


http://www.defacto.am/index.php?OP=71325485
ADDITIONAL READING
Turkey condemns Chile's genocide resolution
ANKARA ? Turkish Daily News, 09 January 2007
ARMENIAN TEXT
Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Պուէնոս Այրէս – Գորտոպա – Մոնթէվիտէօ – Սան Փաւլօ
?
Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն
?
ՉԻԼԷՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ՃԱՆՉՑԱՒ 1915-ԷՆ 1923 ԹՈՒԱՒԱՆՆԵՐՈՒՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ?ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Շարունակելով Լատինամերիկեան երկիրներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանա?չու?մը որդեգրուելու իր աշխատանքային ծրագիրը, Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձ?նա?խումբը ստացաւ Չիլէյի Հանրապետութեան Ծերակոյտի աջակցութիւնը։ 5 Յունիս 2007ի իր նիս?տի ընթացքին, Ծերակոյտը –քուէներու միաձայնութեամբ– որոշեց Չիլէյի կառավարութեան թելադրել որ ընդունի 1985 թուականի ՄԱԿի որոշումը՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայ ազգի դէմ գործա?դրուած ցեղասպանութեան վերաբերեալ։
Հարկ է նշել թէ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ նախաձեռնուած այս աշխատանքը գլխա?ւորեց ծերակուտական Ռիքարտօ Նունիէս Մունիոս, Ծերակոյտի այլ անդամներու ընկերակ?ցու?թեամբ։
Հետեւաբար կը փոխանցենք նշեալ Յայտարարութեան հիմնաւորումներէն կարգ մը կէտեր.–
– 24 Ապրիլ 1915ին, Կոնստանտնոպոլսոյ մէջ –այդ ժամանակուայ Թրքական Կայսրութեան մայ?րա?քաղաքը-, հայ համայնքի լրիւ ղեկավարութիւնը առանց ամբաստանութեան բանտարկուեցաւ եւ ան?հետացաւ, որմէ ետք սկիզբ առաւ կայսերական իշխանութիւններուն կողմէ հայ ազգի դէմ գոր?ծա?դրուած ոչնչացման սիսթեմաթիք քաղաքականութիւն մը։
– ?Ուրուկուայ, Արժանթին, Յունաստան, Պուլկարիա, Պէլճիքա, Ռուսիա, Իտալիա, Լիբանան, Շուէտ, Հոլանտա, Զուիցերիա, Վէնէսուէլա, Լիթուանիա, Գանատա եւ Ֆրանսա նման քայլեր առած են, եւ նոյնպէ՛ս Եւրոպական Խորհրդարանը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Յանձնախումբը եւ Ազ??գերու Մնայուն Ատեանը։
– Առ այդ, բարոյական պարտականութիւն մըն է որ Չիլէ որդեգրէ ՄԱԿի 1985 թուականի որոշու?մը, Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներուն Հայաստանի մէջ անպաշտպան ազգի մը դէմ գործա?դրուած վայրագ ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ազգ մը որ բարոյական յատուցում կը պահանջէ մի?ջազգային հանրութենէն եւ մասնաւորապէս՝ Թուրքիայէն։
– Հանրապետութեան Ծերակոյտը կ՚որոշէ՝
1. Թիկունք կանգնիլ հայ ազգին, դատապարտելով իր ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղաս?պա?նութիւնը, եւ
2. Չիլէյի կառավարութենէն խնդրել որ ընդունի 1985 թուականին ՄԱԿի կողմէ որդեգրուած որո?շումը։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
Պուէնոս Այրէս – Արժանթին, 6 Յունիս 2007?