• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ո՞վ է Հայը

May 7, 2010
A+ A-
Email Print


Article: Who is the Armenian? (in Armenian)
By
Vrej-Armen Artinian
Source: Horizon, Canadian Armenian weekly, issue 1610, 03 May 2010
Summary: The author asks the perennial question about the identity of the Armenians. He describes the positive and negative traits in the Armenian character, analyzes the Armenian identity, giving examples from the Diaspora and the motherland. Invites the readers to think more about the Armenian identity and to define it, following their own observations and experience. Finally, he tries to explore where identity flaws and strengths may eventually lead the Armenians.


Published in Azad-Hye by permission


Գրեց՝ Վրէժ-Արմէն


Ի՞նչ է Հոգի՛ն, Հայու Հոգին՝ կը հարցընեմ դեռ, աւա՜ղ,
Ու կը գտնեմ զայն ցեխի մէջ կիսաթաղ…
Բայց զերդ զինուոր մ՛որ կը կռուի անդադար՝
Ցեխն ալ, կ՛ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար
Եւ ընդմէջէն իր այդ ցեխին, սարսռագին
Կը համբուրեմ Հայու յոգնած, սո՜ւրբ Հոգին…։
Վահան Թէքէեան


Կարելի՞ է հարցնել՝ ո՞վ է Հայը եւ ստանալ գոհացուցիչ պատասխան:


Շատեր փորձած են, քերթողներ՝ Թէքէեանին, Սեւակին, Էմինին, կամ Համաստեղին նման, ներբողնե՜ր են նուիրած անոր: Սարոյեան, հայերէն գրել չգիտնալով հանդերձ, իր արձակով գծած է Հայու ուժեղ դիմանկար մը: Ուրիշներ կատակի են տուած, կէս մը հեգնելով, կէս մը խղճալով սահմանած են անոր ստորոգելիները:


Արդեօք բաւարար չե՞ն այդ բոլոր փորձերը: Արդե՞օք կ՚արժէ դարձեալ գրգռել մեր մտքերը, թուղթին յանձնել մեր մտորումները, որոնել մեր հոգիին խորերը, ճանչնալ մենք զմեզ, ճանչնալ աւելի' լաւ:


?Ծանիր զքեզ? ըսեր է մեծ փիլիսոփան: Եթէ ճիշդ է ատիկա անհատին պարագային, ճիշդ պէտք է ըլլայ նաեւ հաւաքականութեան պարագային, որ ի վերջոյ անհատներէ կազմուած է:


Ինքզինք լաւ ճանչցող անհատը աւելի լաւ կրնայ իրեն ուղղուած մարտահրաւէրները վերցնել, դժուարութիւնները յաղթահարել, նպատակները իրագործել: Նոյնը չէ՞ ազգի պարագային, որ լաւ հասկնալու է իր առաւելութիւններն ու տկարութիւնները, գիտակցելու է իր կարողութիւններուն եւ պակասութիւններուն:


Արդ, իրապէս ո՞վ է Հայը:


Է՞ արդեօք Աստուծոյ ընտրեալ այն ժողովուրդը, որուն սրբազան լերան վրայ հանգչած է Նոյան տապանը, որմէ եկած են մարդկութեան բոլոր սերունդները: Թէ ոչ Տիրոջ կողմէ մոռցուած ժողովուրդն է, որ ամենէն վերջինը իջած է տապանէն…


Արդեօ՞ք այն ժողովուրդն է, որուն երկիրը երկիրն է դրախտավայր, մարդկութեան օրրանը, որմէ սակայն քանիցս դուրս դրուեցան մեր նախահայրերն ու նախամայրերը, թէ ոչ այն ժողովուրդը որուն մնացորդներն ալ ?այս երկիրը երկիր չէ? ըսելով մինչեւ օրս անկէ դուրս կը ջանան ելլել:


Հայը ա՞յն է, որուն լեզուն այնքան հի՜ն է ու առնական, որ Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու լեզուն նկատուեր է (եւ որքա՜ն ուրախացանք վերջերս երբ գիտցուեցաւ, որ Էջմիածնէն Տիրոջ հեռաձայնելը անվճար է եղեր, քանի որ տեղական կանչ է, եւ ոչ միջ-քաղաքային կամ միջ-ցամաքային…), թէ ոչ այն է Հայը, որ ամեն վայրկեան իր լեզուէն հրաժարելու, զայն մոռնալու հակամէտ է դարերէ՜ ի վեր, մանաւանդ այսօր՝ իր մայրաքաղաքի ցուցանակներուն վրայ…:


Հայը ա՞ն է, որ իր ինքնութենէն չհրաժարելու համար պատրաստ է նահատակուելու, խաչուելու, թէ ան, որ գետնառիւծի (քամելեոնի) նման կրնայ գոյն փոխել ու ստանձնել որեւէ ազգութեան պատմուճան, անո'ր անունով ներկայանալ աշխարհին, անո'ր անունը բարձրացնել…


Ա՞ն է, որ գիտէ կռուիլ ու արեամբ տէր կանգնիլ իր հողին եւ իրաւունքին, թէ ա՞ն, որ ճամպրուկները միշտ պատրաստ՝ կրնայ լքել հողն ալ, իրաւունքն ալ…


Ո՞րն է, ի վերջոյ ճշմարիտ Հայը:


Ինչպէ՞ս հաւատանք, որ ան բարի, աշխատասէր ու պարկեշտ մարդն է, որ ամենուրեք իր առաքինութիւններով կը մատնանշուի, երբ նաեւ այնքան անօրինութիւն կրնայ գործել՝ առանց աշխատելու հարստանալու տենչով, այնքան անպարկեշտ ու օրինազանց գտնուիլ, եւ օտար երկիրներու բանտերու դառնալ բնակիչ:


Ճի՞շդ է, որ ընտանեկան սրբութիւնները եւ ընտանիքը հայ ժողովուրդի գոյութեան առանցքը կը հանդիսանան, ապա ինչպէ՞ս բացատրել քայքայուող ընտանեկան յարկերու հետզհետէ ահաւոր կերպով աճող թիւը…


Ճի՞շդ է, որ բազմահազարամեայ մեր մշակոյթով հպարտացող ազգ ենք, ապա ինչպէ՞ս բացատրել համատարած անտարբերութիւնը մեր ոչ միայն մշակութային ժառանգութեան, այլեւ այսօրուան մեր մշակութային ստեղծագործութիւններուն եւ ստեղծագործողներուն նկատմամբ…


Ճի՞շդ է, որ կը հաւատանք, որ ազգովին ենթարկուած ենք մեծագոյն անարդարութեան, ու կը յաւակնինք պայքարիլ յանուն արդարութեան յաղթանակին, ապա ինչպէ՞ս բացատրել մեր համարե՛ա բացակայութիւնը աշխարհի բեմերէն՝ ի պաշտպանութիւն արդարութեան՝ համայն մարդկութիւնը յուզող մեծ հարցերու պարագային, կամ այլ անարդարուած ժողովուրդներու դատերու պաշտպանութեան ի խնդիր…


Աշխարհն ու այլ ժողովուրդները մէկդի դնենք, մե'ր Դատին զինուորեալնե՞րը, մե'ր Դատին նեցուկ կանգնողնե՞րը ինչ համեմատութիւն կը ներկայացնեն մեր մէջ: Անո՞նք են հայերը, թէ ոչ անոնց հարիւրապատիկը թուաքանակ ներկայացնողները, որոնք իրենց սեփական շուքէն անդին չեն տեսներ…


Ո՞վ է Հայը ի վերջոյ:


Գաղափարական, նուիրեալ մարտի՞կը, որ պատրաստ է կեանքն իսկ նուիրաբերելու – այո', կան նմաններն ալ, որոնցպէսները կը հանգչին Եռաբլուրի, Ստեփանակերտի եւ բազմաթիւ այլ գերեզմանատուներու մէջ, հարիւրներով, հազարներով,- թէ այն միւսները, որոնք ոչինչ կ'ընեն, մա'տ իսկ չեն շարժեր իրենց պատկանելութիւնը արդարացնելու համար:


Ո՞վ է Հայը:


Կրնա՞ք ըսել…


Հորիզոն (1610), 03 Մայիս 2010, Գանատա






author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostWhat can happen in a rainy 24 April?
Older PostDigital photocopiers loaded with secrets

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Մեր եկեղեցին մարդոց գրաւելու կարողութիւն ունի՞. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Artyom Syunetsi talks about fashion trends in Armenia

item-thumbnail

«Շաբաթվա թեման» հաղորդման հյուրն է պլաստիկ վիրաբույժ Հենրիկ Հարութունյանը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll