Event by the Kuwaiti Chapter of the Armenian Relief Society

Event by the Kuwaiti Chapter of the Armenian Relief Society

Armenian Relief Society in Kuwait


Armenian Relief Society?s (ARS) Central Executive Board member Tamar Der Bedrossian (from Lebanon) attended on 24th November 2006 a ceremony in Kuwait City dedicated to the Society?s centennial Fund. The event was the forerunning fund raising campaign for the Kuwaiti chapter, held in the Saint Vartan Armenian church in Salmiya (Kuwait City), under the patronage of Archbishop Goriun Babian, Catholicossal Representative of the Diocese of Kuwait and the Arabian Gulf countries.


 


Der Bedrossian delivered a lecture in the presence of the active members of the Kuwaiti ARS chapter and a group of supporters. Shakeh Zarigian, Head of the Kuwaiti ARS chapter, welcomed the guest and described – in broad lines – the worldwide activities of the ARS, highlighting its enormous contribution to the well-being and development of the Armenian communities since 1910. She said that through the efforts of ARS the Armenian identity was preserved in the Diaspora communities. Considerable degree of social progress was recorded in communities where ARS maintained presence, including Armenia in most recent times.


 


Aida Bedirian played on piano a piece from Aram Khatchatourian, accompanied on clarinet by Aliag Bedirian. Dzovinar Zakarian recited a poem by Barouyr Sevag (?Hello?). Harout Arzoulian performed a solo sing, accompanied on piano by Janna Seropian.


 


In her lecture Tamar Der Bedrossian described in a comprehensible way the activities of the ARS in various Diaspora communities and in Armenia (after the independence 1991). She detailed the most recent plans adopted by the Central Executive Board. Following the lecture, a documentary film was shown on the activities of the ARS – Armenia chapter in the last 15 years. One of the recent achievements was the opening of a children's care center in the Akhourian region.


 


Lucy Kahkejian performed a song titled ?flute?. 


 


At the end of this informative and cultural event Archbishop Babian pointed to the exceptional services of the ARS. He made a series of interesting observations, based on his own eyewitness account. After the ?Bahbanich? Archbishop Babian presented the guest with a commemorative gift.


 


Der Bedrossian thanked the Armenian Community for the warmth and cordial attention throughout her three days stay in Kuwait.  


 


Report by Dzovinar Zakarian, Kuwait, 4th December 2006, English text by Azad-Hye


 


You can reach the Armenian Prelacy in Kuwait and Arabian Gulf countries at: [email protected]


 


Photo: Tamar Der Bedrossian receives the commemorative gift.





ARMENIAN TEXT


Հայ Օգնութեան Միութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակի Հիմնադրամի Հանդիսութիւն


 


Հ.Օ.Մ. ի հիմնադրութեան 100-ամեակի հիմնադրամին նուիրուած երեկոն Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղի դրամահաւաքի ծրագրի շարքին առաջինն էր, որ նախաձեռնած էր մասնաճիւղիս վարչութեան յառաջացուցած դրամահաւաքի յանձնախումբը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 24 Նոյեմբեր 2006-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիէն ներս, հովանաւորութեամբ Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի: Լիբանանէն հրաւիրուած էր Հ.Օ.Մ.եան Կեդր. Վարչութեան անդամուհի՝ ընկերուհի Թամար Տէր Պետրոսեան, որպէս օրուան բանախօս:


 


Ներկայութեամբ Քուէյթահայ գաղութէն ներս գործող մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Հ.Օ.Մ.ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու, ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղիս ատենապետուհի՝ ընկերուհի Շաքէ Զարիկեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք համառօտ ձեւով անդրադարձաւ Հ.Օ.Մ.ի ընդարձակ գործունէութեան եւ անոր աւելի քան ինը տասնամեակներու ընթացքին ունեցած կարեւոր ներդրումին հայապահպանման աշխատանքին մէջ, նիւթական հսկայ զոհողութիւններով, ի շահ հայրենի եւ սփիւռքի կառոյցներու ամրապնդման եւ բարգաւաճման:


 


Ձեռնարկին գեղարուեստական ճաշակ հրամցուցին, առաջին հերթին՝ դաշնամուրի վրայ Տիկ. Արտա Պետիրեան, որ ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի կտորներէն, ինչպէս նաեւ փոքր բաժին մըն ալ նուագեց իր դստեր՝ օրդ. Ալեակ Պետիրեանի հետ, clarinetի ընկերակցութեամբ:


 


Ասմունքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ընկերուհիներէն Ծովինար Զաքարեան, որ ներկայացուց Պարոյր Սեւակի? ?Բարեւ? ը: ?Մախմուր աղջիկ? մեներգը կատարեց Պրն. Յարութ Արզուլեան, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Տիկ. Ժաննա Սերոբեանի:


 


Գեղարուեստական յայտագրի կէսին բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւր բանախօսուհին՝ ընկերուհի Թամար Տէր Պետրոսեանը, որ հաճելի եւ դիւրընկալ ոճով ներկայացուց Հայ Օգնութեան Միութեան աւելի քան քսան տարիներու կատարած աշխատանքը հայ գաղթօճախներէն ներս եւ ի մասնաւորի Հայրենի հողին վրայ: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան յառաջացուցած ծրագիրները:


 


Բանախօսութենէն ետք ցուցադրուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի Հայաստանի Միաւորի 15-ամեակի տեսաերիզը ուր ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան յաջողցուցած ծրագիրները Հայաստանի մէջ, որուն նորագոյնն էր Ախուրեանի? ?Մօր ու Մանկան? նորակառոյց շէնքը: ?Տաւիղ?ը մեներգեց Օրդ. Լիւսի ՔահՔէճեան, որուն դարձեալ դաշնամուրի վրայ ընկերակցեցաւ Տիկ. Ժաննա Սերոբեան:


 


Փակման խօսքը կատարեց Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեան, որ հետաքրքրական ու հարուստ մէջբերումներով դրուատեց Հ.Օ.Մ.ի մատուցած մարդասիրական, մշակութային եւ հայրենանուէր բացառիկ ծառայութիւնները Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին. բարձր գնահատելով նաեւ իր հովանաւորած գաղութէն ներս, Քուէյթի Մեկուսի Մասնաճիւղի ուշագրաւ գործունէութիւնը:


 


?Պահպանիչ?էն առաջ Գերշ. Սրբազան հօր ձեռամբ, Հ.Օ.Մ.ի վարչութեան կողմէ, բանախօս ընկերուհիին նուիրուեցաւ յուշանուէր մը, որ իր կարգին շնորհակալ եղաւ Քուէյթի հայ գաղութէն ներս իր երեք օրերու ընթացքին ունեցած տպաւորիչ այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն:


 


Քուէյթահայութեան համար Հ.Օ.Մ.-Ք.Մ.Մ.ի հիմնադրամի նուիրուած այս երեկոն անջնջելի յիշատակ մը պիտի ըլլայ իր զաւակներուն:


 


Ծ. Զ.


 


4 Դեկտեմբեր 2006


Քուէյթ