Moments and thoughts in the wake of the 100th anniversary of the Armenian Genocide in 2015
Author Aram Sepetjian believes that time has come to establish a Pan-Armenian representative body with the participation of all Armenian elements (inside and outside Armenia). This body, initiated by the Armenian State, would create a “Unified Council” of Diaspora Armenians, under the umbrella of the Armenian National Assembly (Parliament). This step would elevate the struggle for the recognition of the Armenian Genocide and other Armenian demands into a higher and more solid platform.
Արամ Սեփեթճեան
?Ապրիլ? ամիս է կրկին, ու Մահուան տարելի՞ց…:
– ՈՉ, կը պատասխանեմ ես ինծի, այլ… ?ԿՈՉԵՄ ԱՊՐՈՂԱՑ…?
Ամէն տարի Ապրիլ ամիսին, ներքին ուխտագնացութիւն մը կը կատարեմ դէպի Անհունը: Ծանօթ եւ անծանօթ ներքին ուժեր կ՛աղմկեն ներաշխարհիս մէջ: Մերթ կը վերյայտնուին իբրեւ պատկեր ու խոհեր… մերթ՝ դասական երաժշտութիւն, հատուածներ հոգեհանգստեան համանուագներէ կամ պատարագներէ…: Վիշտս կը քաղցրանայ կարծէք հոգիէս ներս, ու ես վերստին կ՛ապրիմ այն պահս, երբ, իբրեւ ուխտաւոր կը գտնուէի ճիշդ այն Հողին վրայ, որ 1915-1918 եղեր էր անշիրիմ գերեզմանատունը մեր մէկ միլիոն ու կէս նահատակներուն:
Տասնամեակները այսքա՞ն արագօրէն սահեցան ու մեզ հասցուցին Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շէմին: Ներաշխարհիս դուռը կը թակեն բազմախորհուրդ մտածումներ: Ազգովին, կանգնած ենք, բոլորս՝ սերունդներ տարագիր, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի շէմին, ու պիտի արտասանենք մեր դատապարտագիրը:
Մեծագո՛յնը եւ ծանրակշի՛ռը մեր կորուստին՝ ՀՈՂն էր հայրենի,- 90 առ հարիւր տոկոսը մեր պատմական հայրենիքին: Այնտեղ, իր բնօրրանին մէջ ապրող մեր նահատակներուն հետ՝ կորո՛ւստն է նաեւ մեր դարաւոր մշակութային ժառանգութեան:
100-ամեակի սեմին, մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք հետեւեալ հիմնական կէտերուն.
ա- Հայկական Դատին վերլուծումն ու քննութիւնը դուրս բերել ներազգային իմ նեղ պարունակէն ու յանձնել զայն մասնագէտ հայ թէ օտար իրաւաբաններէ կազմուած միջազգային չափանիշով յատուկ յանձնաժողովի մը: Երբ փոքր տարողութեամբ դատեր կ՛ունենան իրենց թղթածրարներն ու փաստաբանները, ինչո՞ւ չհետապնդենք մեր Դատը բարձրագոյն մակարդակով: Առ այդ, հարկ է կազմութիւնը Հայկական (հայրենի եւ արտերկրի) Իրաւաբանական Կաճառի մը, որ վայելէ նաեւ ճանաչումը միջազգային ատեաններուն, եւ այս Կաճառը պաշտօնապէս հետապնդէ մեր ազգային դատը:
բ- Արեւմտահայ տարագիր սերունդներու արդար իրաւունքներու պաշտպան ՄԻԱՑԵԱԼ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ մը կազմութիւնը աւելի՛ քան երբեք, անհրաժեշտ է այսօր, կոչուած ներկայացնելու եւ հետապնդելու մեր պատմական կորուստները: Այսինքն՝ եկած է ժամանակը ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ:
Այս առաջին փորձին նախաձեռնութիւնը պիտի գայ հայրենի պետութեան կողմէ: Ան է որ Ազգային Ժողովին առընթեր սփիւռքահայ ներկայացուցչական մարմին մը պէտք է ստեղծէ իր յատուկ ծրագրաւորումով եւ առաքելութեամբ: Հայ ժողովուրդին դարաւոր պահանջքին ու դատին իրաւատէրը հայրենի պետականութիւնն է, որուն պատմական հողերէն բռնօրէն տեղահանուած արեւմտահայութեան ժառանգորդն է սփիւռքահայութիւնը:
Անհրաժեշտ է վերամիաւորումը մեր ազգային բաղադրատարրերուն,- առանց գերակայութեան թէ ստորակայութեան զգայնութիւններու եւ բարդոյթներու,- հարկ է որ համախմբէ սփիւռքահայութիւնը, որուն ներկայացուցչական միացեալ խորհուրդն է որ իր լիիրաւ մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ազգային Գերագոյն Ժողովին, հայրենի պետութեան հովանիին ներքեւ:
Հայրենի Պետութիւնը, ի՛նք պիտի ըլլայ միակն ու առաջինը՝ այս ?կանաչ ազդալոյս?ին նշանը տուող նոր համակարգին:
գ- Հայաստանի վերանկախացած պետականութեան առաջին քսանամեակին արձանագրուած սպիտակ արիւնահոսութիւնը՝ իմա՛ ԱՐՏԱԳԱՂԹը, 1990-ի 3.75 միլիոն ազգաբնակչութեան թիւին նուազումով հասած է մերօրեայ 2.5 միլիոնի: Բայց եթէ, կը հաւատանք ՀԱՅՈՒՆ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, մեզի համար պարտադիր է մեր աչքերը յառել ԱԶԳԱՀԱՒԱՔԻ կենարար ՈՒԺին, ու հնգամեայ փլաններով զայն հասցնել 5 միլիոն հայ ազգաբնակչութեան:
Ահաւասիկ մեծագոյնը մարտահրաւէրներուն, զոր կը դիմագրաւէ հայրենի պետականութիւնը այսօր:
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ներկայ հանգրուանը ճակատագրական ու բախտորոշ կրնայ հանդիսանալ հայ ժողովուրդին համար՝ ընդհանրապէս:
Այնքան դիւրահաւատ չենք, որ կարենանք երկու տարի ետք տեսնել ?Անկարելին՝ կարելի?:
Մենք ունինք համազգային տեսիլք ու տեսլական, որուն իրականացումին կը հաւատանք աննահանջ ՀԱՒԱՏՔով:
Մինչ այդ, պատրաստ ըլլանք դիմակալելու ամէն մարտահրաւէր ու զոհողութիւն, յանուն մեր անժամանցելի դատին եւ ապագայի յաղթանակին:
(Ամփոփուած տարբերակ)