
Հրաչ Քալսահակեան
Hrach Kalsahakian criticizes the fact that some of the people who risked their lives to save the Armenians from the Old People's Home in an endangered location in Aleppo, were not acknowledged for their act of bravery, rather others got the credit.
Բոլորս կը յիշենք այն երկարապատում գովքերը որ հիւսեցինք մեր հերոս տղաներուն մասին, որոնք ամէն ինչ անտեսած հասան Ծերանոցի մէջ առանձին մնացած ծերերուն օգնութեան եւ տեղափոխեցին զանոնք Պոստան Փաշայի վտանգաւոր ու կիսակործան վայրերէն դէպի ապահով վայրեր: Գիտենք այդ պատմութիւնները եւ լսած ենք այդ խիզախութիւններուն մասին: Հիմա նաեւ լրիւ մէկ էջ ալ տեսանք Շտապ Օգնութեան Մարմնի նորաստեղծ կայքին մէջ ուր այդ արարքները պատկերազարդ կերպով կը ցուցադրուին:
Հայերէնով գրուած խօսքերը միայն մենք հայերս կրնանք կարդալ, սակայն նկարները նաեւ ոչ-հայախօսները կրնան տեսնել եւ քիչ թէ շատ բան մը հասկնալ: Եւ ահա գտնուեցան մարդիկ որոնք մեծ զարմանքով տեսան այդ նկարները: Ինչո՞ւ: Արդեօք որովհետեւ իրե՞նք ալ հիացած էին այդ տղոց քաջագործութիւններուն վրայ:
Հիմա տեսնենք թէ ինչպէս դէպքերը զարգացան այդ օր:
Շտապ Օգնութեան Մարմնի պատասխանատու անդամ մը կը դիմէ Ժէզուիթներու փախստականներու օգնութեան ծառայութեան պատասխանատուին խնդրելով որ անպայման ձեւ մը գտնուի մեր ծերերը ազատելու այդ շրջանէն: Ժէզուիթներու պատասխանատուն քանի մը հոգի կ'ընտրէ իր անմիջական օգնականներէն (որոնք զանազան կրօնական եւ ազգային պատկանելիութիւններ ունեցող կամաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ են) եւ կը պատուիրէ անպայման օգնել հայերուն: Այդ նպատակին համար կ'ապահովէ նաեւ փոխադրական միջոց (մէկ պաս եւ երկու սուզուքի):
Հայերուն կողմէ միայն մէկ հոգի կրցած է միանալ այս առաքելութեան եւ ան վերադարձի ճամբուն վրայ անընդհատ շնորհակալութիւն յայտնած է անձնուրաց կամաւոր տղոց: Տեղ հասնելէ ետք սակայն, ոչ մէկ յիշատակութիւն եղած է այս տղոց կատարած օգնութեան մասին, ոչ իսկ յաջորդ օրերուն (հոս արդէն կրնաք դիտել վարի լինքին մէջի նկարները, տեսնելու համար պատմութեան այն կէսը, որ պատրաստուած է հայ ընթերցողին համար):
Փաստօրէն ?օտար? կամաւոր տղաքը տէր կանգնած են մեր ծերերուն: Մեր տղաքը մէջտեղ նետուած են միայն երբ պասը հասած է հայկական կեդրոն: Աւելին, նախքան կեդրոն հասնիլը, ճամբու անցարգելներու վրայ դիրք գրաւած կարգ մը հայ երիտասարդներ (շապպիհա) կանգնեցուցած եւ մանրակրկիտ հարցաքննութեան ենթարկած են մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն փոխադրող այս կամաւորներուն:
Այո, այդ տղաքը հայերէն չեն հասկնար, բայց կը տեսնեն նկարները, կը տեսնեն տեսանիւթերը եւ անոնց հիման վրայ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնները: Անոնք վարկանիշի պէտք չունին ի հարկէ, քանի որ իրենց կեանքը զոհելու գնով գացած էին ծերերը ազատելու, այնպիսի պայմաններու տակ, երբ հայերուն կողմէ միայն մէկ հոգի յանդգնութիւն ունեցած էր իրենց ընկերանալու: Արդեօք ո՞ւր էին հայ ակումբային երիտասարդները, որոնք մէջտեղ կ'ելլեն երբ Հայաստանէն լրագրող մը յայտնուի կամ երբ ֆօթօ Վէնիւսը իր լուսանկարչական սարքով հրապարակ իջնէ:
Ինչո՞ւ մենք պիտի անտեսենք վտանգը ստանձնած օտար կամաւոր երիտասարդներուն զոհողութիւնը: Անոնք մէկ անգամ գործածուելու համա՞ր ստեղծուած են: Մարդկային յարաբերութիւնները չե՞ն պահանջեր որ ըլլանք փափկանկատ, ազնիւ եւ … երախտապարտ:
Որքա՞ն արդար է ուրիշներուն հաշւոյն հերոսանալը: