AGBU provides assistance to Syrian Armenians

AGBU provides assistance to Syrian Armenians

Faith and Dedication


By Zepure Tamerian


Azad-Hye


Aleppo, the economic capital of Syria, has been the epicenter of disturbing events that undermined the safety and security of Syria.


Due to the unfavorable conditions, people were left unemployed, others were obliged to leave their homes and take refuge in relatively safe places. A dangerous and alarming situation developed, which affected Aleppo Armenians as part of the general population.


This prompted the AGBU's Syria's Regional Committee to form an Emergency Committee in Aleppo, Damascus and Kamishli. 


It is worth mentioning here that AGBU has also provided financial, moral and physical support to the aid committee formed with the contribution of all Armenian fractions and denominations in Aleppo, extending assistance to all Armenians in Syria.


AGBU's Emergency Committee was involved in securing foodstuff, providing shelter to refugees, extending medical services and arranging other emergency actions, such as restoring damaged houses and providing financial support to injured compatriots.


The Committee decided to start its activities by securing foodstuff to the needy population, especially as many people were left unemployed in recent times and, therefore, were unable to sustain their households. 


A sub-committee was formed to purchase material and place it in special boxes with AGBU's logo.


In order to facilitate the distribution of the material, special forms were prepared with appropriate cards for each applicant. Based on that, a list of needy families was created.


In order to serve a wider range of Armenian population, contacts were made with various organizations (religious denominations, charity, cultural and patriotic unions, etc.), to get lists of additional disadvantageous individuals.


The operational part was undertaken by the Armenian Youth Association, with its various bodies (scouts, students and sports unions).


The young people helped the applicants in receiving the packages and placing them in the school bus. Applicants were accompanied back to their residences with the aid packages delivered to their doors.  


According to statistics available today (11 October 2012) already 40 tons of foodstuff was distributed to 1.500 families. The target is 2.500 families. Each grant will cover the sustenance needs of each family for a period of one month.


An increase of the number of applicants and new requests for existing families has been noticed. Both cases will be taken into consideration and be fulfilled accordingly. 


On another front, AGBU has taken measures to assist displaced families and others who need medical care. Financial aid was given to the injured. Orphans also were taken care of. 


Decision was made to prepare shelters with necessary items. It was decided also to open a clinic with emergency equipments and proper drugs. One of the school buses was converted into an ambulance, with adequate equipments. City hospitals were contacted in order to prearrange the admission of critical cases. 


Despite the difficult times, the leadership of AGBU is sparing no effort in taking proper decisions and implementing them, through the help of noble and caring administrative officers in the community.


In 2010 the 100th anniversary of AGBU's Aleppo chapter was market under the motto: Faith and Dedication.


AGBU's leadership is continuing the path of faith and dedication and is translating the principles into action.


We salute all noble and supportive members, who combine faith and dedication in their extremely patriotic mission.  





       
TEXT IN ARMENIAN


ՀԲԸՄի նպաստը Սուրիահայութեան տագնապալի օրերուն


Հաւատք և նուիրում


Գրեց՝ Զեփիւռ Թամերեան


Ազատ-Հայ


Սուրիական հայրենիքի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վտանգող տագնապալի դէպքերու թիրախը դարձաւ նաեւ Հալէպը, որ կը համարուի Սուրիոյ տնտեսական մայրաքաղաքը։


Մարդիկ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով դարձան անգործ, ուրիշներ ստիպուած լքեցին իրենց տուները, համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններ հաստատաուելով։ Ստեղծուեցաւ ծանր, մտահոգիչ վիճակ մը, որմէ բնականաբար անմասն չմանց հալէպահայութիւնը։


Ահաւասիկ այս պատճառով, Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի թելադրանքով անմիջապէս կազմուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Արտակարգ Վիճակի Մարմին մը։ Նման մարմիններ ստեղծուեցան նաեւ Դամասկոսի եւ Գամիշլիի մէջ։


Տեղին է յիշել, որ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը իր նիւթական, բարոյական եւ Ֆիզիքական մասնակցութիւնը բերած է նաեւ գաղութէս ներս ստեղծուած միջ-գաղութային եւ միջ-յարանուանական Շտապ Օգնութեան Մարմինին՝ համայն հայութեան օգնութեան հասնելու համար։


Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի հսկողութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ ծնունդ առած Արտակարգ Վիճակի Մարմնի գործունէութիւնը ընդգրկեց տարբեր մարզեր, ինչպէս՝ սննդեղէնի եւ ապաստարանի ապահովում, առողջապահական ծառայութիւններ եւ արտակարգ տարբեր վիճակներու օժանդակութիւններ, որոնք կը ներառեն փլած, վնասուած տուներու վերակառուցումի աշխատանքները եւ վիրաւորեալներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելը։


Մարմինը առաջնահերթ նկատեց, որ իր աշխատանքը սկսի մթերք սննդեղէն ապահովելով կարիքաւորներուն, նկատի ունենալով , որ վերջին շրջանին գաղութիս մէջ մարդիկ մատնուած են անգործութեան, առանց աշխատանքի կամ ապրուստի որեւէ միջոցի եւ հնարաւորութիւն չունին իրենց առօրեայ ուտեստեղէնը ապահովելու, նիւթականի չգոյութեան պատճառով։


Ուստի անմիջապէս կազմուեցաւ գնումի յանձնախումբ մը։ Կատարուեցաւ մթերքներու գնումը եւ ապա զետեղումը Հ.Բ.Ը.Մ.-ի խորհրդանշանը կրող տուփերու մէջ։


Բաշխումը հեզասահ ընթանալու համար ծրագրուեցաւ յատուկ աշխատաձեւ։ Պատրաստուեցան հարցաթերթիկներ եւ համապատասխան քարթեր՝ իւրաքանչիւր դիմորդի համար։


Այնուհետեւ, պատրաստուեցաւ սննդեղէն ստացողներուն ցանկը, որ ընդգրկեց գաղութիս կարիքաւոր ընտանիքները։


Ժողովուրդի լայն զանգուածին հասու դառնալու նպատակով, կապ հաստատուեցաւ գաղութիս տարբեր միութիւններու հետ (յարանուանական, բարեսիրական, մշակութային եւ հայրենակցական), որոնք մեզ յանձնեցին նպաստընկալներու ցանկերը։ Անհրաժշտ օգնութիւններ տրամադրուեցան նաեւ վերոյիշեալներուն։


Գործնական աշխատանքներու բաժինը ստանձնեց Հ.Ե.Ը.-ի երիտասարդութիւնը՝ իր զանազան յանձնախումբերով, սկաուտական, ուսանողական եւ մարզական։
Երիտասարդները օգնեցին դիմորդներուն, ստանալու համապատասխան տուփը եւ զայն տեղաւորելու վարժարանիս ինքնաշարժին մէջ, այնուհետեւ ուղեկցելու մինչեւ դիմորդի բնակարանը։


Այսօրուան տուեալներով, արդէն սննդեղէն մթերք տրամադրուած է քառասուն թոն,1500 (թիւը պիտի հասնի 2500- ի), ընտանիքներու, իւրաքանչիւր ընտանիքի բաժին ինալով մէկ ամսուայ համար նախատեսուած սնունդ։ Սակայն, այնուամենայնիւ նկատելի է դիմորդներու թիւի աճ եւ կրկին ստանալու պահանջք, որուն նաեւ գոհացում պիտի տրուի։


Առ այդ Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովը անյապաղ ծրագրեց եւ տնօրինեց նոր միջոցառումներ, օժանդակելու կարիքաւորներուն։


Պատարաստուեցաւ ապաստարաններ ապահովելու եւ բժշկական առողջապահական ծառայութիւններ մատուցելու ծրագիրը եւ կազմուեցաւ օժանդակ մարմին մը, համապատասխան աշխատանքները ստանձնելու։


Ինչպէս նաեւ յատկացուեցաւ նիւթական նպաստ վիրաւորներուն բուժման եւ յատուկ նիւթական պիւտճէ, որբերու սննդեղէն ուտեստեղէն տրամադրելու համար։
Որոշում առնուեցաւ, որ ապահովուին յարմարաւէտ ապաստարաններ, անհրաժեշտ առարկանելով հանդերձ։ Ինչպէս նաեւ պատրաստել դարմանատուն, օժտուած բժշկական շտապօգնութեան հարկաւոր սարքաւորումներով եւ հարուստ դեղարանով։ Առաւել, վարժարանիս ինքնաշարժներէն մէկը պատրաստուեցաւ, որպէս շտապօգնութեան ինքնաշարժ՝ դարձեալ օժտուած յատուկ սարքաւորումներով։


Կապ հաստատուեցաւ քաղաքիս հիւանդանոցներուն հետ վտանգաւոր դէպքերը փոխադրելու համար։


Հակառակ դժուար պայմաններուն, Միութեանս ղեկավարութիւնը ոչինչ կը զլանայ հարկ եղած որոշումները ընդունելու եւ զանոնք գործադրութեան դնելու միութենական եւ ազնիւ, ծառայասէր վարչականներուն միջոցով։


2010-ին, Հաւաք եւ Նուիրում բնաբանով առաջնորդուած, մեծ շուքով նշուեցաւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Մասնաճիւղի հիմնադրութեան  100-ամեակը։


Իսկապէս հաւատքով եւ նուիրումով օժտուած, բարեսիրութեան ուղիէն ընթացող Հ.Բ.Ը.Միութեան Սուրիոյ հասուն ղեկավարութիւնը, այսօր, թող հաւակնութիւն չթուի, կը դառնայ այս վեհ բնաբանի լիիրաւ թարգմանը։


Ուժ եւ կարողութիւն հաւատքով եւ նուիրումով աշխատող, ծառայող, բոլոր ազնիւ միութենականներուն։