Եզակի եւ օրիժինալ ձեռնարկ՝ հայկական karaoke Շարժայի մէջ
Գրեց՝ Նշան Պասմաճեան
Ուրբաթ, 05 Մարտ 2009-ի երեկոյեան, Հիւսիսային Էմիրութեանց Գեղարուեստական Յանձնախումբի կազմակերպած ?Հայկական Քարաօքէ?ի երեկոն աննախընթաց էր։
Յանձնախումբի ատենապրետ Պրն. Պերճ Թօսունեան իր բարի գալստեան խօսքը ուղղեց 120 մեծեւ մօտ 30 փոքր հայ երգը գնահատող ներկաներուն, որմէ ետք բարձրախօսը յանձնեց օրուան հանդիսավարին՝ սիրուած արուեստագէտ-երգիչ Նորայր Գազանճեանին։
Նորայր Գազանճեան բացատրեց թէ Քարաօքէն ճաբոներէնով կը նշանակէր ?պարապ նուագախումբ? եւ թէ առաջին անգամն էր որ ինք հայկական քարաօքէի կը մասնակցէր։
Ի դէպ յայտնենք, որ Նորայր հարիւրաւոր նուագներ ունի պատրաստած քարաօքէի սկզբունքով եւ վերջին 20 տարիներուն ան յարատեւ ճոխացուցած է մեր սրահներն ու հաւաքոյթները։ Երգացանկն ու յայտագիրը պատրաստուած էին պէյրութաբնակ երաժիշտ Սեդօ Պաղտասարեանի կողմէ, որ քանիցս այցելած է գաղութս եւ վաստակաւոր երգիչներու հետ, ինչպէս Ատիս Հարմանտեան եւ այլք, ճոխացուցած է մեր պարահանդէսներն ու խրախճանքները։
Երգացանկին վրայ կը գտնուէին 63 հայերէն երգեր՝ ժողովրդային, ազգագրական, հայրենասիրական, արդի, որոնցմէ 50ը երգուեցան ներկաներուն կողմէ՝ սօլօ, զուգերգ թէ խմբերգ։
Քարաօքէն պատճառ հանդիսացաւ տաղանդներու յայտնաբերման, որոնք վստահաբար աննկատ չանցան Գեղարուեստական Յանձնախումբի ուշադրութենէն։
Յոյսով ենք որ այդ տաղանդները ի մօտոյ կ՚օգտագործուին յօգուտ գաղութին։
Գնահատելի էր Օհաննէսեան Վարժարանի կարգ մը համարձակ աշակերտներու մասնակցութիւնը, որոնք հնչեցուցին իրենց սորված երգերը, խլելով ներկաներու գնահատական ծափահարութիւնները։
Գեղարուեստական Յանձնախումբը ոչինչ թողած էր պատահականութեան։ Այսպէս, նկատի առնելով որ գաղութի անդամներէն շատեր քառասնօրեայ պահեցողութեան մէջ են, անոնք պատրաստած էին Պահքի համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ՝ չափազանց մատչելի արժէքներով։
Ձեռնարկը, որ սկսաւ ժամը 20.30-ին, իր լրումին հասաւ զերօ ժամուն։ Բիէռ Քէօսէեան սրահը 3.5 ժամ շարունակ թնդաց հայ երգով, պարեղանակներով եւ ազգագրական պարերով։
Գնահատելի եւ շնորհաւորելի է Գեղարուեստական Յանձնախումբը այս ?օրիժինալ? եւ շահեկան ձեռնարկին համար։ Այս է ակնկալութիւնը մեր գաղութի անդամներէն։
Յաջողութի՛ւն։