• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Վարդանանց

August 14, 2009
A+ A-
Email Print

Գրեց՝ Արմէն Քիւրքճեան
Թորոնթօ


Introduction in English:


Article: The legacy of Vartanants (In Armenian)


Armen Kurkjian, a resident of Toronto, Canada, writes about the way we should face the Vartanants challange in the present time.


Historically, Vartan and his warriors prefered to face the overwhelming numbers of attacking Persians in order to preserve the faith of the Armenian nation and reject the foreign attempts of subjugating the country.


Kurkjian mentions the new challenges facing Armenians outside Armenia. They do not live any more in closed ghettos that preserve their language or traditions. They face assimilation. Therefor Kurkjian's questions is: “Why we would celebrate the Vartanants legacy, if we are diverting away from the path they have opened for us?”. Truely what is the meaning of Vartanants battle if we do not keep alive our faith, language and traditions, without of course ignoring the foreign influences. 


The file is also available in PDF format here. 


Վարդանանց պատերազմը՝ մի օրուայ ճակատամարտ մը, մեր պատմութեան մէջ իր յատկանշական ու անջնջելի տեղը ունի։ Պատերազմ մը որ մղուած է երկու անհաւասար ուժերու միջեւ. մին՝ իր ինքնութիւնը պահելու եւ պաշտպանելու գիտակցութեամբ 60,000−նոց ազատամարտիկներու բանակ մը, որ մահուան հետ դէմ յանդիման գալէ եւ նահատակուելէ բնաւ վախ չունի, իսկ միւսը՝ հայոց ինքնութիւնը, խղճի ազատութիւնը ոտնահարելու համար քուրմերու քմահաճոյքին ալ ենթարկուած Յազկերտին Հայոց Աշխարհը ղրկած, փիղերու ջոկատով մըն ալ ուժեղացուած 300,000−նոց բանակն է։


Պարսիկներու համար իրենց կրօնքը՝ զրադաշտութիւնը տարածել, ուրիշներուն պարտադրել կրօնական օրէնքի ուժ ունի։ Յազկերտ Բ. (438-457) հայոց ղրկած հրովարտակին մէջ կը գրէ, թէ հայեր կրօնական ճիշդ ուղիէն մոլորած են եւ այս մոլորածութեան համար աստուածներու առջեւ պատասխանատուն ինքը՝ թագաւորն է, հետեւաբար անհրաժեշտ է որ հայեր ուղիղ հաւատքի դառնան, ընդունին զրադաշտութիւնը եւ հետեւին պարսիկներու։


Վարդանանց պատերազմը՝ Աւարայրի ճակատամարտը, ճնշման եւ բռնութեան դէմ մարտնչելու անհրաժեշտութիւն մըն էր։ Օրուայ  ղեկավարութիւնը գիտակից էր Պարսիկ պետութեան հզօրութեան ու անոր ահաւոր զինուորական ուժին։ Յազկերտի հրահանքը՝ կրօնափոխութիւնը քրիստոնեայի մը համար Քրիստոսի առջեւ մեղանչել էր, իսկ ազգային ընբռնումով՝ դաւաճանութիւն, հայրենադաւութիւն։ Պատերազմը հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար անխուսափելի անհրաժեշտութիւն մըն էր։


Հայաստան 387 թուականին Բիւզանդիոնի ու Պարսկաստանի միջեւ երկուքի բաժնուելէն վերջ Արեւելեան Հայաստանի մէջ Արշակունիները թագաւորեցին մինչեւ 428։ Այդ թուականէն սկսեալ Հայաստան դարձաւ ներքին  ինքնավարութեամբ պարսկական նահանգ մը։ Հայ իշխաններ կը շարունակէին վարել կարեւոր պաշտօններ։ Հազարապետութիւնը՝ երկրին տուրքերը հաւաքելու պարտականութիւնը Ամատունի տոհմին ձեռքն էր, սպարապետութիւնը՝ Մամիկոնեաններու, դատաւարութիւնը՝ կաթողիկոսութեան։


Իւրաքանչիւր նախարար եւ իշխան իր հետեւազօրքը ու այրուձին (հեծելազօրքը) ունէր եւ ստիպուած էր իր զօրքերով պարսկական պատերազմներուն մասնակցիլ։ Երկիրը կը կառավարուէր մայրաքաղաքէն՝ Տիզպոնէն, նշանակուած հայ կամ պարսիկ մարզպաններու՝ կառավարիչներու միջոցաւ։


Գահ բարձրանալէ վերջ Յազկերտի նպատակն էր ձուլել՝ պարսկացնել հայերը, վրացիները ու աղուանները։ Պարսիկներու համար խորթ էր, որ իւրաքանչիւր հպատակ ազգ ապրէր, զարգանար, բարգաւաճէր իր իւրայատուկ սովորութիւններով, հաւատքով, մշակոյթով։


Պարսկաստան, հայոց Արշակունեանց թագաւորութեան անկումէն ի վեր արդէն հայերը պարսկացնելու քաղաքականութիւնը կը գործադրէր։ Երեք մարզպանութիւնները, որոնք, որպէս քրիստոնեայ, թէ՛ իրարու հետ եկեղեցական սերտ կապեր ունէին, եւ թէ՛ Պարսկաստանի ոխերիմ թշնամի, Փոքր Ասիոյ մէջ պարսիկներու մրցակից Բիւզանդիոնի հետ կրօնակից էին։


Արեւմտեան Հայաստան արդէն Բիւզանդական նահանգ մը դարձած էր եւ դռնկից Արեւելեան Հայաստանի մը կրօնական գետնի վրայ Բիւզանդիոնի հետ կապ ունենալը պարսիկներու համար բաղձալի իրավիճակ մը չէր։ Ըստ պարսկական արքունիքի հասկացողութեան, եթէ իրենք յաջողէին Հայաստանի ներքին ինքնավարութեան վերջ տալ, նոյնը իրագործել Վրաստանի ու Աղուանից աշխարհի համար դժուար պիտի չըլլար, որով նոյն քաղաքանութեան ենթարկուած էին թ՛է Վրաստան եւ թ՛է Աղուանից աշխարհը։


Կրօնափոխութիւնը, ձուլումը իրագործելու համար զանազան միջոցառումներ կային։


Հայաստանի զինուորական ընդիմութեան ուժը ջլատելու համար անհրաժեշտ էր նախարարներու միասնականութիւնը պառակտել, նաեւ հայկական բանակը երկրէն հեռացնել։ Երկիրը տնտեսապէս քայքայելու նպատակով հարկաւոր էր տուրքերու քանակութեան բարձրացումը, որու հետեւանք ստեղծուած դաժան կացութենէն փրկուելու համար ռամիկ ժողովուրդը ինքը կրօնափոխութեան պիտի դիմէր։ Պարսկական տեսակէտը նախարարներուն եւ իշխաններուն պարտադրելու համար ալ անոնց որոշ առանձնաշնորհումները հարկ էր սահմանափակել։ Եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը, որոնք տուրքէ զերծ թողուած էին եւ ազատագրական հարցերու մէջ մեծ ազդեցութիւն ունէին, պէտք է տուրքի ենթարկուէին։ Դատական իշխանութեան պատասխանատուն փոխանակ կաթողիկոսներու, մոգերը պէտք է ըլլային։


Յազկերտ արքունի ծրագրին իրագործման համար 442-ին հայկական հեծելազօրքը Վարդան Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ երկրէն դուրս կը հանէ, Պարսկաստանի թշնամի քուշաններու (հոներու) հետ պատերազմելու պատճառաբանութեամբ? 447−ին ալ արտակարգ լիազօրութիւններով Հայաստան կը ղրկէ իր հաւատարիմ պաշտօնեաներէն Դենշապուհը։


Այդ օրերուն Հայաստանի մարզպանը Սիւնիք նահանգի տէր Վասակ իշխանն է։ Դենշապուհ, հարկատուներու ճշգրիտ թիւը ստուգելու նպատակով, մարդահամար կը կազմակերպէ։ Տուրքերը կր կրկնապատկէ, նոյնիսկ կ՚եռապատկէ։ Առեւտրականներէն կը գանձէ ծանր բաժ (մաքս)։ Եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը կ՚ենթարկէ տուրքի։ Պարսիկ հարկահաւաքներ տուրքերը կը գանձեն ամենավայրագ բռնութիւններով եւ աւազակային յափշտակութեամբ:


Հայ պաշտօնեաներու փոխան կը նշանակէ պարսիկներ։ Քսութեամբ՝ չարախօսութիւններով նախարարները իրարու դէմ կը հանէ։ Իր որդեգրած
քաղաքականութեան հետեւանքով ոչ մէկ նախարար ինքզինք ապահով կը զգայ։ Պարսից արքունիքին առջեւ ամբաստանուելու եւ իրենց կալուածներուն բռնագրաւումին եւ ուրիշներու տրուելուն վախը զիրենք կը սարսափեցնէր։


Նախարարական շրջանակի մէջ Դենշապուհի քաղաքականութիւնը իր արդիւնքը ցոյց կուտայ։ Ոմանք կը դառնան պարսկական քաղաքականութեան հլու յենակներ, պատրաստ գործադրելու պարսկական բոլոր հրահանգները։ Ուրիշներ, ներկայ կացութենէն՝ քաղաքական եւ հողային իրաւունքներէ զրկուելու սպառնալիքներէն եւ կրօնափոխութեան գաղափարէն դժգոհ, հայրենասիրական դրօշակի տակ կը հաւաքուին ու կը պատրաստուին ըմբոստութեան։


Վասակ, Դենշապուհի զինքը հայոց թագաւոր ճանչնալու խոստումէն գինովցած, անոր պառակտիչ քաղաքականութեան կը մասնակցի։ Կամազուրկ եւ բարոյապէս անկայուն մարդիկը իր շուրջ կը հաւաքէ։


Այսպէսով Հայաստանի մէջ օրուայ կացութեան հանդէպ մօտեցումի իրարամերժ երկու տեսութիւն կը յառաջանայ։ Դենշապուհ հասած է իր նպատակին։ Վասակ մարզպանը պատրաստ է պարսիկներու համակերպելու, իսկ սպարապետ Վարդան, որ հոներու հետ եղած պատերազմէն 449-ին երկիր կը վերադառնայ, փրկութիւնը զինեալ ապստամբութեան մէջ կը տեսնէ։


Վարդանի որդեգրած դիրքը կարելի չէ ապստամբութեամբ պիտակել։


Հարց մը լուծելու համար պատերազմը ամենավերջին միջոցն է։ Նախ պէտք է փորձուին դիւանագիտական բոլոր ճամբաները։ Թէեւ դիւանագիտութիւնը ինքնին պայքար մըն է, անարիւն պայքար մը, ժողովուրդը անհարկի արիւնահեղութենէ փրկելու համար տարուած պայքար մը, սակայն առանց զիոնուորական յենակէտի ալ մեծ արժէք չներկայացներ։ Բայց եւ այնպէս բանակցութիւններ, անելի մը հասնելէն առաջ, զինեալ դիմադրութեան պատրաստուելու առիթը կ՚ընծայեն։ Եnμ դիւանագիտական միջոցառումներով կարելի չէ երկրին խաղաղութիւնը պահպանել կը դիմուի զինեալ պայքարի։


Վարդանանքն ալ նոյն գնացքով կ՚ընթանայ։


Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի Կաթողիկոսի (437-452) նախագահութեամբ, Յազկերտի հրովարտակին պատասխանելու նպատակով, նախկին մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ 17 եկեղեցականներու եւ 18 նախարարներու մասնակցութեամբ կը գումարուի ազգային ժողով։ Պատրաստուած պատասխանը շատ յստակ է։ Հայեր՝ Յազկերտի հաւատարիմ հպատակները, պատրաստ են պետութեան ծառայելու, նոյնիսկ իրենց արիւնը տալու, բայց իրենց հոգիներու ապահովութեան կամ կորուստի հարցը պետութեան իրաւասութենէն դուրս կը մնայ։


Հայոց նախարարները ու սպարապետը Տիզպոնի մէջ, ուր Յազկերտի հրամանով հաւաքուած էին եւ զրադաշտութիւնը ընդունելու կամ աքսորուելու երկընտրանքին առջեւ դրուած, ժամանակ շահելու, հայ ժողովուրդը անղեկավար չթողելու եւ պատրաստուելու նպատակով քրիստոնէութիւնը կ՚ուրանան։


Վարդան հայրենիք վերադառնալէ վերջ, որպէս քրիստոնեայ, փոխանակ իր անձնական ապահովութեան համար բիւզանդական Հայաստան անցնելու կամ զրադաշտական կրօնքը ընդունելով պարսիկներու ծառայելու, հայ ժողովուրդի մահու եւ կենաց այդ օրհասական պահերուն կը նախընտրէ զինուիլ ու հայութեան գոյութիւնը պաշտպանել։


Վարդանի դիրքաւորումը դանակը ոսկորին հասած խաղաղ ու օրինապահ ժողովուրդին ստիպողաμար զէնքի դիմումն է։ Պարսկական բռնութիւններէն պաշտպանուելու, ազատուելու միակ ելքն է։ Դիրքաւորում մը որ Պարսկաստանի գոյութեան չէր սպառնար։


Վարդան շատ լաւ գիտէր, թէ իշխող պետութեան՝ Պարսկաստանի համար հպատակ ժողովուրդը՝ հայերը կրօնափոխութեան ենթարկել կը նշանակէր զանոնք ստրկացնել, հարստահարել, ազգային նկարագրէ զրկել եւ ձուլել։ Նոյնպէս գիտէր, թէ հպատակ ժողովուրդին՝ հայոց համար քրիստոնէութիւնը ինքնաճանաչման, ինքնապաշտպանութեան ու գոյատեւման ամենաազդու միջոցն էր։


Քրիստոնէութիւնը հայոց համար դարձած էր օրէնք, արդարութիւն,  ապրելակերպ, բնաւորութիւն, ազգային քաղաքականութիւն, մշակոյթ։


Կրօնականը ու ազգայինը իրար զօդուած էր, անքակտելիօրէն։ Կարելի չէր կրօնքը պետութենէն, դպրոցէն, մշակոյթէն, քաղաքական կեանքէն անջատել։ Կորսնցնել կրօնքը կը նշանակէր կորսնցնել ազգութիւնը։ Ժողովուրդներ, մեծ կամ փոքր, եթէ պայքարին իրենց գոյատեւման համար, կարող են ապրիլ ու պատմութեան բեմէն չանհետանալ։ Առանց պայքարի կարելի չէ չարիքի ճամբան փակել եւ խաղաղութեան ու ազատութեան ճամբան հարթել։


Աւարայրը հայերու համար ռազմական պարտութիւն է, սակայն բարոյական յաղթանակ։


Ազատագրութեան համար թշնամիին դէմ կ՚ելլեն ժողովրդային բոլոր խաւերը՝ գիւղացի, քաղաքացի, իշխան, կղերական։ Հոս է որ հայը թշնամիի գերազանց ուժերուն դէմ մարտնչելու հմտութիւնը ձեռք կը ձգէ, եւ զայն յառաջիկայի հայդուկային կռիւներու ընթացքին լաւագոյնս կ՚օգտագործէ։


Վարդանանց պատերազմը հայ ազատագրական պայքարի պատմութեան փայլուն էջերէն մին է։ Այս ճակատամարտով հայուն ինքնագիտակցութիւնը աւելի բարձր մակարդակի մը կը հասնի։ Ցոյց տրուած հայրենասիրութիւնը, անձնազոհութիւնը յառաջիկայ սերունդներու համար կ՚ըլլայ ներշնչումի աղբիւր: Վարդանանց սխրագործութիւնը կը դառնայ ճգնաժամային պահերու ժողովուրդը ոտքի պահող ոգիի մը, ներքին ուժի մը։


* * *
Այսօր, մենք՝ Սփիւռքահայութիւնս, Աւարայրի դաշտէն հազարաւոր մղոններ հեռու, մեր մահաբեր թմրութենէն սթափելու համար դժբախտաբար Յազկերտի մը պէտք ունինք։


Գաղթականութեան լուծը մեր վրայէն նետած ենք։ Մեր ghetto−ներէն՝ հաւաքաբար բնակութիւն հաստատած շրջանակներէն շատոնց դուրս ելած ենք։ Ghetto−ն արտաքին վտանգներու դէմ մեզ պաշտպանող մեր փշաւոր ոզնին էր։ Մենք հոն մեր լեզուին կառչած, մեր սովորութիւններով, բարքերով, եկեղեցիով, հայութեամբ, մեր անցեալի յուշերով կ՚ապրէինք։ Սակայն պայմանները չէին թոյլատրեր որ ghetto−ական կեանքը կարենայինք շարունակել։ Նոր սերունդը պէտք է նոր երկիրը ճանչնար, լեզուին տիրանար, ապրուստի նոր միջոցներ գտներ, նոյնիսկ իր ընտանեկան յարկէն հեռու։


Տեղական լեզուն նոր գրականութեան մը բանալին եղաւ։ Նոր սերունդը մեզի անծանօթ՝ խորթ մշակոյթի մը հետ դէմ յանդիման եկաւ։ Միջավայրին քայլ յարմարցնելու ճնշման տակ մեր պապենական արժէքները նահանջի ճամբան բռնեցին, նոյնպէս՝ հայերէնն ու հայկական անունները։ Դժուարահնչիւն կարծուած մեր հայկական անունները փոխանակուեցան տեղական, մեզի խորթ, ուծացումի առաջնորդող ոչ−հայկական անուններով։ Մինչդեռ մենք որքան գեղեցիկ, օտարին համար դիւրահնչիւն անուններ ունինք։


Ստորակայութեան բարդոյթէն մղուած, մեր ինքնութիւնը քօղարկելու նպատակով, զանոնք անտեսեցինք։ Այսօր, երբ մեր շուրջը լեցուած են այնպիսի ժողովուրդներ, որոնց անհատներուն անունները տեղացին, հոգ չէ թէ դժուարութեամբ, բայց կը ջանայ արտասանել, մենք տակաւին այդ մեզի համար խորթ անունները կը գործածենք։ Այդ նորեկները հպարտ են իրենց անուններով, հոգ չէ թէ այդ անունները ուրիշներու համար դժուարահնչիւն ըլլան։


Սկսանք տեղական սովորութիւններուն աւելի արժէք տալ։ Տարուեցանք Christmas−ի տնտեսական փայլուն հմայքէն։ Շատերու համար Ս. Ծնունդի քրիստոնէական ոգին մնաց ստուերի մէջ։ Մոռցանք, թէ ի՞նչ էր բարեկենդանը։ Halloween−ը, տեղացիները կապկելով, մանուկներու համար եղաւ աւելի հրապուրիչ։ Thanksgiving−ը, տեղացիին գոհաբանութեան օր՝ ընտանիքի բոլոր անդամներով միասնաբար հնդկահաւ ուտելու օրը, դարձաւ մեր տուներէն ներս սովորութիւն։ Անտարակոյս, մթնոլորտին ազդեցութեամբ տեղական սովորութիւնները մեր առօրեայ կեանքին մէջ իրենց տեղը պիտի գրաւեն, բայց պէտք չէ թոյլատրենք որ անոնք մեր պապենական արժէքները, բարքերը տեղահան ընեն։


Իւրաքանչիւր հայկական սովորութիւն, հոգ չէ թէ ան ըլլայ հնաբոյր, որ կը հեռանայ ու այլեւս մաս չի կազմեր մեր առօրեային, բան մը կը պակսեցնէ մեր հայութենէն։ Ի վերջոյ կ՚ըլլանք արմատախիլ, հայութենէ դատարկուած ազնիւ քաղաքացիներ։


Միթէ գործադրուած քաղաքականութեան նպատակն ալ այդ չէ՞։


Ոչ ոք Յազկերտեան ոճով հրովարտակ մը կը ղրկէ։ Ոչ ոք արգելք կ՚ըլլայ երբ հայերէն խօսինք, անշուշտ եթէ խօսինք։ Ոչ ոք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պաշտամունքը խափանելու կ՚աշխատի ու մեր ծիսակատարութիւններու կատարման անհանդուրժողութիւն ցոյց կուտայ։ Ոչ ոք մեր եկեղեցիները կործանելու համար մոգեր կը ղրկէ։ Ոչ ոք կրօնափոխութիւն կամ դաւանափոխութիւն կը պարտադրէ։ Բայց մեր շուրջը, մեր հոգւոյն փրկութեան հետ շատ մօտէն հետաքրքրուող, առաքելական եւ ուղղափառ եկեղեցիէն հեռացած, աղանդաւորներ կը վխտան։ Մեր եկեղեցիներուն մէջ արձանագրուած խառն ամուսնութիւնները անբաղձալի համեմատութիւններու հասած են։


Այս բոլորը ահազանգեր են, բայց լսողներ կա՞ն, ու՞ր են։


Մեզի Յազկերտ մը պէտք է։ Մեր երեք հազար տարուայ պատմութիւնը, լեզուն, մշակոյթը, առաքելական եւ ուղղափառ կրօնքը մեր ձեռքէն բռնութեամբ խլելու տրամադիր Յազկերտի մը պէտք ունինք։


Այսօր մեզ մեր թմրութենէն ստափեցնող եւ գիտակցութեան հրաւիրող Վարդաններու, Ղեւոնդ Երէցներու, Յովսէփ կաթողիկոսներու պէտք ունինք։


Ի՞նչ արժէք ունի անոնց նահատակութիւնը յիշատակել, եթէ անոնց որդեգրած ուղիէն կը շեղինք։

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostAn Ararat Odyssey
Older PostГрач Калсаакян: Все проблемы, связанные с двойным гражданством, должны быть решены
  1. mrs.salpy Estepanian February 12, 2010, 10:48 am

    Ձեր գրութեան հարիւր տոկոսով համամիտ եմ՝ մանաւանդ խառն ամուսնութիւններու պարագային:

    Մեզ դժբախտութիւն է լսել հայ մանուկներ, որոնք հայերէն չեն խօսիր այլ անգլերէն, որովհետեւ “cool” է իրենց միջավայրին մէջ:

    Իմ ընտանիքս Պոսթոն (ԱՄՆ) կ՛ապրին եւ երբ եղբայրներուս զաւակները անգլերէն կը խօսին, կ՛ըսեմ հայերէն խօսեցէ՛ք: Եղբօրս տղան տակաւին հինգ տարեկան է, երբ իմ սենեակ մտնելս տեսնէ ?հայերէն խօսեցէ՛ք?-ը եկաւ կ՛ըսէ:

    Մէկ ձեռքով ծափ չ՛ըլլար: Պէտք է բոլոր հայութիւնը այս ուղղութեամբ աշխատի, մեր մշակոյթը, լեզուն պահպանելու համար:

    Հայեցի ուսում եւ դաստիարակութիւն ստացած՝ կը նեղանամ, երբ լսեմ այսօրուայ հայ երիտասարդութիւնը անգլերէն կը խօսի իրար հետ փոխան հայերէնի:

    Եթէ այսպէս շարունակուի… հայ ազգը պիտի չմնայ: Դժբախտութիւն է բայց դէպի հոն կ՛երթանք կը խորհիմ:

    Ջերմ բարեւներով՝

    Տիկին Սալբի

    Մոնրէալ, Գանատա

     

Comments are closed.

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Ի՞նչ խնդիրներ կան և ի՞նչ փոփոխութուններ են սպասվում Հայաստանի ճանապարհատրանսպորտային ոլորտում

item-thumbnail

Hotel Baron in Aleppo always draws attention

item-thumbnail

Նախարարն ընդունեց Արսինե Խանջյանին

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll