• Home
  • About
  • Contact
  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube

blog-logo

  • Home
  • UAE Armenians
  • Hrach Kalsahakian
  • Հայերեն բաժին
  • Archives
    • News
    • Articles
    • Directory

Բաց Նամակ ուղղուած Հայաստանի Նախագահին Քուէյթահայութեան կողմէ

October 1, 2009
A+ A-
Email Print
Բաց Նամակ ուղղուած Հայաստանի Նախագահին Քուէյթահայութեան կողմէ


ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ՝ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ՊՐՆ. ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ


25 Սեպտեմբեր 2009-ի Ուրբաթ երեկոյեան՝ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեջան Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տէր Կորիւն Արք. Պապեանի, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում համայնքիս կրօնական եւ ազգային մարմիններու, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, որու ընթացքին ներկաները առաջին հերթին ունկնդրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սբ. Աթոռի Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Խօսքը՝ Հայաստան ? Թուրքիա բանակցութիւններուն մասին։


Ապա առ ի գիտութիւն կարդացուեցաւ այն Յայտարարութիւնը, որ հրապարակուած էր Լիբանանի մէջ, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարիչ Մարմնի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ։


Այնուհետեւ, խօսք առին ազգային մարմիններու եւ միութեանց ներկայացուցիչները, որոնք անխտիր իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին 31 Օգոստոս 2009-ին բացայայտուած փաստաթուղթի կապակցութեամբ եւ առ այդ կատարեցին իրենց առաջարկները։


Որպէս եզրակացութիւն, հանդիպման աւարտին կարդացուեցաւ եւ հաստատուեցաւ հետեւեալ “բաց նամակը” ուղղուած Հայաստանի Նախագահին։


Նաեւ որոշուեցաւ նոյն նամակի պատճէնները ուղարկել Հայաստանի Հանրապետութեան Քուէյթի լիազօր Դեսպան՝ Պրն. Վահագն Մելիքեանի միջոցաւ, Հայաստանի Կառավարութեան Վարչապետ՝ Պրն. Տիգրան Սարգսեանին, Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Պրն. էտուարդ Նալբանտեանին եւ Խորհրդարանի Նախագահ՝ Պրն. Յովիկ Աբրահամեանին։


Ստորեւ կը ներկայացնենք յիշեալ նամակը։













 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


 


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ


 


ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ
Պրն. ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Ե Ր Ե Ւ Ա Ն


Աւելի քան երկու տարի գաղտնօրէն տեղի ունեցող բանացկութիւններէն ետք, 31 Օգոստոս 2009-ին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութեանց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման եւ յարակից այլ խնդիրներու կապակցութեամբ բացայայտուած փաստաթուղթը խոր ընդվզում յառաջացուցած է ամբողջ հայութեան եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայութեան մէջ։


Ի տես Հայաստանի Կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած զիջումի վտանգաւոր քաղաքականութեան, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ոտնահարման, Արեւմտեան Հայաստանի մեր հողային պահանջատիրութենէն հրաժարելու իրողութեան, ներկաներս՝ յանուն Քուէյթի հայ համայնքի, այսու մեր բողոքը կը ներկայացնենք Ձեզի։


Մեր խոր համոզումն է, որ հայ ժողովուրդին պարտադրուող այս փաստաթղթի ընդունումն ու գործադրութիւնը իր աղիտալի հետեւանքները կ՚ունենայ հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ մեր իրաւունքներու ձեռք բերման համար, թէ՛ օրինական եւ թէ՛ գործնական գետնի վրայ։


Ուստի, այս փաստաթուղթի ստորագրուիլը՝ իր ներկայ բանաձեւումներով, կը գտնենք անընդունելի եւ դատապարտելի։ Քանի որ, Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի վերանկախութենէն ետք շարունակաբար Հայաստանի Կառավարութեան առաջարկուած եւ մերժուած նախապայմաններու այսօր ընդունումը, համազօր է մեզի համար հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերու նկատմամբ գիտակցօրէն գործադրուած սխալի։


Այս առիթով Ձեր բարձր ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալ խիստ կարեւոր խնդիրները։


ա.- Այս փաստաթուղթի հետ համաձայնիլը կը նշանակէ փաստօրէն հրաժարիլ՝ յատկապէս սփիւռքահայութեան կողմէ յանուն մեր նահատակ հայրերու արիւնագիր կտակի գործադրութեան, տասնամեակներ շարունակ մղուած սրբազան պայքարէն, ինչպէս նաեւ՝ բազում զոհողութիւններով, միջազգային ատեաններու մէջ ձեռք բերուած քաղաքական ու դիւանագիտական յաջողութիւններէն։


բ.- Ընդունելով այս փաստաթուղթը մենք հարցականի տակ դրած կ՚ըլլանք Թուրքիոյ կողմէ հայութեան նկատմամμ կանխամտածուած ձեւով գործադրուած ցեղասպանութիւնը։ Կրկին քննարկել՝ այն ալ ցեղասպան Թուրքին հետ, արդեօք ցեղասպանութիւն կատարուա՞ծ է կամ ոչ, կը նշանակէ ո՛չ միայն անարգել մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը, այլ նաեւ ջանալ՝ արդէն իսկ համաշխարհային ճանաչում ստացած Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը մոռացութեան ենթարկել եւ թաղել պատմութեան պատկանող արխիւներու փոշիներուն տակ։


գ.- Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքի ընդունումով մենք պարզապէս հրաժարած կ՚ըլլանք՝ ներկայիս եւ ապագային Թուրքիոյ կառավարութենէն՝ միջազգային օրէնքներու համաձայն, մեր կատարելիք նիւթական հատուցումէն եւ հողային պահանջատիրութենէն։


դ.- Այս փաստաթուղթի մէջ ներառուած շրջանի՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքի ընդունումը՝ առանց յիշելու “ժողովուրդներու ինքնորոշման” իրաւունքը, յատկապէս կը վտանգէ Լեռնային Ղարաμաղի Հանրապետութեան եւ Արցախի հայութեան գոյատեւման ներկան ու ապագան։


Այսուհանդերձ, այստեղ կ՚ուզենք կարեւորութեամբ ընդգծել, որ մենք երբեք հակառակ չենք եղած Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման. սակայն այդ “բարի դրացիութեան” պէտք չէ որ զոհ երթան հայ ժողովուրդի “լինել թէ չլինելու” հետ կապուած ընդհանրական շահերը։


Ուստի, Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ, ներկաներս՝ այսու, պահանջելու պէս կը խնդրենք Ձեզմէ, որպէս Հայաստանի եւ համայն հայութեան Նախագահը, վերանայութեան ենթարկել այս փաստաթուղթը, ողջ հայութեան ներկայ եւ գալիք սերունդներու իրաւուքներու եւ արդար դատի պաշպանութեան ի խնդիր։


Ընդունեցէք քաջառողջութեան եւ յաջողութեան մեր լաւագոյն մաղթանքները։


Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ողջունիւ ջերմօրէն աղօթարար՝


ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ, ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ
ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ


Քուէյթ, 25 Սեպտեմբեր 2009
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


ԱԶԴԱՐԱՐ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԹԵՄԻՆ
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ, Ա. Տարի, Թիւ 27, Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր, 2009

author-avatar

Posted by Azad-Hye

Like to share?

Social Media

  • facebook
  • twitter
  • flickr
  • blogger
  • youtube
Newer PostMy birthplace Kamishli
Older PostՎերամուտ Շարժայի Օհաննէսեան Հայկական Վարժարանի 2009 – Տնօրէնի խօսք

POPULAR

item-thumbnail

Rebecca Malikian’s novel “The Caravan of Death”

July 10, 2015
item-thumbnail

Erebouni pen launched in Dubai and other cities

April 12, 2015
item-thumbnail

Vardavar (water pouring) international festival in Armenia gains popularity

July 17, 2015
item-thumbnail

Essam Nagy’s documentary “In The Beginning Was Armenia” (Interview)

January 11, 2020
item-thumbnail

Anna Dolabjian: I feel life coaching as a dream coming true

January 18, 2018

LATEST

item-thumbnail

Liana Ghaltaghchyan is the new Managing Director at the Children of Armenia Fund

January 10, 2023
item-thumbnail

Indian Journalist Venkatesh Remakrishnan mentions the Armenians of Chennai

October 30, 2022
item-thumbnail

Renovation of the Ghukasavan Cultural Center’s main hall

December 1, 2021
item-thumbnail

Nobel Prize winner Ardem Patapoutian

October 7, 2021
item-thumbnail

Armenian Church of the Virgin Mary in Basra, Iraq

August 30, 2021

COMMENTS

Azad-Hye on In memory of AUB Medical Alumni who died during the First World War
Azad-Hye on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Lawrence Danny CPA on Kessab Ousoumnasirats celebrates centennial
Stephensmith on Pizza making vending machine invented by Puzant Khachadourian
ALEXANIAN on Astghik Voskerchyan: Every element in my environment has a role in my creations

Categories

  • Applications
  • Art
  • Books
  • Business
  • Celebrations
  • Chinese Armenians
  • Courses and Camps
  • Cyprus Armenians
  • Diaspora Armenians
  • Documentaries
  • Education
  • Egyptian Armenians
  • Energy
  • Ethiopian Armenians
  • European Armenians
  • Festivals
  • Genocide
  • History
  • Hrach Kalsahakian
  • Indian Armenians
  • Interviews
  • Iraqi Armenians
  • Language
  • Lebanese Armenians
  • Music
  • Poetry
  • Politics
  • Religion
  • Rural Armenia
  • Science
  • Syrian Armenians
  • Tourism
  • Turkish Armenians
  • UAE Armenians
  • Websites
  • Հայերեն բաժին

CUSTOM LINKS

  • Home
  • About
  • Contact

RANDOM POSTS

item-thumbnail

Հայաստանի 8 հրաշալիքները. Հինգերորդ հրաշալիք. Հաղպատի վանական համալիրը

item-thumbnail

Լույս է տեսել Ստեփան Գրիգորյանի հեղինակած «Հայկական թավշյա հեղափոխություն»-ը գիրքը

item-thumbnail

Ո՞վ են սփիւռքի իսկական որոշողները. Who are the real decision makers in the Armenian Diaspora?. Հրաչ Քալսահակեան

TAG CLOUD

Armenian Art Armenian Catholics Armenian Christmas Armenian Costumes Armenian Genocide Armenian Songs Armenian Velvet Revolution Azad-Hye Celebrations Cyprus Armenians Daniel Varoujan Hejinian Diaspora Diaspora Armenians Education Emma Kant Emma Karapetyan Ethiopian Armenians Garni Geghard Genocide Goris Greece Hidden Armenians History Iraqi Armenians Kessab Kessabtzis Language Lebanese Armenians Meri Martirosyan Music Music Application Nana Aramyan Nikol Pashinyan Norway Ottoman Empire Paris Speech Therapy Syrian Armenians Syunik Turkey Turkish Armenians UAE Armenians Vardavar Western Armenia

Search this website

© 2023 Azad-Hye . Designed by Wpinhands
Scroll