Նախորդ շրջանի վարչական կազմի գործունէութիւնը շատ հաւանաբար ?գնահատելի? որակուեցաւ տարեկան Թեմական ժողովին: Երեւոյթը մեր մէջ կ՛արթնցնէ նախակրթարանի յիշատակներ: Արդարեւ, տարրական դպրոցներուն մէջ աշակերտները մեծ մասամբ նման որակումներ կը ստանային (եւ կը շարունակեն ստանալ), իսկ անոնցմէ միայն չնչին տոկոսը կարգը կրկնելու հարկադրանքին տակ կ՛ըլլար:
Նախկին վարչութիւնը, մեր յիշողութեան համեմատ, միմիայն վերջին ամիսներուն լաւ աշխատեցաւ եւ այդ ամիսները զուգադիպութեամբ չէ որ թեմական ժողովին նախորդող շրջանին մէջ կ՛իյնային: Ամենայն դէպս, մենք միշտ դէպի առաջ նայելու յատկութիւն ունինք եւ առաջին ակնարկով կը տեսնենք թէ, վարչական նոր կազմը, յառաջացուցած է զանազան յանձնախումբեր եւ գործի հրաւիրած շատ մը նոր եւ կամ նոր թուացող դէմքեր: Կը մնայ հետեւիլ, տեսնելու համար թէ այս անուններու կուտակումը որքանո՜վ պիտի վերածուի իսկական գործունէութեան:
Վարչական սովորական խոչընդոտները (մանաւանդ կեդրոնաձիգ գործելակերպը եւ կուսակցական ու անհատական անհարկի միջամտութիւնները) պէտք է նուազագոյնին հասնին, որպէսզի այս անձերը կարենան ստեղծագործել եւ յաջողիլ նաեւ ուրիշներ ներգրաւել ազգային կեանքէն ներս:
Մենք գիտենք, թէ հարիւրաւոր կամ նոյնիսկ հազարաւոր հայեր կան (3-4 հազար հաշուող գաղութի մը մէջ), որ չեն հետեւիր ազգային կեանքի եւ ընդհանրապէս հեռու կը մնան հաւաքական գործունէութենէ (չհմայուինք զատկուան կամ ծնունդի տօներուն մեր առջեւ պարզուող խաբուսիկ թիւերէն): Մարտահրաւէրը մեծ թուով հայեր դէպի դպրոց ? եկեղեցի եւ հաւաքական կառոյցնել քաշելու մէջ կը կայանայ: Այդ մէկը կարելի է իրականացնել միայն, երբ վարչականները գիտակցին թէ ահաւոր պարտականութեան մը առջեւ կը գտնուին, ուր պէտք է գործակցին բոլոր կողմերուն հետ անխտիր: Անոնք մանաւանդ պէտք չէ տարուին թմրութիւն պատճառող խօսքերով, ինչպիսին են՝ ?ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ?, ?ասկէ աւելի լաւ չ՛ըլլար?, ?արդէն միշտ այսպէս եղած է? եւայլն: Եթէ այս խօսքերը յաճախ կրկնուին, արդէն լաւ պատճառաբանութեան կրնան վերածուիլ՝ ստեղծելով նուազագոյնով բաւականանալու հոգեվիճակ:
Ազատ – Հայ