
Գրեց Անդրանիկ Տաղլեան
Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի պատանի երիտասարդ ուսանողներու ջանքերով, 2005 թուին կազմուած 46 նուագողներու խումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ ջութակահար եւ խմբավար Սերգէյ Սմբատեանի (21 տարեկան), կազմակերպութեամբ Ապու Տապիի Հայկական Մշակութային Ընկերակցութեան, համագործակցաբար Ապու Տապի Պետական Մշակութային Կեդրոնին եւ Տուպայի Համերգային կոմիտէի (Dubai Concert Committee), երկու նուագահանդէսներ տուաւ, առաջինը՝ Ապու Տապիի Մշակութային Կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ, 16 Մայիս 2009ին, իսկ երկրորդը՝ 17 Մայիս 2009ին Տուպայի Համայնքային Թատրոնի եւ Արուեստներու Կեդրոնին մէջ (Dubai Community Theatre & Arts Center), երեկոյեան ժամը 8ին։
Երկու նուագահանդէսներն ալ բացառիկ յաջողութիւններով պսակուեցան։ Երկուստեք ալ հանդիսասրահները բերնէ բերան լիքն էին հանդիսականներով։ Առաջինին մէջ զգալի էին օտար դիւանագիտական մարմիններու ներկայութիւնը, ինչպէս՝ Հայաստանի դեսպան՝ տիար Վահագն Մելիքեանը, Արժանթինի, Չեխիոյ, Թայլանտի, եւայլն։ Երկուստեք ալ հանդիսասրահները լիքն էին հանդիսականներով: Աթոռները զբաղուած ըլլալով. շատ շատեր զրկուեցան ներկայ գտնուելու, վայելելու հաճոյքէն:
Ունկնդիրներուն մեծամասնութիւնը օտարահպատակներ էին, մանաւանդ եւրոպացիներ, որոնք հիացմունքով եւ բարձր գնահատանքով կ՚արտայայտուէին երիտասարդ նուագողներուն բարձրարուեստ, բացառիկ արհեստավարժ կատարողական վարպետութեան, եւ մանաւանդ շատ երիտասարդ խմբավարին եւ ջութակահարին՝ Սերգէյ Սմբատեանին գերազանց խմբավարական հեզասահ եւ շեշտակի շարժումներուն եւ երբեմն ալ խիստ սպորտային ցուցմունքներուն, նուագողներուն աչքերը մագնիսացուցած պահելով ղեկավարին մեն մի շարժումին վրայ։
Երկու համերգներուն ծրագրային մասերը տարբեր էին իրարմէ։ Առաջինին՝ Ապու Տապիի համանուագին առաջին մասը բաղկացած էր Չայքովսկիի լարաին սերենատէն եւ Էտկար Յովհաննէսեանի Concerto Baroccoէն ջութակի եւ լարային նուագախումբին համար, Pucciniի, Gianni Schicciի, Առնօ Պապաճանեանի, Aria Vocalee, սոփրանօ Յասմիկ Թորոսեանի կատարմամբ, որ իր հոյակապ, քաղցր, մաքուր եւ աստուածային ձայնով, Կոմիտասի մեներգներով… Հորովել, եւայլն, առանց երաժշտական նուագակցութեան եւ իր բնական պարմանուհիի գեղեցկութեամբ հանդիսատեսը զգլխեց։
Երկրորդ մասին մէջ նուագուեցան Mozart-ի Symphony N24, Verdi-ի I Vespri, Siciliani, Mozart-ի Magic Flute (Կախարդական սրինգը), գիշերային Թագուհին, սոլիստը՝ սոփրանօ Յասմիկ Թորոսեանի կատարմամբ, եւ ապա՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի Sinfonietta-ն։
Ունկնդիրները յոտնկայս երկարատեւ ծափողջոյններով ովացիաներով, պռաւօներով, պիսերով չէին ուզեր թողուլ սրահը եւ բաժնուիլ։ Խմբավարը ստիպուած բազմաթիւ անգամներ բեմին ետեւ երթալով ետ եկաւ խոնարհելու ժողովուրդին առաջ, այսպիսի ջերմ ընդունելութեան ի պատասխան։ Իսկ մեներգչուհին՝ Յասմիկ Թորոսեանը երկարատեւ ծափողջոյններու տակ չորս անգամ բեմ դուրս եկաւ եւ չորս նոր երգեր կատարեց Կոմիտասէն, ամէն անգամուն աւելի երկար ծափողջոյններու արժանանալով։ Հազուագիւտ միաշաղուածութիւն ունկնդիրի, խմբավարի եւ մենակատարի միջեւ։
Տուպայի նուագահանդէսի ծրագիրը կազմուած էր հետեւեալ կերպ.- Առաջին մաս՝ Mozart-ի Symphony N24, Կոմիտասի ?Մանրապատկերներ? (Miniatures), Ալ Այլուղս, Քելէ-Քելէ, Երկինքն ամպել ա, Վաղարշապատի պար, Հոյ Նազան Իմ, Կաքաւիկ կտորներէն եւ Էտկար Յովհաննէսեանի Barrocco Concerto, ջութակի եւ լարային նուագախումբի համար, ջութակի մենակատարմամբ, խմբավարութեամբ Սերգէյ Սմբատեանի։
Երկրորդ մասին մէջ կատարուեցան Չայքովսկիի լարային սերենադը եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի սիմֆոնիետան։
Այստեղ նոյնպէս ունկնդիրներուն զգալի մեծամասնութիւնը օտարահպատակներ էին, որոնք հիացած երիտասարդ խումբին կատարողական բարձր մակարդակին եւ խմբավարին արտակարգ աշխոյժ, խանդավառող եւ արհեստավարժ ղեկավարմամբ կախարդած էր բոլորին, ժողովուրդէն խլելով աւելի քան 5 անգամ յոտնկայս ծափերով ստիպել խմբավարը սիրայօժար կերպով 5-6 անգամ բեմ դուրս գալ եւ ովացիաներուն պատասխանել զանազան այլ կտորներ նուագելով։ Ունկնդիրները չէին ուզեր թողուլ եւ պարպել սրահը։ Իսկական յաղթանակ մը հայրենի մեր պատանի Պետական Նուագախումբին իւրաքանչիւր նուագողին, երգչուհի Յասմիկ Թորոսեանին եւ երիտասարդական սեմին նոր կոխած խմբավար Սերգէյ Սմբատեանին։
Բոլորին ալ ի սրտէ կը մաղթենք յաջողութիւններ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս անգին հաճոյքը մեզ շնորհելնուն համար, անապատի այս ափերուն։ Մենք վստահ ենք որ իրենց յաջողութիւններու արձագանգին պիտի հետեւինք ամէն տեղ եւ ուրախանանք։