Գրեց՝ Կսմիթ
Յատուկ Ազատ-Հայ կայքին
– Բարի՜ լոյս ընկեր Եփրեմ:
– Բարի՜ լոյս օրիորդ այսինքն ընկերուհի Երանուհի: Ի՞նչ նորութիւն կայ:
– Այսօր երեկոյեան ժամը 7-ին ժողով ունինք, չմոռնաք:
– Այսօր ինչ օր է:
– Երկուշաբթի:
– Անկարելի է, չեմ կրնար, շատ կարեւոր գործ ունիմ:
– Սակայն դուք հրաւիրուած էք ժողովի:
– Այսօր փոքերի օրս է, ամեն բան գլխուս թող չփաթթեն: հասկցանք որ ատենապետ եմ:
– Եւ շատ արժանաւոր:
– Շնորհակալ եմ, ստիպեցին եւ ընդունեցի:
– Քանի որ ուրիշ յարմար անձ անկարելի է գտնել:
– Ինչ ընենք, զոհողութիւնը այդ կը պահանջէ: Օրակարգերը շա՞տ են:
– Մի քանի հատ:
– Մէյ մը կարդա՛ տեսնեմ:
– Կեդրոնի շէնքին տնօրէնին հարցը:
– Ի՞նչ եղեր է:
– Կէս թոն մազոթ լեցնել կու տայ, մէկ թոնի ստացագիր կը ներկայացնէ:
– Ուրիշ:
– Շէնքին վարձակալներուն ստացագիրները կը կեղծէ:
– Ուրիշ:
– Այլ եւ այլ ծախսեր շատ չափազանցուած են:
– Հարկաւոր է ազդարարել:
– Մէյ մը ըրինք:
– Վերջին զգուշացում:
– Այդ ալ ըրինք:
– Ուրեմն կախակայել:
– Այդ ալ եղաւ:
– Վտարել:
– Չորս ամիս առաջ վտարեցինք:
– Ուրեմն հոս ինչ գործ ունի:
– Ներում շնորհուեցաւ:
– Ընտանիքի տէր է: վնաս չունի:
– Դարձեալ կանչեցինք, պաշտօնի բարձրացում տուինք եւ ամսականը բարձրացուցինք:
– Չեմ հաւատար: Ո՞վ է ծանօթը կամ միջնորդը:
– Դուք, ընկեր Եփրեմ:
– Յաջորդ օրակարգը:
– Գանձիչի պարագան:
– Ան ի՞նչ ըրեր է:
– Ինչ պիտի ըլլայ, կրկնակի կեղծ ստացագիրներ, վրան ալ շէնքի կառատունեն պահակին եւ տնօրԷնին օգնութեամբ ինքնաշարժներէն պենզին գողցեր է:
– Անոր ծանօթը ո՞վ է:
– Ձեր տիկնոջ քոյրը:
– Յաջորդ օրակարգը:
– Գեղարուեստական յանձնախումբի պատասխանատուն վիրջին ցուցահանդէսէն աւելցած գեղանկարները բոլորը իր տունը տարեր է:
– Գնե՞ր է:
– Ոչ, ապահովութեան համար, որ ուրիշը չգողնայ:
– Քանի՞ գեղանկար է:
– Ըստ ցուցակին 14 հատ:
– Անմիջապէս ետ բերել տալ:
– Ըսինք, բայց ինք կը պնդէ թէ 12 հատ են:
– Երկու հատը ո՞ւր շոգիացեր են:
– Ձեզի նուիրած է:
– Յաջորդ օրակարգը:
– Մի քանի ոչ այնքան կարեւոր եւ աննշան հարցեր կան, որոնք կարելի է յետաձգել յաջորդ նիստին:
– Շատ ճիշդ որոշում է, բայց ի՞նչ են:
– Խոհանոցէն պնակեղէն եւ գաւաթներ պակսեր են:
– Շատ բարակին մի նայիր:
– Պահարանէն թուղթի կապոցներ եւ գիրքեր:
– Թերեւս փոխ առնուած են:
– Գրադարանէն գիրքեր:
– Գիրքի գողութիւնը ներելի է:
– Յետոյ անընդհատ արտասահման հեռաձայնել:
– Թերեւս անհրաժեշտ է:
– Մնաց վերջին օրակարգը որ կարելի չէ յետաձգել, քանզի շատ հրատապ հարց է:
– Միայն թէ երկար չտեւէ:
– Ո՛չ, ո՛չ, մի մտահոգուիք, սովորական երեւոյթ է:
– Ըսէ՛ տեսնենք ի՞նչ է եղեր:
– Ինքնակոչ խմբագիր մը բանագողութիւն ըրեր է:
– Ինչի՞ գողութիւն ըրեր է:
– Ուրիշի մը գրութեան տակ իր անունը ստորագրած է:
– Բուն գրողը ծանօ՞թ է:
– Շատ, բայց մահացած է:
– Ուրեմն վնաս չունի, ո՞վ պիտի գիտնայ:
– Տեղէ մըն ալ թարգմանութիւն մը արած է, անշուշտ կէս կատար, տակն ալ որպէս հեղինակ իր անունը դրած է դարձեալ:
– Է, հեղինակը ո՞ղջ է:
– Դժբախտաբար, այո՛:
– Ուրեմն կ՛սենք թէ ան թարգմանած է:
– Ուրիշ բան մըն ալ ըրած է, որ մարդու խելքը չի հաւատար:
– Ի՞նչ է:
– Չորս հինգ տարբեր գրութիւններէ մէկական պարբերութիւն գողցած է:
– Եւ վստահաբար համով աղցան մը գոյացած է:
– Ինչ պետք է ընել:
– Շքանշան կախել, պատուել, մեծարել եւ անյապաղ մրցանակ շնորհել: