնի չէ թէ այդ ձեռնարկը ինչպիսի մթնոլորտի մէջ անցած է: Ընդհանրապէս նման ձեռնարկներու մասին տեղեկագրութիւն չի պատրաստուիր:


Միայն ծանրակշիռ նիւթերու մասին տեղեկագրութիւն կամ հաղորդագրութիւն կը պատրաստուի Շարժայի մէջ: Եւ ահա մեր ձեռքը հասած է այս տարուան թեմական ժողովի հաղորդագրութիւնը, որ ընդամէնը տասնմէկ տողերէ կը բաղկանայ:


Յաջորդ տարուայ մեր պատանիներուն համար պատրաստուելիք հարց-պատասխանի մրցումին վրայ կարելի է աւելցնել այս հարցումը՝


Ի՞նչ տարբերութիւն կայ 2007, 2008, 2009 եւ 2010 թեմական հաղորդագրութիւններուն միջեւ:


Օժանդակելու համար մեր պատանիները, կարելի է տպուած անոնց տալ անցեալ տարիներու հաղորդագրութիւններուն օրինակները, զորս ձեզ կը տրամադրենք այստեղ՝
2007-ի հաղորդագրութիւնը
2008-ի հաղորդագրութիւնը
2009-ի հաղորդագրութիւնը
2010-ի հաղորդագրութիւնը


Պատանիներուն մրցումէն ետք կարելի է նաեւ չափահասներու մրցում մը կազմակերպել եւ այնտեղ տալ այլ հարցեր, հաւանական երեք պատասխաններով, օրինակի համար՝


Ինչ հասկցա՞ք վերջին տարիներու թեմական հաղորդագրութիւններէն:
– Բան մը չհասկցանք:
– Հասկցողը հասկցաւ, չհասկցողին պէտք չունինք արդէն:
– Հասկնալու կամ չհասկնալու հարց չկայ այդտեղ:


Քանի՞ տարի կարելի է նոյն թեմական հաղորդագրութիւնը գործածել:
– Կարելի է զանիկա գործածել մինչեւ 2020 թուական:
– Մինչեւ որ մաշի:
– Մինչեւ որ ժողովուրդը հասկնայ թէ չափը անցած է:


Ինչո՞ւ համար միշտ ?բարձր? կը գնահատուի վարչութեան տարած աշխատանքը:
– Քանի որ ուրիշ չափանիշ չկայ:
– Քանի որ վարչականները սիրայօժար կ՛աշխատին եւ իրենց ազատ ժամերը կը զոհեն ազգին համար, հետեւաբար անոնց աշխատանքին այլ արժեւորում կարելի չէ տալ:
– Քանի որ անոնք այնքան բարձր են սովորական մարդոցմէ, որ իրենց աշխատանքն ալ ուրիշ որակաւորում չի կրնար կրել:





Ստորեւ նախորդ չորս տարիներու հաղորդագրութիւնները (ժամանակ խնայելու համար կրնաք կարդալ մէկը միայն)՝


Ազգ 544/ԱՎ 05/07
Հաղորդագրութիւն
Քուէյթի և Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական ԺԳ-րդ լիագումար նիստը գումարուեցաւ 25 և 26 Ապրիլ 2007-ին Բիէր Քէօսէեան հանդիսասրահին մէջ, Նախագահութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի:


Ժողովը իր օրակարգի ընդմէջէն լսեց շրջաններու Ազգային Վարչութեանց նիւթա-բարոյական տեղեկագրերը, քննարկեց նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա բարձր գնահատեց վարչութեանց տարած բեղուն աշխատանքները:


Ժողովը հանգամանօրէն քննեց և ամենայն բծախնդրութեամբ քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած բոլոր նիւթերը ազգային, եկեղեցական, նիւթական, կրթական, մշակութային ծրագիրները և կատարեց հարկ եղած տնօրինումները:


Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց
Թեմական Ժողովի Դիւան


Նամակ Թիւ 40/ 08 14 Ապրիլ 2008
Հաղորդագրութիւն
Քուէյթի և Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական ԺԴ լիագումար նիստը գումարուեցաւ 9 և 10 Ապրիլ 2008-ին Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի սրահին մէջ, Նախագահութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի:


Ժողովը իր օրակարգի ընդմէջէն լսեց շրջաններու Ազգային Վարչութեանց նիւթա-բարոյական տեղեկագրերը, քննարկեց նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա բարձր գնահատեց վարչութեանց տարած բեղուն աշխատանքները:


Ժողովը հանգամանօրէն քննեց և ամենայն բծախնդրութեամբ քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած բոլոր նիւթերը ազգային, եկեղեցական, նիւթական, կրթական, մշակութային ծրագիրները և կատարեց հարկ եղած տնօրինումները:


Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց
Թեմական Ժողովի Դիւան


Նամակ Թիւ 079/09 29 Մարտ 2009
Հաղորդագրութիւն
Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական ԺԵ Լիագումար նիստը գումարուեցաւ Չորեքշաբթի 25 եւ Հինգշաμթի 26 Մարտ 2009-ին Շարժայի համալիրի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ, Նախագահութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի:


Ժողովը իր օրակարգի ընդմէջէն լսեց շրջաններու Ազգային Վարչութեանց նիւթա-բարոյական տեղեկագրերը, քննարկեց նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա գնահատեց վարչութեանց տարած աշխատանքները:


Ժողովը քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած բոլոր նիւթերը ազգային, եկեղեցական, նիւթական, կրթական, մշակութային, շինարարական եւ կալուածային ծրագիրները եւ կատարեց հարկ եղած տնօրինումները:


Նամակ Թիւ 058/10 24 Մարտ 2010
Հաղորդագրութիւն
Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Թեմական ԺԶ լիագումար նիստը գումարուեցաւ Չորեքշաբթի 17 եւ Հինգշաբթի 18 Մարտ 2010-ին, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի Արարատեան սրահին մէջ, Նախագահութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի:


Ժողովը իր օրակարգի ընդմէջէն լսեց շրջաններու Ազգային Վարչութեանց նիւթա-բարոյական տեղեկագրերը, քննարկեց նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա բարձր գնահատեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց վարչութեան տարած բեղուն աշխատանքը:


Ժողովը հանգամանօրէն քննեց եւ ամենայն բծախնդրութեամբ քննարկեց օրակարգի վրայ ներկայացուած բոլոր նիւթերը ազգային, եկեղեցական, նիւթական, կրթական, մշակութային ծրագիրները եւ կատարեց հարկ եղած տնօրինումները:


Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց
Թեմական Ժողովի Դիւան


Լուսանկար՝ 17 եւ 18 Մարտ 2010-ին Քուէյթի մէջ գումարուած թեմական ժողովին ընթացքին ժողովականները կ՛այցելեն Քուէյթի Ազգային Վարժարանը: