• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Ոտնամանները

January 21, 2009
A+ A-
Email Print

Ազատ-Հայի Յատուկ


Գրեց՝ Պերճուհի Աւետեան


Ոտնաման հնարելու գիւտը որո՞ւ? կը պատկանի, գոնէ ինծի ծանօթ չէ, պարզապէս տրամաբանութեամբ կրնամ հետեւցնել թէ մարդ արարածը որպէս հնարամիտ, զարգացող ու արարող էակ` ոտքերը ցուրտէն, կոշկոռներէն, քարերէն պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը զգալով, սնուելու համար որսացած անասուններու կաշիները օգտագործելով` ոտնամաններ պատրաստած է…? ու ինչպէս ամէն ինչ, այս արագընթացօրէն զարգացող աշխարհի վրայ, աստիճանաբար կը զարգանայ նաեւ ոտնամաններու շինութեան ?բրոսէս?ը? (օտարամուտ բառ չէ սա ընթերցող, արեւելահայ մամուլը, պաշտօնական հեռարձակումը իսկական հայական ծագում ունեցող բառ հռչակած է այս լատիներէն բառը … մեր լեզուն հարստացնենք, ինչո՞ւ նեղմիտ կ`ըլլանք)... ?


Ուրեմն ոտնամանը համապատասխան ոտնամանի ձեւին ու գործածութեան կը ստանայ կօշիկ, մուճակ, մաշիկ, հողաթափ, մարզակօշիկ, կրկնակօշիկ անուանումները: Անկասկած որ անհերքելի է մասնագիտութեան գրաւած արդար տեղը զարգացման փուլի մէջ եղող այս աշխարհի վրայ (սա փուլ բառն ալ արդէն օտարամուտ բառ չէ, բոլոր լայնախոհերը կը գործածեն զայն, ի՜նչ փոյթ թէ մեր բազմաչարչար ազգի բազում ոտնահարուած լեզուն ունի անոր յստակ իմաստը ցոլացնող հանգրուան բառը):


Ոտնամանները ուրեմն անցնելով զանազան մասնագիտական հանգրուաններէն կը պատրաստուէին նրբաճաշակ ոճով, երկարաճիտ, սրածայր քիթերով, բարակ կրունկներով, նոյնիսկ օձի մորթը օգտագործելով, մէկ խօսքով մօտայիկ (սա եւս ընդհանրացած, միջազգային ճանաչում ունեցող բառ է, նորոյթ կամ նորաձեւութիւն բառը անկասկած նոյն իմաստը կը փոխանցէ, բայց լատիներէնի հնչիւնը? ուրիշ բան է, թիրախին կը խփէ):


Երբ հարց կ`ուղղես նրբաճաշակ տիկնոջ, թէ ?Ի՞նչ տեսակ կօշիկ կը նախընտրես? անվարան պիտի պատասխանէ


?Ի‏՜տալական?:


Անվիճելի է Իտալական կօշիկի որակը, ինչպէս հնդկական մետաքսին, Ֆրանսական անուշահոտին, Զուիցերական շոգոլային եւայլն, միշտ սուփր արտադրութիւններ կան (այո սուփր բառն ալաւելի հնչող է ու ազդեցիկ քան մեր? բաձրորակ բարդ բառը):


Ուրեմն երբ ոտնամաններդ լաւ տեսակի են, մաքուր, փայլփլուն, անոնք բարձր ճաշակ կը նշեն … առաւե՜լ եթէ? ?սինիէ? ըլլան, յատուկ մակնիշով, իսկական ?կուտ լուքինկ? (վայելուչ տեսք) կու տան հագուստիդ, կապուստիդ: Սակայն զգո՜յշ, այն անձը որ բարեւդ չառած նայուածքը կը սեւեռէ ներքեւ ու ոտնամաններդ կը քննէ, նենգամիտ է ու դաւադրող, գոնէ այդպէս կ`ըսէ ժողովրդային խօսքը, իսկ ժողովուրդը միշտ անաչառ է իր դատողութեամբ:


Ոտնամաններս ոչ իտալական էին, ոչ սրածայր, ոչ երկարաճիտ … պարզապէս սովորական հանգստաւէտ ոտնամաններ էին, իսկ զանոնք հանելը պարտադիր էր սահմանին վրայ … սխալ չհասկանաք միայն ինծի չէր պարտադրուած կօշիկները հանելը, այլ բոլոր ճամբորդներուն անխտիր … իսկ իմ պարագայիս ի մասնաւորի… կրած անձագիրս դժբախտաբար պլագ լիստ ի վրայ կ`իյնար, (հոս արդէն առանց տատամսելու կարելի է գործածել օտար բառը, որպէսզի լիարժէք իմաստով տպաւորէ):


– Փրոպլեմ ?չէ, Փրոպլեմ ?չէ,- պիտի ըսէր մեր տան անմաքուր ջուրի խողովակները նորոգող, նախակրթական չորրորդ կարգէն թերաւարտ վարպետ Սողոմոնը, երբ խուճապահար անմաքուր ջուրի կուտակումէն զանգէի իրեն..


Սա փրոպլեմն ալ եւս նոր հարց` հարցերով խճխճուած մեր լեզուագաւառի սփիւռք–հայրենիք լայնածաւալ բնագաւառին մէջ, ալ ի՜նչ Մեսրոպեան ուղղագրութիւն, ի՜նչ բարբառ ու բանասիրութիւն .. բոլորը կը բարբառեն ինչպէս? կամենան.. գոնէ փառք տանք բարձեալին որ տակաւին հայերէն կը խօսինք:


Ընդմիջում ու շարունակենք …


Ես ու ոտնամաններս սեւ ցանկի վրայ մեր պատուաւոր տեղը կը գրաւէինք…. ինչպէս նաեւ գոյքս, պայուսակս , բաճկոնս .. կարգն այդպէս էր գոնէ ստուգումէն առաջ, սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութիւնը? պատահած էր, որու հետեւանքով այս վերաբերմունքը ոչ թէ վարկաբեկիչ այլ պարտադիր ու արդարացուած արարողութիւն էր:


Ես, ոտնամաններս, պայուսակս յատուկ անցքէ կ`անցնէինք, յատուկ մանրակրկիտ ու հոգատար քննութեան կ`եթարկուէինք, ահաբեկչութիւն գուժող ոչինչ կար բարեբախտաբար … բարով եկարի ?ուէլգամ?ը? գոյքս վերցնելու ու ոտնամաններս հագուելու թոյլատրութեան հետ քաղաքավարի ժպիտով կը շպրտուէր: Արդէն արտօնուած էր մուտքը սահմանէն, թոքերս թթուածինով կ`ուռէին,: ??Ուէլգամ?ի համար այնքան երախտապարտ կը զգայի քիթը տնկած պաշտօնեային, մասնաւորաբար? ահաբեկչական կազմակերպութեան մաս չկազմելու փաստարկին: Այս առթիւ` ոտնամաններս արժանացած էին պայթուցիկ յայտնագործող յատուկ կտաւով մը սրբուելու բախտին, աշխարհի մեծագոյնը համարուող երկրի սահմանին վրայ, հաւատացէք սա փչոց չէ, այլ զուտ իրականութիւն:


Կ`ամրացնեմ սահմանի վրայ բծախնդրօրէն սրբուած ոտնամաններուս կապերը, արդէն սահմանը անցած եմ: Անտարակոյս? տարբեր սահմաններուն վրայ ոտնաման հանելու ոչ մէկ պարտադրանք? կայ … սեպտեմբերեան փոթորիկը ?կոնկրէտ այդ երկրի վրայէն սուրալով անցած ու քանի մը վայրկեանուայ ընթացքին (որոնք հայկական ցեղասպանութեան ահաւոր տարիներէ աւելի գերակշիռ կը յիշատակուին) գետնին տակ առած էր զոյգ երկնաբերձեր:????????? (Տեղին է մի՞թէ կոնկրէտ? բառի օգտագործումը …? արեւելահայերէնի թեւէն? ոստոստելով արեւմտահայերէնի թեւին վրայ սփռուած ու հոն ալ ընդարձակ տարածում գտած այս բառը եւս շռայլօրէն կը գործածուի ?ճշգրիտ? իր հոմանիշը ոտնահարելով ու բազմաթիւ մտաւորականներու բառամթերքին մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւելով, հարստացնենք բարձր գուրգուրանքի արժանի մեր ոսկեղինիկը): ?


Ոտնամանները անկասկած մարդ արարածի առօրեայ կենցաղային ու պիտանի իրերու անբաժան մասնիկը կը կազմեն՝ հագուստի, պայուսակի, համակարգիչի,? բջիջային հեռաձայնի կողքին: Հայկական մշակութային ձեռնարկի մը նախքան սկսիլը` յաւուր պատշաճի հեզահամբոյր բեմավարուհին կոտրտուելով? կը? յայտարարէ ?


?Եթէ կը հաճիք մուպայլները կղպեցէք? .. Միթէ սա մուպայլները պահարաններ են թէ դռներ ... իսկ մեր բառարաններուն մէջ ննջող ?բջիջային ու անջատել? բառերը իմաստային ի՞նչ պաշտօններ կրնան ստանալ: Հաւանաբար ակնկալած պաշտօնները չստացած ազգայիններու նման քէն պահած ու հեռացած են մեր ազգային բնագաւառէն … ?Ճանըմ շատ ՖասՖասա մի ընէք ինչպէս կ`ուզեն թող խօսին, արդէն ճահիլները եկեղեցիէն կը հեռացան? եկեղեցական արարողութիւններու? գրաբառ լեզուն չհասկնալուն պատճառաւ?, կ`արդարացնէ բանիմաց ատենապետը, որու գիտելիքներու? բեռին տակ կքած է հայ մշակոյթի հսկայ կաղնին: Ուրեմն լատիներէնէն կ`անցնինք արաբերէնի, սփիւռքի հարստութիւնն ալ հոս կը ծաղկի, իւրաքանչիւր երկրի լեզուէն հայկական ծաղկեփունջի մէջ ծաղիկ մը կը զետեղուի.. յաճախ ակնյայտօրէն վայրի եւ թունաւոր …


Թուարկելով ոտնամաններու առաւելութիւններն ու թերութիւնները? .. կը պատահի չէ՞ որ ոտնամաններուդ զոյգին կենտը նեղ ըլլայ .. այսպէս ուրեմն, շուկայ իջած ես, ցուցափեղկի մէջ կը նկատես սիրուն? ու շիք կօշիկ մը (այս շիքը արտայայտիչ բառ է, անոր հոմանիշ բառը գիտեմ վայելուչն է, իսկ ես յամառօրէն պիտի փարիմ այս բառին, ես ալ ուրիշներուն պէս նախասիրութիւն պէտք է ունենամ ուզած բառս գործածելու), ուրեմն կը մտնես խանութ, կը մատնանշես կօշիկը, կը փորձես աջ կենտը … հիանալի է, շատ շիք? ու հանգստաւէտ:


– Վերջին զոյգն է,- վաճառողը կը զգուշացնէ:


Գինը իմանալով պահ մը կը տատամսիս, բայց զարմանալիօրէն ինչպէս կը պատահի Հարաւային Ամերիկայի բազմաշարք– րոմանթիք? Ֆիլմաշարերուն մէջ, հերոսը մէկ նայուածքով կը սիրահարուի հերոսուհիին , դուն ալ այդ … կօշիկին: Երեկոյեան հրաւէրին կատարեալ վայելչութիւնդ երեւակայելով ալ երկար–բարակ չես չափչփեր նիւթական պարտաւորութիւններդ, կը գնես ու գոհունակ կը փութաս տուն,:


Նոր ոտնամանները անցուցած ոտքերուդ կը շորորաս, ձախ ոտքդ այնքան կը սեղմուի, կարծես աքցանի երկաթեայ շեղբի մէջ ըլլայ, կ`ըսեն ?ինչ օգուտ աշխարհը մեծ է երբ ոտքերդ նեղ կօշիկներու մէջ են?: Ուժդ աջ ոտքիդ տալով ակռաներդ սեղմած կը դիմանաս, արմատներ ունիս, միւսներուն նման դիւրաբեկ չես, ?գեղեցիկ երեւալը այնքան ալ հեշտ բան չէ?, նաեւ կ`ըսէ ժողովուրդը: Երեկոյթի աւարտին հասած ես եզրակացութեան թէ ամենաիմաստուն խօսքերը ժողովրդական առածներն են:


Այսպէս ոտնամաններու մասին կարելի է շատ–շատ պատմութիւններ պատմել, զայրացած ես, վերցուր ոտնամանդ ու շպրտէ .. այսպէս ալ պատահեցաւ, քալելու, ոտքերը պաշտպանելու համար սարքուած ոտնամանները դարձան ժողովուրդի մը սեմպոլը, (բացառուած չէ խորհրդանիշ որոշելը, մեզմէ ոեւէ մէկը կրնայ որեւէ պարագայի ջոկել իր խորհրդանիշը) … 2008-ի վերջին ամիսին ոտնամաններու պատմութեան մէջ նոր էջ պիտի բացուէր, մարդիկ նշանաբան պիտի դարձնէին զոյգ մը քառասունմէկ համարի ոտնամաններ … քանի որ անոնք անվերապահօրէն շպրտուած էին աշխարհի մեծագոյն երկրի նահագահին վրայ, իսկ նահագահը որ ճիտոյի ու գարադէի բոլոր թէքնիք ?գաղտնիքներուն, ինչպէս լարախաղացութեան ու պարային արուեստի, յատկապէս սամպայի քաջածանօթ էր, (այլապէս աշխարհի մեծագոյն եւ ուժեղագոյն երկրի գահին վրայ անխարդահ ընտրութեամբ չէր բազմեր) … կրցած էր խուսափիլ հաւանական հարուածէն: Աշխարհի ժողովուրդներու ջախջախուած ու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ժամանակաւոր ցնծութեան մէջ էր, մինչ լրագրողը անասելի տանջանքներու ենթակայ ...


Եւ այդ օրէն սկսեալ հաւատացէ՛ք, միայն աշխարհի մեծագոյն ու հզօրագոյն երկրի սահմաններու վրայ չէ որ ոտնամաններ հանելու ու ոտաբոպիկ քալելու անբեկանելի հրամանը կ`արձակուի, այլ ընդհանրապէ՜ս բոլոր լրագրողական ասուլիսներուն? պարտադիր է նստիլ հագուստ– կապուստով իսկական յառաջդիմած մարդու նման կրելով, անձնաթուղթ կամ անձնագիր, բջիջային հեռախօս, փոխադրուող համակարգիչ, գլխարկ, դրամապանակ բայց առանց ոտնամաններու՝ նախամարդու նման ոտաբոպիկ:


19/ 1 / 2009???


Հալէպ

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostAnti-Defamation League's hypocracy under spotlight
Older PostSharjah: A new community approach adopted by the School’s Board of Trustees

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ո՞վ են սփիւռքի իսկական որոշողները. Who are the real decision makers in the Armenian Diaspora?. Հրաչ Քալսահակեան

item-thumbnail

Մանրամասներ Ընտրական օրենսգրքում սպասվելիք փոփոխությունների մասին

item-thumbnail

Fridtjof Nansen’s portrait donated to Norway

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll