Գրեց՝ Սիւզի Գարաճեան (Է-նամակ)
(բնօրինակը անգլերէն լեզուով կարելի է գտնել այստեղ)
Կրթական գործով զբաղողներէն կամ արտասահմանէն հրաւիրուած մշակներէն աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար, կը խորհիմ թէ պէտք է կրթական ծառայութեան դաշտը վճարովի դարձնել՝ գոնէ այդ ձեւով կրնանք աւելի լաւ արդիւնքներ պահանջել:
?
Թերեւս լաւ լուծում մը ըլլայ մեր աշակերտներուն համար ամէնօրեայ դպրոց ունենալը, պարագայ մը որ երկար ժամանակէ ի վեր քննարկումի առարկայ դարձած է: Անհրաժեշտ է սակայն անկեղծ մօտեցում ունենալ այս նիւթին մասին:
Կարիքը ունինք աշակերտութեան ուշադրութիւնը գրաւելու արտա-դասարանային տարբեր գործունէութիւններով: Աշակերտները պէտք չէ դպրոց յաճախեն իրենց ծնողներուն ստիպողութեան տակ: Նոր մեթոտներ պէտք է որդեգրուին մեր կրթական համակարգին կողմէ, որպէսզի հայերէնով արտայայտուիլը եւ սորվիլը աւելի ու հաճելի երեւոթներ դառնան:
Պէտք է դիմենք նաեւ մեր նորաւարտ երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք ներկայ աշակերտութեան հետ ունենան միատեղ գործունէութեան դաշտ: Անոնք կրնան, օրինակի համար, օգնել ուսուցիչներուն, հսկել դադարի ժամերուն, հետեւիլ մանկապարտէզի աշակերտներուն, եւայլն: Եթէ նման քայլերու չդիմենք, ապագային պիտի չունենանք կրթական գործով զբաղող անհատներ: Այդ քայլին դիմելով մենք, ընդհակառակը, քաջալերած կ՛ըլլանք զիրենք որպէսզի դպրոցի կողքին կանգնին՝ երբ այլեւս շրջանաւարտ դարձած են:
Քանի որ նախապէս եղած եմ ուսուցչուհի, պիտի ուզէի այստեղ նշել թէ, որեւէ առաջարկ որ կու գայ ուսուցիչներուն կողմէ, պէտք չէ առիթ ըլլայ որ շաբաթներ երկարաձգուի բանակցութիւնները տնօրէնութեան կամ հոգաբարձութեան հետ խնդրոյ առարկայ առաջարկին մասին եւ յետոյ մերժումի ենթարկուի:
Ճիշդ ձեւով հայերէն խօսիլը պէտք է մեր կիզակէտը դառնայ: Մե՜ծ ամօթ է եւ անընդունելի անգլերէն խօսիլ հայկական վարժարանին մէջ:
Ասոնք կարգ մը մտածումներ են, զորս կը խորհիմ թէ պիտի օգտակար ըլլան որպէսզի յառաջդիմութիւն արձանագրուի հայկական մեր վարժարանին մէջ:
Տուպայ
02 Մարտ 2009
?
Hi, We are trying to create a contemporary virtual classroom type of portal with lots of other added features that will ease the 'traditional' way of classroom or after-class learning. I would like to request you to come and comment on our official Facebook Page. VISIT: http://www.facebook.com/pages/SahlEdu/140888202692650 Regards,