Որեւէ «կողմ» չնեղացնելու փորձով…

<FONT face=Sylfaen>Որեւէ «կողմ» չնեղացնելու փորձով…</FONT>

Shahe Aharonian


Summary: Shahe Aharonian (1954-1997) has noticed that Armenians refer to physicians and lawyers using their titles (Doctor or Lawyer) at every occasion, while they ignore the title of other professions. According to him, when the number of doctors and lawyers was limited in the past, it was customary to glorify them, but nowadays, there are many doctors and lawyers in the Armenian community, so why the insistence on presenting them with their full titles at every social occasion? Are the other professions less credible?


Շահէ Ահարոնեան (1954-1997)


Կար ու չկար, ժամանակ մը կար… երբ արդի բժշկութիւն կոչուած գիտութիւնը նորածին էր Յիսուս մանուկին նման, երբ ամբողջ աշխարհին աչքերը կը սեւեռէին այնտեղ՝ քաջ ճանչնալով, թէ ան մարդկութեան յոյսն ու ապագան է…: Իսկապէս ալ, արդի բժշկութիւնը դրականօրէն փոխեց մարդկութեան պատմութեան ընթացքը: Մարդ արարածի կեանքին ժամանակաշրջանը երկարեցաւ, եւ հիւանդութիւններու պատճառած ֆիզիքական անտանելի ցաւերն ու տառապանքները նուազեցան զգալիօրէն…:


Արդի բժշկութիւնը երբ նորածին էր կամ պատանի, զանգուածներու համեմատութեամբ, ունէր չնչին թիւով հետեւորդներ: Մատներու վրայ կը հաշուըուէր բժիշկներու թիւը, մանաւանդ գաւառներու ու գիւղերու մէջ: Այն ժամանակներուն, բժիշկները կը նմանէին ադամանդի. հազուագիւտ էին, արժէքաւոր եւ գեր-յարգելի: Հետեւաբար՝ ?Տոքթոր? մակդիրը…:


Կար ու չկար, ժամանակ մը կար… երբ ժողովուրդներ նոր կը զգային, ժողովրդավարութեան ծիրէն ներս դատարաններուու փաստաբաններու միջոցաւ օրէնքի կիրարկման անհրաժեշտութիւնը: Պարագան դիպուկ էր մանաւանդ արեւմտեան Եւրոպայի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արդի պատմութեանց մէջ: Այստեղ նաեւ, երբ օրէնքին ժողովրդավարական կիրարկման գործընթացը նոր թափ առած էր՝ կային քիչ հետեւորդներ: Փաստաբաններն ալ կը նամնէին… ադամանդի: Հազուագիւտ էին, արժէքաւոր եւ գեր-յարգելի: Հետեւաբար՝ ?Մեթր? մակդիրը…:


Գոնէ մէկ բան յստակ է. ժամանակները փոխուած են…: Բժշկութիւնը գլուխը առած գացած է: Իսկ բժիշկներու թի՞ւը. հաշուելու համար կարիքը ունիս հզօր՛ համակարգիչներու…: Չերթանք հեռուն ու չմտածենք համաշխարհային մակարդակով: Դիտենք նեղ գաղութային ակնոցով: Պտոյտ մը… Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ կը բաւէ, որ ունենաս պատկերացում մը: Կարո՞ղ է անձ մը հաշուել բժիշկներու փոքր ու մեծ որմազդներու թիւը…: Դժուա՜ր:


Աշխարհի տարածքին այսօր, ժողովրդավարական երկիրներու խորհրդարաններ (տակաւին չենք խօսիր մենատիրական երկիրներուն մասին) թերեւս օրական կը վաւերացնեն քաղաքացիական նոր օրէնքներ ու ենթաօրէնքներ: Այդ բոլոր օրէնքները կիրարկելու համար կարիքը կայ փաստաբաններու ?ճենկիզխանեան բանակի? մը…: Փա՜ռք Աստուծոյ՝ ունինք փաստաբաններու այդ հսկայ թիւը:


Ժամանակները փոխուած են, բայց տարօրինակօրէն եւ անտրամաբանօրէն կը կառչինք անիմա՛ստ սովորութիւններու: Պատկերը յստակացնելու համարկը բաւէ նկատի առնել հանդիսութիւններու անհատական կամ ձեռնարկներու անհատական հրաւէրներու պահարաններուն վրայ երեւցած հասցէագրումները: ?Տոքթ. Եւ Տիկ. Այսինչ Այնինչեանը? կամ՝ ?Մեթր եւ Տիկ. Այնինչ Այսինչեանը?:


Եթէ վերոյիշեալ մտածումները տրամաբանական կը թուին, անոնց կը հետեւին եզրակացութեան մը երկու տարբերակներ: Կամ պէտք է դիմուի ?համայնավարութեան?, հաւասարութեան՝ չնչելով ?Տոքթ.? եւ ?Մեթր? մակդիրները, եւ կամ՝ ԲՈԼՈՐԻ՛Ն պարագային պէտք է յիշուին մակդիրներ:


Եթէ ուսումնական երկարատեւութեան հետ կապուած է հարցը՝ ճարտարապետ, պատմաբան, եւ այլն՝ ըլլալու համար ալ պէտք է ուսանիլ երկար ժամանակ: Ինչո՞ւ չենք ըսեր Ճարտարապետ (կամ պատմաբան) եւ Տիկ. Այսինչ Այնինչեան…: Միւս կողմէ, մասնագիտութեան մը ուսումնական շրջանը եթէ կարճ ըլլայ, այդ կը նշանակէ՞ թէ նուազ ?կարեւոր? է միւսներէն: Խմբագիր, մանկավարժ, արուեստագէտ կամ մտաւորական մակդիրները, օրինակի համար, ինչո՞վ պակաս են տոքթորէն կամ մեթրէն, որոնք մեր մօտ կը թարգմանուին բժիշկ կամ իրաւաբան:


Տոքթոր եւ մեթր մակդիրներու մենատիրութիւնը մինչեւ ե՞րբ:


Կամ ձերբազատուի՛նք այդ մենատիրութենէն ու բոլորս կոչուինք ?պարոն?, եւրոպացի չըլլալով հանդերձ… եւ կամ՝ յարգե՛նք ու յիշե՛նք բոլորին մակդիրները:


Յուսանք՝ որեւէ ?կողմի? խաթիրին չդպանք…:   


30 Սեպտեմբեր 1995

  1. Ամէն ժամանակներու Շահէն

Comments are closed.