Արթնցէ'ք, հայեր, արթնցէ'ք
Գրեց՝ Գրիգոր Գրաճեան
?Եթէ փոքր Տիգրան չդաւաճանէր իր հօր, Մեծն Տիգրանի եւ հրովմէացիները դաւադրաբար չմտցնէր մեր երկրի սահմաններէն ներս, այսօր ծովէ-ծով Հայաստան մը կ'ունենայինք …
?Եթէ Վասակ Սիւնին չանցնէր պարսիկներուն կողմը, Վարդան Մամիկոնեան անպայման կը յաղթէր թշնամիին …
?Եթէ Հեթումեանները չդիրքորոշուէին Լատիններուն կողմը իսկ Ռուբինեանները՝ յոյներուն կողմը, Կիլիկիան չէինք կորսնցներ …
?Եթէ Հնչակեան կուսակցութիւնը, Դաշնակցութիւնը եւ հայ համայնավարները միակամ ըլլային, այժմ Կարսը, Արտահանը եւ Արարատ լեռը Հայաստանի սահմանին մէջ կ'ըլլային …
Այս տեսակի ?եթէ?ներ բազմաթիւ են մեր պատմութեան մէջ: Սակայն պատմութիւնը ?եթէ?ներ չ'ընդունիր այլ լուռ ու մունջ կ'արձանագրէ պատահածը անաչառաբար:
Մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակին ?եթէ?ներ գործածելու պարագային վստահաբար Հայաստանն ու հայութիւնը նախանձելի դիրքերու վրայ պիտի ըլլային ներկայիս, սակայն տեսնենք թէ ի՞նչ պատահած է:
?Գաղափարական եւ կուսակցական տարակածութիւնները Հայաստանի մէջ առաջին հանրապետութենէն, 1918-էն մինչեւ խորհրդայնացումը, 1921, պատճառ դարձած են հակադիր ճակատներու վրայ գտնուող առ նուազն քսան հազար հայերու մահուան:
?Սեդրակ Իսկենտերեան կը սպաննուի Մուսա լեռան Հաճի Հապիպլի գիւղին մէջ 8 օգոստոս 1921-ին: Երկու շաբաթ ետք կը սպաննուի եղբայրը: 1921-28, Մուսա լեռան գիւղերուն մէջ եղբայրասպան ոճիրներու զոհ կ'երթան մօտ 45 երիտասարդներ:
??Աստ հանգչի Միհրան Աղազարեան որ ինկաւ հայ կայէններու ձեռքով 1929-ին? ( Ֆըրն էլ Շըպպէքի ազգային գերեզմանատուն, Պէյրութ, Լիբանան):
?Գարեգին Կէօջերեան, կը սպաննուի Կիպրոսի մէջ
(?Զարթօնք? օրաթերթ, 28 փետրուար, 1958):
?Գէորք Ոսկերիչեան( Շամի), կը սպաննուի Խալիլ Պատաուիի մէջ, իսկ Բաբգէն Պոյաճեան, Պուրճ Համուտի մէջ (?Ազդակ? օրաթերթ, 27 օգոստոս, 1958):
?Լաւ? կամ ?մաքուր? հայերու կողմէ կատարուած ոճիրները ?վատ? կամ ?աղտոտ? հայերու հանդէպ պատճառ դարձան տասնեակ հազարաւոր հայ երիտասարդներու մահուան Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին:
Թուրքը ո'չ պիտի զղչայ, ո'չ ալ ներողութիւն հայցէ իր կատարած ոճիրներուն համար: Ո'չ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ո'չ ալ նիւթական հատուցումները կրնան թափուած արեան եւ հայրենազրկութեան հաշիւը փակել: Իսկ ձեր անմիտ արարքներուն ու կատարուած ոճիրներուն համար պէտք չէ՞ ներողութիւն խնդրէք իրարմէ: Յիսուն տարիներ անցած են այն թուականէն երբ միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ, մասնաւորաբար լիբանան, եղբայր եղբօր կը սպաննէր ?հայութեան գերագոյն շահերուն համար?: Դուք որ կը սիրէք կլոր թիւ ունեցող ?ամեակ?ներ յիշել եւ տօնել, (բոլոր կուսակցութիւններն ալ անխտիր) արդեօք ճիշտ չէ՞ր ըլլար նաեւ զղջումի, ներողութեան արտայայտութիւններով յիշել 58-ի տխուր դէպքերուն 50-ամեակը:
Գոյատեւեր ենք որպէս ազգ երկու հազարամեակէ աւելի: Պիտի կարենա՞նք հասնիլ մինչեւ երեք հազար թուականը, երբ չենք գիտակցիր մեր ապիկար արարքներուն պատճառած աւերին: Երբ քաջութիւնը չունինք մեր սխալները ընդունելու եւ սրբագրելու զանոնք: Բաւարա՞ր են արդեօք մեր երիտասարդներուն բարոյականը բարձրացնել միտող, կամ աւելի ճիշտ կ'ըլլար ըսել, զիրենք տգէտ պահող երգերով շարունակել երթը, օրինակ՝
?Թուրքը բռնենք ոտքէն կախենք …?
?Մեր Կիլիկիան զէնքով առին, ուզեն չուզեն ետ պիտի տան …?
Մինչեւ ե՞րբ բարոյական յաղթանակներով պիտի հպարտանաք իսկական յաղթանակները թողելով օտարներուն:
Ե՞րբ պիտի դադրիք ձեր ազգակիցները դատելէ, ձեր ուզած ձեւով որպէս ?լաւ հայ?, ?աղտոտ հայ?, եւ այլն:
Պիտի գա՞յ ատենը երբ ամօթ զգաք սպաննուած այն անմեղ երիտասարդներուն համար որոնց յանցանքը եղած է այս կամ այն կողմի համակիր ըլլալը:
Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետ, Յ. Քաջազնունին վստահաբար կ'ուզէր իր պատգամը փոխանցել բոլորին անխտիր երբ հետեւեալ մտքերը կ'արտայայտէր 87 տարիներ առաջ թէ՝
Կուսակցութիւնները ստեղծուած են ծառայելու հայութեան գերագոյն շահերուն համար իսկ երբ կը շեղին իրենց նպատակէն … անելիք չունին այլեւս:
Պէյրութ, Դեկտեմբեր 2009
Source: Գեղարդ կայք
http://www.keghart.com/Krajian_Artentsek