• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Theological Seminary of the Catholicosate of Cilicia

January 29, 2011
A+ A-
Email Print
Theological Seminary of the Catholicosate of Cilicia

V. Rev. Father Krikor Chiftjian writes about the hisotry of the Theological Seminary of the Catholicosate of Cilicia (Antelias, Lebanon) which is the leading Armenian theological school in Diaspora and has a history of more than 80 years.


The graduates are the servants of Armenian church. Many are delegated to different countries to head church institutions there. The Seminary which functions in Bekfaya not far from Beirut has been a continuation of an earlier seminary in Sis, the capital of historical Cilicia, where the Catholicosate of Cilicia was located before the Armenian Genocide.


V. Rev. Father Chiftjian makes parallels between the Catholicosate of Cilicia's Seminary and another historically known seminary (Armash) in Ottoman times, both with a mission to create religious leaders.


Contact:


V. Rev. Fr. Krikor Chiftjian,
Communications Director of the Armenian Catholicosate of Cilicia
Armenian Catholicosate Of Cilicia's Address
PO Box : 70 317 Antelias – LEBANON
Tel: (+961-4) 410 001 / 3
Fax: (+961-4) 419724
E-mail:
[email protected]
http://www.armenianorthodoxchurch.org


Photos (See below):
– The Seminary in 1930s.
– The Seminary today.
– The founders of the Seminary Catholicos Sahag and Catholicos Papken.
– Catholicos Sahag with the students of the Seminary during a relax moment in the orchards of Antelias.
– The students of Seminary in the 1930s. Catholicos Zareh and Catholicos Khoren are amongst the students.
– The students assist in the construction of the Cathedral in Antelias by carrying stones in 1934.
– The students of Seminary on the seaside of Antelias. Catholicos Zareh and Catholicos Khoren are in the group.





TEXT BY V. REV. FR. KRIKOR CHIFTJIAN IN ARMENIAN


Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը


Արմաշու շունչը կայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքի Ուսանողութեան մէջ


ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ


Դպրեվանքի վերաբացման թուականը կանխող այս շաբաթներուն, երբ ազգովին կը նախպատրաստուինք նաեւ տօնելու մեր Թարգմանիչ Վարդապետներուն՝ Ս. Սահակ-Մեսրոպի եւ անոնց աշակերտներուն յիշատակը, մեր մտածումները կը կեդրոնանան այն սրբազան յարկին վրայ, որ մեր եկեղեցւոյ ու ազգի ծառայութեան նուիրուելու կոչում ունեցող երիտասարդութեան արեւելում կու տայ: Հիմնարկ՝ որուն լայնանիստ սիւներուն նիւթերը միայն խունկն ու աղօթքը չեն, այլ մեր հայրերու լոյս հաւատքը, գիտութիւնն ու իմաստութիւնը, որոնք ջերմեռանդ աղօթքի արցունքով շաղախուած են:


Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ամէնէն յատկանշական ժամանակին, 19-րդ դարու վերջալոյսին, անոր կազմակերպական կեանքին նոր թափ տուաւ Արմաշի Դպրեվանքը, որուն շունչ տուողը դարաւոր վանքին կամարներն ու քարերը չեղան միայն, այլ համոզում ունեցող մարդիկ՝ Օրմանեան եւ Դուրեան, տէրը իրենց կոչումին, քաջածանօթ մեր ժողովուրդի պատմութեան, ու հոգեւոր ասպարէզին մէջ իրենց հմտութեամբ ու ծառայութեամբ՝ երկարաշունչ երաշխիքներ մեր ազգի ու եկեղեցւոյ ապագայ կեանքին:


1889-1890 թուականներուն իրարմէ մէկ տարի տարբերութեամբ Արմաշու Դըպրեվանքը մուտք գործեցին երկու տիտաններ՝ Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, եւ Եղիշէ Ծ. Վրդ. Դուրեան, ո՛չ թէ հիմնելու իմացական լոյսի քարեղէն տունը, այլ՝ իրենց մտքի հնոցին մէջ թրծելու ազգի ու եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչում ունեցող նորահաս պատանիները:


Պատմութեան ընթացքին եղած էին դպրանոցներ, որոնք հոգեւորական սպասաւորներ պատրաստած էին մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան համար, սակայն նոր օրերու մարտահրաւէրներուն դիմաց, Արմաշու Դպրեվանքը համապատասխան մօտեցում ցուցաբերելու կոչուած ուսումնական հիմնարկն էր այդ օրերուն: Հիմնադրութենէն հազիւ վեց տարի անցած, եօթը աբեղաներ ուսումնապէս ու հոգեպէս պատրաստուած, պիտի մտնէին ժողովուրդի կեանքին մէջ: Անոր պիտի յաջորդէին երկու դասարաններ եւս, աճեցնելով նորընծաներուն թիւը, որոնց որակը միշտ նախապատիւ համարուած էր Դպրեվանքի վերատեսուչներուն՝ Օրմանեանի եւ Դուրեանի կողմէ:


Արմաշու Դպրեվանքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին միջեւ հասարակաց գիծեր կամ նոյնութիւններ գոյութիւն ունին, որոնց յայտնաբերումը երկար տարիներու հետազօտութեան չի՛ կարօտիր: Արշակ Չօպանեան, այդ օրերու մամուլին մէջ իր հրատարակած յօդուածով կ՛անդրադառնայ Արմաշու Դպրեվանքի առաջին հունձքին, զայն տարբերելով անցեալին տեղի ունեցած ձեռնադրութիւններէն ու հոգեւորական հասցնելու ստիպողականութեան դիմաց գտնուող եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ կատարուած տնօրինումներէ. ?Մեզի համար այս դէպքը կարեւոր է, եւ շատ տարբեր կրօնական ձեռնադրութիւններէ, անո՛վ որ միայն կրօնքի մարդիկ չէին մեզի ընծայուածները, այլ մանաւանդ ուսումնասիրութեան մարդիկ? կը գրէ ան:


Դիտեցէ՛ք անցնող տասնամեակներու հայ կեանքը, գաղութային իր գունագեղ պատկերով մանաւանդ: Սփիւռքի տարածքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն շրջանաւարտ հոգեւորականները եկեղեցական չեն միայն, բառին նեղ հասկացողութեամբ, այլ իրենց վանական պատասխանատուութիւններուն մէջ, թէ թեմական ծառայութեան կեանքէն ներս, ուսման ու կրթութեան, հոգեւոր թէ մշակութային դաստիարակութեան նուիրուած առաքեալներ են, իրենց անձերը նոյնացուցած մեր ժողովուրդի հոգեկան յուզմունքին ու խռովքին, տագնապներուն ու ազգային իտէալներուն:


Նոյն այս Դպրեվանքէն դուրս եկան 20-րդ դարու մեր եկեղեցականութեան ամէնէն փայլուն դէմքերը՝ Հայրապետներ եւ բարձրաստիճան թէ համեստ հոգեւորականներ, որոնք Ցեղասպանութենէն վերընձիւղուող հայութեան կեանքին մէջ բազմաբնոյթ աշխատանք ծաւալեցին: Աստուածաբանական ու մտաւորական իրենց ներդրումին կողքին, հայու խլեակներուն մինչեւ իսկ ուտեստեղէն մատակարարեցին անոնք, վերապրող նոր սերունդին որբախնամութիւնը ու անոր կրթական կեանքի կազմակերպումի աշխատանքը անձամբ կատարելով:


Հայեցի կրթութիւնը եւ ազգայնաշունչ մթնոլորտը որ կը տիրէ Դպրեվանքին մէջ, դարձեալ ժառանգուած է Արմաշէն: Թուրքին բարբարոսութեան զոհ գացած այդ պատմական Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն մին, որ հետագային հայ եկեղեցւոյ փայլուն դէմքերէն պիտի հանդիսանար, իր ուսուցչին՝ Դուրեանի երեսնամեայ յոբելեանին առթիւ իր գրած վկայութեան մէջ կը յիշէ, թէ ինչպէս Դուրեան երբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստացած, Հայաստանէն կը վերադառնայ, իր հետ մէկ ափ խիճ կը բերէ Սեւանի ափունքէն, զայն իբրեւ մէկական մարգարի՜տ, մէկական կա՜յծ, մէկական արցո՜ւնք հայրենիքէն, յանձնելու իր աշակերտներուն: Տպաւորութիւն՝ զոր աշակերտները իրենց հետ պիտի տանէին մինչեւ գերեզման?:


Դարձեալ, ան կը յիշէ իր ուսանողութեան օրերը, երբ Արմաշի Վանքին մէջ, Թարգմանչած տօնի եկեղեցական նախատօնակէն ետք, վանքի շրջափակին մէջ զոյգ խարոյկներ կը վառէին, որոնցմէ մէկը Ս. Սահակը կը խորհրդանշէր, իսկ միւսը Ս. Մեսրոպը, իբրեւ լուսատու ջահերը մեր մշակոյթի տան?: Տպաւորութիւն՝ որ այդ օրերու Դպրեվանքի սաներուն վրայ այնքան պիտի ազդէր, որ հետագային անոնց արձակ թէ ոտանաւոր գրութեանց մէջ իր արձագանգը ու հետքը պիտի թողուր, հայ հոգեւոր գրականութեան ատաղձ հանդիսանալով:


Այսօր եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը հայ հոգեւոր ու ազգային մշակոյթի տաճար է, ուր միայն աւանդութիւնները չեն պահպանուիր զմռսուած ու անկենդան, այլ՝ դարաւոր արժէքները նորօրեայ իմաստ կը զգենուն, նոր սերունդին տրուող ամէնէն ժամանակակից ուսման ճամբով, զանոնք հասցընելով մինչեւ միջազգային համբաւ ունեցող համալսարաններու ամպիոնները: Ահա այս առումով, Դպրեվանքը իսկական տունն ու տեղն է ուսման ատակ, ու իմացականութեամբ փայլուն ուսանողներու, որոնք մեր ազգին ու եկեղեցւոյ ղեկավարութեան բարձրագոյն աթոռներուն պիտի բազմին ապագային, մեր ժողովուրդի առաջնորդութեան ղեկը ձեռք առնելով:


Բանիմաց հոգեւորականներու իսկ վկայութեամբ, անցած է այն ժամանակը, երբ հաւատացեալներու հօտը կը նկատուէր արջառներու նախիր, որ իր հովիւին քշած ուղղութեամբ պիտի ընթանայ: Անուսներու երամակ չէ՛ հաւատացեալներու հօտը այլեւս, որ կուրօրէն հետեւի աւանդաբար տրուածին: Հաւատքի ու կրօնական կեանքի կնճռոտ ու փշոտ հարցեր գոյութիւն ունին, որոնց համոզիչ պատասխաններ կ՛ակնկալուին հոգեւորականէն: Դպրեվանքը այդպիսի մարդոց պատրաստութեան յատուկ դարբնոցն է, որուն յարկէն ներս մտնելէ առաջ, պէտք է լրջօրէն խորհիլ:


Ասոր դիմաց, սակայն, իր եկեղեցւոյ ինքնուրոյն նկարագրով, հոգեւոր հիմունքով, եկեղեցաբանական դրուածքով ու աստուածաբանական մտածողութեամբ մտահոգ հոգեւորականութիւնը կը պահանջէ հաւասարակշռուած մօտեցում հաւատացեալներուն կողմէ, անոնց նախանձախնդրութենէն բխած մօտեցումները ընդունելով իբրեւ առաջարկ եւ ո՛չ որոշում: Եկեղեցական իշխանութիւնը առաքելական յաջորդութեամբ ստանձնուած սուրբ կարգ ու պաշտօն է, եւ ո՛չ թէ երկրաւոր տնօրինումներու առարկայ: Զարգացած նոր սերունդին, ու համալսարանական երիտասարդութեան դիմաց, բարձրագոյն ուսում ու զարգացում ունեցող հոգեւորականներու ակնկալիքը կը բաւարարէ Դպրեվանքը, որ մինչեւ բարձրագոյն ուսման առիթներ կ՛ընծայէ իր շրջանաւարտ հոգեւորականներուն: Ա՛յս նկատի ունենալով, պէտք է Դպրեվանք ուղարկել ուսման ատակ զաւակները մեր ազգին, համապատասխան արդիւնք քաղելու առողջ հեռանկարով:


Դպրեվանքը գրելու, դաստիարակելու, ուսուցանելու առաջնորդելու, հովուելու, եւ մանաւանդ ծառայելու կիրքով բռնկած մարդիկ կ՛արտադրէ: Վերոյիշեալ ?կիրքեր?ուն կրակը Դպրեվանքին մէջ կը բոցավառի, ո՛չ միայն հոգեւորականներ պատրաստելու, այլ նաեւ, մեր ազգին ջահը մի՛շտ արծարծ պահող ազգային գործիչներ յառաջ բերելու համար:


Անցեալին Արմաշը եւս պատրաստեց, հոգեւորականներու փաղանգին չափ եւս աշխարհական նուիրեալներ, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին հայ գրականութեան ու մշակոյթին: Յակոբ Օշականը մէկն է այդ մեծերէն, որոնք իրե՛նք իսկ դպրոց դարձան, ուղղութիւն տալով խարխափողներուն: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի առաջին սերունդի սաներէն կարելի՞ է մոռնալ անմահանուն Զարեհ Ա. Սքանչելի Վեհափառը, Խորէն Ա. Շինարար Կաթողիկոսը, որոնք 20-րդ դարու մեր հայրապետներուն շարքին գիսաւոր աստղերը դարձան, իրենց լուսեղէն անունները կտակելով հայութեան երկնակամարին: Իսկ աշխարհական գործիչները՝ թուով այնքան բազում, որոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն գաղութի մէջ, ամէն քայլափոխի, ալեհեր թէ երիտասարդ, նո՛յն եռանդով, եւ որոնք Դպրեվանքէն իրենց տրուած աշխատանքի նո՛յն կայծով կը բոցավառեն ու կը բանեցնեն մեր ազգի հոգեշարժ մեքենան:


80 տարիները շատ կարճ ժամանակամիջոց պէտք է նկատել այսքան աշխատանք ծաւալելու, եւ հոգեկրթման ու մարդակերտումի գործին այսքան կազմակերպ ձեւաւորում տալու համար: Բայց այդ աշխատանքը եղաւ ու կը շարունակուի ա՛յն հաւատքով, որ Դպրեվանքի հիմնադիրները՝ Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան եւ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսներ ունեցած էին, առաջին վերատեսուչին՝ հոգելոյս Տ. Շահէ Արք. Գասպարեանին հետ միասին:


1906 թուականին երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ. Վեհափառին երազը մասամբ իրականացաւ, երբ երբեմնի թագաւորանիստ Սիս քաղաքի Մայրավանքին մէջ իր նոր վերաբացած Դպրեվանքը սկսաւ շնչաւորուիլ, գաւառներէն ժամանած պատա-նիներու թարմ շունչով: Սակայն կոտորածներու փոքր ու մեծ արհաւիրքները, որոնք վերջապէս յանգեցան 1915-ի Ցեղասպանութեան, ամէն փափաք ու ճիգ խեղդեցին:


Յոյսը, որ մահէն անդին կ՛ապրի, դարձեալ ծնաւ Դպրեվանքը, այս անգամ Լիբանանի մէջ, հեռու Հայկական Կիլիկիայէն, Անթիլիասի ծովափին, 1930 թուականին: Ամէնէն խեղճուկ կենցաղային պայմաններով սկսած Դպրեվանքը, այսօր այժմէական ամէն յարմարութեամբ օժտուած է, հակառակ ամբողջ աշխարհի մէջ տիրող տնտեսական զգալի տագնապին: Ապագայ Կաթողիկոսներ, Եպիսկոպոսներ ու Քահանաներ դժուարին պայմաններու մէջ կազմաւորուեցան, բայց կշիռ ունեցող սերունդ դարձան, եւ իրենց կարգին՝ սերունդներ կերտեցին:


Անոնցմէ ո՛չ ոք ամօթ համարեց Աստուծոյ Տունը շէնցնելը իր կատարած եկեղեցական վեհ արարողութեամբ: Ո՛չ ոք ծիծաղելի գտաւ սրբազան շարականներու կատարումով հաւատացեալ հոգիները լիացնելը: Ո՛չ ոք նուաստացուցիչ գործ նկատեց, այս աշխարհէն յաւիտենապէս բաժնուող ննջեցեալին վրայ աղօթք մրմնջալն ու անոր հարազատներուն մխիթարական խօսք ըսելը, ո՛չ ալ ժամանակավրէպ նկատեց, եկեղեցւոյ մէջ նորահաս երիտասարդները պսակելով, Աստուծոյ օրհնաբաշխ Աջը անոնց հովանի դարձնելը: Իսկ ի՞նչ արգահատելի երեւոյթ կայ նորածին մանուկը մկրտելով, զայն քրիստոնէացնելու նուիրական պարտականութեան մէջ:


Աշխարհի ամէնէն կարեւոր ու բարձր նկատուած աթոռներուն բազմած մարդիկը, կամ այդ դիրքերուն հաւասարազօր պաշտօններ վարող անձերը իրենց բարձրագոյն վկայականներով մէկտեղ, չե՛ն կրնար հաւասարիլ եկեղեցւոյ ամէնէն համեստ սպասաւորին, որ աստուածատուր՝ ի վերուստ իրեն տրուած կոչումով, իր առաքելութիւնը լիուլի կը կատարէ: Մինչ անոնք իրենց գո՛րծը կը կատարեն, ասիկա՝ Աստուծո՛յ կամքը կը գործադրէ:


Ազգընտիր Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վկայութեամբ, այս հաստատութեան առաջին ու վերջին անունը ծառայութիւն է: Դպրեվանքէն դուրս եկող ծառայասէր հոգիներուն առ ի գնահատանք, փառքը կու տայ մեր ժողովուրդը իբրեւ աննիւթեղէն շքանշան, զայն դրոշմելով իրեն ծառայող հոգեւորականներու ճակատին: Սակայն այնպիսի փառք՝ որ նախ ?խաչ? է:


Դպրեվանքէն լոյս ըմպելու համար, լուսածարաւ հոգիներ են պէտք: Իսկ այդ լոյսին արժէքը կ՛իմանան միայն անոնք, որոնք հոգեւորական ասպարէզը ընդգրկելու եւ այդ ճամբով ծառայելու երջանիկ զգացումը ծնունդո՛վ ունեցած են իրենց հոգւոյն մէջ: Այլապէս անոր մասին խօսիլն ու մտածելը յիմարութիւն կը թուի ոմանց, ինչպէս Առաքեալն ալ մեր նկատողութեան կը յանձնէ, թէ՝ խաչին մասին քարոզութիւնը ոմանց համար յիմարութիւն կը թուի (Հմմտ Ա.Կր 1.18): Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ միաժամանակ որ Աստուած, իրենց անձը իմաստուն կարծողները իրենց ճարպիկութեան մէջ կը բռնէ (Հմմտ Յբ 5.13), որովհետեւ այս աշխարհի իմաստութիւնը Աստուծոյ աչքին յիմարութիւն է (Հմմտ Ա.Կր 3.19): Միւս կողմէ, եթէ իսկապէս ի ծնէ սահմանուած չըլլան անոնք երկնային առաջնորդութեամբ ընթացող այս ասպարէզին, ուշ կամ կանուխ կ՛իյնան անոր վրայէն, ամէնէն մեղմ զեփիւռին հետ նռնենիէն թափուող բոսոր ծաղիկներուն պէս:


Դպրեվանքի դռները բաց են կարելի եղածին չափ լայն, կոչեցեալները իր մօտ հրաւիրող Յիսուսի թեւերուն նման տարածուած: Սակայն մի՛ մոռնաք, որ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ (Հմմտ Մտ 20.16):






ADDITIONAL READING


The Theological Seminary has had an immediate and strong impact on all dimensions and aspects of the life and work and Diaspora-wide mission of the Catholicosate of Cilicia. Furthermore, the presence of hundreds of graduates, both clergy and laity, serving our Church and people in different parts of the world, testifies to the profound role that it continues to play in the life of our Church.


The history of the Theological Seminary is an inseparable part of the rhythm of the changing circumstances of the Armenian people. After the Armenian Genocide,  in 1915, the Catholicosate, together with its people, was exiled from its centuries-old homeland. In 1930, it took refuge in Antelias, Lebanon. Same year, Catholicos Sahak II established the Theological Seminary, which, in the course of time, has grown qualitatively and quantitatively, and has become 'the heart' and 'the backbone' of the Catholicosate.


The Theological Seminary has contributed significantly to the missionary and educational task of the Armenian Church, as well as to its spiritual renewal. Thousands of seminarians have been educated there. It has struggled heroically in the face of the difficult Armenian Diaspora situation. It has met the challenges of changing times and the growing needs and demands of the Armenian people scattered all around the world, and it has done so with supreme courage and with a profound sense of responsibility.


Today, new priorities and perspectives are emerging in the life of the Armenian Church and people:


With the re-establishment of a free and independent Republic of Armenia, our Church in Armenia is faced with a major task of re-evangelizing Armenia, which has lost so much of its Christian identity under an atheistic and totalitarian regime.


Our communities in all different parts of the world have profound spiritual and educational needs. We urgently need new priests, teachers of Christian education and deacons; we need devoted and well-trained people who can teach and preach the Gospel of Jesus Christ to our people responsibly.
The Armenian Church and people are currently celebrating the 17th Centenary of the Proclamation of Christianity in Armenia. This celebration requires tremendous energy, resources and leadership. Today, the Theological Seminary is called more than at any other time to play a pivotal role in the life and witness of the Armenian Church.


It is with this vision and perspective that His Holiness Aram I has paid particular attention to the needs and development of the Theological Seminary, by clearly stating that it will remain “a top priority” for him and that he will do his utmost to breathe new vitality and efficiency into its activities.


PHOTOS:

































The Seminary in 1930s


The Seminary in 1930s


The Seminary today


The Seminary today


The founders of the Seminary Catholicos Sahag and Catholicos Papken


The founders of the Seminary Catholicos Sahag and Catholicos Papken


Catholicos Sahag with the students of the Seminary during a relax moment in the orchards of Antelias


Catholicos Sahag with the students of the Seminary during a relax moment in the orchards of Antelias


The students of Seminary in the 1930s. Catholicos Zareh and Catholicos Khoren are amongst the students


The students of Seminary in the 1930s. Catholicos Zareh and Catholicos Khoren are amongst the students


The students assist in the construction of the Cathedral in Antelias by carrying stones in 1934


The students assist in the construction of the Cathedral in Antelias by carrying stones in 1934


The students of Seminary on the seaside of Antelias. Catholicos Zareh and Catholicos Khoren are in the group


The students of Seminary on the seaside of Antelias. Catholicos Zareh and Catholicos Khoren are in the group


 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostTourism: A new development factor for Armenia
Older PostՊետք է հիշել
  1. Hrair Kaladjian July 2, 2012, 11:57 pm

    My grandfather was in the first graduating class.
    HK.

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

«Դուք այստեղ եք տանտիրոջ կարգավիճակով». սփյուռքի նախարարը՝ «Քայլ դեպի տուն» ծրագրի մասնակիցներին

item-thumbnail

Fridtjof Nansen’s portrait donated to Norway

item-thumbnail

Armenia through the eyes of foreign tourists

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll