
Marmara newspaper describes the dire situation in which the population of Aleppo is living. The city witnesses its worst humanitarian crisis since the beginning of the events: no bread, no electricty and no life.
Հալէպի մէջ հաց չկայ, ելեքտրականութիւն չկայ, կեանք չկայ
Աւելի քան տասը օրէ Հալէպ ու հալէպցիք կ'ապրին իսկապէս աննախընթաց տագնապ մը՝ զրկուած ըլլալով բնականոն կեանքի մը ամէնէն տարրական ու անհրաժեշտ պահանջքներէն։
Կենցաղային զրկանքները կը յաջորդեն մէկը միւսին։ Երբեմն՝ բոլո՛ր զրկանքները միասնաբար կու գան ու իրենց ծանր թաթին տակ կը ճնշեն ու կը մաշեցնեն Հալէպի չորս միլիոն բնակիչները։
Մինչ հացի սուր տագնապը դեռ կը յամենար, վերջին տասը օրերուն Հալէպ եւ շրջակայքը տառապեցան (ու կը թուի թէ տակաւին երկա՜ր պիտի տառապին) ելեքտրական հոսանքի չգոյութենէ։ Ձմրան արդէն իսկ ցրտաշունչ այս օրերուն՝ օրուան 24 ժամերուն վրայ հազիւ 2-4 ժամ ելեքտրականութիւն կը տրուի քաղաքացիներուն։ Այլ խօսքով, մարդիկ իրենց բոլոր ժամերը կ'անցընեն մութի ու խաւարի տիրապետութեան տակ, առանց ստեղծագործական որեւէ աշխատանքի։ Պարզապէս կծկուած նստելով ջեռուցումէ զուրկ իրենց տուներուն մէկ անկիւնը, ձեռնածալ ու ձեռնաթափ։
Քաղաքին շուկաները, որոնք պատերազմական վիճակին բերումով ամիսներէ ի վեր արդէն իսկ կորսնցուցեր էին իրենց երբեմնի նախանձելի կենսունակութիւնը, հիմա ալ զոհն են ելեքտրական հոսանքին սպաննիչ քմայքին։ Հալէպ մեռեալ քաղաք մըն է այլեւս՝ զինուորական անցարգելներով ու աւազապարկերով փակուած փողոցներով, ամէն դի շրջող բանակային կամ օժանդակ վարձկան զինեալներով, փակ դպրոցներով (ուր խռնուած են բազմահազար գաղթական ընտանիքներ եւ անտուն դարձած խլեակներ), ցուրտ բնակարաններով, մութ խանութներով, հոն նստող մտահոգ ու յուսալքուած վաճառորդներով ու Աստուծմէ փրկութեան յոյս աղերսող շուարուն քաղաքացիներով։
Հացի անդարմանելի մնացած տագնապին ու վառելանիւթի (մազութ, պէնզին եւ կազ) բացարձակ չգոյութեան ներկայ իրավիճակին մէջ՝ ելեքտրական հոսանքը վերածուեր էր այն միակ փրկութեան լաստին, որուն կ'ապաւինէր քաղաքացին իր առօրեան կարգաւորելու համար։ Ելեքտրականութեամբ բանող կրակարաններով կը ջանար տաքցնել իր տունը, ելեքտրական փուռերով կ'եփեր իր ճաշերը, ելեքտրական հոսանքով կը տաքցնէր իր բաղնիքին ջուրը։ Հիմա այդ կարելիութիւնն ալ առնուած է իր ձեռքէն։
Իրաց այս կացութեան մէջ՝ Հալէպի փողոցներուն մէջ յաճախակիօրէն կարելի է տեսնել պատանի տղաք, որոնք մայթերու ծառերը կը կտրեն սղոցով, տաքնալու համար փայտ ապահովելու դիտումով։ Ամէնէն առատ ծախուող ապրանքներու շարքին են ածուխը, կանթեղը, մոմը, ձեռնոցները, հաստ գուլպաները, բուրդէ ծածկոցները։ Ժողովուրդը կ'ըսէ թէ ?մեզ վերադարձուցին նախնադարեան շրջանին?։
Հացի տագնապը կը շարունակուի նոյն սաստկութեամբ՝ երրորդ շաբաթն ըլլալով։ Փուռերուն ջախջախիջ տոկոսը չի բանիր՝ վառելանիւթի եւ ալիւրի չգոյութեան պատճառով։ Կապոց մը հացը սեւ շուկայի մէջ կը ծախուի 200 սուրիական թղթոսկիի՝ երբ անոր պաշտօնական գինն էր լոկ 15 թղթոսկի։
Հայկական ճակատի վրայ՝ Նոր գիւղ հայահոծ թաղամասը, մեծ մասամբ, կը շարունակէ մնալ անբնակելի շրջան։ Այնտեղի հայերը առհասարակ լքած են իրենց տունն ու տեղը ու փոխադրուած են աւելի ապահով վայրեր։ Թաղամասին պողոտաներուն վրայ անդադար կ'երթեւեկեն վիթխարի հրասայլեր ու կը ռմբակոծեն սահմանակից այն միւս թաղամասերը՝ ուր կ'ըսուի թէ (ըստ պաշտօնական անփոփոխ բացատրութեան) ?ահաբեկիչներ? ապաստանած են։ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի պողոտային վրայ ո՛չ մէկ խանութ բաց է չորսուկէս ամիսէ իվեր։ Անոր մերձակայ հայաբնակ թաղեր կան՝ ուր ճիշդ մէկ ամիսէ ելեքտրական հոսանք հասած չէ, երբեմն ալ՝ ջուրի հոսքը կը դադրի։
Ահաւոր ու աննկարագրելի է վիճակը դրացի Պոսթան Փաշա եւ Արղուպ թաղամասերուն մէջ, որոնք ամիսներ շարունակ ենթակայ մնացին օդային ու ցամաքային գնդակոծութեանց ու հրթիռարձակումներու։
Ականատեսներ կը վկայեն, թէ այդտեղի թաղերը աւերիչ երկրաշարժի ենթարկուած քաղաքամասերու կը նմանին։ Այս թաղամասերուն մէջ հարիւրաւոր արհեստաւոր հայեր ունէին փոքր կամ մեծ արհեստանոցներ, վաճառատեղիներ կամ արհեստագիտական ճոխ մթերանոցներ։ Այս գործատեղիներուն մէկ մասը քանդուած է՝ կոյր ռմբակոծումներուն հետեւանքով, միլիոնաւոր վնասներ պատճառելով անոնց տէրերուն։ Հարիւրաւոր խանութներ ալ կողոպտուած-թալանուած են, յաճախ՝ բանակային միաւորներու ալ օրհնութեամբ կամ մասնակցութեամբ։
Հայկական ճակատի վրայ, ուշադրութիւն գրաւեց Պէյրութի ?Զարթօնք? օրաթերթին լոյս ընծայած այն հարցազրոյցը (Դեկտեմբեր 12), որ կատարուած էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ, Նիւ Ճըրզիի մէջ։
Պատասխանելով լրագրող Յ. Վարդիվառեանի հարցումներուն, Արմաշ Սրբազան շատ ճիշդ մերձեցումով կը նշէր որ ?այս հակամարտութիւնը կրօնական չէ, թէեւ ոմանք կը փորձեն անոր կրօնական զգեստ հագցնել։ Այս հակամարտութիւնը ուղղուած չէ քրիստոնեաներու դէմ, եւ հետեւաբար ուղղուած չէ հայերու?։
Բնականաբար, այս տարի ?երազային? Հալէպը Կաղանդ չունի։ Երեխաներն ու մանուկներն անգամ կը խուսափին Կաղանդի խօսքն ընելէ՝ գիտակցելով որ ?անբնական? մթնոլորտ կայ չորս դին ու Կաղանդ Պապան չի կրնար ժամանել։ Տուներէ ներս ո՛չ ոք կաղանդի ծառ շտկած է։
Արդէն, եթէ այդ ծառը շտկուի իսկ՝ զրկուած պիտի մնայ իր գունազարդ լուսաւորումէն։ Որովհետեւ ելեքտրականութիւն չկայ։
Մարմարա, Պոլիս, 20 Դեկտեմբեր 2012