
In memory of Garabed Jouharian (1919-2010)
Nishan Basmajian, Principal of the?Ohannesian Armenian School of Sharjah writes about Garabed Jouharian, author of Armenian language?books and pedagogue, who passed away earlier this month. ??
Մեծ ուրախութեամբ կարդացի ձեր կայքէջին մէջ հրապարակած նամակը ուղղուած ինծի՝ դպրոցին մէջ Կարապետ Ճուհարեան Մեծ Հայուն յիշատակը յարգելու ցանկութեամբ, խնդրելով որ պատշաճ ձեւով Պրն Ճուհարեանին մեր մշակոյթի զարգացման ի նպաստ կատարած ներդրումին մասին տեղեկացուի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին:
?
Ձեր կայքէջի միջոցաւ դուք միշտ նեցուկ կանգնած էք եւ նեցուկ կը շարունակէք ըլլալ Օհաննէսեան Վարժարանին եւ մեր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան դժուար գործին: Կը գնահատեմ ձեր այս դրական կեցուածքը եւ այս երկտողով ձեզի կուգամ փոխանցելու? շնորհակալութեան զգացումներս:
?
Պարոն Ճուհարեանը ազգային մեծ արժէք մը ըլլալուն կողքին նաեւ մեծ ընկեր էր ինծի հակառակ տարիքային մեծ տարբերութեան: Նախախնամութիւնը այնպէս էր տնօրինած , որ Օգոստոսի մէջ Վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենապետ Հրաչ Պրունսուզեանի հետ? այցելէինք զինք իր բնակարանին մէջ : 95ը անց այդ ծերունին տակաւին զուարթամիտ էր , կը յիշէր ամէն ինչ, կ՜ընէր այնպիսի դիտողութիւններ արդի կարգ մը երեւոյթներու մասին, որոնք ուղղակի կը զարմացնէին մեզ: Տակաւին գրիչը ձեռքէն վար չէր նետած: Սակայն կարծէք կը նախզգար իր մօտալուտ մահը.Հրաչին (որուն ուսուցիչը եղած էր) դառնալով ըսաւ. ?Հրաչ, տղաս, իմ օրերս հաշուուած են արդէն, մարդ իննիսունէն աւելի որքա՞ն պիտի ապրի…?:
?
Վերջին երեք տարիներուն զինք տեսնելու համար առիթ չեմ փախցուցած? Հալէպ այցելելու, իսկ տարին երեք կամ չորս անգամ հեռաձայնով հետը խօսած եմ . ոչ մէկ ատեն ?օրերը հաշուուած ըլլալուն? մասին ակնարկութիւն էր կատարած: Այո, այդ օր կարծէք կը նախզգար Գաբրիէլ Հրեշտակապետի մօտալուտ գալուստը: Իրօք, չուշացաւ Ան:
?
Ճիշդ է որ Պրն Ճուհարեանը ոչ եւս է ֆիզիքապէս: Բայց արդեօ՞ք ան մեռաւ: Ոչ: Ան կ՜ապրի իր յօդուածներով, դասագիրքերով, հասցուցած սերունդով, իր դաստիարակած զաւակով, իր քաղցր ժպիտով, դիպուկ խօսքերով, տագնապ բուրող իր քննադատութիւններով, ազգային արժէքներու պահպանման համար իր ցուցաբերած բծախնդրութեամբ: Այս յատկութեանց համար չէ՞ր միթէ, որ Նախագահ Սերժ Սարգիսեան 2010 ի առաջին կիսուն իր Հալէպ այցին զինք պարգեւատրեց ?Մովսէս Խորենացի? շքանշանով , որուն արժանի էր :
Դժբաղդաբար, ներողութիւն, բարեբախտաբար Հայաստանը հեռուէն տեսաւ իր արժանիքը եւ զայն գնահատեց որպէս մեծութիւն իսկ մենք, մօտիկներս , չուզեցինք տեսնել , ոչ իսկ նկատել այդ մեծութիւնը . խծբծեցինք, քարկոծեցինք, անարգեցինք զինք սակայն ան վերէն նայեցաւ ու վար չիջաւ բնաւ : ?Հսկան? մնաց հսկայ, վերէն նայեցաւ ?գաճաճներ?ուն: Գաճաճները այսօր կը վխտան մեր գաղութներուն մէջ. դժբաղդ իրականութիւն: Ե՞րբ պիտի սկսինք գիտակցիլ որ երբ գիտոսիկներ մեզ կ՜առաջնորդեն՝ պիտի ապրինք անկում ըլլայ այդ մշակութային, կրթական թէ բարոյական գետիններու վրայ: ?Ազգը ճամբայ մը բռնած է ու կ՜երթայ? կ՜ըսէր Պրն Ճուհարեան, բայց ?Յո՞ երթաս ազգ իմ? կ՜եզրակացնէր…:
?
Պրն Քալսահակեան, ձեզի ուղղուած նամակիս մէջ տեղ գտած այս մի քանի յուշիկներն ու խորհրդածութիւնները թող բռնիկ մը ծխացող խունկ եւ վառած զոյգ մը մոմ հանդիսանան Պրն Ճուհարեանի խնկելի յիշատակին:
?
Մնամ յարգանօք՝
?
Նշան Պասմաճեան
18 Հոկտեմբեր 2010
Letter on the occasion of Garabed Jouharian's passing away
Թիւ 3 / 2010
Կարպետ Ճուհարեանին մահուան առիթով
Շարժային Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի Տնօրէն՝ Պրն. Նշան Պասմաճեանին,
Յարգարժան Պարոն Տնօրէն,
Ցաւօք իմացանք թէ 12 Հոկտեմբեր 2010-ին վաստակաւոր կրթական մշակ եւ դաստիարակ Կարապետ Ճուհարեանը հոգին աւանդած է Հալէպի մէջ:
Հանգուցեալը երկար տարիներ աշխատած է որպէս հայերէն լեզուի եւ քերականութեան դասատու՝ Սուրիոյ զանազան վարժարաններու մէջ:
Անոր զաւակը՝ բանաստեղծ Արա Ճուհարեանը վերջին տարիներուն հաստատուած է մեր գաղութէն ներս:
Ճուհարեանին դասագիրքերը կ՛օգտագործուին Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանէն ներս: Յայտնի է անոր ?Մրգաստան? շարքը:
Նպատակայարմար կը գտնենք, որ պատշաճ ձեւով նշուի հանգուցեալին ներդրումը ազգային կրթական կեանքէն ներս՝ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան հաղորդելով անոր վաստակին մասին:
Շարժա, 15 Հոկտեմբեր 2010
Ազատ-Հայի Վարժարանի Աջակցութեան Միաւորը?հիմնուած է 2007ին:
The letter in PDF format (in Armenian)