• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Լիացում՝ Յարութեան շունչով

March 29, 2013
A+ A-
Email Print


Writer and public figure Aram Sepetjian from Lebanon writes about the meaning of Holy Easter and the Resurrection of Jesus Christ.


Գրագէտ եւ հասարակական գործիչ Արամ Սեփեթճեան կը գրէ Զատկուան խորհուրդին մասին:


ՊԱՀԵՐ ՈՒ ԽՈՀԵՐ


ԼԻԱՑՈՒՄ ՝ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ


ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ


Յարութեան գաղափարախօսութիւնը քրիստոնէական կրօնքին ամէնէն իւրայատուկ եւ հիմնական գիծն է, որ իր սկիզբը առած է Անպարագրելի ԲԱՆին ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ խորհուրդէն ու զայն կամրջած՝ Խաչելութիւն-Թաղում եւ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ միացեալ Իմաստաւորումին: Կրօնաշունչ խորհրդածութիւնները կը պատկանին ամբողջ մարդկութեան անխտիր՝ իբրեւ կեանքի ուղեգիծ, որուն հաւատաւոր անդամները նոյնիսկ եթէ տարբերին ուրիշներէն իրենց մտածումներովն ու կեանքին օրինակովը: Աստուած ԲԱՆն իսկ է, իսկ Աստուածայայտնութիւնը կը խորհրդանշէ ԲԱՆին Մարդեղութեան խորհուրդը: Մտածումներու նոյն զուգորդութեամբ Հրաշափառ Յարութեան մէջ մենք կ՝ողջունենք Մարդ Էակին ՈԳԵՂԻՆԱՑՈՒՄը առ Աստուած, սակայն այն միակ պայմանով՝ որ մեր հոգիները գիտնանք վերածել Բարիին ու Վսեմին ձօնուած տաճարներու:


Հայկական մեր դարաւոր քրիստոնէաշունչ ըմբռնողութիւնը մեզ առաջնորդած է դէպի ԲԱՐԻն ու ՎՍԵՄը: Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը եղած է ԱՆՎԵՐՋ ՊԱՅՔԱՐ յանուն մեր Ինքնութեան ու Գոյապահպանման: Մեր ներաշխարհն ու մտածողութիւնը պարուրուած են քրիստոնէական բարոյագիտութեան առաջնահերթ սկզբունքներով ու մեր առօրեան կը ներշնչուի նոյն Ոգիով: Այսինքն՝ մեծագոյն ճշմարտութիւնը այն է, թէ՝ ՃԱՌԱԳԱՅԹԸ ՉԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՒԻՐ ու կարելի չէ զայն ԹԱՂԵԼ ինչ ալ ըլլան պայմանները: Պիտի գայ ժամանակը,- ուշ թէ կանուխ,- որ Ճառագայթը պիտի ունենայ կարողութիւնը իրեն պարտադրուած Տապանաքարն իսկ պարտութեան մատնելու եւ դուրս շպրտելու զայն: Ահաւասիկ՝ այն միակ տարբերութիւնը, որ մենք կը գտնենք ընդմէջ քրիստոնէութեան եւ կրօնական այլ վարդապետութիւններու:
Արդարեւ,Քրիստոսի ծնունդով նուիրականացած Աստուածայայտնութիւնն ու Մարդեղութեան Խորհուրդն անոր, աշխարհի մարդկութեան հոգեբարոյական ճակատագիրը պիտի չփոխէր այնքան՝ որքան Յարութեան գաղափարին յաղթանակը, որ կ՝աւետէր մարդկութեան, թէ՝ գիտակցեալ մահով կարելի կը դառնայ յաղթել մահուան սպառնալիքներուն, որ Մարդ Էակին անվերջակէտ երկխօսութիւնն է Անհունին հետ՝ ովկիանոսային խորութիւններուն հակադրուող իր երկնասլաց իմաստասիրութիւններով ու գեղարուեստական անմրցելի նուաճումներով,- նկատի ունիմ Քրիստոնեայ համայն աշխարհին իմաստասիրական եւ գեղարուեստական Միտքին քսան դարերու հսկայածաւալ ստեղծագործութիւնները:


Ոեւէ քրիստոնեայ մարդու համար այս մտածումները ունին հաւասարազօր իմաստ: Հայուն համար՝ նոյնպէս, միայն այն տարբերութեամբ, թէ մենք իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն պահելով հանդերձ քրիստոնէութեան համամարդկային տարողութիւնը, զայն շաղկապեր ենք նաեւ մեր ազգային պատմութեան Գոյերթին ու Ճակատագիրին հետ: Օտարազգի քրիստոնեաները , -երբեմն կրօնամոլ փոքրամասնութիւններն անոնց,- կը մերժեն հոգեւոր զգացողութեան եւ հաւատալիքներուն շաղկապումը ժողովուրդներու ազգային աւանդութիւններու եւ անոնց առողջ հաւաքական գիտակցութեան հետ: Սակայն, այն ինչ որ անյարիր է անոնց համար, մեր պարագային՝ մենք Հայ Եկեղեցիին յանձներ ենք մեր ժողովուրդին տէր կանգնելու անվերապահ եւ անփոխարինելի իրաւունքը, մանաւանդ այն ժամանակներուն երբ զգացեր ենք բացակայութիւնը հայկական անկախ պետականութեան ու բանակային ՈՒԺին: Այս փոխադարձ կապը եղած է այնքան սերտ եւ անխզելի, որ հայ եկեղեցականը բնականօրէն Յիսուսի կեանքին դրուագներուն մէջ գտած է նմանութիւնը Հայ ժողովուրդի ապրած անպատմելի տառապանքին ու Գողգոթային, եւ արձանագրած իր ազատագրական յաղթանակներուն , Աւարայրէն՝ մինչեւ Սարդարապատ եւ Արցախ, ի դէմս՝ հրաշափառ Յարութեան Գաղափարին,- եւ այս՝ յանուն հայ ժողովուրդի ազգային արդար իրաւունքներու պատմական ճշմարտութեան ու յաղթանակին:


Հայ Մարդուն համար Յարութեան Գաղափարը իր լիութիւնը կը գտնէ, երբ գերեզմանաքարը կը փոխարինենք Մեղքի ու մեղանչումի Տապանաքարով: Արդ, պիտի կարենա՞նք արդեօք մեր մարդկային ուժերով յարութիւն առնել մեր վրայ ծանրօրէն ճնշող Մեղքի հանապազօրեայ փորձութիւններէն: Պայման չէ՝ որ սպասենք Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր Օրուան Խորհուրդին ու Պատգամին խորապէս ըմբռնելու համար տիեզերաշունչ գաղափարախօսութիւնը Յարութեան: Այն ատեն է որ մենք մեզի իրաւունք պիտի տանք Զատկուան այս օրերուն հոգեմտաւոր զգացումներով ողջունել զիրար եւ աւետել Մեծ Վարդապետին Յարութեան Տօնը, որ լաւագոյնս կը խորհրդանշէ Ինքնութիւնը ՀԱՅ ՄԱՐԴուն:


Published with permission from the author. 

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostՄիգուցե Սփյո՞ւռքն էլ է արդիական «անցումային շրջան» ապրում
Older PostSeroun Wang: The story of Guirdjian family from Bolis

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Սփյուռքի նախարարությունում տեղի ունեցավ հանդիպում Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովի մասնակիցների հետ

item-thumbnail

Մեր եկեղեցին մարդոց գրաւելու կարողութիւն ունի՞. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll