Մղձաւանջային Հալէպը

<FONT face="Tahoma, Arial, Helvetica, sans-serif">Մղձաւանջային Հալէպը</FONT>


 


Nightmarish Aleppo by Rober Hadejian


Rober Hadejian, editor of Istanbul based “Marmara” daily describes the current situation in Aleppo. From “dreamy Aleppo” (as named by famous Diaspora author Antranig Dzarougian) to the present day “nightmarish Aleppo”, Hadejian asks: “How long we would be waiting for history to give us back the dreamy Aleppo we used to know? How long we would be waiting to see Aleppo saved from this poisonous “nightmarish” adjective?  


Ռոպէր Հատտէճեան


Այն օրէն ի վեր երբ Պէյրութի մէջ Նայիրի Շաբաթաթերթի անմոռանալի խմբագիր Անդրանիկ Ծառուկեան գրեց ?Երազային Հալէպ?ը Հայաշխարհի համար Հալէպի անունը յաւերժութեան մը համար մկրտուեցաւ ?Երազային? որակականով: Ամէն Հայ որ կը խօսէր Հալէպի մասին անպայման կը գործածէր այս ?Երազային Հալէպը? ասութիւնը: Հալէպը երազային էր իսկապէս, երազային օրրան մը Հայ մշակոյթի Հայ գրականութեան ու Հայկական լինելիութեան , երազային քաղաք մը որ մեր ժողովուրդին կը շահեցնէր մշակոյթի ու Հայկական ապրումներու հրաշալի նուիրեալներ:


Դաժան պատմութիւնը այնպէս կարգադրեց որ յաւերժական կարծուած այդ ?Երազային? յորջորջումը վերցուի Հալէպի անուան առջեւէն ու անոր տեղ դրուի ?Մղձաւանջային? յորջորջումը: Արդարեւ երազը մղձաւանջի վերածուեցաւ եւ Հայ ժողովուրդը սկսաւ ապրիլ իր դարաւոր պատմութեան ամէնէն ցաւալի նոր էջերէն մէկը: Ոչ եւս է ?Երազային? Հալէպը: Եթէ ամէն ինչ մոռնանք, չենք կրնար մոռնալ սա ամէնէն վերջին լրատուութիւնը որ Մարմարաի մէջ հրատարակուեցաւ անցեալ օր: Հալէպ քաղաքը մէկ շաբաթէ ի վեր ո՛չ կաթիլ մը ջուր ունէր, ոչ ալ վայրկեան մը ելեկտրականութիւն: Քսաներորդ դարու մարդն ու ընտանիքը ի՞նչպէս կրնայ օրեր շարունակ ապրիլ առանց ջուրի ու առանց ելեկտրականութեան:


Հալէպ քաղաքը մեր Հայկական լինելութեան ամէնէն հզօր բերդերէն մէկն էր: Հպարտ էինք Հալէպով, այս քաղաքին մէջ կը տրոփէր Հայու ուժեղ սիրտ, այս քաղաքէն դէպի հիւրընկալ Սուրիոյ երկինքը կը բարձրանային Հայ ստեղծագործ մտքին խոյանքները, այն հիւրընկալ երկինքը ուրկէ դժբախտաբար հիմա հրթիռ, ռումբ ու կրակ կը տեղայ: Սուրիացի ժողովուրդը ամէն օր զոհեր կուտայ եւ ինչպէս որ կը պատահի ամէն անգամ որ տեղ մը զոհ կը տրուի, զոհերուն մէջ կը գտնուին անմեղ Հայեր ալ: Մանաւանդ երախաներ ալ, որոնք թերեւս վաղը պիտի դառնային մեր ազգային մշակոյթին գործիչները, որոնք աշխարհ եկած էին որպէսզի բան մը շահեցնէին Հալէպի երազային ապրումներուն:


Երազը վերջացաւ: Հիմա որքա՞ն պիտի սպասենք որ դաժան պատմութիւնը մեզի վերադարձնէ մեր երազային Հալէպը: Որքա՞ն պիտի սպասենք որ աշխարհի սա կամ նա կեդրոնին վրայ երազային նոր Հալէպ մը ստեղծուի: Որքա՞ն պիտի սպասենք որ Հալէպը փրկուի սա թունաւոր ?Մղձաւանջային? մակդիրէն:


Մարմարա, 14/11/2013