• Home
  • About
  • Contact
  • Social Media
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • Pan-Armenian News
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Կրթական մտահոգութիւններ ու յստակացումներ

March 13, 2009
A+ A-
Email Print

Գրեց՝ Նշան Պասմաճեան


Ուրախ եղայ կարդալով Սիւզի Գարաճեանի լուրջ առաջադրանքները։ Այս ցոյց կու տայ իր ունեցած հետաքրքրութիւնը, հետեւաբար գուրգուրանքը հայ դպրոցի նկատմամբ ընդհանրապէս, եւ իր դրական տրամադրութիւնը համակարգ բարելաւելու։


Թող ինծի ներուի այստեղ մատնանշել, որ համակարգ բարելաւելը լուրջ աշխատանք է, մասնագիտութիւն, բայց մանաւանդ ժամանակ կ՚ենթադրէ, ուստի զգոյշ պէտք է մօտենալ այս զգայուն հարցին, որովհետեւ եթէ իր յետին մանրամասնութիւնները քննութեան առարկայ չդառնան, կրնան հակառակ արդիւնք տալ։


Մէկ խօսքով, ինչպէս որեւէ ազգային հանգամանքի բարելաւման ծրագրի մշակում, դպրոցի վերաբերող ծրագիրներն ալ կարելի չէ պատահականութեան թողուլ։??


Պիտի խնդրէի ընթերցողներէս, որ բնաւ նկատի չունենան իմ անցեալի թէ ներկայի ազգային մարմիններու մէջ ունեցած պաշտօններս։ Ներքեւ յիշուած մտքերը իմ անձնականն են եւ կը դրսեւորեն անձնական կարծիքներս։??


Տեսականօրէն, կընդգծեմ բառը, լրիւ համաձայն եմ Օրդ. Գարաճեանին, որ եթէ կրթական ծառայութեան դաշտը վճարովի ըլլայ, աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք բերելու յոյսերը կաւելնան։ Կ՚արժէ այս նիւթը վերարծարծել եւ լրջօրէն քննել այս դրութեան կարիքն ու կարելիութիւնները։ Զգուշացնելու կարգով յայտնեմ, որ պիւտճէական հարցեր կրնան ստեղծուիլ, որոնց որպէս հետեւանք կրնան որոշ ծնողներ դժուարանալ ուղարկելու իրենց զաւակները, որովհետեւ երկու դպրոցական վճարելու հարկադրանքի տակ կրնան մնալ։ Սակայն անյաղթահարելի բան չկայ աշխարհիս վրայ, եթէ կան հաւատքը, աշխատանքն ու յարատեւութիւնը։?


Օրդ. Գարաճեանի նման, ես ալ ուսուցչութիւն ըրած եմ մօտ 14 տարի Շարժայի մէջ, ատոր համար ալ լաւ կ՚ըմբռնեմ իր մտահոգութիւնը ամէնօրեայ վարժարանի կարեւորութեան ըստ արժանւոյն գնահատուած չըլլալուն։ Օրիորդը լաւ զատած է իր բառերը առաջարկելով ?անկեղծ մօտեցում ունենալ այս նիւթին մասին?։


?Անկեղծ? ըլլալով հարց պիտի տայի, թէ ո՞ւր է ժողովրդային պահանջը այս անյետաձգելի նախաձեռնութեան։ Ինչո՞ւ չեն շարժիր ծնողները։ Քիչ մը ամչնալով ես ինծի հարց կուտամ միթէ կրաւորական, քիչ մըն ալ անտարբեր դիրք բռնած չե՞ն անոնք։ Ես համոզուած եմ որ պէտք չէ միայն սպասել որ ուրիշը գործ կատարէ։ Պահանջելն ալ գործ է, բայց ատոր կը հետեւի ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ, միշտ տուրք տալով Գարաճեանի մատնանշած ?անկեղծութեան?։ Արտադասարանային գործունէութիւնը անհրաժեշտ է։ Միօրեայ վարժարան սիրով յաճախելը հրամայական է։ Առ այդ, աշխատանք տարուած է եւ սկզբունքներ որոշուած, որոնք գործադրութեան դրուած են։


Այսպէս.- ա) Կարգապահութիւնը էական է որեւէ գործի յաջողութեան համար։ Առանց կարգապահութեան ոչինչ յառաջ կ՚ընթանայ։ Որպէս հայ անհատ պատիւ կու տամ մեր ծնողներուն, աշակերտութեան, բայց մանաւանդ ուսուցչական կազմին, որոնք ըմբռնած են կարգապահութեան կարեւորութիւնը եւ զայն գոհացուցիչ արդիւնքներով կ՚իրագործեն։??


բ) Հայեցի դաստիարակութեան համար է բացուած որեւէ հայ դպրոց։ Սակայն այն կախեալ է քանի մը տուեալներէ։ Նախ՝ կարգապահութիւն, ապա՝ ուսուցիչը պէտք է հաւատք ունենայ իր կատարած աշխատանքին, բան մը, որ 30 տարուան ուսուցիչներուն մօտ բնաւ չէ պակսած ։ Եւ վերջապէս, ուսուցչին պէտք է մանկավարժական պատրաստութիւն, որպէսզի ճիշդ ձեւով կարենայ ներարկել հայ աւիշը հայ աշակերտին երակին մէջ։


Սոյն մտահոգութեամբ ալ մասնագէտ մանկավարժուհի մը, փրոֆ. Ժիւլիէթա Կիւլամիրեանը հրաւիրուած էր վերջերս, որ բացի դասընթացքներէն, երկու ժողովրդային ելոյթներ ալ ունեցաւ, որոնց, աւա՜ղ, մասնակցեցան միայն բուռ մը (շուրջ 50) հայեր)։ Անկեղծ ասած, երբ Ազատ-Հայ կայքէջին մէջ կարդացի, թէ Ազատ-Հայը դպրոցներուն նեցուկ հանդիսացող խումբ կ՚ուզէ կազմել, ինքզինքիս հարց տուի թէ ?նեցուկ կանգնողները? ինչո՞ւ ներկայ չէին այս դասախօսութեանց: Ասկէ ամիսներ առաջ յօդուածով մը Ազատ-Հայ կայքէջին մէջ յիշեցուցած եմ ֆրանսական նշանաւոր առածը “Les Absents ont Toujours Tort” (Բացակաները միշտ յանցաւոր են)։ Հիմա առիթ ստեղծուեցաւ դարձեալ յիշեցնելու զայն…??


գ) Աշակերտին գործը դպրոց երթալ է, ուստի ան պէտք է սիրէ իր ?գործատեղին? իր ?պօս?երը, իր ?աշխատակից?ները, այլապէս ?ուրիշ գործ փնտռելու? կը պատրաստուի։ Այս ծիրէն ներս արտադասարանային ձեռնարկները իրենց յատուկ տեղը ունին եւ կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Ըստ երեւոյթին դպրոցի պատասխանատուներուն կողմէ սկսուած այս աշխատանքը յաջող ընթացքի մէջ է, կը վայելէ նաեւ գաղութին քաջալեր կեցուածքը։ Տայ Աստուած, որ բոլորը յարատեւեն, չզբաղին մանր ու գձուձ հաշիւներով, գոհացուցիչ արդիւնքներով չբաւականանան, ձգտին հասնելու լաւագոյնին, գիտնան սխալ սրբագրել, գիտնան քաջաբար դիմագրաւել քննադատութիւնները, գիտնան զատորոշել ըսի-ըսաւը իրականութենէն։??


Շրջանաւարտ աշակերտներու գործ հայթայթելու նիւթին կապակցութեամբ լիովին չեմ բաժներ Օրդ. Գարաճեանի ապագայի մտահոգութիւնը, թէ ?եթէ նման քայլերու չդիմենք ապագային պիտի չունենանք կրթական գործով զբաղող անհատներ?։ Հակառակ այն իրականութեան, որ շրջանաւարտներուն գործ կը տրուի ու անոնք ալ իրենց տրուած պարտականութիւնները հաճոյքով կը կատարեն, սակայն ոչ մէկ գրաւական կայ, որ այդ երիտասարդները այստեղ մնան ապագային։ Ես պիտի ըսէի թէ դպրոցը կը շարունակէ իր գոյութիւնը ապագային պահել միայն երբ ան ունի հաստատ սիստեմներ, յստակ նպատակներ եւ յստակ սկզբունքներ։?? Կը թուի թէ Օրդ. Գարաճեան դառն փորձառութիւն ունեցած է անցեալին, իբր ուսուցչուհի՝ վարժարանին մէջ ուսուցչական առաջարկներու գործադրման առնչութեամբ։ Կարծիք չեմ կրնար յայտնել, որովհետեւ տեղեակ չեմ թէ ինչ առաջարկի մասին է խօսքը, որ վերջապէս մերժուած է։ Իմ փորձառութեանս մէջ այդպիսի դառն յիշատակներ չկան բարեբախտաբար:


Սորվեցնել չըլլայ, Փորձառութիւնս ինծի հետեւեալը կը թելադրէ. Երբ հաստատութեան մը պատասխանատու բոլոր մարմինները համերաշխ կ՚աշխատին, Օրդ. Գարաճեանի մատնանշած դժուարութիւնները կամ բնաւ չեն ստեղծուիր, եւ կամ արագ իրենց լուծումը կ՚ունենան։??


Կը գնահատեմ Օրդ. Գարաճեանի առանց բառերը ծամծմելու անկեղծ պոռթկումը թէ ?մեծ ամօթ է եւ անընդունելի անգլերէն խօսիլ հայկական վարժարանի մէջ?։ Այս երեւոյթը առկայ է մեր դպրոցին մէջ, սակայն նահանջի մէջ է։ Ընդունինք որ հոսանքին դէմ թիավարելն ալ դիւրին չէ բնաւ: Յուսանք, ի մօտոյ, այս տխուր իրականութեան դէմ տարուած աշխատանքները յաջողութեամբ կը պսակուին։


Այս առիթով թող ինծի ներուի փոքր մէկ դիտողութիւն կատարել։ Յաճախ 20-30 տարիքի հայ երիտասարդներու կը հանդիպիմ հայկական շրջանակներու մէջ, ուր այդ նոյն երիտասարդները (ոմանք ամուսնացած եւ զաւակի տէր զոյգեր) իրարու հետ անգլերէն լեզուով կը շաղակրատեն։ Լաւ երեւոյթ չէ, սովորութիւնները ժառանգ կը թողուին, ճիշդ կ՚ըլլայ որ այսպիսի յոռի սովորութիւններ չմտցնենք մեր ընտանեկան բարքերուն մէջ, մանաւանդ որպէս ներկայ թէ ապագայ հայրեր ու մայրեր։??


Դարձեալ շնորհակալ եմ Օրդ. Գարաճեանին, իր անկեղծ առաջադրանքներուն եւ դիտողութեանց համար, առանց որոնց վստահաբար պիտի ծուլանայի այս քանի մը մտահոգութիւններն ու յստակացումները թուղթին յանձնել։??

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostАрмянская община в ОАЭ
Older PostՀայկական karaoke Շարժայի մէջ

POPULAR

item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Discrete Video Modeling for children with special needs in Armenia

February 23, 2016
item-thumbnail

Nana Aramyan’s art and her exceptional inspiration

September 12, 2015

LATEST

item-thumbnail

تواصل تركيا سياستها التقليدية بتبرير الإبادة الأرمنية والتهديد

August 11, 2020
item-thumbnail

«Իմ երազանքապնակը բազմազան ու գունեղ էր, սակայն չէի մտածում, որ երգիչ կդառնամ». Ուսկե Շաբաբյան

July 10, 2020
item-thumbnail

Գինեկոլոգիա. Ինտիմ պլաստիկան և ցուցումները

July 2, 2020
item-thumbnail

Ptit: Armenian language website for children and teenagers

June 20, 2020
item-thumbnail

Vartine Ohanian Minister of Youth and Sports in the New Lebanese Government

January 22, 2020

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Chinese Armenians
  • Cyprus Armenians
  • Egyptian Armenians
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Pan-Armenian News
    • Art
    • Books
    • Business
    • Celebrations
    • Courses and Camps
    • Documentaries
    • Education
    • Energy
    • Festivals
    • Genocide
    • History
    • Interviews
    • Language
    • Poetry
    • Politics
    • Tourism
  • Religion
  • Syrian Armenians
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին
  • القسم العربي

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact
  • Social Media

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey

item-thumbnail

Armenia through the eyes of foreign tourists

item-thumbnail

Ավստրալահայ ընտանիքը հայրենադարձվել Հայաստան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Krikor Jabotian Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Azad-Hye on FLICKER

© 2021 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll