Գրեց՝?Նշան Պասմաճեան
? Պարա՛ք, Պարա՛ք։
? Հայ Գեւօ։
? Հայ Պարաք։ Մապրուք։ Շնորհաւոր։
? Թանք Եու, Գեւօ։ Նեղութիւն քաշեր մինչեւ Շիքակօ եկեր ես զիս շնորհաւորելու… ?Ուաու… Դուն տարբեր ես։ Դուք, հայերդ տարբեր էք։ Մէկուն եթէ սիրէք՝ սրտերնուդ մէջ կը դնէք ու հոն ալ կը պահէք, եւ եթէ մէկը չսիրէք...
? Անոր ալ տեղ մը կը գտնենք պահելու։
? Հայու հիւմըրդ բնաւ չես կորսնցներ, խայտառակ։
? Հիմա լուրջ ըլլանք Պարաք։ Սա բարեկամդ՝ Ճորճիկը, հազար քիլօ մեղր ալ տամ կրնա՞ս ուտել։ Չես կրնար։ Ուրեմն, բերանիդ, կոկորդիդ, ստամոքսիդ, աղիքներուդ եւ անկէ անդին ալ տեղ չունի։ Այդ տեղերէն որ չանցաւ սրտին հասնելու հաւանականութիւն չեմ տեսներ։ Բայց այս վայրկեանիս հայերը քու ինչի՞դ են պէտք։ Այսօր քու օրդ է, մեր օրն է, բոլոր աշխարհին օրն է։ Արդէն Քինիա արձակուրդ տուեր են վաղը, լուր առիր, չէ՞։ Պարաք, դուն մեծ մամա մըն ալ եթէ Հայաստան ունենայիր… ինչ գոյն կ՚ուզէր ըլլար, միայն տոկոս մը հայ ըլլար, մէկ շաբաթ արձակուրդ տուեր էին։ Անունդ ալ թերթերուն մէջ Պարոյր Աբրահամեան կամ Պարգեւ Օպամեան լոյս կը տեսնէր։ Դեռ թերթերուն մէկն ալ գիւտ ըրածի պէս կրնար գրել որ մօրդ կողմէն մեծ հօրդ մեծ հայրը պամիայի վաճառական եղած է, պամիան ինք տարած է Ամերիկա… եւայլն...
? Ուրեմն հայերդ այդպէս արագ մը տէր կ՚ելլէք ձեր արենակիցներուն։
? Անշուշտ կ՚ելլենք։ Մեզի ի՞նչ կը կարծես որ։ Այսօր ափրիկեցիները տէր ելլել գիտեն իրենցիններուն, դուն դեռ մեզի չես ճանչնար։
? Անկեղծ ըսած, քինիացներն ալ, դուք ալ մեծ ազգ էք։ Բայց ճիշդը խօսիր, Գեւօ, մտքէդ կ՚անցնէ՞ր ես՝ նախագահ։
? Անշուշտ կ՚անցնէր։ Ես 150% վստահ էի որ դուն պիտի շահէիր, թէեւ սկիզբը կնիկէն վախ ունէի։
? Որո՞ւն կնիկէն, Գեւօ։
? Քլինթընին կնիկէն, ուրիշ կնիկ կա՞ր մը՝ աշխարհին էրիկ–մարդութիւն սորվեցնող։ Տե՛ս, մենք հայերս ձախ աջ չունինք։ Շիտակին շիտակ ըսող մարդիկ ենք։ Խաթիրի մի առներ որովհետեւ հայերս կ՚ըսենք ?Նեկրօ մը թող գայ աւելի լաւ է, քան թէ կնիկ մը…?։ Կնիկի տերտ քաշելը դիւրին չէ, Պարաք։ Մեծ հայրիկը լաւ որ չընտրուեցաւ, Սառա խանըմին ձեռքը խաղալիք պիտի դառնար, միլիոն անգամ պիտի զղջար, ինչ որ է, ես ուրախ եմ որ կնիկները դուրս մնացին այս մրցումէն։
? Հա, բայց Փիլոսին ալ կին է, ինծի պէս ձեր լաւ բարեկամն է։ Այս տիկնոջ ձեռքէն ինչ որ եկաւ՝ ըրաւ եւ կը շարունակէ ընել ի նպաստ հայերուն։ Փիլոսիին պէս բարեկամներ պէտք չէ ձեռքէ տաք, Գեւօ, նոյնիսկ եթէ… կին են… Բայց թերեւս ըսածիդ մէջ որոշ իրականութիւն կայ, Գոնտոլիզան ալ կին է, սեւ ալ է գլուխէն մինչեւ կրունկը, բայց ինք ո՜ւր, Փիլոսին ո՜ւր։
? Հիմա սկսար ճիշդը խօսիլ, Պարաք։ Եկուր նիւթը փոխենք։ Քու խելքդ կնիկներուն կը հասնի, ես այդքան գլուխ չունիմ։ Ասկէ ետք աւելիով պէտք է հասնի, որովհետեւ Ամերիկայի մէջ կինը կրնայ իր ամուսնին հետ ապրիլ, սիրածին հետ ապրիլ, սիրուհիին հետ ապրիլ, դեռ հիմա ամուսինուհիին հետ ալ կրնայ ապրիլ։ Յաջորդ չորս տարին հազիւ ասոնց համար կրնաս օրէնք գրել։ Ըսի, չէ՞, խելքս քեզի նման՝ կիներուն չի հասնիր, մանաւանդ այս սեւուլիկ Գոնտոլիզային։ Տեղ մը այցելե՞ց, վերադարձին սպասէ երկոտասնեակ մը մահ։ Ի՞նչ կ՚ընէ, ինչպէ՞ս մարդիկ իրար կը ձգէ, չեմ գիտեր։ Ըսինք նիւթը պիտի փոխենք, բայց դեռ այս կնկան մասին կը խօսինք, այնքան փիստ աֆ եղեր եմ որ...
? Երեք ամիս ալ սպասէ, Գեւօ, մէջտեղերը այնպէս մը պիտի աւլեմ, որ ?բրինձ?ի հետք չմնայ որեւէ տեղ։ Ատոր պէս սեւերը պակաս ըլլան։ Տես մեր Քոլին Բաուըլ եղբայրը։ Աչքը սիրես։ Եւ սեւ է, եւ խելացի, եւ հայրենասէր, եւ քաջ զինուոր։
? Թուրքերը այսպիսի մարդոց ?էրքէկ? կ՚ըսեն, Պարաք։ Այս Բաուըլին ?էրքէկ?ութիւնը թէեւ քիչ մը ուշ մէջտեղ ելաւ։ Այս ուշացող ?էրքէկ?ներուն ?տիբլոմաթ? կ՚ըսեն։
? Եթէ քիչ մըն ալ այս խօսակցութիւնը շարունակենք, դուն ալ այդ ուշացողներուն մէջ պիտի ըլլաս, Գեւօ։ Դասընկերդ նախագահ է այսօր, դուն հայերուն մէջ ղեկավար մարդ ես, ձերիններուն համար բան մը չունի՞ս ուզելիք նախագահ ընկերոջմէդ։
? Չէ, ուզելիք չունիմ։ Դուն դատապարտեցիր Ցեղասպանութիւնը, խոստացար ցեղասպանութեան բանաձեւը անցընել, հայտարարեցիր Հայ–Ամերիկեան յարաբերութիւնները դրականօրէն զարգացնել։ Ես քեզի կը հաւատամ եւ կը կարծեմ թէ դուն այդ մարդն ես, որ մարդկային իրաւանց ամենամեծ պաշտպան երկրին որպէս նախագահ կրնաս մեծ գործեր ընել յօգուտ մարդկութեան եւ արդարութեան։ Բայց այսօրուան ճառիդ մէջ բան մը ըսիր, որ քիչ մը ինծի մտածել տուաւ։ Ըսիր, որ ?բոլոր անոնք որ կը կասկածին թէ Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ կարելի է, անոնք այս գիշեր ունին պատասխանը?։
? Այո, այդպէս է, Ամերիկայի մէջ ամէն ինչ կարելի է։
? Վայ աչքդ սիրեմ, ճակատէն զարկիր։ Ատոր համար ալ մտահոգ եմ որ...
? Որ ի՞նչ։
? Այսինքն Ցեղասպանութեան համար կատարած խոստումիդ տէրը չըլլաս...
? Դուն իմ անկեղծութենէս կը կասկածի՞ս, Գեւօ։
? Անկեղծութենէդ չեմ կասկածիր։ Չեն թողուր որ ընես։ Բացատրեմ ինչու ունիմ այս կասկածը։ Աստուած ողորմի հոգուն Ուուտրօ Ուիլսընին։ Մարդը 1920ին կաւիճը ձեռքը առաւ եւ ?Ուիլսընեան Հայաստան?ի քարտէսը գծեց Սեւրի մէջ։ Մարդը Փարիզէն տուն վերադարձաւ, կաւիճը ձեռքէն առին, ձեռքը սրբիչ տուին… հանրապետական ծերակուտականները...
? Քաղաքականութիւն է, Գեւօ, այսպիսի բաներ կ՚ըլլան։ Քաղաքականութեան մէջ առիթները օգտագործել պիտի գիտնաս եւ համբերութիւն պիտի ունենաս։ Համբերութիւնը կեանք է, չէ՞։
? Այո, բայց շատն ալ տանջանք է, երբեմն ալ խաբկանք։ Հիմա արագութեան դար է, աշխատանքի եւ արդիւնքներու դար։ Քեզմէ աշխատանք եւ արդիւնք կ՚ուզէ հայութիւնը եւ Հայաստանը։ Մենք երախտագէտ ազգ ենք, միւս կողմէն ալ Հայաստան մի ըսեր, մի անցնիր։ Ամերիկայի համար Թուրքիոյ նման կարեւոր է Հայաստանը, Հարաւային Կովկասը ընդհանրապէս, որովհետեւ անոնք սթրաթեճիական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն որպէս անցք՝ հարուստ կեդրոնական ասիական երկիրներ։ Յետոյ մի մոռնար որ այսօր Ամերիկան ռուսերուն մոնոբոլը չուզեր որ ըլլայ Կասպից ծովու երկիրներու քարիւղին դուրս փոխադրութիւնը։ Ատոր համար պէտք կը զգայ կայուն երկիրներու, որոնցմէ կարենայ անցընել քարիւղը։ Հայ ժողովուրդը իրաւունք ուտող ժողովուրդ չէ, ազերի չէ, ոչ ալ վրացի։ Սակայն եթէ իրեն մօտենաս, պիտի հող ուզէ, որուն նախապայմանն է Ցեղասպանութեան ընդունումը։ Եթէ դուն այս ուղղութեամբ պիտի աշխատիս, բերանդ ?Կարսն ու Արտահանը ետ պէտք է տալ? ըսելով միայն պէտք չէ բանաս։ Արտուինի շրջանը պէտք է նաեւ Հայաստանի տրուի, որ Հայաստան ծով ունենայ, այդ պարագային թուրքերը պիտի ուզե՞ն զիջիլ Վրաստանի հետ իրենց ունեցած սահմանը։ Դժուար իրավիճակ է։ Ասոր համար քեզմէ կը խնդրեմ որ Ցեղասպանութեան ծրարը յաջողցնես, մնացածը աշխատանքով ձեռք կը բերուի։
? Ռուսերը նկատի չառիր, Գեւօ։
? Ռուսերը դուն նկատի պիտի առնես։ Մենք վրացիներուն տխմարութիւնը չենք ըրած ու չենք ըներ, դուն ալ Ճորճիկին տխմարութիւնը պէտք չէ ընես։ Ռուսերուն շատ մի ջղայնացներ, բնաւ մի ջղայնացներ, խենթութիւննին եթէ բռնէ Աստուած չեն ճանչնար։ Թորոյի նման են, կարմիր լաթ որ տեսնեն՝ կոտոշները վեր կը տնկեն։ Ժամանակին էր որ իրենց սրբութիւն սրբոցը կարմիր էր։ Տես, այս ընտրութիւններուն ձեզի՝ կապոյտներուդ հետ էին… Ճորճիկը սխալը ըրաւ՝ վրացիները պատիժ կերան, Ճորճիկը ամերիկեան անվտանգութիւնը վտանգի մէջ ձգեց։ Մեր շրջանին հետ կապուած Ճորճիկէն լաւ բան չժառանգեցիր, Պարաք։
? Լոս Անճելըս որ գամ՝ քովդ պիտի գամ քեզմէ դասեր սորվելու, Գեւօ։
? Քաւ լիցի։ Ես դաս տուող չեմ, սիրելիս։ Բայց որովհետեւ կը հաւատամ որ գոնէ 4 տարի միասին պիտի կարենանք աշխատիլ Հայաստանի եւ Ամերիկայի յարաբերութեանց զարգացման դաշտին մէջ, կ՚ուզէի քեզ խրատ մը տալ, որ Ճորճիկին սխալը չկրկնես։
? Ճորճիկին պոչը բռներ ես այս գիշեր...
? Պոչէն զատ բռնուելիք բան չունի խայտառակը։ Նայէ Պարաք, նախագահական առաջին տարին քիչ թէ շատ պապա Ճորճիկին խօսքերը քիչ մը մտիկ ըրած ունէր, յետոյ կարծեց որ խելքը մեծցած է, հետեւաբար, յիշեց որ ինք նախագահ է աշխարհի ամենահզօր երկրին։ Այդ վայրկեանէն սկսաւ նմանիլ այն զաւկին, որ մեղրալուսնէն վերադարձին հօրը մօտ կու գայ եւ անոր կը փորձէ սորվեցնել թէ ինչ կ՚ընեն երեխայ ունենալու համար...
? Այս ինչ օրինակ էր, Գեւօ։
? Ըսելիքս այդ չէր, Պարաք։ Դուն լաւ գիտես որ Ամերիկան ամբողջ աշխարհը կրցած է ամերիկանացնել։ Մարդկութիւնը ատկէ դժգոհ է, սակայն Ամերիկան թշնամի դարձած է բոլորին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Ամերիկան սուտ է որ խօսած է մեծին, փոքրին, բարեկամին, չարակամին, եւ այլոց։ Ճառիդ մէջ լաւ բան մը ըսիր.- ?Չկայ Ուօլ Սթրիթ երբ Մէյն Սթրիթը վտանգի մէջ է?։ Այդպիսով խօսք տուած եղար երկու ՍԹՐԻԹ–ները նորոգել։ Կեցցե՛ս։
? Գեւօ, անկեղծ ընկեր, խրատներդ պիտի չմոռնամ եւ խօսքիս տէրը պիտի ըլլամ։
? Պարաք, բան մըն ալ ըսեմ, յետոյ գոլորշիանամ, օդանաւս չփախցնեմ։
? Ըսէ, ուզածդ ըսէ։
? Սորվեցնել չըլլայ, Ճորճիկը եթէ դեռ չէ հեռաձայնած եւ քեզ շնորհաւորած, դուն հեռաձայնէ եւ քու անկեղծ շնորհակալութիւնդ ու երախտագիտական զգացումներդ փոխանցէ իրեն։
? Ինչի՞ համար։
? Մի մոռնար, ինք եթէ 8 տարի Ամերիկայի վերջը բերած չըլլար, դուն ալ կարենայիր նախագահ ընտրուիլ...