The following is an article by Maral Simsar-Tombazian (
Brief presentation (see below the complete article in Armenian language):
The challenges are great in front of preserving our national language, especially in the age of globalization and mainly in the communities outside
Maral Simsar-Tombazian perceives problem not only in the decreasing number of people using Armenian as their communication language in Diaspora, but also in the limited usage of the Armenian Alphabet within the circles of those who already have a good command of the literary Armenian language.
The Internet widened the horizons of the Armenian Media, but it is a pity that many citizens of
We should make a habit using the Armenian language in the Internet and in other forms of communications. Learning to use the Armenian keyboard is not a daunting effort. On the occasion of the 1600 anniversary of the alphabet this becomes imperative.
THE COMPLETE ARMENIAN ARTICLE
1600 – ԱՄԵԱԿԻ ԽՈՀԵՐ
Մարալ Սիմսար–Թօմպազեան
Այս տարի կը լրանայ հայ գիրերու գիւտին 1600-ամեակը ու այդ առթիւ տեղի կ'ունենան շարք մը մեծաշուք տօնակատարութիւններ, գիտաժողովներ եւ այլ յոբելինական ձեռնարկներ Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ :
Նկատի առնելով Մեսրոպեան գիւտին ունեցած նշանակալից դերը հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծի ձեւաւորման, մշակոյթի զարգացման և իբրեւ ինքնուրոյն ազգ՝ գոյատեւման մէջ, պատահական չէ որ մեր տաղերգուներուն ու բանաստեղծներուն գործերուն մէջ յաճախ կը հանդիպինք հայոց այբուբենին և լեզուին նուիրուած ներբողական ու հիացական տողերու, ուր անպակաս են ?մեծասքանչ, ?ոսկեղնիկ? և այլ մակդիրներ : Մեր եկեղեցական և աշխարհական հայախօս ղեկավարները, ամէն առթիւ, բեմերէն ու մամուլի միջոցաւ, կը ջատագովեն հայերէն լեզուին ուսուցման և պահպանման անհրաժեշտութիւնը : Սակայն ներկայիս, իրենց ստեղծումէն 16 դար ետք, համաշխարհայնացումի ու համացանցի տիրապետութեան մեր օրերուն, մեսրոպեան տառերը դէմ հանդիման կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու, որոնք կը սպառնան իրենց գոյութեան: Խօսքը չի վերաբերիր սփիւռքի մէջ հայախօսութեան արագընթաց նահանջին, որ հարցականի տակ կը դնէ Հայաստանէն դուրս գտնուող հայութեան գոյատեւումն ու ինքնութեան պահպանումը այլ՝ հայերէն տառերու գործածութեան օրէ օր նուազումին, գրական հայերէնին վարժ՝ հայախօսներու շրջանակներէն ներս?
Անուրանալի փաստ է որ համացանցը հաղորդակցութեան սքանչելի հնարաւորութիւններ ստեղծեց նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր անկիւնները թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական մակարդակներու վրայ : Բացի հայ մամուլի, լրատուական գործակալութիւններու, կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ այլ բազմալեզու կայքէջերուն, մեր տրամադրութեան տակ կը գտնենք նաեւ ազատ զրոյցի ու վիճարկումներու յատկացուած ?ֆորում?ներ կամ խմբակներ որոնք տեղեկատուութեան և կարծիքներու փոխանակման անսահման կարելիութիւններ կ?ընծայեն մեզի: Բնակաբար, հայերէն լեզուին չտիրապետող մեր ազգակիցներուն հաղորդակցութեան լեզուն չկրնար հայերէնը ըլլալ. սակայն ի՛նչ ըսել մեսրոպեան գիրին ատակ Հայաստանցի կամ սփիւռքահայ մեծաթիւ անհատներուն որոնք կ?օգտագործեն օտար լեզուներ, հայերէն կարդացող թղթակիցներու հետ հաղորդակցելու համար : Նոյնպէս ընդհանրացած երեւոյթ է լատինատառ հայերէնը որ ինքնին ամենամեծ վտանգը կը հանդիսանայ հայկական այբուբենին ապագային նկատմամբ : Այսպէս, հայերէն լեզուին (գրաւոր և բանաւոր) տիրապետող հայորդիներ շուտով կը կորսնցնեն իրենց հայատառ գրելու վարժութիւնը ու մեսրոպեան այբուբենին գործածութեան շրջանակը օրէ օր աւելի կը սահմանափակուի, ճամբայ հարթելով աննախատեսելի զարգացումներու : Այս երեւոյթը առաւել մտահոգիչ հանգամանք կը ստանայ երբ կը նկատենք որ ձեռագիր գրութիւնը աստիճանաբար իր տեղը կը զիջի տպագիրին կամ ?ելեկտրոնական? գիրին :
Այսօր ամէն գիտակից հայ որ կը հաւատայ թէ առանց հայերէն լեզուին ու տառերուն, հայ ժողովուրդը դատապարտուած է կորսուելու, պարտի իր մասնակցութիւնը բերել մեր լեզուին պահպանման գործին: Հայերէն այբուբենին ծանօթ հայախօս ամէն անհատ կրնայ քիչ մը ճիգ թափելով հայատառ հայերէնը օգտագործել իր համացանցային առօրեայ հաղորդակցու–թիւններուն մէջ : Բնական է որ հայերէն տառերու ստեղնաշարին գործածութիւնը որոշ վարժութիւն կը պահանջէ սկզբնական շրջանին. Սակայն պէտք չէ մոռնալ որ ասկէ 10 տարի առաջ մեզմէ շատեր գրամեքենայի փորձառութիւն չունէին բայց շուտով վարժուեցան համակարգիչին գործածութեան : Ոմանք կը պատրուակեն իրենց տկար ուղղագրութիւնը, ինչ որ անտեղի է երբ բոլորիս ծանօթ է համացանցային ոչ–պաշտօնական հաղորդակցութիւններուն մէջ տիրող լեզուական անփութութիւնը:
1600-ամեակի յոբելինական այս օրերուն չի բաւեր ոգեկոչել Մաշտոցի հանճարը ու գովքը հիւսել մեր այբուբենին և լեզուին, անընդհատ կրկնելով թէ անոնք 16 դար շարունակ ապահոված են հայ ժողովուրդի գոյատեւումը: Հայոց տառերը ստեղծուած են գործածուելու՝ գրելու և կարդալու համար և ոչ թէ պատուանդանի մը վրայ դրուելով, պաշտամունքի առարկայ դառնալու: Մեզի կ?իյնայ Մաշտոցի անգին աւանդը լաւագոյնս օգտագործել, զարգացնել ու անվնաս փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
ԱՐՁԱԳԱՆԳ ? Ժընեւ ? թիւ 140 ? Սեպտեմբեր / Հոկտեմբեր 2005
E-mail of Maral Simsar-Tombazian: [email protected]