Պայծիկ Գալայճեան
Ազատ-Հայ
Baydzig Kalaydjian describes the characteristics of several Armenian communities (USA, Canada, Egypt, Lebanon, Syria, etc.) within historical context: their formation, course of development, current situation, etc., highlighting the inter-relationship between the Armenian communities worldwide. Some communities get stronger, others might deteriorate, but the idea of helping each other is essential in the Armenian Diasporan life.
Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ հայ գաղութները միշտ ալ իրարու հետ հասարակաց գիծեր ունեցած են եւ ունին, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք մեծապէս կը տարբերին իրարմէ: Զանազան ստորաբաժանումներով կարելի է ցոյց տալ այդ տարբերութեանց կարեւորութիւնը:
Համաշխարհային առումով գոյութիւն ունին հին ու նոր գաղութներ. հիները բնականաբար պատմականօրէն կայուն վիճակ մը կը դրսեւորեն, հակառակ որ մերթ ընդ մերթ տկարանալու ախտանշաններ ալ կը յայտնեն: Նոր գաղութները թէեւ կրնան միեւնոյն պատկերները յայտնաբերել, սակայն շնորհիւ արտաքին ազդակներու ազդեցութեան, անոնք կը ցուցաբերեն մեծնալու զօրութենականութիւն եւ ինքզինք արդարացնելու մարտահրաւէր:
Բացայայտ իրողութիւն է, թէ ամերիկահայ գաղութը հին գաղութ մըն է. ան իր կազմաւորման օրերէն մինչեւ այսօր մեծնալու զօրութենականութիւն ցուցաբերած ու յարատեւ բարգաւաճում արձանագրած է, շնորհիւ սփիւռքահայ տագնապալից գաղութներէն արտագաղթող մեծանուն բարերարներու, առեւտրականներու եւ զանազան մարզերու մէջ մասնագիտացած հայ ազգայիններու, որոնք երբեք ձեռնածալ ու անտարբեր չմնացին իրենց ծննդավայր հայրենիքներուն հանդէպ, այլ ընդմիշտ իրերօգնութեամբ հասան ազգին կարիքներուն:
Համեմատելով Միացեալ Նահանգներու հետ, գանատահայ գաղութը առաւել նոր կը համարուի: Ան ոչ միայն կը ցուցաբերէ մեծնալու զօրութենականութիւն, այլեւ կը բարգաւաճի ազգային առումով, եկեղեցիներով, մամուլով, կրթական հաստատութիւններով եւ միութենական ու առեւտրական կուսակցական կեդրոններով: Որոշ է, թէ գանատական ներգաղթի օրէնքները նպաստաւորած են հայերը, որոնք եւս տագնապալից այլ գաղութներէ վերջնականապէս մեկնած ու նոր հորիզոններու վրայ իրենց բախտը որոնած են, սակայն անոնք եւս իրերօգնութեան անհրաժեշտութեան կանչին անսալով, թէ՛ իրենց ծննդավայր հայրենիքին հանդէպ անտարբեր չեն գտնուած եւ թէ ընդմիշտ ընդառաջած են Մայր Հայրենիքի կարիքներուն:
Հին գաղութներուն ջերմութիւն ջամբող գաղութ մը եղած էր եգիպտահայ գաղութը, որ առաւել քան երեք տասնեակ տարիներէ ի վեր ուժականութիւնը կորսնցնելու ախտանշան ցոյց կու տայ, ազգային բնոյթ չունեցող պատճառներու բերումով: ՀԲԸՄիութեան ծնունդ տուող այս մայր գաղութը ծնունդ տուած է նաեւ իրերօգնութեան գաղափարախօսութեան: Պօղոս Նուպար փաշա եւ իր համախոհ ընկերները օգնութեան փութացին՝ գաղթաշխարհին մէջ անտէր եւ անտուն մնացող հայ որբերուն, որբեւայրիներուն, մշակներուն եւ անսակարկ բոլոր հայու արիւն ունեցողներուն՝ վերապրելու յոյս ներշնչելով իւրաքանչիւրին: Մինչեւ այսօր ալ տեղւոյն վրայ լրջախոհ կազմակերպութիւններ եւ ազգայիններ կը պայքարին այն խուճապային հոգեվիճակին դէմ, որ ընդհանրապէս կը տիրէ համայն Միջին Արեւելքի մէջ եւ տագնապ կը ստեղծէ յատկապէս հայկական գաղութներու մէջ:
Հին հայկական գաղութներու մէջ իր տիրական դրոշմը ձգած է լիբանանահայ գաղութը, որ շնորհիւ երկրին ասպնջական պետականութեան, ընդմիշտ բարեացակամութիւն ցուցաբերած ու յարգանք տածած է տարագրեալ մեր ժողովուրդին եւ անոնք հաւատքը իրենց հոգիներուն մէջ կառուցած են Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան, եկեղեցի, դպրոց ու ազգային կեդրոններ, ստեղծած են մամուլ, հիմնած են բարեսիրական կեդրոններ եւ մաս կազմած երկրին քաղաքական կեանքին՝ յարգանք պարտադրելով ամէնուրեք: Լիբանանահայ գաղութը իր կազմաւորման օրերէն ի վեր իւրացուցած է իրերօգնութեան քաղաքականութիւնը, ի մասնաւորի երկարատեւ քաղաքացիական կռիւներու ընթացքին, աւանդական երեք կուսակցութիւններ, միութիւններ եւ յարանուանութիւններ մէկ մարմին, մէկ ոգի ու մէկ բռունցք դարձած յաղթահարար են իրենց դէմ ցցուած բոլոր մարտահրաւէրները՝ յանուն լիբանանահայ գաղութի գոյութենականութեան:
Պատմականօրէն սփիւռքահայ հնագոյն գաղութներէն մին կը հանդիսանայ սուրիահայ գաղութը: Պատմական Հայաստանի գաւառներէն, ինչպէս նաեւ ներկայի Թուրքիոյ այն ժամանակի հայաբնակ քաղաքներէն դէպի Սուրիոյ անապատները տարուած հազարաւոր հայերու մէկ մասը զոհուեցաւ Եփրատի ափի աւազուտներուն, իսկ ?փրկուած?ները Տէր Զօրի քարանձաւներուն մէջ:
1915-ի Մեծ Եղեռնէն փրկուած հայերու հոծ բազմութիւն մը հիմնաւորւեցաւ սուրիական զանազան աւաններու մէջ: Հալէպ հասած հայ գաղթականներ ստեղծեցին առանձին թաղեր, կառուցեցին եկեղեցիներ ու դպրոցներ, հիմնադրեցին բարեգործական հաստատութիւններ, որոնք իրենց ստեղծագործ միտքով, կեանքը նորովի հաստատելու ձգտումով ահազանգային գօտիի վերածուած են ներկայիս, ուր ատենօք գաղթահայեր նոր շունչ ներշնչեցին հալէպահայ գաղթավայրին:
Հաւատարիմ մնալով ազգապահպանման իրենց երդումին, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ սուրիահայութիւնը եւ լիբանանահայութիւնը վաստակեցան բարի համբաւ ու հեղինակութիւն, որ ձեռք բերուած է միայն ազնիւ պայքարով: Հայեր վաստակեցան օտար հողի վրայ ապրելու արդար իրաւունք, շնորհիւ իրենց աշխատասիրութեան եւ ազնուական կեցուածքին, իրենց հիւրընկալած արաբ ժողովուրդին հանդէպ հաւատարմութիւն ցուցաբերելով, ազգային աւանդապահութեամբ, սեփական արմատներու եւ յիշողութիւններու նկատմամբ մեծարանքով, հայու հպարտութեամբ եւ արժանապատուութեամբ:
Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի կ՚ահազանգէ սուրիահայ գաղութի գոյավիճակը: Մայր հայրենիքը, Էջմիածնի ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները, ՀԲԸՄիութիւնը եւ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններ, նոյնիսկ արցախահայութիւնը իրերօգնութեան զգայացունց կոչերով արձագանգեցին եւ իրենց շտապ նիւթաբարոյական օգնութիւնը փութացուցին, որովհետեւ սուրիահայ գաղութի վերականգնումը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համահայկական իմաստով: Աշխարհասփիւռ հայութեան հոգու պարտքն է, ըլլան անոնք հին թէ նոր գաղութներու մէջ, միասնական ոգիով ու հետեւողական աշխատանքով լծուիլ իրերօգնութեան անհրաժեշտ գործին:
Այս բոլոր երեւոյթներուն ի տես, հայրենասէր մամուլը բոլոր հայ գաղութներուն մէջ, շեշտը կը դնէ հայրենադարձի անհրաժեշտութեան: Դատապարտելի չէ արտագաղթն ու արտագաղթողները, որոնք լուրջ պատճառներով կ՚ուզեն այլուր հաստատուիլ (այդպէս էր կեանքը լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն): Արդար պիտի չ՚ըլլար ծայրայեղականօրէն խստապահանջ գտնուիլ անոնց նկատմամբ: Ընդհակառակը, ճշմարիտ ազգասիրութիւն ցոյց տալով՝ իրերօգնութեան պահանջը մղիչ ոյժ հանդիսանալու է, իրարու զօրավիգ կանգնելով: Իրարօգնութեան հասկացողութիւնը լոկ նիւթական օժանդակութիւն պէտք չէ հասկնալ, ընդունելով հանդերձ, որ նիւթական ազդակը ներկայի սուրիահայ իրականութեան մէջ անհրաժեշտութիւն կը նկատուի: Սակայն բարոյական օգնութիւնը իր լաւագոյն իմաստով աւելի՛ կարեւոր է եւ կենսական:
Այս կը պահանջեն մեր բիւրաւոր նահատակներու աճիւնները թաղուած՝ Տէր Զօրի անապատներու աւազուտներուն մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է արտագաղթել եւ անտէր թողուլ միլիոնաւոր մասունքները անոնց, որոնք ոգի ու լոյս կը սփռեն մեր ժողովուրդի նորահաս սերուդներու հոգիներուն մէջ: