• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հատուածներ Ներսէս Սարգիսեանի բանախօսութենէն

January 1, 2014
A+ A-
Email Print
<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Հատուածներ Ներսէս Սարգիսեանի բանախօսութենէն</FONT>

 


Հատուածներ Ներսէս Սարգիսեանի բանախօսութենէն Դաշնակցութեան 123 ամեակին նուիրուած հանդիսութեան Հալէպի մէջ


Nerses Sarkissian, a leader of ARF Aleppo explains the current situation of Aleppo Armenians and the measures his party has taken to serve the Armenian community in Aleppo.


– Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ մերօրեայ մարտահրաւէրներու ամէնէն այժմէականը ու հրատապը, որ կը ներկայանայ Դաշնակցութեան եւ համայն հայութեան դիմաց այսօր, Սուրիոյ տագնապի պատճառով ալեկոծուած սուրիահայ գաղութի վիճակը, հեռանկարն ու անոր սպառնացող վտանգներն են։ Գաղութ մը, որ արժանապէս ստացած էր ?Մայր Գաղութ? կոչումը։


– Երբ ալեկոծուեցաւ Սուրիոյ խաղաղ կեանքը, մենք ալ որպէս սուրիահայ գաղութ, կրեցինք այս փոթորկումի արհաւիրքները։ Ըմբոստութեան երեւոյթներով սկսած եւ անկէ անցնելով հասած մինչեւ զինեալ բախումներու փուլ, սուրիական տագնապը դարձաւ մերօրեայ աշխարհի ամէնէն թէժ ու վտանգաւոր տագնապներէն մէկը, ուր տեղայնականը՝ սուրիականը առնչուած ու խաչաձեւուած է շրջանային ու միջազգային հակամարտութիւններու, մրցակցութիւններու, ուղղութիւններու եւ ծրագիրներու բարդ համայնապատկերի մը մէջ եւ ուր յայտնուած է սուրիահայութիւնը։


– Արդէն երեք տարուան կեանք ունեցող այս տագնապի հետեւանքով, սուրիահայ գաղութը տուաւ բազմաթիւ անմեղ զոհեր, նահատակներ, կրեց նիւթական՝ ազգային թէ անհատական շատ մեծ վնասներ։ Սուրիացի ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հետ միասին եւ որպէս հարազատ մէկ տարրը այս ժողովուրդին, սուրիահայութիւնը քալեց տառապանքներու ճանապարհով՝ անապահով վիճակ, բռնարարքներ, կենցաղային բիւր դժուարութիւններ դիմագրաւեց եւ կը շարունակէ դիմագրաւել։ Սակայն սուրիահայութիւնը՝ սուրիացի ժողովուրդին ազգասէր եւ հայրենասէր մեծամասնութեան հետ, հաւատաց, որ այս ցաւերը պիտի ծնին Նոր Սուրիան, աւելի ամուր, աւելի ժողովրդավար եւ հզօր, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի, կրօնական կամ ազգային մեծամասնութիւն թէ փոքրամասնութիւն օրէնքով ամրագրուած իր լիարժէք իրաւունքները պէտք է ունենայ։ Սուրիա մը, որ իր անկախութեան օրէն օրինակ է ու պիտի մնայ՝ ներդաշնակ այլազանութեամբ համակեցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ փոխզօրակցութեան, քաղաքակրթութիւններու օրրան եւ լոյս ու բարիք սփռող հայրենիք։


– Եւ մենք քալեցինք մեզի համար ցարդ անծանօթ եւ նոր ճանապարհով, բանաձեւեցինք եւ ի գործ դրինք մեր ինքնուրոյն քաղաքական ուղեցոյցը, որ լծակից չէ ոչ մէկ կողմի կամ քաղաքական ուժի։ Այլ անոր մէջ մեր համայնքային, ազգային ու գաղութային շահերը ներդաշնակուած են ու ամբողջացած համասուրիական գերագոյն շահերով։ Երբեք չունեցանք հատուածական մօտեցումներ, ընդհակառակը՝ մեր ճիգերը թափեցինք Սուրիան դէպի խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն տանիլ ձգտող համասուրիական ազնիւ ճիգերուն հետ։


– Չէզոք դիրքերէ հանդէս չեկանք, այլ՝ դրական ու կառուցողական դիրքերէ։


– Վերահաստատեցինք մեր համոզումը թէ՝ սուրիահայը կը մնայ Սուրիոյ ժողովրդային հիւսուածքին անբաժան մէկ բաղադրիչը, իսկ Սուրիան՝ հողային եւ ժողովրդային անբաժան մէկ անբողջութիւն։


– Խրախուսողը եղանք երկիրը դէպի ժողովրդավարութիւն եւ դէպի յաւելեալ ընկերային արդարութիւն մղող ճիգերուն։


– Ամրագրեցինք, որ առկայ տագնապը կարելի է լուծել Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու մասնակցութեամբ, երկխօսութեան ճամբով, հեռու մնալով բռնարարքներէ։


– Դէմ եղանք արտաքին այն միջամտութիւններուն, որոնք կը հրահրեն տագնապը, կը խաթարեն համակեցութիւնը եւ երկրի ամբողջականութիւնը։


– Համագործակցութեան ձեռք երկարեցինք եւ սեղմեցինք ձեռքը մեզի երկարած այն քաղաքական ուժերուն, որոնք կը բաժնեն մեր առաջադրանքները։


– Սուրիահայութիւնը իր դրական եւ պայծառ ներկայութիւնը ունեցած է Սուրիոյ կեանքին մէջ անկախութեան օրերէն մինչեւ այսօր եւ պիտի շարունակէ այդ ներկայութիւնը փայլուն տառերով արձանագրել Սուրիոյ ապագային մէջ նաեւ։


– Ակնարկ մը նետեցէ՛ք անցած երեք տարուան այս տագնապի ընթացքին սուրիահայութեան եւ դաշնակցութեան վարքագծին վրայ եւ պիտի հաստատէք, թէ մենք հաւատարիմ մնացինք վերոնշեալ սկզբունքներուն։ Արդ, մենք կը մերժենք ամէն տեսակի ապատեղեկատուութիւն եւ խեղաթիւրում, որ կը փորձէ պղտորել հայութեան պատկերը,դերն ու ընթացքը այս տագնապին մէջ։ Նման խեղաթիւրում տարածող շրջանակները, կողմերը կամ անհատները ուղղակի կամ անուղղակի կը ծառայեն հայութեան վաղեմի թշնամիի նպատակներուն եւ ծրագիրներուն։ Այդ նոյն թշնամին, որ այսօր թշնամին է նաեւ Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին։


– Ուրեմն ըլլանք զգօն նման երեւոյթներու նկամամբ, համախմբուինք սուրիահայ կառոյցներու շուրջ, ըլլանք մէկ բռունցք, յաղթահարելու համար Սուրիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ այս տագնապին մէջ սուրիահայութեան վիճակուած դժուարութիւնները։


– Սիրելիներ, սուրիահայ ներազգային ճակատի վրայ նոյնպէս, դաշնակցութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց իր կարողականութիւնները, հասնելու համար գաղութի տագնապահար մեր ժողովուրդի կարիքներուն։ Մեր ընկերներն ու համակիրները, մեր երիտասարդութիւնը, մեր ուղեկից միութիւններու անդամները, կենսական կարիքներ հասցուցին՝ յատկապէս վտանգաւոր գօտիներու մէջ յայտնուած մեր ժողովուրդին։ Վիրաւորներ փոխադրեցին, իրենց կեանքը վտանգելու գնով պատերազմական զգայուն գօտիներու մէջ յայտնուած հայ ընտանիքներ տեղափոխեցին, թէժ շրջաններու մէջ տէր հանդիսացան մեր ընտանիքներուն, որպէսզի անոնք ապահով զգան եւ չլքեն իրենց տուները։ Հսկեցին մեր հաստատութիւններն ու թաղերը, առաջքը առնելու համար տեսակաւոր վտանգներու։ Եւ այս աշխատանքները հատուածական մօտեցումով չկատարուեցան, այլ անոնք ընդգրկեցին հայահոծ թաղամասերու մէջ ապրող ամբողջ բնակչութիւնը, անկախ անոր ազգային, կրօնական պատկանելիութենէն, ընթացք մը, որ շատ բարձր գնահատուեցաւ ժողովուրդի լայն խաւերուն կողմէ։


– Ճիշդ է, որ այս անողոք պատերազմի պայմաններուն մէջ տարուած աշխատանքը անբաւարար է ու պակասաւոր, ծով կարիքներուն դիմաց մեր կարելիութիւնները սահմանափակ են, սակայն մեր ընկերներն ու ընկերուհիները կատարեցին գնահատելի եւ շատ յաճախ հերոսական գործեր, հաւատարիմ մնալով դաշնակցութեան առաքելութեան, սկզբունքներուն եւ աւանդութիւններուն, անոնք մեծապէս իրենց նպաստը բերին գաղութի կեանքին մէջ, թէ՛ առարկայական եւ թէ ենթակայական իմաստներով։ Պատերազմական այս  դժուարութիւններուն պատճառով, մեծ թիւով սուրիահայեր ժամանակաւորապէս կամ վերջնականհեռացան երկրէն։ Թէեւ մեզի համար հարազատ է այս տեղաշարժը դէպի Հայաստան տեսնելը, սակայն միժամանակ կը պահանջենք Հայաստանի ղեկավարութենէն, որ մշակէ եւ ունենայ այնպիսի ծրագիրներ, որոնց շնորհիւ Հայաստան մեկնողները ամրապնդուին հայրենիքին մէջ, ունենան արժանապատիւ կեանք, որպէսզի հայրենիքը չդառնայ ժամանակաւոր հանգրուան, անցնելու համար արեւմտեան ափեր, ուր ուծացումն ու կորուստը անխուսափելի են։


– Այսուամենայնիւ մենք ճակատագրակիցն ենք մեր գաղութի զաւակներու այն մեծա-Գաղութային մեր բոլոր ճիգերը կը մնան անբաւարար, եթէ ի տես այս աղետալի ահաւոր վիճակին, այդ ճիգերը չշաղախուին եւ չամբողջանան համահայկական ճիգերուն հետ։


– Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հայաստանը եւ Սփիւռքի գաղութները շուտափոյթ եւ համակարգուած ձեւով օգնութեան ձեռք երկարեն մեր գաղութին, թէ՛ քաղաքական-յարաբերական եւ թէ նիւթական իմաստներով։


– Ճիշդ է, որ Հայաստանը եւ Սփիւռքի զանազան գաղութները այս իմաստով մեծ աշխատանք տարած են ու կը տանին, որուն համար երախտապարտ ենք, սակայն այդ օժանդակութիւնները պէտք է բազմապատկուին ի տես բիւր կարիքներուն եւ դժուարութիւններուն, որպէսզի կարենան գործել գաղութային հաստատութիւնները, մանաւանդ կրթական համակարգը, որուն գոյատեւումը հոգին է գաղութի գոյատեւման։ Սուրիահայութեան մերօրեայ մարտահրաւէրները նաեւ համահայկական գերխնդիր են, իրենց քաղաքական, ռազմավարական եւ ապահովական տարբեր երեսներով։


– Այսօր իսկապէս, որ շատ են մեր դիմագրաւած վտանգներն ու մարտահրաւէրները, անոնք բազմատեսակ են, երբեմն նոյնիսկ անյաղթահարելի թուացող, բայց հայ ժողովուրդի եւ ՀՅԴաշնակցութեան պատմութիւնը վկայ՝ մեր ժողովուրդը շատ ծանր ու դժուար օրեր կրցած է յաղթահարել։


Քաղուած Գանձասար շաբաթաթերթի Դեկտեմբեր 2013ի համարէն


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՄղձաւանջային Հալէպը
Older PostՀալէպէն արժէքներ. «Յովսէփին Երազը…»

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

item-thumbnail

Միջին Արևելքի կեանքէն պատկերներ. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Ավարտվեց «Արի տուն» ծրագրի անցումային երրորդ փուլը

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll