• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ի՞նչ ընել՝ Հալէպը փրկելու համար

November 18, 2012
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Ի՞նչ ընել՝ Հալէպը փրկելու համար</FONT>


Levon Sharoyan reports about a round table discussion that took place on 11 November 2012 in Aleppo, with the participation of the intellectualls of the Armenian community.


(Խորհրդաժողովի մը հետքերով)


Լեւոն Շառոյեան


?Ի՞նչպիսի վտանգաւոր փորձութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի հալէպահայութիւնը այսօր եւ ի՞նչ կրնայ ընել մասնաւորաբար մտաւորականութիւնը՝ տագնապը կամ աղէտը շրջանցելու համար?։


Առաւելաբար ա՛յս հարցումին է որ պատասխան մը փորձեցին գտնել այն յիսուն հրաւիրեալները, որոնք համախմբուեցան Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժող. Տան ?Լեւոն Շանթ? սրահին մէջ, Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2012ին։


Խորհրդաժողովին նախաձեռնարկ եղած ու զայն կազմակերպած էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը։ Ներկայ յիսուն մասնակիցներուն միջեւ կային գրչի սպասաւորներ, լրագրողներ, հայերէնաւանդ ուսուցիչներ կամ կրթական մշակներ, արուեստագէտներ, մշակութային միութիւններու պատասխանատուներ։ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Շահան Եպս. Սարգիսեան ձեռնարկին սկիզբէն իսկ ներկայութիւն բերաւ խորհրդաժողովին ու երբեմն՝ համադրեց օրակարգի բերուած կարծիքները։


Ձեռնարկին բացումէն առաջ՝ ներկաները դիտեցին գունաւոր մեծածաւալ այն 40-ի չափ լուսանկարները, որոնք տեղադրուած էին պատկերակալներու վրայ, եւ որոնք գաղափար մը կու տային վերջին չորս ամիսներուն Հալէպի հայահոծ թաղամասերուն ենթարկուած ահաւոր աւերներուն մասին.- Քանդուած ու փլատակ շէնքեր, խորտակուած վաճառատուներ, գնդակոծութիւններէ եւ հրթիռարձակումներէ վնասուած թաղեր, կմախացած ինքնաշարժներ, հրկիզուած աղօթատեղիներ, ծուխերով պատած երկինք, ու այս բոլորին մէջ ու ամէն տեղ՝ խուճապահար մարդիկ։


Կարծէք պատերազմական արհեստավարժ լուսանկարիչի մը գործերը ըլլային ասոնք, որոնք կը պատկանէին արուեստագէտ Արտօ Համբարձումեանին, որ նաեւ՝ Համազգայինի ատենապետի հանգամանքով՝ կատարեց խորհրդաժողովին բացումը։ Զրուցավարութիւնը վստահուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Պր. Գրիգոր Տունկեանին։


Նախ, կարճ ելոյթ մը ունեցաւ Շահան Սրբազան, որ շեշտը դրաւ երկու հիմնական կէտերու վրայ.- Նախ, համոզուիլ որ առկայ դժուարութիւնները միայն հալէպահայութեան չեն պատկանիր, այլ՝ բոլո՛ր սուրիացիներուն։ Ապա՝ ?հարկ է այս տագնապին ընդմէջէն սուրիահայ կամ սուրիական նո՛ր մշակոյթ մը յառաջացնել, այսինքն՝ գոյութեան նոր եղանակ մը, նոր ոճ մը, ապրելու նոր կերպ մը?։


Այնուհետեւ, հերթաբար ներկայացուեցան այն չորս զեկոյցները, որոնք դրուած էին օրակարգին վրայ եւ որոնց շուրջ իրենց մտորումները պիտի յայտնէին ներկաները։


Առաջին զեկուցաբերն էր ?Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմին?ի անդամներէն Րաֆֆի Աւետիսեան, որ հետաքրքրական տուեալներ փոխանցեց Սուրիոյ տագնապին առիթով յառաջացած վերոնշեալ մարմինին ընթացիկ աշխատանքներուն, իրագործումներուն կամ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Ան յայտնեց որ այս մարմինին բաղկացուցիչ մասերն են հայ երեք յարանուանութիւնները, երեք կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական երկու մեծագոյն միութիւնները (Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն՝ ՀԲԸՄ եւ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչ՝ ՍՕԽ)։ Առկայ տուեալներով, դէպքերու սկիզբէն ցայսօր՝ հալէպահայութիւնը տուած է 40 զոհ եւ 66 վիրաւոր։ Կան 7 առեւանգեալներ եւ երկու անյայտ կորած բանակային զինուորներ։ Շուրջ 200 բնակարաններ ծանր կամ մասնակի վնասներու եթարկուած են, մեծ է նաեւ թիւը աւերուած կամ թալանուած աշխատատեղիներու, փճացած ինքնաշարժերու։


Անշարժ գոյքերու վնասները դժուար է դիմագրաւել, սակայն Շտապ Օգնութեան Մարմինը կ՛աշխատի տուժածներուն գէթ կենցաղային կարիքները գոհացնել։ Ցարդ բաժնուած են 2850 սննդակողովներ, բնակութեան սենեակներ տրամադրուած են այն ընտանիքներուն՝ որոնց տուները կը գտնուէին խիստ անապահով վայրերու մէջ։ Չէ զլացուած բժշկական խնամքն ալ։ Հայախիտ թաղամասերու մէջ (Նոր Գիւղ եւ Վիլլաներ) կամաւոր հայ տղաք գիշեր-ցերեկ կը հսկեն ազգապատկան հաստատութիւններու (եկեղեցի, դպրոց, ակումբ) ապահովութեան վրայ։ Հայաստանէն օդանաւով ուղարկուած են օժանդակութիւններ, դրամահաւաք կը կատարուի Սփիւռքի գաղութներուն մէջ ալ։


Երկրորդ զեկոյցը պէտք է կարդացուէր արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանի կողմէ, որ սակայն կը բացակայէր բանաւոր պատճառով մը։ Ան խորհրդաժողովին յղած էր սակայն  ամփոփ գիր մը, ուր կը բացատրէր թէ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մշակոյթի գործիչներու եւ միութիւններու դերը՝ Հալէպի ներկայ տագնապին մէջ։ Թոքմաճեան (որուն գիրը փոխանորդաբար կարդացուեցաւ օր. Էմմա Ազարիկեանի կողմէ) չէր ուզեր յոռետես ըլլալ Հալէպի գաղութին ապագային առընչութեամբ, այլ նկատել կու տար որ ?ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան?։ Ան քաղաքիս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Սարեան նկարչական ակադեմիայի ու Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի վերաբացումն ալ օրինակ բերելով (զոյգ հաստատութիւնները վերսկսան իրենց դասաւանդութիւններուն Նոյեմբերի սկիզբը), յոյս կը յայտնէր որ համայնքային ու մշակութային կեանքը պիտի չխամրի ու գաղութը պիտի վերագտնէ իր երբեմնի կենսունակութինը։


Երրորդ զեկուցաբերն էր հրապարակագրուհի եւ վաստակաշատ թարգմանչուհի Օր. Հուրի Ազէզեան, որուն զեկոյցը լուսարձակ կը բանար սուրիահայութեան մշակութային ժառանգութեան ու անոր պահպանման խնդիրներուն վրայ։


?Մշակութային ժառանգութիւն? տարազին տակ զեկուցաբերը նկատի ունէր գաղութին եկեղեցիները, յուշարձանները, գերեզմանատուն, թանգարան, արխիւատուն, ձեռագիրներու կամ հնատիպ գիրքերու հաւաքածոներ, մատենադարաններ եւայլն։ Ան կը նշէր որ Հալէպի հայ գաղութը միջին դարերուն գոյութիւն ունէր արդէն իբրեւ ծաղկուն համայնք ու առաջնորդանիստ Ս.Քառասուն Մանկանց եկեղեցին կը յիշատակուի ԺԵ. դարէն իսկ։ Սուրիոյ տարածքին, ներկայիս, կը գործեն 22 Հայ Առաքելական եկեղեցիներ, ոմանք՝ հնագիտական արժէքով, շատեր՝ թանկարժէք սրբապատկերներով ու եկեղեցական իրերով հարուստ։ Դարերու կամ տասնամեակներու ընթացքին ստեղծուած այս բոլոր հարստութիւններուն մասին պատմական ու թուական մանրամասն տուեալներ փոխանցելով՝ Ազէզեան նշեց որ պարտականութիւնն ունինք անեղծ պահելու մեզի կտակուած այս աւանդները, օգտագործելով ժամանակակից արդիական միջոցներ, որպէսզի անոնք փճանալով կուլ չերթան անակնկալ աղէտներու կամ  քանդիչ պատերազմներու։


Չորրորդ ու վերջին զեկուցաբերն էր տեղական արաբական լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրող Սարգիս Գասարճեան, որ պարզեց իր հայեացքը՝ տարաբնոյթ լրատուամիջոցներու ճամբով հալէպահայութեան կացութիւնը պարզելու առընչութեամբ։ Ան նկատել տուաւ որ համացանցային լրատուներու եւ նոյնիսկ թերթերու կողմէ յաճախ անճիշդ տուեալներ կը փոխանցուին երկրին մէջ ընթացող պատերազմին մասին, սխալն ու իրաւը երբեմն իրար կը խառնուին։ Շեշտուեցաւ որ զգօն ու հեռատես պէտք է ըլլալ ո՛չ միայն լրատուական մարզին մէջ, այլեւ՝ առհասարակ, հեռու մնալով կողմնապահութենէ, թերեւս որդեգրելով ?Դրական չէզոքութեան? այն տարբերակը՝ զոր կիրարկեցին լիբանանահայերը, իրենց քաղաքացիական տասնեւհինգամեայ պատերազմին տեւողութեան։ Այս նիւթին շուրջ արտայայտուեցաւ նաեւ հայաստանեան ?Փան-Արմինիըն մէտիա?ի պատասխանատուներէն Արման Սաղաթէլեան։


Այս բոլոր զեկոյցներուն յաջորդեցին քննարկումի պահեր՝ ներկաներուն կողմէ կատարուած հարցադրումներով։ Այս բաժինը, սկզբունքով, ամէնէն շահեկանը պէտք է ըլլար, քանի որ կարծիքներու այլազանութիւնն ու բախումը կրնան երեւան հանել բազմաթիւ թաքուն մտահոգութիւններ ու կը բիւրեղացնեն որդեգրուելիք ?ազգային մարտավարութիւն?ը՝ գաղութը օղակող աննախընթաց այս տագնապը դիմագրաւելու ու անկէ նուազագոյն վնասով դուրս գալու իմաստով։


Դժբախտաբար սակայն, ինչպէս յաճախ կը պատահի նման առիթներով, ներկաներուն մեծամասնութիւնը նախընտրեց մնալ ունկնդիրի կրաւորական դերին մէջ, թերեւս զգուշանալով կարծիք յայտնելէ կամ բարձրաձայն մտածելէ, թերեւս ալ ըսելիք բան չունենալով…։


Այնուհանդերձ, արտայայտուած որոշ կարծիքներ կամ մտորումներ դուռ բացին շահեկան վիճարկումներու։


Զորօրինակ, Հայաստանէն հասած օժանդակութեան առընչութեամբ՝ երբ ըսուեցաւ թէ ատկէ փոքր բաժին մըն ալ կը տրամադրուի ոչ-հայ կարօտեալներու, ներկաներէն մին իրաւացիօրէն առաջարկեց որ Շտապի Մարմինը անձամբ երթայ արաբաբնակ թաղեր եւ ուղղակի կարօտեալներուն յանձնէ հայ համայնքին անունով բաշխուող օգնութիւնը։ Այսպիսի մարդասիրական ձեռնտուութիւն մը, այս օրերուն, շատ բարերար ազդեցութիւն պիտի ունենար միջ-համայնքային փխրուն յարաբերութիւններուն վրայ ու գտնէր դրական արձագանգ։


Ուրիշ մը նկատել տուաւ, որ հակառակ Հալէպէն կատարուած արտագաղթին, գաղութին սիրտը դեռ կը տրոփէ։ Ընթացիկ տարուան սկիզբէն ցայսօր՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ կատարուեր էր 85 մկրտութիւն եւ 77 պսակ։


Ուրիշներ արտայայտուեցան համացանցային դիմատետրերու (facebook) մէջ հալէպահայոց վերաբերեալ ?ապատեղեկատուական հոսք?ի մը մասին, ծանրօրէն քննադատելով հոն երեւցող բոլոր այն ազատ կարծիքները՝ որոնք Սուրիոյ քաղաքական տագնապին մէջ կը հակադրուին իշխանամէտ շրջանակին, այլ խօսքով՝ կը կանգնին ?ընդդիմադիր? դիրքերու ետին։ Հոս սակայն, ինքնաբերաբար գլուխ կը ցցէր անխուսափելի հարցումը.- Ինչո՞ւ ուրեմն կը խօսինք ?Դրական չէզոքութեան? մասին ու զայն կ՛առաջարկենք որպէս ապահովագոյն կողմնացոյց։ 


Շուրջ չորս ժամ տեւող այս խորհրդաժողովը վերջ գտաւ առաջնորդ Շահան եպիսկոպոսի շատ հրահանգիչ ու թելադրական եզրափակիչ ելոյթով։ Իբրեւ հալէպահայոց հոգեւոր ու համայնքային պետը, յայտնի էր որ Սրբազանը խորապէս կը տագնապէր գաղութը ցնցող բազմապիսի բարդ խնդիրներով ու յստակ պատկերացում մը ունէր դժուարութիւնները բառնալու մասին։


Ան առաջին հերթին նկատել տուաւ որ Հալէպը պահպանողական գաղութ մըն է, ունի քիչ մը ?վախկոտ? հաւաքականութիւն մը, որ կը խուսափի յանդուգն կեցուածքներէ։ Տագնապին առթիւ երեւցող շփոթն ու խուճապը հո՛նկէ կու գայ։ Այսուհանդերձ, անիկա քաղաքին քրիստոնեայ 11 համայնքներուն մէջ ամէնէն կազմակերպեալն է ու աշխոյժը։


Շահան Սրբազան կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ սուրիահայութիւնը երկրին բաղկացուցիչ պիտանի տարրերէն մէկն է, այսօր կը բաժնեկցի երկիրը սարսող աղէտին, բայց նաեւ՝ չ՚ուզեր հրաժարիլ անոր ապագային մէջ իրեն սահմանուած պարտաւորութիւններէն։ ?Աւերածութիւններէն ետք հարկ է վերանորոգուիլ ու ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹ մը յառաջացնել?, կրկնեց ան, հարց տալով նաեւ, թէ հայութեան ցաւերէն անդին՝ հասկացողութիւն կը ցուցաբերե՞նք արդեօք մեր դիմացիններուն (իմա՝ երկրին բաղկացուցիչ միւս տարրերուն) վիճակին նկատմամբ։


Յետոյ ադրադառնալով Սուրիոյ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր հոսանքներուն միջեւ ?ճզմուելու? վտանգին, Շահան Սրբազան յիշեցուց որ հայ համայնքը ?կողմ? չէ, այլ երկու հոսանքներէն անդին՝ ԵՐՐՈՐԴ ԿԱՐԾԻՔԻ մը տէրն է, ու ատոր համար ալ դժուարութիւններու կրնայ հանդիպիլ։ ?Մենք այս կամ այն կողմին հետ չենք. մենք մե՛ր կողմն ենք? ըսաւ ան, ու յորդորեց հեռու մնալ այնպիսի կողմնակալութիւններէ՝ որոնք կրնան գաղութին Ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ վտանգի ենթարկել։


Խորհրդաժողովի աւարտին, Համազգայինի կողմէ ներկաներուն բաժնուեցաւ Յակոբ Օշականի ?Համապատկեր?էն կազմուած հատոր մը՝ ?Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան . վկայութիւններ եւ քերթուածներ? խորագրով, տպուած՝ Հալէպ, 2008-ին, Ֆրանսահայ տարաբախտ բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանի խմբագրութեամբ։


Յօդուածը լոյս տեսած է Պոլսոյ ?Մարմարա? օրաթերթին մէջ 17 Նոյեմբեր 2012ին: Ազատ-Հայ կայքին մէջ լոյս կը տեսնէ հեղինակին հաւանութեամբ:


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԹէլէթոնի այսօրուան գումարը պէտք է յատկացուի Սուրիահայերու օգնութեան
Older PostRemembering the Armenians at Borodino battle

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Սևանա լճի աղտոտվածության մասին պատմում են հանգստացողները

item-thumbnail

Ավստրալիայի և Նոր Զելանդիայի Հայոց թեմի, Ավստրալիայի Արևելյան Ուղղափառ և Արևելյան Կաթոլիկ եկեղեցիների առաջնորդներն այցելեցին նախարարություն

item-thumbnail

«ՔԱՅԼ ԴԵՊԻ ՏՈՒՆ» ծրագրի հյուրընկալ ընտանիքների համար նախատեսված հայտադիմում

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll