• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Նուիրահաւաք ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն համար

March 2, 2009
A+ A-
Email Print
Նուիրահաւաք ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն համար

Նուիրահաւաք ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակներուն համար?


2009թ–ի Յունուար? 31-ին Տուպայ–ի Intercontinental Hotel Festival-ի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի գործունէութեան նուիրուած? 3-րդ? հեղինակաւոր նուիրահաւաք–ճաշկերոյթը: Ներկայ էին բարձրաստիճան հիւրեր, ժամանած Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն, Հայաստանէն, Ռուսաստանէն եւ այլ երկիրներէ?


?


Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Կառաւարութեան այժմու դաշնութեան ՀՅԴ նախարարներ Արսէն Համբարձումեան՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար, Սպարտակ Սէյրանեան՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար,?Արամայիս Գրիգորեան՝ գիւղատնտեսութեան նախարար, եւ լիբանանի նախկին նախարար`? Անտրէ Թապուրեան:


?


Հակառակ ներկայ տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն, վերոյիշեալ նուիրահաւաքի ընթացքին կարելի եղաւ 5 միլիոն ամերիկեան տոլար հաւաքել, գումար մը, որուն միայն կէսը հաւաքուած էր նախորդ նուիրահաւաքներուն ընթացքին (ժնեւ 2001 եւ Փարիզ 2004): Հայկական այսպիսի բարձրամակարդակ? հաւաքոյթի մը համար առաջին անգամ ըլլալով Միջին Արեւելեան քաղաք մը ընտրուած էր:


?


Ներկայ 160 անձինք, իւրաքանչիւրը որպէս մասնակցութեան նուազագոյն պատուոյ գին ամերիկեան $5.000 յատկացուց: Նուիրատուներուն թիւը անցաւ 250-ը: Անոնք Հայ Դատի? յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան նեցուկ կանգնելու իրենց հաւատարմութիւնը հաւաստեցին, անդրադառնալով նաեւ նախորդ 4 տարիներու գործունէութեան:


?


Մեծ գոհունակութեամբ պէտք ե նշել, որ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ նախապէս որպէս ներքին սփիւռք ճանչցուած երկիրներուն`? Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ եւ Ղազախստանի հայերը, ընկալելով? հայկական քաղաքական գործունէութեան կենսական նշանակութիւնը,? լծուեցան? Հայկական Հարցին գործնապէս և նիւթապէս օժանդակելուն, բան մը, որ մտածելակերպի յստակ փոփոխութեան արդիւնք է, որը նաեւ իր անվրէպ դրական հետքը պիտի թողու Հայ Դատին ապագայ գործունէութեան վրայ:


?


Իրադարձութիւնը ընթացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի հովանաւորութեամբ, որ հովուապետական այցի եկած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Հունուար 29-ին:


?


ՀՅԴ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները ողջունեցին կուսակցութեան ղեկավարները: Դաշնակցութեան Բիւրոյի գրեթէ բոլոր անդամները հոն էին, Հրանդ Մարգարեանի ղեկավարութեամբ:


?


Ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան հիւրեր, ներառեալ Հայաստանի Ազգային Ժողովի /անդամներ, Լիբանանի Խորհրդարանի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան, Հայ Օգնութեան ֆոնտի Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահ Վիքի Մարաշլեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի Եւրոպայի, Պէյրութի, եւ Մոսկուայի գրասենեակներու անդամներ:


?


Շահէ Պարսումեան? նշեց աշխարհով մեկ Հայ Դատի գրասենեակներուն գործունէութեանց ծաւալումն ու նշանակութիւնը, անոնց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու նոր, վճռական մօտեցումներու անհրաժեշտութիւնը:


?


Շարժայէն Հրայր Սողոմոնեան ողջունեց հիւրերը եւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուց նուիրատուները:


?


Նախարար Սպարտակ Սէյրանեան, կարդաց? Հայաստանի ?Հանրապետութեան նախագահին այս առիթով ստացուած ուղերձը:


?


Կարգ մը նուիրատուներ ներկայացուեցան Ազգային Ժողովի ՀՅԴ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանի (ՀՀ Ազգային Ժողովի նախկին փոխ նախագահ) կողմէ, իսկ Հրանդ Մարգարեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց երեւոյթին պատմական նշանակութիւնը:


?


Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի պատգամով, ուր նշուեցաւ թէ համահաւաք ուժերով հարկ է շարունակել գործունէութիւնը այս ուղղութեամբ մինչեւ ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչում եւ կորուստներու յատուցում, նամանաւանդ որ? մօտ է Եղեռնի հարիւր ամեակը (2015), իսկ այս տարի 100 ամեայ տարելիցն է Ատանայի ջարդերուն (1909):


?


Արամ Կաթողիկոս նշեց նաեւ, որ ձեռնարկը միայն պարզ նուիրահաւաք մը չէր, այլեւ Հայկական Հարցին ու անոր լուծման ուղղուած վերանորոգ ուխտ:


?


Միջոցառման գեղարուեստական բաժինը Ռուբէն Հախվերդեանը ստանձնած էր,? յատուկ այդ առիթով հրաւիրուած Հայաստանէն:


?


Հայ Դատի աշխատակիցները մեծ պատասխանատուութեամբ պէտք է շարունակեն պայքարիլ? թուրք եւ ազերի հակա–հայկական քարոզարշաւներուն դէմ: Այս երկու պետութիւնները տարեկան միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն նորանոր դաշնակիցներ ապահովելու համար:


?


Դիմագրաւելու համար այս ամէնը,? անհրաժեշտ է ուժերու համատեղում: Ճշմարտութիւնը մեզի հետ է, բայց հետեւողականութիւնն է, որ մեկ անգամ եւ ընդմիշտ պիտի հասցնէ մեզ պատմական ճշմարտութեան հաստատման:


?


Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակները Պէյրութի, Քուէյթի եւ Էմիրութիւններուն մէջ,? պէտք է կարենան զարգացնել իրենց գործունէութիւնը:


?


Մէկ կամ երկու նուիրուած աշխատակիցներով կարելի չէ այս գործը առաջ տանիլ, նամանաւանդ արդիականացած աշխարհի այս գեր–զարգացած պայմաններուն մէջ:?


?


Մեր ձայնը պէտք է հասնի աշխարհին, մեզ շրջապատող օտարներուն,? նաեւ արաբական աշխարհին, ինչպէս՝ Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան?


?


Արհեստավարժութիւնը պէտք է տիրէ եւ ոչ երբէք սիրողականութիւնը: Միայն արհեստավարժութեամբ է, որ? կարելի պիտի ըլլայ ցանկալի արդիւնքներուն ?հասնիլ:


?


Միւս կողմէն միասնականութեան գաղափարը նոյնքան էական է: Հայ Դատը միմիայն ՀՅԴ–ի մտահոգութիւնը չէ: Հայկական այլ ուժեր եւս կան, որոնք նոյնքան, եթէ ոչ երբեմն աւելի, ճիգ թափած են այս ծիրեն ներս, եւ անշուշտ այս ուժերը եւս հարկ է գնահատել:


?


Ցաւօք մեր արաբական կայքէջը? www.azad-hye.org ?որ տարիներէ իվեր հիմնական արաբական համացանցային աղբիւրն է,? ուրկէ արաբները կը տեղեկանան հայոց պատմութեան, քաղաքականութեան եւ գաղութային կեանքին մասին, երբեք չէ ճանչցուած դաշնակցական կուսակցութեան կամ անոր համակիրներուն կողմէ եւ միշտ զրկուած եղած է հայ ժողովուրդի անունեվ գարձուած գումարներէ: Սա մէկ օրինակ է պարզապէս այն իրողութեան, երբ տեղական դաշնակցութեան անդամներ կամ համակիրներ ձախողած են իրեց դերը ճիշդ հասկնալու մէջ: Հուսանք, որ Տուպէյի այս ձեռնարկը անոնց աչքերը բանալու լաւ առիթ հանդիսանայ:


?


Ազատ-Հայ


Տուպայ


?


Թարգամութիւնը կատարեց՝ Ն.Մ.


?


Անգլերէն բնօրինակ


?

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԿրթական միտքեր
Older PostArmenian School banquet keynote address

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Սփիւռքի հայ կառոյցներէն «արտագաղթ»

item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

item-thumbnail

«ՔԱՅԼ ԴԵՊԻ ՏՈՒՆ» ծրագրի հյուրընկալ ընտանիքների համար նախատեսված հայտադիմում

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll