


Email: [email protected]
http://www.eafjd.org
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
?ԹԱՅՄ? շաբաթաթերթը վաւերագրական տեսաժապաւէն մը կը տարածէ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դիրք կը ճշդէ
?Թայմ? շաբաթաթերթի Եւրոպայի հրատարակութեան Փետրուար 12, 2007ի թիւը, որ Եւրոպայի տարածքին թերթավաճառներու կրպակներէն կարելի է ձեռք բերել Փետրուար 2էն սկսեալ, կ՚ընդգրկէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստագրական տեղեկութիւններով ամբողջացած լրիւ էջ մը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անվճար վաւերագրական տեսաժապաւէն մը։ Անգլերէնով եւ ֆրանսերէնով 52 րոպէանոց հանգամանալից վաւերագրական այս ֆիլմը պատրաստուած է ֆրանսացի բեմադրիչ Լորանս Ժուրտանի կողմէ։ Տեսաժապաւէնը կը ներկայացնէ 46 վայրկեաննոց հարցազրոյց մը Հայոց Ցեղասպանութեան առաջատար մասնագէտ դոկտր. Իվ Թերնոնի հետ։
Տեսաժապաւէնը եւ լրիւ մէկ էջնոց յայտարարութիւնը անվճար կերպով տրամադրուած են Եւրոպայի ?Թայմ? շաբաթաթերթի կողմէ (տպաքանակ՝ 550,000).:? Վերջինս գիտակցելով, որ իր անձնակազմը Յունիս 2, 2005ին Թրքական զբօսաշրջիկութիւնը զարգացնելու դիմակին տակ Եւրոպայի □Թայմ□ի մէջ զետեղած էր թրքական տեսաժապաւէն մը որպէս վճարովի ծանուցում, առանց զայն ճշգրիտ կերպով ստուգելու։ Թրքական տեսաժապաւէնի զետեղումը, որ վճարուած էր Անգարայի Առեւտրական Պալատին կողմէ, խաբէութեան ակտ մըն էր, որ կը միտէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նենգամիտ կեղծիքներ եւ ուրացողական պրոպականդ սփռել։
Այս սխալը ուղղելու համար, Եւրոպայի ?Թայմ? իր Հոկտեմբեր 17, 2005ի թիւին մէջ ամբողջ էջ մը գրաւող, խմբագրութիւնը քննադատող նամակ մը հրատարակեց։ Նամակը ստորագրուած էր ֆրանսական հետեւեալ հինգ կազմակերպութիւններու կողմէ՝ ?Մեմուար 2000?, Ֆրանսական Հայկական Կազմակերպութիւններու Համադրման Խորհուրդ (CCAF), Հայ Դատի Պաշտպան Յանձնախումբ (CDCA)-ANC France, ?Ժաքքիւզ? (Կ՚ամբաստանեմ) եւ Ցեղապաշտութեան Դէմ ու Ժողովուրդներու Միջեւ Բարեկամութեան Շարժում (MRAP)։ Նամակէն անմիջապէս ետք, խմբագրական նօթով մը ?Թայմ? ներողամտութիւն խնդրեց թրքական տեսաժապաւէնը տարածելուն համար։
2005ի Դեկտեմբերին այս հինգ կազմակերպութիւնները՝ Զուիցերիա–Հայաստան Ընկերակցութիւնը (SAA), Հայ Փաստաբաններու ու Իրաւաբաններու Ֆրանսական Միութիւնը (AFAJA), Արդարութեան եւ Ժողովրդավարութեան ԵՒՐՈ–ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՇՆՈՒԹԻՒՆը (EAFJD) եւ ?Քալիֆորնիա Քուրիեր? շաբաթաթերթը միասնաբար ?Թայմ?ի ղեկավարներուն հետ համաձայնութիւն մը կնքեցին միանգամ ընդմիշտ հաստատելով, որ այլեւս Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը պիտի չխեղաթիւրուին շաբաթաթերթին էջերէն ներս։
Ըստ համաձայնութեան ?Թայմ Ինթերնաշընըլ?ի խմբագիր՝ Մայքըլ Էլիօթ կատարեց հետեւեալ հրապարակային յայտարարութիւնը. ?Բոլորին ուշադրութեան կը յանձնենք այն տեղեկութիւնը թէ քայլ պահելով այլ գլխաւոր լրատուական գործակալութիւններուն հետ, ?Թայմ?ի քաղաքականութիւնն ու դիրքորոշումն է Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկել որպէս պատմական իրողութիւն։ Ըստ այնմ, ես պիտի տեղեկացնեմ մեր թղթակիցներուն եւ խմբագիրներուն թէ ?Հայոց Ցեղասպանութիւն? արտայայտութիւնը պարտին օգտագործել առանց որակաւորման?։
Վերեւ նշուած կազմակերպութիւնները լիովին գոհ են ?Թայմ? շաբաթաթերթի կողմէ նախաձեռնուած սրբագրողական այս քայլերէն։ Անոնք նաեւ ուրախ են, որ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը խեղաթիւրելու թրքական մեծածախս ջանքերը պատշաճ կերպով կասեցուեցան շնորհիւ սերտ համագործակցութեան սոյն կազմակերպութիւններու եւ ?Թայմ? շաբաթաթերթի միջեւ, որ բոլոր այլ նկատողութիւններէն աւելի բարձր դասեց լրատուութեան բարոյական չափանիշները։
TEXT IN ARABIC AZAD-HYE available here.