• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Թերեզ Փամպուգեան՝ ճաշատեսակներու պատրաստութիւնը եւ սպասարկութեան կենցաղավարութիւնը

April 20, 2009
A+ A-
Email Print

Ազատ-Հայ Կայքին Յատուկ

Թերեզ Փամպուգեանը հազուագիւտ անձնաւորութիւն մըն է, որ յաջողած է ճաշատեսակներու պատրաստութիւնը եւ սպասարկութիւնը վերածել լիիրաւ եւ ամբողջական արուեստի:

Ան իր տարիներու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ կրցած է կարեւոր տեղ գրաւել այս նրբաճաշակ ասպարէզին մէջ՝ օրինակ հանդիսանալով հայ թէ օտար անհատներու:

Բծախնդրութեամբ մշակուած իր դասընթացքներուն հետեւողներուն թիւը մշտապէս աճի մէջ է, իսկ իր անկոտրում կամքը եւ անսակարկ ծառայութեան պատրաստակամութիւնը արդէն ինքնին դարձած են իր անհատականութիւնը բնորոշող հիմնական յատկութիւններ:

Ծանօթանալու համար իր աշխատանքի ոճին եւ այլ մանրամասնութիւններու, Թերեզ Փամպուկեանին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը՝

Մօտաւորապէս տասը տարիներէ ի վեր ճաշատեսակներու պատրաստութեան եւ սպասարկութեան կենցաղավարութեան մասին կանոնաւոր դասընթացքներ կազմակերպած ես Հալէպի մէջ: Ինչպէ՞ս այս միտքը ծագեցաւ եւ ի՞նչ փուլերէ անցաւ մինչեւ այսօր:
Հանդիսաւոր առիթներուն, երբ մայրս տեսակ-տեսակ ուտեստեղէններ պատրաստելով կը ճոխացնէր սեղանը, մէջս մեծ հետաքրքրութիւն կ՛արթննար ուտելիքներու պատրաստութեան եւ սպասարկութեան ընդհանուր գործընթացին նկատմամբ: Կը զգայի թէ սեղանակիցներուն մօտ միշտ ալ բարձր տրամադրութիւն կը ստեղծուէր երբ կը հասնէր սպասարկութեան եւ հաւաքական համտեսումի պահը:

Այստեղ աոաւել եւս կը փափաքիմ նշել հօրս ցուցաբերած խրախուսիչ եւ քաջալերական կեցուածքը: Ան ընդհանրապէս մեծ հաճոյքով կը հետեւէր ճաշատեսակներու վերաբերող հրատարակութիւններուն ի եւ հետեւողականութեամբ կ?աոաջարկէր ամէն Կիրակի նոր ճաշատեսակի կամ անուշեղէնի պատրաստութիւնը: Այսպէս մէջս զարգացաւ նաեւ յակումը ճաշի ներկայացման ոճի նկատմամբ եւ անոր ընկերացող զարդարանքի ձեւերուն եւ մանրամասն գիտելիքներուն մասին:

Եւ այսպէս, փոքր տարիքէս սիրելով խոհանոցը հետզհետէ ինքզինքս զարգացնելով այս նախնական սէրը վերածեցի արուեստի:

Նշեմ որ մէկ ամիս տեւողութեամբ հետեւած եմ միութեան մը կազմակերպած ճաշերու դասընթացքին, ինչ որ հիմք ծաոայեց յետագայ զարգացման: Ընդհանրապէս պէտք է խոստովանիմ թէ հասած եմ այս դիրքին անձնական ճիքերուս եւ պրպտումներուս ընդմէջէն:

Բարեբախտութիւն է որ սկզբնական շրջանէն սկսեալ, պատրաստած անուշեղէններս մեծապէս գնահատուեցան շրջապատիս եւ հարազատներուս կողմէ, որոնց քաջալերանքը խթան հանդիսացաւ յառաջիկայ զարգացումին:

Հանրութեան տրուած աոաջին դասընթացքս սկսած եմ 1999-ին: Յայտնեմ թէ ցարդ տասը տարիներու ընթացքին ունեցած եմ շուրջ 350 աշակերտուհիներ, որոնք երամսեայ դասընթացքներէ վերջ, ստացած են համապատասխան վկայագիր հովիւի ձեոամբ, ներկայութեամբ պատասխանատուներու եւ ծնողներու՝ գեղարուեստական յատուկ յայտագրով:

Արդեօք դժուար չէ՞ր նման դասընթացքներ կազմակեպել Հալէպի նման աւանդական տեղ մը, ուր տիկիններուն զգալի տոկոսը տնային տնտեսութեամբ կը զբաղի եւ գրեթէ շատեր մասնագիտացած են այդ գործերուն մէջ:
Տրուած ըլլալով որ ճաշատեսակներու պատրաստութիւնը մարդ արարածի ամենահին զբաղումներէն մէկը եղած է եւ իւրաքանչիւր ժողովորդ ունեցած է իր ազգային խոհանոցը, մեր մօտ հայ տանտիկինները եւ երիտասարդուհիները մեծ հետաքրքրութիւն սկսան ցուցաբերել տարբեր ազգերու ճաշատեսակներու նկատմամբ որոնք դիւրացուցին դասընթացքներ կազմակերպելու իմ ցանկութիւնս:

Տեղն է նշել թէ տօնական օրերուն հայ տիկինները կառչած մնալով մեր աւանդական սովորութիւններուն, կը պահեն այն բոլոր քաղցրաւէնիքներու եւ ճաշերու պատրաստութեան սովորութիւնները, որոնք մեզի համար ազգային արժէք կը ներկայեցնեն:

Յիշեմ, թէ իմ դասընթացքներս կ՛ընդգրկեն նման տօներու յատուկ խոհանոցային պատրաստութիւններ, որոնք հետզհետէ աոաւել թափ կը ստանան շրջանակներէ ներս, օրինակ պահքի քիւֆթէները իրենց այլազանութեամբ, տօնական օրերու քաղցրաւէնիքները  հայկական քաթաները եւ այլ խմորեղէններ: Այսպէս աւանդականին կը զուգակցի արդիականը, որուն համար անոնք կը դիմեն իմ դասընթացքներուս:

Յայտնեմ թէ դասընթացքներս կը կազմակերպուին Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Միութեան նախաձեոնութեամբ եւ քաջալերանքով: Անշուշտ նկատի ունենալով սրահի եւ խոհանոցի յարմարութիւնները:

Հալէպ յայտնի է իր աւանդական ճաշատեսակներով: Որքանո՞վ ներկայիս հայ տուներէն ներս կը շարունակուին աւանդական ճաշատեսակներու պատրաստութիւնները եւ որքանո՞վ նոր ճաշատեսակներ կամ պատրաստութեան ձեւեր ներթափանցած են հայկական աւանդական խոհանոցէն ներս: Դո՞ւք ձեր աշխատանքով արդեօք պատճառ կը դառնա՞ք, որ անզգալաբար նոր մօտեցումներ որդեգրուին այս ասպարէզին մէջ՝ աւանդականին հաշուոյն:
Հայկական խոհանոցը բնորոշ է ճաշատեսակներու աոընթեր պաշարի պատրաստութեամբ: Ներկայիս հայ տանտիկինները որքան ալ օգտագործեն աւանդական ճաշերը, կ՛ուզեն գունաւորել իրենց սեղանները նոր որակով եւ ճաշակով:

Այսպէս մեծ թիւով տիկիններ զիրար քաջալերելով փափաքեցան հարստացնել իրենց ճաշատեսակները եւ դիմեցին ինձ, դասընթացքներու ընդմեջէն: Մեծ ուրախութիւն կ՛ապրիմ տեսնելով, որ կարողացայ նոր սերունդին մէջ հետաքրքրութիւն արթնցնել խոհանոցի նկատմամբ:

Վերջին մէկ տարուան ընթացքին հայրենակցական կամ տիկնանց ո՞ր յանձնախումբերուն կողմէ հրաւիրուեցաք դասախօսութեան կամ ցուցադրութեան: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները այս առումով՝ ընդհանուր գիծերու մէջ:
Հալէպի մէջ ընդունուած սովորութիւն է տօնական օրերուն կազմակերպել տիկնանց յատուկ նախաճաշի ձեոնարկներ: Միութիւնները զիս յաճախ կը հրաւիրեն ճոխացնելու իրենց յայտագիրները՝ ներկայացնելով սեղանի յարդարանքի եւ կարգ մը ուտելիքներու կամ խմիչքներու պատրաստութեան եւ հիւրասիրութեան ձեւեր:

Յայտնեմ թէ, հիմնական հրաւէրներս եղած են Սուրիահայ Օգնութեան Խաչէն որուն անդամուհիներէն եմ: Ունեցած եմ հրաւէրներ Բարեգործականի Տիկնանց Յանձնախումբէն, Կարմուճի, Վասպուրականի եւ Պէրէճիկի Հայրենակցական Միութիւններէն:

Ճիշդ է, որ նման ձեոնարկները լայն հետաքրքրութիւն կը յաոաջցնեն ներկաներուն մօտ, սակայն անոնք տարբեր են ճաշատեսակի պատրաստութեան համար կիրակած դասընթացքներէս եւ աւելի ընկերուհիներով շրջապատուած ուտելու եւ զրուցելու առիթ է:

Ունիք արդեօ՞ք  տարբեր հետաքրքրութիւններ եւ որեւէ  աշխատանքներով զբաղուած է՞ք խոհանոցի կողքին:
Ճաշի դասընթացքներու կողքին նաեւ կը զբաղուիմ կարի գործերով  եւ տեղն է նշել թէ  2000?2002 տարիներուն խիստ զբաղուած էի կարելով մօտաւորապէս 60 հայկական տարազներ որոնք ցուցադրուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի (ԱՄՆ) մէջ եւ այդ տարազները կարեցի ուշադիր հետեւելով տուեալ մանրամասնութիւններուն: Անոնք ինքնատիպ հայկական տարազներ էին, որոնք յատուկ էին Մարաշի, Քիլիսի, Ուրֆայի, Զէյթունի,  Արաբկիրի, Կարսի, Կարինի, Խարբերդի, Սասունի եւ Վասպուրականի քաղաքներուն:

Ի՞նչ ծրագիներ կան ձեր միտքին մէջ որ առ այժմ յետաձգուած են եւ միայն ապագային երբ աւելի տարբեր պայմաններ տիրեն կարելի է զանոնք իրականացնել:
Որպէս յաոաջիկայի ծրագիր միշտ մտքիս մէջ ունիմ գրքի մը հրատարակութիւնը, որուն մէջ պիտի փափաքէի ամփոփել հայկական եւ օտար ճաշեր ու անուշեղէններ: Անշուշտ այս մէկը երազային է, քանի որ մեծ ծախս կ’ենթադրէ գրքին հրատարակութիւնը:

Կը յուսամ, որ օր մը իրականութիւն կը դաոնայ ցանկութիւնս շնորհիւ մեկենասի մը:

Փափաքս է հրաւիրուիլ այլ հայ գաղութներուն կողմէ՝ Եւրոպայ, Ամերիկայ, Աւստրալիայ ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներ, որպէսզի մեծ հաճոյքով դասընթացքներ տամ աւանդական անուշեղէններու եւ ճաշատեսակներու պատրաստութեան եւ զարդարանքի շուրջ:

Թերեւս ընթերցողներէն ոմանք պիտի փափաքէին հետս կապ հաստատել, հետեւաբար կը տրամադրեմ ստորեւ հեռաձայնիս եւ email-ի հասցէիս մանրամասնութիւնները՝
Տուն՝  +963 21 46 50 704
Բջջային՝ +963 932 78 49 33
Email հասցէ՝:
[email protected]

Հայ տղամարդիկ կը յաճախե՞ն ձեր դասընթացքները:
Ցարդ մեր խոհանոցը հայ տղամարդուն չէ հետաքրքած այնքան որքան հետաքրքրած է աղջիկներուն եւ կիներուն: Գուցէ,  պարագան տարբեր է Հալէպէն դուրս, սակայն մեր մօտ տղամարդիկ հեռու են այս ասպարէզէն:

Սոյն էջին հովանաւորն է Մարք եւ Շաքէ Կրոկն ամոլը «հովանաւորեցէ՛ք յօդուած մը ծրագրի ծիրէն ներս:

Terez Pamboukian’s cooking, food serving and etiquette classes (Aleppo, Syria)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostThe origins of commemorating April 24 as a day of mourning of the Genocide
Older PostMujahideen in war in Karabakh

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

item-thumbnail

UAE Armenians and other Diaspora topics

item-thumbnail

Ի՞նչ խնդիրներ կան և ի՞նչ փոփոխութուններ են սպասվում Հայաստանի ճանապարհատրանսպորտային ոլորտում

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll