• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ…

May 8, 2009
A+ A-
Email Print

Գրեց՝ Վահան Իսաօղլու


Տարբեր զգացում մըն է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը…


Իրականութիւնը այն է, որ բաւարար չէ բարձրաձայն պոռալ հայ ըլլալու համար…


Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ` կը նշանակէ բարեկամներէդ լսել՝ ?Մեզի համով թոփիկ մը պատրաստէ, որ ուտենք?:


Հայ ըլլալ կը նշանակէ տեսնել տարօրինակ նայուածք մը՝ պետական պաշտօնեայի դէմքին վրայ, երբ պետական գրասենեակ մը կ՚երթաս, եւ երբ կ՚արտասանես քու անունդ, նոյնիսկ՝ անոր հեգնական արտայայտութիւնը, երբ ան քեզի կը հարցնէ՝ ?Հա՞յ ես?: Կը նշանակէ, որ անունդ միշտ սխալ կը գրուի:


Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ՝ կը նշանակէ, որ երբ զինուորական ծառայութիւն կ՚ընես, քու ընկերներդ քեզի կ՚ ըսեն՝ ?Հաճիս արտասանէ Մոհամետի վկայութեան ուխտը?: (Այդ նախադասութեան արտասանութեամբ կ՚ իսլամանան, իսկ այն իսլամը, որ կը յաջողի զայն արտասանել տալ ?անհաւատ?ի մը, դրախտին կ՚ արժանանայ, կը քարոզեն Թուրքիոյ մոլլաները):


Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ՝ կը նշանակէ, որ երբ ձեր զաւակը, կարդալէ ետք հակահայ գրութիւններ իր դպրոցական դասագիրքերուն մէջ, գայ եւ ձեզի հարցնէ հարցումներ, եւ դուք պատասխաններ չգտնէք անոնց…


Հայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ՝ կը նշանակէ, որ երբ բարեկամ մը ձեզի ուրիշներու ծանօթացնէ՝ ըսելով՝ ?Հայ ընկեր մը?, ստիպուած ըլլայ աւելցնելու՝ ?Բայց իրապէս լաւ անձ մըն է?:


Հակառակ ամէն ինչի, Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ կը նշանակէ կարենալ սիրով երգել ?թրքական դասական երգերը? խնճոյքի սեղանի մը շուրջ…  (Թրքական դասական երգերուն, որոնց արմատները հայկական շարականներ են, որովհետեւ անոնց հեղինակները մեծ մասամբ հայ եւ յոյն էին. արդի Թուրքիոյ մէջ այդ երգերը մեծ ժողովրդականութիւն չեն վայելեր, եւ անոնց կառչած է առաւելաբար պոլսահայութիւնը, հասկնալի պատճառներով):


Հակառակ ամէն ինչի, դժուար կացութիւններու մէջ բարեկամներ քեզի կ՚ըսեն՝ ?Մի՛ նեղանար, տգէտներ են, մենք քեզ կը ճանչնանք եւ կը սիրենք?…


Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ տատամսիլ, երբ անունդ կու տաս անծանօթի մը եւ զգուշութեամբ կը սպասես անոր հակազդեցութեան…


Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ բացատրութիւն գտնել, երբ հեռատեսիլէն նախարար մը ?Հայկական ծագում? հայհոյանքը կը գործածէ՝ խօսելով ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարի մը մասին (ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Էօճալան), եւ ձեր զաւակները կը լսեն այդ արտայայտութիւնը:


Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ այն հարցումները, որոնք ձեզի կ՚ ուղղուին ձեր տեսակէտին մասին, երբ Ֆրանսայի մէջ օրէնքի մը քննարկումը տեղի կ՚ունենայ… ստիպուած կ՚ըլլաք ?այսպէս ըսուած? բառը աւելցնելու ձեր պատասխանին առջեւ…


Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ չես կրնար պետական պաշտօնեայ ըլլալ, ոչ իսկ աղբահաւաք մը:


Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ գիտնալ, որ ձեր դպրոցներուն մէջ ?զետեղուած? ուսուցիչներուն ըսուած է. ?Ուշադի՛ր եղէք, դուք մեր ականջները եւ աչքերն էք…?:


Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ փորձել գտնել ոչ շատ վիրաւորական պատասխաններ, երբ ձեր զաւակները կ՚ երազեն ?քաղաքապետ? կամ ?ոստիկանապետ? ըլլալ… որովհետեւ Թուրքիոյ մէջ, հակառակ որ թուրք քաղաքացի էք, իրաւունք չունիք ոստիկան կամ պետական պաշտօնեայ ըլլալու, թէեւ Գերմանիա գաղթած թուրքերը կրնան…


Նաեւ կը նշանակէ, որ չես կրնար բանակին մէջ սպայ ըլլալ:


Հակառակ ամէն բանի, կը նշանակէ նաեւ, որ կրնաս դիտել ?Հապապամ սինիֆի?ի նման ժողովրդական շարժանկարներ, կրնաս սիրել ?չիյ քէօֆթէ?ն:


Կը նշանակէ՝ կրնաս մտածել… կրնաս արտադրել… կրնաս արուեստագէտ ըլլալ…


Կը նշանակէ, որ ամէն անգամ, որ երկիրը ձգել երթալու միտքը կ՚ ունենաք, յանկարծ կը յիշէք, թէ որքան կը սիրէք այս երկիրը…


Կը նշանակէ աղաւնիի պէս սարսափահար մնալ…


Կը նշանակէ ստիպուած ըլլալ անունդ թաքցնելու ամէն անգամ, երբ կը հանդիպիս այնպիսի անձերու, որոնք մեծցած, դաստիարակուած եւ ուղեղալուացքի ենթարկուած են ?Մալքոչօղլու?ի կամ ?Թուրքան?ի նման հերոսապատումներով ու ժապաւէններով, որոնց մէջ ?չարերը? միշտ տմարդի վախկոտ կղերականներ են կամ բռնաբարող յոյներ…


Հայ ըլլալը կը նշանակէ, որ հակառակ ամէն ինչի, ամէն առտու դպրոցին մէջ պէտք է հպարտօրէն երգել Թուրքիոյ ազգային քայլերգը եւ գոռալ, ?Երանի անոր, որ կ՚ըսէ՝ թուրք եմ?, կը նշանակէ գոռալ, թէ երջանիկ թուրք մըն ես այն երկրին մէջ, ուր խօսքի իրաւունք չունիս:


Այն օրը, երբ հայկական ծագումով Թուրքիոյ քաղաքացի մը կրնայ պետական պաշտօնեայ ըլլալ, աստիճանաւոր զինուորական, այդ պահուն կրնամ հասկնալ, թէ կը համարուիմ լիիրաւ թուրք քաղաքացի:


Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ պէտք է միշտ փորձել մոռնալ որդեգիրի այն զգացումը, երբ կը լսես Էտիփ Աքպայրամի ?Մի՛ նեղանար…? երգը:  (Որդեգիրի համար գործածուած բառը՝ ?պեշլեմէ?, կը նշանակէ ծառայ տղեկ մը, որ տան մէջ կը պահուի, կը կերակրուի, բայց աշխատավարձ չի ստանար ):


Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ, թէ անծանօթ մը վրադ պիտի յարձակի, երբ ?Սարը կելին?ը (դեղին հարս) կ՚ երգես իր բուն՝ հայկական տարբերակով (?Սարի աղջիկ?ը ): Կը նշանակէ քեզի պիտի պարտադրուի երգել թրքերէնի թարգմանուածը…


Անիկա երբեմն կը նշանակէ, թէ գետին պիտի փռուիս զոյգ մը ծակ կօշիկներով: (Հրանդ Տինքի, որուն սպաննուած վայրին մէջ լուսանկարներէն մէկը ցոյց կու տար դիակին կրած կօշիկներէն մէկուն ծակը)։ Անիկա կը նշանակէ, թէ համոզումներդ, գաղափարներդ պաշտպանելու ատեն հաշուի պիտի առնես մինչեւ ծայր երթալ, մանաւանդ երբ կը սորվիս ?Սարը կելին?ի իսկական, հայկական տարբերակը… (?Սարի աղջիկ?ը )։


Վերջապէս… Պարզ հարց մը չէ Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը…


Բայց հակառակ ամէն ինչի, անուշ է եւ տարբեր է…


Սիրոյ հարց է Թուրքիոյ մէջ հայ ըլլալը…


Հայ ըլլալ՝ կը նշանակէ, որ երբ ձեզի կ՚ըսեն ?սիրելիս, եթէ չես հաւնիր, կրնաս ձգել ու երթալ…?, պէտք է կարենաս անոնց պատասխանել՝ ?ասիկա նաեւ ի՛մ երկիրս է?:


Իսթանպուլ, Թուրքիա

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostStopping Iran's nuclear march is futile
Older PostA word of caution when using commercial forms!

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020
item-thumbnail

Հայաստանի լեռնահարստացման կոմբինատը՝ «Չաարատ Կապան» ՓԲԸ-ն պատրաստվում է մեծամաշտաբ ծրագիր իրականացնել

January 21, 2020
item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

January 15, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

《Շաբաթվա թեման》 հաղորդման հյուրերն են Գարեգին Զուռնաչյանն ու Գարսեվան Մալխասյանը։ Թեման՝ էսթետիկ հիմունքներով հասակի ավելացում:

item-thumbnail

«ՔԱՅԼ ԴԵՊԻ ՏՈՒՆ» ծրագրի հյուրընկալ ընտանիքների համար նախատեսված հայտադիմում

item-thumbnail

Սևանա լճի աղտոտվածության մասին պատմում են հանգստացողները

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll