?
Գրեց՝ Արմանտ Շիրակեան
(բնօրինակը անգլերէն լեզուով կարելի է գտնել այստեղ)
Բարի օր: Ես նոր հաստատուած եմ Տուպայի մէջ՝ Լոս Անճելեսէն այստեղ փոխադրուած: Բախտաւոր էի իմանալու այս պարահանդէսին մասին աշխտակիցի մը միջոցով: Հակառակ որ առանձին գացած էի ձեռնարկին, առանց նախապէս տեղ ապահովելու, այսուհանդերձ կազմակերպողները ունէին սրահին ետեւի կողմը գտնուող կարգ մը չգրաւուած սեղաններ՝ ինծի նման վերջին վայրկեանին յայտնուող անձերուն համար: Շուտով արդէն շաղուեցայ նոյն սեղանին վրայ նստած անձերուն հետ:
Պարահանդէսին խօսնակը մասամբ մը յուսախաբեցնող էր, մանաւանդ երբ իրար անցուց օտար կարեւոր հիւրերուն անունները, որոնք հաւանաբար յաջորդ տարի տատամսին դարձեալ նոյն ձեռնարկին գալու: Հակառակ որ խօսնակը յայտարարած էր թէ ճաշը պիտի սպասարկուի գիշերուան ժամը 11-ին, բայց արդէն մեծ մասամբ ներկաները ժամը 9-ին անօթի էին եւ դէպի ճաշասեղանը սկսած էին ուղղուիլ: Ճաշատեսակներուն մէջ չկային հայկական պատրաստութիւններ: Չէի գիտեր թէ Սուշին, օրինակի համար, հայկակա՜ն էր: Այդուհանդերձ պարահանդէսին մէջ հրամցուած ճաշերուն որակը ինքնին լաւ էր: Կը յուսայի սակայն հայկական կաթնապուր մը տեսնէի հոն, գոնէ անուշեղէնի բաժնին մէջ, բայց դժբախտաբար ստիպուած էի վայելել յայտնի Քրեմ Քարամելը կամ Խնձորի անուշեղէնը:
Սահիկներու ցուցադրութիւնը լաւ միտք էր, բայց կը խորհիմ որ Հայաստան երկիրը ունի հինգէն աւելի ցուցադրութեան արժանի պատկերներ: Տուն վերադարձիս անընդհատ այդ կրկնուող պատկերներէն մէկուն մէջ երեւցող մօրուքաւոր արուեստագէտին տեսքը աչքիս առջեւ կու գար երեք վայրկեանը մէյ մը: Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ մեծ ջանք պէտք է նման պարահանդէս իրագործելու, բայց այսպիսի մանրամասնութիւնները մեծ դեր կը խաղան:
Հետեւեալը կ՛առաջարկեմ՝ Թող խօսնակը յիշէ համաշխարհային գետնի վրայ հայերուն իրականացուցած յաջողութիւնները եւ նուաճումները: Թող ցուցադրուին պաստառին վրայ պատուական հիւրերուն լուսանկարները եւ թուարկուին անոնց իրագործունները ու գործունէութեան ոլորտները երբ անոնց անունը յիշուի խօսնակին կողմէ: Կարելի է նաեւ կատարել պատմական ակնարկ?նախորդ տարիներուն հրաւիրուած երաժշտական խմբակներուն մասին եւ տալ նաեւ հայկական ճաշատեսակներուն մասին որոշ բացատրութիւններ, չնայած որ իւղի պարունակութիւնը բարձր է անոնց մէջ (այսուհանդերձ ունինք նաեւ կարգ մը թեթեւ նկատուող ճաշեր):
Իսկ գալով բախտաբեր թուղթերուն (րաֆըլս), կը խորհիմ թէ իւրաքանչիւր սեղան պէտք է շահող մը ունենայ: Նուազագոյնը կարելի է հրամցնել երկու տոմսեր տեղական կինոսրահէն ապահովուած: Պէտք է երիտասարդ հանրութեան համար այս ձեւով աւելի հաճելի մթնոլորտ ստեղծել: