Շարժայի միօրեայ դպրոցին աւարտական հանդէսը 2009

Շարժայի միօրեայ դպրոցին աւարտական հանդէսը 2009

Sharjah: End of the school year eventՅատուկ Ազատ-Հայ կայքին


Ուրբաթ Մայիս 8 /2009-ին  աշակերտներ, ծնողներ եւ բարեկամներ  հաւաքուած էին ներկայ գտնուելու հայկական միօրեայ Օհաննէսեան վարժարանի տարեվերջի հանդէսին: Բացումը կատարուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներով:


Բոլոր դասարաններէն աշակերտներ բարձրացան բէմ, իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս հիանալիօրէն համադրուած ելոյթին, ուր կային պարեր, ասմունքներ եւ այլ բեմականացուած ներկայացումներ: 200-է աւելի ներկաներ ուշի ուշով ու հետաքրքրութեամբ ծայրէ ծայր հետեւեցան ամբողջ ձեռնարկին :


Այս տարուայ հանդէսը նուիրուած էր  Ամէնայն  Հայոց Բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումաեանի ծննդեան 140 ամեակին (1869-1923): Կարդացուեցաւ անոր կենսագրականը աշակերտի մը կողմէ,  որ կեդրոնացաւ բանաստեղծին  կեանքի այն շրջաններուն վրայ, որոնք անմիջական կապ ունէին իր ազգին ճակատագրին հետ: Թումանեան ականատեսը եղած էր  հայ գաղթականներու այն դժուարին կացութեան ու վիճակներուն, որ անոնք ապրեցան իրենց դարաւոր երկիրը` Արեւմտահայաստանը պարտադրաբար լքելու  եւ հեռանալու ընթացքին :


Մանկապարտէզի աշակերտները իրենց ելոյթը սկսան գիւղական պարով մը, որ կը ներկայացնէր բանաստեղծին ծննդավայր Լոռիի Դսեղ գիւղը (Հիւսիսային Հայաստան):Անոնք նաեւ պարբերաբար Թումանեանի բանաստեղծութիւններէն  հատուածներ արտասանեցին:


Նախակրթարանի աշակերտները գեղեցկօրէն պատրաստուած համադրում մը ներկայացուցին Թումանեանի նշանաւոր (Կիկոսի Մահը) պատմուածքէն (1913), ուր աղքատ ընտանիքի մը դուստրը աղբիւր կ'երթայ կուժով ջուր բերելու, ու երբ կը հասնի ծառի մը մօտ, կը սկսի պատկերացնել իր ապագան ու կ'ըսէ. (գնացի մարդի, ունեցայ որդի, գդակը պոպոս, անունը Կիկոս, վեր ելաւ ծառին, վարն ընկաւ քարին, վայ Կիկոս ջան, վայ  որդի ջան…) ընտանիքի բոլոր անդամները հերթով կը հասնին աղբիւր ու բոլորն ալ կ?ողբան չծնած Կիկոսին մահը…


Աշակերտները այնքան լաւ պատրաստած էին ու այնպիսի գեղեցիկ կատարումով ներկայացուցին համադրումը, որ մեզ մղեցին իրենց դերասանական ձիրքը զարգացնելու հեռանկարին մասին մտածել:


Ինչ կը վերաբերի ձեռնարկի պաշտօնական մասին, շատ մը խօսք առնողներ եղան (բացման խօսք, ուսուցչական կազմի խօսք, խնամակալութեան խօսք, քահանայ հօր խօսքը եւայլն..):


Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ վկայականի եւ յուշանուէրներու բաշխումով: Դպրոց յաճախող 140 աշակերտներէն ընդամէնը  17 մանկապարտէզի եւ 5 ութերրորդ դասարանի աշակերտներ շրջանաւարտ եղան: Ըստ տնօրէնին , տարուայ ընթացքին միջին հաշուով միայն 120 աշակերտ կը մասնակցէր դասընթացներուն, որոնցմէ միայն 80-ը դպրոց կ?ըլլային ճիշդ ժամուն, առաջին դասապահէն առաջ` աղօթքի ընթացքին:


Բոլորն ալ համոզուած են որ դպրոցը դժբախտաբար անկումի մէջ է, եւ թէ բազմաթիւ դժուարութիւններ ունի յաղթահարելու, որուն համար հարկ է աւելի մասնագիտական  մօտեցում ցուցաբերել: 60-70-ականներու հայկական աւանդական դպրոցները դաստիարակչական առումով այլեւս չեն կրնար որպէս օրինակ  ծառայել:


Երկու տարուայ ծառայութենէն ետք, տնօրէն Տաթեւ Սուլեան տխրութեամբ յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր ծառայութենէն: Այնուհետ  քուլիսներուն ետին տեղեկացանք, թէ ան  բարձրագոյն ուսման հետեւելու նպատակաւ, ալ պիտի չկարենար շարունակել ներկայիս իր կատարած կամաւոր աշխատանքը:


Թարգմանութիւն՝ Նանոր Միքայէլեան


Text in English


Text in Russian


The above article (Armenian, English and Russian) is sponsored by Hratch Brunsuzian (UAE) as part of Sponsor an Article project.