Այսօր Գոհաբանութեան Օր է
Գրեց՝ Կարպիս Քէշիշօղլու
Garbis Kesisoglu expresses doubts about the Armenian Fund Telethon which takes place every November during the Thanksgiving Day in the USA and involves Armenians worldwide. “Up to this moment, it is not much clear how the collected sums are spent”, he says, adding that “it is good to collect money, but attention should be paid also to the way the money is spent”. There are rumors in Los Angeles that some of the pledged sums have not been paid yet.
Kesisoglu invites the reader to think about the Syrian Armenians who need full attention and great amount of assistance. He suggests that the whole amount of this year's telethon be given to the devastated Syrian Armenians. “It is high time that Armenia's oligarchs make donations instead of investing their capitals in the Belarus, Baltic countries and in Batumi”, he says.
Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գոհաբանութեան օր է։ Ինչպէս ամէն տարի, այսօր ալ Թէլէթոն մը տեղի պիտի ունենայ եւ Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ դրամ պիտի հաւաքուի Հայաստանի գիւղերուն ի նպաստ։
Տարիներէ ի վեր Հայաստանի եւ Արցախի համար մեծ գումարներ հաւաքուած են։ Քանի մը տարի առաջ 25 միլիոն տոլար հաւաքուեցաւ։ Այդ դրամով Արցախի Հիւսիս֊Հարաւ մայրուղին պիտի կառուցուէր։ Այդ ճամբան տակաւին չէ կառուցուած։
Նոյնպէս Հայաստանի գիւղերուն ջրամատակարարման համար հարիւր հազարներով տոլար հաւաքուեցաւ։ Բայց որովհետեւ Հայաստանցի գիւղացին ամէն ինչ պետութենէն կը սպասէ, գիւղերու համար զետեղելի ջուրի խողովակներու շինութեան եւս գիւղացիները մասնակցութիւն չբերին եւ միայն հանդիսատեսի դիրք գրաւեցին։
Մինչեւ այսօր շատ ալ յստակ չէ թէ հաւաքուած գումարները ի՞նչ ձեւով ծախսուեցան։ Լոս Անճէլըսի մէջ կարգ մը շշուկներ կը շրջին, որոնց համաձայն կարգ մը բարերարներ երկու տարի աոաջ իրենց խոստացած գումարները տակաւին չեն վճարած։ Հայաստան հիմնադրամը ասոնց անունները հրատարակել չ՚ուզեր, ոըպէսզի միւս նուիրատուներուն անհանգստութիւն չպատճառէ։ Այնուհանդերձ յստակ հաշուետուութիւն չէ կատարուած մինչեւ այսօր թէլէթոնով հաւաքուած գումարներու մասին։ Դրամ հաւաքելը լաւ է, բայց ծախսերուն ալ պէտք է ուշադրութիւն ընել։
Բայց այս տարի բացառիկ վիճակ մը կայ։ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր եղբայրները շատ վատ վիճակի մէջ են եւ լաւ պիտի ըլլար որ այս տարուան թէլէթոնի ընդհանուր գումարը տրամադրուէր Սուրիոյ հայերու կարիքներուն։ Արդէն տարիներէ ի վեր ?ամէն բան Հայաստանի համար? ըսելով Սփիւռքը մէկ կողմ դրուեցաւ։ Հիմա ժամանակը եկած է որ Հայաստանի ?օլիկարշինեըը? եւս իրենց քսակները բանան, փոխանակ Սպիտակ Ռուսաստանի, Պալթեան երկիրներու եւ Պաթումի մէջ ներդրումներ ընելու։
Յուսանք որ Մայր Աթոռն ալ վերջին վայրկեանին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ եւ կը պահանջէ որ հայկական հիմնադրամի այս տարուան գումարները տրամադրուին սուրիահայերուն պահանջներուն։ Ամէն հայու պարտականութիւնն է այս ?սեւ? օրերուն օգնել հալէպահայերուն, որոնք Սփիւռքահայութեան մշակոյթի կարեւոր կեդրոններէն մէկը կը ներկայացնեն։
Անգամ մը եւս կ՚ըսենք, որ Հայաստան հիմնադրամը պէտք է այս տարուան թէլէթոնի գումարները ?ամբողջովին? յատկացնէ Սուրիահայերու օգնութեան։
Յօդուածը լոյս տեսած է Պոլսոյ Մարմարա օրաթերթի 22 Նոյեմբեր 2012-ի համարին մէջ: Ազատ-Հայ կայքին մէջ լոյս կը տեսնէ հեղինակին հաւանութեամբ: