• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Լսեցի՞ք. Արտագաղթի մակարդակը կը մտահոգէ Հայաստանի Կառավարութիւնը

March 9, 2011
A+ A-
Email Print
<FONT face=Sylfaen>Լսեցի՞ք. Արտագաղթի մակարդակը կը մտահոգէ Հայաստանի Կառավարութիւնը</FONT>

Suzanne Khardalian


 


Suzanne Khardalian from Sweden points out to the 1.1 million immigrants who left Armenia in the past one and half decades and found new homes in Russia, USA, Ukraine and other countries. She says that this is the second demographic catastrophe Armenia is facing after the Genocide in 1915. She criticizes the current rulers of Armenia who place their individual interests over national interest and are adamant in continuing the rule of nepotism and totalitarianism.


Կա՛մ ջայլամի քաղաքականութեան պերճանքը


?Հայաստանի կառավարութիւնը մտահոգուած է բնակչութեան արտագաղթի մակարդակով եւ քայլեր է ձեռնարկում այն կրճատելու ուղղութեամբ?:


Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան  Սարգսեանը Փետրուարի 25ին երկրի հեռուստաընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ:


?Իհարկէ, միգրացիոն ծառայութիւնից ստացուած թուերը մեզ մտահոգում են: Այդ պատճառով մենք հաստատել ենք յատուկ ծրագրեր՝ ուղղուած արտագաղթի մակարդակի նուազմանը եւ բարենպաստ պայմանների ստեղծմանը այն հայրենակիցների  համար, ովքեր ցանկութիւն կը յայտնեն վերադառնալ հայրենիք?, ըսեր է վարչապետը:


Անկեղծ ըսած վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի այսքան հանգիստ վերաբերմունքը, սառնասրտութիւնը ուղղակի  զիս կը շշմեցնէ: Նոյնիսկ շուէտացին նախանձով պիտի զմայլէր մեր վարչապետի այս պահուածքին վրայ:


Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ Հայաստանէն հեռացածներու թիւը սկսած 1992 թուականէն  մինչեւ 2010թ. Յուլիս, կը կազմէ 1-1,1 միլիոն մարդ:
Գաղթականական պետական ծառայութեան տուեալներով՝ արտագաղթողներու 65 տոկոսը որպէս հիմնական բնակութեան վայր ընտրած է Ռուսիան, երկրորդ կարգի վրայ կու գայ  ԱՄՆը իսկ երրորդ՝ Ուքրանիան:


Հայաստանէն հեռացող տղամարդոց թիւը գրեթէ երկու անգամ աւելի է, քան կանանց թիւը: Մեկնողներու հիմնական մասը աշխատունակ տարիք ունի, այսինքն՝  30-50 տարեկան մարդկանց մասին է խօսքը:


Մէկ միլոն հայեր լքած են իրենց հայրենիքը:


Թէ այս ահաւոր հսկայական թիւ ներկայացնող զանգուածի քանի տոկոսը կը վերադառնայ հայրենիք, ցոյց կու տայ ապագան.


Պահ մը կը փորձեմ սառնասրտութեամբ մօտենալ այս ահաւոր թուանշանին. կը նկատեմ որ լրատուութիւնը կ՛ըսէ 1.1 մլն. մարդ կրճատումով. 1.1 մլն. մեկնողներ:


Եկենք բանանք թիւը. Մէկ միլիոն հարիւր հազար մարդ :


1,100, 000 հայեր: Մեկնողնե՞ր: Ինչի՞ մասին է խօսքը. Այս մարդիկ թուրիզմի չեն մեկնած, չէ՞: Այնտեղ նաեւ կ՛օգտագործուի միգրանդ բառը:
Եւ  ի՞նչ է հայրենի կառավարութեան հակազդեցութիւնը՝ ?Արտագաղթի մակարդակը մտահոգում է Հայաստանի կառավարութեանը?.


Սակայն այսօր սատանան  կ՛ուզէ  զիս փորձութեան մատնել: Աւելին. չեմ գիտեր ինչու պատրաստ եմ փորձութեան ենթարկուելու: Միտքս կ՛աշխատի միայն մէկ ուղղութեամբ. թիւերու զուգորդութիւն:


Մէկ միլիոն թիւը  հայ մարդուն համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Միլիոնը մեքենաբար իմ եւ իմ ազգակիցներուս մէջ կ՛արթնցնէ ուրիշ մէկ բան. բոլորս մեքենաբար կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1.5 միլիոն հայեր կոտորուեցան իրենց դարաւոր հայրենիքի հողին վրայ՝ յաւիտենապէս հեռանալով անկէ, հարիւր հազարաւորներ տարագրուեցան օտար ափեր: Հարիւր տարուայ ընթացքին մենք վճառեր ենք երկու հսկայական մարդկային տուրք. Առաջինը Ցեղասպանութեան ընթացքին, երկրորդը այս վերջին տասնամեակին:


Իւրաքանչիւր անգամ տարածաշրջանէն հայերու հսկայական համրանքի մը վերացումով:  Տրամաբանութիւնս կը յուշէ  որ մենք մեր ձեռքով նաեւ ներգործօն կերպով կը նպաստենք 19րդ դարէն գործի դրուած մեծ եւ շրջանային տէրութիւններու ?Հայաստան առանց հայերու? քաղաքականութեան իրականացման:
Ինչու կը հեռանան մարդիկ իրենց հայրենիքէն հարցումին պատասխանի փնտռտուքը  ոչ միայն ուշացած է այլեւ անիմաստ. իսկ այդ հարցով վարչապետի մտահոգուիլը՝ միայն ծիծաղելի:


Հրամայականները յստակ են:


Եթէ Հայաստանի այսօրուան ղեկավարութիւնը իսկապէս մտահոգուած է Հայաստանի հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեանց ճակատագրով եւ մտադիր է հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ առաւելագոյն  չափով  պահպանել մեր  պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան ինքնուրոյնութիւնը, ապա ան պարտաւոր է սեփական ժողովուրդի առջեւ առաջին հերթին ճանչնալ եւ ամենակարճ ժամկէտին սրբագրել, դադրեցնել տարիներէ ի վեր ներքին քաղաքական կեանքին մէջ տիրող սանձարձակութիւնները: Ապա՝ վերանայիլ հայրենքի մէջ իրականացուող սոցիալ-տնտեսական քաղաքականութիւնը: Երրորդ՝ մեղմացնել հասարկութեան մէջ անհանդուրժելի աստիճանի հասած սոցիալական անհաւասարութիւնը սոցիալական հաւասարութեան նոր սկզբունքներու ներդրումով, եւ չորրորդ՝ ամէնէն կարեւորը, վերականգնել հասարակութեան մեծամասնութեան  մօտ  կենսագործունէութեան ընդունակութիւնը, աշխատանքի նոր տեղերու ստեղծումով:


Մինչեւ այն ատեն որ չի մաքրուիր նեպոթիզմով յագեցուած ներքին մթնոլորտը, երբեք հնարաւոր պիտի չըլլայ իրականացնել հայանպաստ արտաքին քաղաքականութիւն, առաւել եւս ներկայ համաշխարհային պայմաններուն մէջ հնարաւոր պիտի չըլլայ պաշտպանել  մեր ազգային հիմնահարցերը: Այս մասին արդէն անցեալ շաբաթ ահազանգեց Վահան Յովհաննիսեանը ?Եւրոնեսթ?ի աշխատանքներու մեկնարկման առիթով:


Միջազգային յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտութեան պատմութիւնը արձանագրած է, որ միշտ կը պարտուին այն պետութիւններն ու ժողովուրդները, որոնք արտաքին քաղաքական կամ ազգային խնդիրները կը դարձնեն ներքաղաքական շահարկման առարկայ:


Երբ ականջ կը դնես քաղաքական իրադարձութիւններուն լսելու համար թէ ուր կ՛երթայ մեր հայրենիքը, արձագանգը կը յուշէ միայն մէկ բան. գործող նախագահն ու անոր շրջանակները յստակ կատարած են իրենց ընտրութիւնը՝


Ա.- Իշխանութեան պահպանումը եւ անոր  ժառանգականութեան ապահովումը գեր-խնդիր է իրենց համար.


Բ.- Քաղաքական, ֆինանսական, տնտեսական եւ այլ շահերը վեր կը դասեն համազգային ձգտումներէն:


Գ.- Ամբողջատիրութեան պահպանման համար պատրաստ են հետեւողականօրէն ոտնահարել ժողովրդավարութեան տարրական նորմերը:


Եկէք համաձայնինք  որ այս երեւոյթը կործանարար է այսօր ամբողջ հայութեան համար:


Փաստօրէն Քոալիսիոնի նոր եւ վերջին  յայտարարութիւնները կը գուժեն ժողովրդավարութեան մահը Հայաստանի մէջ.


Կ՛ուզեմ լաւատես ըլլալ, սակայն անհիմն լաւատեսութիւնը ջայլամի մտայնութիւն է:  Միամտութիւն է  կարծել, թէ հայկական գործօնի շահարկումը մօտիկ ապագային պիտի կարենանք յաղթահարել: Այդ շահարկումը տեղի պիտի ունենայ  ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի խնդրով  զիջումներ կորզելու ենթատեքստով այլ շատ աւելիով: Մեր իշխանութիւններէն կը պահանջուին եւ պիտի  պահանջուին  բազմաթիւ մեծ ու փոքր ծառայութիւններ, որոնց ծանր հետեւանքները բնականաբար պիտի կրէ հայ մարդը, քաղաքացին, եւ վերջին հաշուով ողջ հայութիւնը՝ ընդհանրապէս:


Այսօր ամբողջ աշխարհը շունչը բռնած կը հետեւի որ ինչպիսի վճռականութեամբ Միջին Արեւելքի ամբողջ տարածքին շարքային քաղաքացին փողոց կ՛իջնէ իր տարրական իրաւունքները պաշտպանելու համար,  իսկապէս անհասկնալի եւ անըմբռնելի  է որ մեր հայրենակիցները  իրենց առօրեան յուզող հարցերու լուծումը  կը տեսնեն երկրէն վերջնականապէս մեկնելու արմատական քայլին մէջ:


Եկէք  պահ մը ձերբազատուինք  զգացմունքային աւելորդութիւններէ եւ   յաղթանակի առասպելաբանութիւններէն եւ պիտի տեսնենք՝


Որ բոլորիս առջեւ արեւի պէս կը փայլի պարզ ճշմարտութիւնը. սպառած են արդարացման բոլոր փորձերը,  յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ այս էական եւ սկզբունքային բարոյական հարցին՝ ոտնձգութիւնները չտեսնելու, մատներու արանքով անոնց նայելու արդարացումները:


Որ արդէն վճառած ենք շատ բարձր գին՝ 1.1 միլիոն հայերու հեռացումով:


Որ Սխալ բան մը կայ.


Որ կանգնած ենք հոգեւոր եւ բարոյական անկման շեմին:


Որ աչքերը փակելով հարցերը լուծելու պերճանքը եւ շռայլութիւնը այլեւս չունինք:


Սթոքհոլմ


[email protected]


Source: Asbarez, 01 March 2010
http://asbarez.com/arm/93456/


Additional reading in Azad-Hye:


Suzanne Khardalian visits UAE and presents one of her movies to Armenian audience in Sharjah


Review of two films by Suzanne Khardalian and Rea Holmquist


Photo by Azad-Hye

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostԱռաւօտ Լուսոյ
Older PostArab revolt makes Turkey a regional power

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Summer Course of Armenian Language and Culture in Venice, Italy

item-thumbnail

Traditional Armenian Pilgrimage in Chinsurah

item-thumbnail

Ժողովուրդը թև ու թիկունք Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll