Armenians gather along both banks of Jordan River during traditional baptism ceremony

Armenians gather along both banks of Jordan River during traditional baptism ceremony

Azad-Hye


Nerses Nersesian from Amman reports that Armenians from Jordan and the Holy Lands met on the baptism site in a traditional gathering on 27 January 2013. 


The event has been the first to be presided by the newly elected Patriarch of Armenians in Jerusalem Nourhan Archbishop Manoogian (97th Patriarch in the long history of Armenian presence in the City of Peace).


The election of the Patriarch which took place on 24th January 2013 grabbed the attention of the whole Armenian world.


Just few days after the election and on the last Sunday of January, Jerusalem and Amman Armenians met (as part of ongoing tradition) on the baptism site on Jordan River. 


The participants on both sides expressed their joy on the election of the new Patriarch and the starting of a new phase in the life of the Saint James Brotherhood. The previous Patriarch was in a clinical comma before passing away in October last year, thus the activities of the Brotherhood were somehow in a situation of stand still.


On the Jordanian side of the river, Archbishop Vahan Topalian headed the Amman Armenian delegation. The blessing of the Jordan River was held in a ceremonial atmosphere. 


Maral Nersesian of the Armenian Community of Jordan addressed the crowd on both sides, just 12 meters from the opposite bank, and expressed the happiness of the faithful for the election of the Patriarch and the continuation of the life in the Brotherhood with new determination. She said that the representatives of the three Jordanian Armenian Unions and the management of the single Armenian school in Amman have come here to renew their vow for serving the community. 


Nersesian praised the smooth election of the new Patriarch considering that as a wise step. She then mentioned that Patriarch Manoogian has been always present at important Amman Armenian events such as the blessing of the khachkar (stone cross) in Saint Thaddeus Church in Amman (the khachkar itself is donated by Mr. and Mrs. Kevork Dakessian and is dedicated to the Armenian Genocide) and the blessing of the foundations of the Saint Garabed Armenian Church in the baptism site (a project funded by Dr. Viken Garabedian and his father Dr. Garo Garabedian).


Maral Nersesian mentioned the novels written by the Patriarch saying that they were widely acknowledged and highly appreciated by the readers. She then underlined the importance of the Amman Armenian School, where about 70 children learn Armenian language and history. Archbishop Vahan Topalian has managed to create balanced relations between the Prelacy and all the Armenian bodies. According to information provided by Maral Nersesian, about 3.000 Jordanian Armenians live in the country plus 2.000 Armenians who are temporarily there due to the crisis situations in neighboring countries. Armenians in Jordan generally are very respected and have good reputation, she concluded.





TEXT IN ARMENIAN


Յորդանան գետի երկու ափերուն վրայ պատմական իրադարձութիւն


Ներսէս Ներսէսեան


Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան մէջ հանդարտ եւ մելամաղձոտ իրավիճակ մը կը տիրէր այդ ամբողջ ժամանակաշրջանի ընթացքին, երբ Ամեն. Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանը կը տառապէր Քնախտով (Coma)-ով:


Պատրիարքի Տեղապահ՝ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի նախագահութեամբ 23-էն 25 Յունոար 2013-ը կատարուեցաւ Երուսաղէմի Սրբ. Յակոբեանց Միաբանութեան Պատրիարքի Ընտրութիւնը: Եւ ուրեմն, Հինգշ. 24 Յունուար 2013-ին ընտրուեցաւ Երուսաղէմի Միաբանութեան 97-րդ Պատրիարք՝ Լուսարարապետ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը:


Անկասկած, որ Պատրիարքի ընտրութիւնով հետաքրքրուած եւ շահաքրքրուած էին ողջ աշխարհի գիտակից հայերը, ընդ որում 4 Նուիրապետական Աթոռները, ինչպէս եւ Հայրենիքի եւ Միջին Արեւելքի բոլոր Պետութիւնները:


Միաբանութեան Լուսարարապետի Աթոռը թափուր հանդիսանալու պատճառաւ, Պատրիարքի ընտրութեան յաջորդող օրուայ ընթացքին, 25 Յուն. 2013-ին ողջ միաբանութիւնը ձեռնարկեց յաջորդ Լուսարարապետի ընտրութեան: Տեղւոյն Միաբանութեան բաղդը կրկին անգամ ժպտաց, եւ Գերշն. Տ. Սեւան Արք, Ղարիպեանը ընտրուեցաւ յաջորդ Լուսարարապետը:


Յորդանանահայութեան տրամադրութիւնները արդէն տօնական մթնոլորտով կը պարուրուէին: Ամմանի Ս. Թադէոս Եկեղեցւոյ զանգակները կը ղօղանջէին եւ կ'աւետէին Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պայծառ հանգրուանի մը սկիզբը:


Սոյն ուրախ, տօնական եւ պատմական իրադարձութիւնները կը համընկնէին Երուսաղէմահայերուն եւ Յորդանանահայերուն համար աւանդական դարձած դէպի Յորդանան գետի Երկու ափերու այցելութիւններուն, որոնք տեղի կ'ունենան իւրաքանչիւր տարուայ Յունուար ամսի վերջին Կիրակի-ին:


Ինչ բաղդաւորութիւն կը հանդիսանար Երկու հարազատ գաղութներուն Նորընտիր Պատրիարք Հօր բերող ներկայութիւնը Գետի Արեւմտեան ափին, եւ Բարձրաշնորհ Տ. Վահան Արք. Թօփալեանի դիմաւորումը մեծ թիւով Ամմանահայերու հետ Արեւելեան ափին: Անհաւատալի ուրախութիւն մը, աննկարագրելի զմայլանք մը կը տիրէր գետի Երկու ափերուն գտնուող ամբոխներու հոգիներու մէջ:


Երուսաղէմէն Յորդանան գետ ժամանած ողջ Միաբանութեան Դասը եկած էր անգամ մը եւս օրհնելու հոսող գետի ջուրը: Կատարուող արարողութենէն առաջ, Գաղութիս կարկառուն դէմքերէն, մտաւորական Օր. Մարալ Ներսէսեանը միայն 12-Մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Երուսաղէմահայերուն ուղղեց հետեւեալ սրտի խօսքը:


Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան


Նորընտիր բարեխնամ Պատր. Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան,


Բարձրաշ., Գերաշ., եւ Հոգեշ., Հայրեր,


Սիրելի Երուսաղէմահայեր,


Ամմանահայ Գաղութի Պատրիարքական Ներկայացուցիչ, Հոգեւ. Առաջնորդ Բարձր. Տ. Վահան Արք. Թօփալեանի, Ամմանի Երեք Ազգային Միութեանց, եւ Ազգային Վարժարանիս Տնօրէնութեանց կողմէ կը շնորհաւորենք Ձեր բոլորին, 24 Յուն. 2013-ին, Միաբանական նոր հանգրուանի մը մուտքին Փառապանծ Պատրիարքով մը պարգեւուելու պատմական իրադարձութեանը համար:


Արժանաւոր Պատրիարք ընտրելու այս հեզասահ ընթացքը կը պարզէ բոլորիս, թէ ինչպիսի գիտակից, ինչպիսի խոհեմ եւ հեռատես անդամներէ կը բաղկանայ մեր Սրբոց Յակոբեանց ներկայ Միաբանութիւնը:
Գաղութս միշտ երախտապարտ է եւ շնորհակալ Ամեն. Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի այդ բարձր, այդ վսեմ եւ այդ համեստ կեցուածքներուն եւ հարազատութեանը, որ Նա իր անձնական ներկայութեամբը, իր Հոգեւոր Նախագահութեամբը արժեւորած է Ամմանահայ Գաղութի շատ մը պատմական ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ:


Արդէն պատմութեան մէջ արձանագրուած են.-


– Մեծ Եղեռնի յիշատակին, Տէր եւ Տկն Գէորգ Տաքէսեաններու կողմէ նուիրուած եւ Ս. Թադէոս եկեղեցիի կողքին զետեղուած Խաչքարի օրհնութիւնը:


– Սուրբ Մկրտարանի (Maghtas)-ի շրջանի մէջ, Տօքթ. Վիգէն Կարապետեանի եւ Հօր՝ Տօքթ. Կարօ Կարապետեանի կողմէ նուիրուած եւ խոստացուած Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի օրհնութիւնը: Եւ շատ ուրիշներ:


Ամեն. Պատրիարք Սրբ. Հայր, Մեզմէ շատեր ընթերցած են Ձեր ?Եւ Եղեւ Լոյս?, եւ ?Եւ դարձեալ Եղեւ Լոյս? պատմական մեծ արժէքներ ներկայացնող վէպերը, որոնք մեծապէս գնահատուած են մեր մշակութասէր շրջանակի կողմէ:


Սիրելի Հոգեւոր Հայրեր, մենք, մեր Գաղութի մէջ գիտակից ղեկավարներով, եւ բոլորի համագործակցութեամբ , ազգային անշահախնդիր մթնոլորտ կ'ստեղծենք ու կը բաւարարուինք եւ կ'սփոփուինք:
Այսօր մեր Ազգային Վարժարանը հայերէն լեզու եւ հայոց պատմութիւն կը ջամփէ թիւով 70 Հայ աշակերտներու:


Շնորհիւ Գերշն. Տ. Վահան Արք. Թօփալեանին, այսօր Առաջնորդարանը անգակտելի յարաբերութիւն կը մշակէ Պետական հաստատութեանց եւ բոլոր յարանուանութեանց հետ:


Այսօր Թիւով 3000 Յորդանանահայեր, եւ թիւով 2000 ժամանակաւոր Երկիրս գտնուող դրացի երկիրներէն հայազգի անձեր, պարծանք կը հանդիսանան Երկիր Յորդանանին:


Այսօր Յորդանան գետի այս սրբավայրի մէջ մեր ձայնը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ երկար կեանք պարգեւէ Երկրիս Հաշիմական Ընտանիքի գիտութեան ջահակիր, Երկիր Յորդանանի Խաղաղասէր Առաջնորդ, Վեհապետ, Ապտալլայ Երկրորդ Պին Հուսէյն Թագաւորին, որպէսզի երկար եւ երկար տարիներ վայելենք իր մեծութիւնը:


Եւ Ամենավերջը, Սիրելի Հոգեւոր Հայրեր, Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ կը մաղթենք Ձեր բոլորին: